Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԳ. ԱՆԳՂԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Անգղ. գիւղէն ելնեմք եւ ուղինիս յառաջ վարելով 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը։
       ՔԱՐԱՎԱՆՑ. - գիւղս ունի 10 տուն Քուրդ եւ 2 տուն Հայ։ Երկտնակ Հայերն ունին կիսակործան եկեղեցի մը Ս. Սարգիս անուամբ եւ բազմաթիւ տապանաքարինք, յորս 350 տարեկան քար կը գտնուի։
       Աստ կայ «Ջերմուկ » անուն մի անուշ եւ պաղ ջուր, որոյ վերայ տնկուած կը տեսնուի մի խաչքար։ Սոյն աղբիւրն ուխտատեղի է՝ դող, ջերմ եւ եռքոր (բորոտի մի տեսակ է ) ունեցողներուն, որք սոյն ջրով կը լողանան եւ կ՚ըսուի թէ «կը բժշկուին»։
       Աղային հանքեր կը նշմարուին յայս կողմեր։ Գիւղս աւերեալ բերդ մի ունի, որոյ միայն հիմունք մնացած են եւ որոյ քովեր շարք մը սենեակներու տեղիք կան, որք կը թուին լինիլ կրպակներու յատակներ հին ժամանակուան։
       Տեղւոյս հնութեանց թուականք կը պակսին, միայն թէ բնակող ժողովրդեան պահպանած աւանդութեան նայելով՝ «Քարավանց մեծ գիւղաքաղաք եղած է երբեմն »։ Աստ ուռենւոյ մը հովանեաց ներքեւ նստած էր մի տխուր պատանի , որոյ աչերն ցոյց կը տային թէ պահ մի յառաջ արտասուաց կաթիլներ ցօղած էին. զայս տեսնելով, դեռ չ՚գիտցած թէ ի՛նչ ազգէ է, անմիջապէս ՚ի տուն վազեց թաշկինակով աչքերը սրբելով. առ այս զգացի թէ նա Հայ էր , թէեւ ձեւովն քրդական, որ շատ չ՚անցած առ մեզ դարձաւ եւ հրաւիրեց զմեզ յիւր պապու տուն, ուր մտանք հաճոյքով եւ ելանք ցաւօք ու դառնութեամբ, վասն զի տան երիցագոյն զաւակն երեք օր առաջ հիւանդացած կայր յանկողնի ուժաթափ, որոյ որդին էր պատանին որ զմեզ ճանապարհի վրայ առաջնորդելով՝ ինքն վերադարձաւ եւ մեք մեկնեցանք ՚ի Կեմ։
       ԿԵՄ. - Տեղւոյս բնակութեանց թիւն է 90, ունին մի եկեղեցի յանուն Թադէոս առաքելոյն կառուցեալ, 2 քահանայ եւ մի նախակրթարան Միացեալ Ընկերութեանց վերաբերող։ Գիւղիս եկեղեցւոյ տաճարն բարձր ճարտարապետի գործ է, եւ ըստ աւանդութեան «առաքելաշէն », որոյ ՚ի նշան ցոյց կը տան տաճարի դրան վերայի մի խաչաքար, որոյ մէջտեղն բեւեռ կայ մխուած, զի առաքելոց եւ մանաւանդ Թադէոս առաքելոյն յատուկ է եղած իւր օծած խաչերու մէջտեղը բեւեռ զարնելն։ Գիւղէս փոքր ինչ հեռու շէնք մի կայ «Աւեր վանք » կոչուած, որոյ հիմանց եւ կշտանոցի քարերն տակաւին կը տեսնուին լերան ստորոտը։
       Գիւղիս քով մի այլ բլրակ կայ, իբրեւ տեղի նախնի անյիշատակ եկեղեցւոյ , որոյ վերաբերութեամբ աւանդութիւն մի չ՚գտայ։
       ԽՆԴՐԱԿԱՏԱՐ
