Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԲ. ԱՆԳՂԱՅ ՎԱՆՔ ԵՒ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔՆ
       Անգղէն 10 վայրկեան հեռու կը գտնուի «Անգղայ Աստուածածին » անուն մի վանք, որոյ վանահայրն է մի քահանայ՝ որ իւր եղբօր հետ կը վարէ, կը ցանէ վանուցս արտօրայք, տարեկան տուրք մը տալով Աղթամարայ կաթուղիկոսին, որուն թեմականն է։
       Սոյն վանք կը բաղկանայ 3 խորանէ, միջինն Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ, աջակողմեանն Ս. ԳԷՈՐԳ եւ ձախակողմեանն Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբք։ Ս. Գէորգայ խորանին առ երի կայ մի այլ խորան յանուն Ս. Յովհաննու Կարապետի, ո՛ւր է «իւղածորան » պատուհանն եւ Թադէոս առաքելոյն օծած խաչքարն, որոյ վերայ կը խօսուի հետեւեալ տողերովն, եւ որոյ համար շատ գրեանք թղթատեցի, միայն ձեռքս հազիւ կրցայ անցունել 60 տարուան ձեռագիր մի կոնդակ Յովհաննէս Ալթիպարմաղեանէ գրուած եւ ներկայ վանահայր քահանայն երբ նուիրակութեան երթայ զայն հետ կ՚առնու։
       Յիշեալ կոնդակն նախաբանին մէջ երկարօրէն օրհնութիւնք կարդալէ յետոյ սոյն վանուց հնութեան վերաբերմամբ ծանօթութիւնք կը տայ, որոյ էական մասերու բովանդակութիւնը կը նշանակեմ աստ աշխարհիկ լեզուի վերածած։
       «Երբ աշխարհներ առաքելոց մէջ բաժնուեցան, Թադէոս սրբազան առաքելոյն վիճակեցան Հայոց-Ձոր, Ոստան, Գաւաշ եւ այլքն։ Ինչպէս Բարդուղիմէոս սրբազան առաքելոյն եւս ինկաւ Աղբակու երկիրներն։
       «Թադէոս առաքեալն իրեն հետ կ՚առնու զԱստուածամուխ գեղարդն Քրիստոսի, զպատուական քօղն Տիրամայր Ս. Աստուածածնայ եւ զշիշ իւղոյն, ասոնցմով քարոզելով եկաւ հասաւ Վան քաղաքի մօտ Հարաւակողմն Խօշապայ գետոյն եզերքը, որ այժմ Անգղայ գետ կը կոչուի։ Առաքեալն տեղւոյս վայելուչ դիրքը տեսաւ, ո՛ւր բարձր ու ահագին կռոց պատկեր մը կանգնած՝ բազմաթիւ մարդիկ երկրպագութիւն կ՚ընէին . Ս. Թադէոս Առաքեալը զայս տեսնելով շատ ցաւ զգաց, որ մարդիկ ճշմարիտ Աստուած թողած դիւական պատկերի երկրպագութիւն կ՚ընէին, եւ կ՚աւանդեն թէ մի գիշեր մինչդեռ Ս. Առաքեալը կ՚աղօթէր, յանկարծ Տիրամայր Ս. Աստուածածին անպատմելի փառօք եւ լուսով իրեն երեւեցաւ մարմնացեալ Քրիստոս իւր գիրկը, եւ ըսաւ. «Ո՛վ Թադէոս, իմ որդւոյ սիրելին, շուտով խորտակէ՛ այդ դիւական կռոց պատկերները եւ անոնց տեղ իմ անուան տաճար մի շինէ եւ ամփոփէ զշիշ իւղոյն, ՚ի նշան բժշկութեան, ամենայն ախտաժէտաց »։ Առաւօտ Ս. Առաքեալն ելաւ խորտակեց կուռքերն եւ զմարդիկ դարձուց յԱստուածպաշտութիւն. եւ սկսաւ հիմնարկել եւ շինել զտաճարն, սակայն առաքեալն ցերեկին կը շինէր, իսկ դեւերն գիշերանց կը քանդէին զայն եւ քարինք տանելով կը ձգէին «Սաչան » ըսուած գետն (սոյն Սաչան կոչուած գետն Անգղայ գետոյ շարունակութեան մի մասն է տեղէ 10 վայրկեան հեռու, ո՛ւր վիթխարի քար մի եւս կայ, որոյ վրայէն գետը վար թափելով կուգայ եւ Սաչան անունը ց՚արդ կը պահուի ժողովրդեան մէջ աւանդաբար Այս բանին վրայ Առաքեալն սկսաւ տրտմիլ, Տիրամայր իրեն կրկին երեւցաւ եւ ըսաւ թէ «խաչ մի օծէ՛ եւ իւղոյն շիշը վրան դիր եւ դու պիտի տեսնես Աստուծոյ սքանչելիքն»։
       Առաքեալն առաւօտ ելնելով քարէ խաչ մի շինեց եւ իւր ձեռօք օծելով իւղոյն շիշը վրան դրաւ եւ տաճարի պարսպի հիմնաքար ըրաւ (որ այժմ ցոյց կը տրուի Այսուհետեւ շինուածն անխախտ մնաց եւ առաւօտ տեսնուեցաւ, որ քարաշէն պատուհանէն իւղն աղբիւրի պէս դուրս կուգար, իսկ քարերը քակող դեւերը, մարմնաւոր տեսքով սեաւ երամ ագռաւուց նման, կապուած ինկած էին եւ յայն պահուն «անգղ » կոչուած թռչնոց երամք եկան եւ Առաքեալն հրամայեց անոնց, որ կտցով զարնելով բռնեն այդ ագռաւներն եւ ձգեն ՚ի Սաչան, ո՛ւր անոնք տաճարի հիմնաքարինքն կը ձգէին երբեմն եւ ահա այս պատճառաւ գիւղն կոչուեցաւ «Անգղ » եւ վանքն՝ «Անգղայ վանուց Աստուածածին », որ այն օրէն ց՚այսօր հաստատուն կայ եւ շէն։ Հրաշալի սուրբ իւղն ալ ցայսօր յայտնապէս ակներեւ կը բղխի չոր քարի մէջէն տաճարի պատուհանի գոգն ՚ի բժշկութիւն այլ եւ այլ կերպ ախտից եւ ցաւոց, որոց վերայ քսեն»։
       Դարձեալ կը պատմեն աւանդութեամբ եւ հին նամակներով թէ «առաջ սոյն իւր մի կարաս կը լեցնէր տարին, վանահայրքն ագահութիւն ընելով կը ծախէին, այս պատճառաւ կտրեցաւ եւ այնչափ միայն կուգայ, որ մի կանդեղի հազիւ կը բաւէ»։
       Յիշեալ կոնդակն մի քանի օրհնութեամբ կը վերջացնէ ըսելով «գրեցաւ ՚ի ՌՄԿԳ, յունվ. ԺԳ, ձեռօք մեղաւոր գրչիս Յովհաննէսի Ալթիպարմաղեան»։
       Անգղ այն գիւղն է, զոր Եղիշէ պատմաբանն «մեծ գիւղաքաղաք » կ՚անուանէ, երբ կը նկարագրէ Վարդանանց դէպքերն Պարսից հետ՝ յայս կողմերն։ Սոյն գիւղ «նախապէս 1, 200 տուն » եղած կ՚աւանդուի, եւ Եղիշէն կարդացողն չ՚տարակուսիր այս թուոյն վերայ։ Աստ տաճարի ետեւ մի քանի խաչքարեր կան, յորոց 2-3ին համար կ՚ըսուի թէ «Վարդանանց ժամանակէն մնացած են », եւ թուականքն անընթեռնլի յաջորդով մեկնիմք տեղէս։