       Կեմայ Հիւսիսակողմը 1/2 ժամ հեռու աւերեալ մի գիւղ կայ, որ ունի «Խնդրակատար » անուամբ մի քանդեալ եկեղեցի, որոյ տաճարն մեծագոյն մասամբ կանգուն է եւ այժմ ուխտատեղի՝ բարեպաշտ գիւղացւոց, որք երբեմն աստ գտնուող աղբիւրին քով մատաղ կը կտրեն, ՚ի յիշատակ տեղւոյս անցեալ փառաց։
       Գիւղս ունի բաւական ծառաստան եւ լաւ տեսարան։ Տեղէս ՚ի Պօլիս 35 պանդուխտ կը գտնուին, որք ունին սրտի հատորներ։
       Կիմայ Հայերն մեծ քանակութեամբ կը ցանեն շողգամ եւ առատ սխտոր եւ լաւագոյն նիւթական վիճակի տէր են։
       Մեկնիմք տեղէս ՚ի Կալպալասան։
       ԿԱԼՊԱԼԱՍԱՆ. Սոյն գիւղ ունի մի քանի տուն Քուրդ եւ գաղթեալ Հայոց յիշատակութեանց երեւոյթներն։
       ՍՐԽՈՒ ՎԱՆՔ ԿԱՄ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՆՈՍ
       Սոյն վանքն նախորդ գիւղի Հիւսիսակողմն է եւ անկէ կէս ժամ հեռու շինուած է ցած, այլ ընդարձակ լեռնագօտւոյ մը կողին վերայ՝ երկայն ժայռոտ հովտի մը գլուխը. մենաստանիս շինութեան թուական չերեւիր, սակայն տեսքն ցոյց կը տայ իւր հնութիւնն։ Վանքն ամենայն մասամբ շէն է, սենեկաց մեծագոյն մասն տակաւին իւրեանց ծածկոցներով կը կենան։ Ասկէ 2 տարի յառաջ վանահօր մը հսկողութեան տակն էր՝ ունենալով իրեն համաձայն պարագայք, բայց ինչպէս կը լինի վանահայրն կը ձգէ զվանս, որ այսպէս կ՚ամայանայ եւ ո՛ւր ժամասացութիւնք եւ սաղմոսք կը լռեն։
       Վանուց 400 չափի տեղւոյ արտերն, Աղթամարայ Կաթուղիկոսի կարգադրութեամբ, գիւղացիներէն միոյն յանձնուած են, որ կը վարէ զայնս եւ կը ցանէ, տարեկան տուրք մի տալով յիշեալ կրօնական Պետին։ Օրն երեկոյ լինելով՝ ճանապարհէն շեղեցայ ընկերիս հետ, փափաքելով մի գիշեր Սրխու վանուց մէջ անցունել վանահօր քով, առանց գիտնալոյ վանուցս արդի ամայութիւնն, սակայն ի՛նչ կը լինի խոնջեալ Ուղեւորն, երբ Հայ լինի եւ տեսնայ չէն վանք մ՚անմարդի, մոռացայ ըսելու շատ երկիւղիւ ներս մտանք, զի որջ գազանաց էր դարձած։ Վանքս ունի պատուական ջուր մի, զոր կշտօրէն խմեցինք կարապետիս հետ, որ չ՚կամէր աղբիւրի քովէն հեռանալ թէեւ օրն լինէր տարաժամ եւ տեղին անբնական երկիւղոտ։ Այս եղաւ ահա՛ մեր հոգնութեան վարձքն, որ քրտինքի մէջ կը ծփայինք, երբ վանուց բլուր կտրեցինք հեւալով եւ շնջասպառ լինելով։
       Մենաստանիս վերաբերութեամբ կ՚աւանդուի թէ «երբեմն ճոխ կուսաստան է եղած, ո՛ւր կը գտնուէին 300 կուսակրօն սրբուհիք, որոց գլխաւորն եւ վանահայրն եղած է Ս. Մարիանոս, որոյ անուամբ կոչուեցաւ մենաստանս »։ Այժմ Ս. Մարիանոսի գերեզմանն կը գտնուի վանքէն քիչ մը հեռու, մի անշուք տեղի մատուռի մը մէջ, որ կիսով չափ քայքայեալ է եւ դարձած ուխտատեղի ամուլ եւ անկաթ կանանց համար:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Նախորդ տողերով յիշեալ կուսաստանէն վար ճանապարհին վերայ իջնալով՝ շարունակեմք մեր ընթացք գրեթէ մի եւ նոյն ուղղութեամբ։ Մեր ճանապարհի Հիւսիսակողմն գրեթէ 1 ժամ տեւողութեամբ ընդարձակ լեռնամէջ մի կայ «Խարամկայ Կէտուկ » կոչուած, որ Հարաւէն ՚ի Հիւսիս Վան տանող ուղին է երթեւեկութեանց, որք յաճախ են։
       Սոյն ձորոյ Արեւմտեան թեւն գրեթէ անառիկ, ահագին եւ բարձր մի լեռ է ընդարձակ լեռնադաշտով, յորոյ վերայ փոքրիկ մատրանման շէնք մի կը տեսնուի, զոր տեղացիք «Խրամկայ պուրճ » կ՚անուանեն, որոյ նկատմամբ կը պատմեն թէ «Խարամիկ անուն աւազակապետ մը հին ժամանակ սոյն լեռան վերայ կ՚ապաստանէր, եւ անցորդաց շատ չարիք կը հասցներ, յետոյ բարեխնամ կառավարութեան ձեռամբ բռնուելով պատժուեցաւ, այս առթիւ յիշեալ անունն առած է, որ կը նշանակէ «Խարամկայ որջատեղի»։
       Այժմ սոյն լեռնաձորոյ մէջ 10-12 սեաւ գերեզմանք կան երկիւղ ազդող երթեւեկողաց , որք անցած ատեն` սովորութեան համաձայն, մի մի քար կը ձգեն փոքրիկ այդ գերեզմանաց վերայ, յորս գտնուած մարմինները վայրենի գազաններէ ապահով պահելոյ բարեմտութեամբ։
       Ներկայիս մէջ տեղւոյս երկիւղն գրեթէ փարատուած է, եւ ճանապարհորդք աներկիւղ անց ու դարձ կարող են ընել, միայն թէ «Խարամկայ Պուրճ » անունն տեղւոյ բնական ահարկութեան հետ միանալով երկիւղ կ՚ազդեն ուղեւորաց, յորոց երկչոտն այս ձորի մէջ մտած ատեն արագաթեւ ԹՌՉՈՒՆ կը դառնայ։
       Տեղէս մեկնելով մէկ ժամէն կը հասնիմք յՈչխրանց։
       Սոյն գիւղն ունի միայն 7 տուն բնակիչ, երբ 80 տուն էին, եկեղեցիէ եւ դպրոցէ զուրկ չեն պատմեր, իսկ այժմ այդ երկու լուսատու աչքեր չունին, յորոց առաջնովն պիտի երկնից աստղեր ճանչնային, եւ երկրորդովն երկրի մարդոց գործեր եւ հետեւաբար տեղւոյս ողորմելի բնակիչք ո՛չ երկնից եւ ո՛չ իսկ երկրի վերայ գաղափար մ՚ունին։ Ոչխրանց գիւղ գրեթէ ամբողջապէս Վանայ մի քանի գլխաւոր մարդոց սեպհականութիւնն է, իրենք աւատատէր, եւ բնակիչք աւատառու են, որք կը վարեն, կը ցանեն, կը հնձեն , կը կալեն եւ կը հանեն արմտեաց պտուղն՝ համաձայն կալուածատեարց կամաց եւ հաշւոյն։
       Գիւղիս Արեւմտահիւսիս 4 քարնկէց հեռու բարձր բլրակի մի վերայ կը գտնուի, Ս. Ատովմայ կիսակործան մատուռն, որոյ համար «շատ զօրաւոր » կը պատմեն տեղւոյ բնակիչք , ինչպէս եւ այլ գիւղացիք, որոց համար մասնաւոր ուխտատեղի է, մանաւանդ ամուլ կանանց համար։ Աստ երբեմն ոչխար կը մորթեն յանուն Ս . Ատովմայ։
       Ոչխրանից Արեւմտահիւսիս աւերեալ գիւղ մի կը նշմարուի Վերին Ոչխրանց անուամբ, որուն յաջորդն կը թուի լինիլ այժմեանն։