Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԳ. ԳԸԶԸԼ-ԹԱՇԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Գըզըլ-թաշէն մեկնելով Արեւմտեան Հարաւակողման գծովն 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ տեղին։
       ՔԵՐԾ. - Գիւղս ունի 60 տուն Հայ բնակիչք, որք ունին Ս. Ստեփաննոս անուամբ մի եկեղեցի 300 տարուան կառուցեալ, անշուք , եւ անճաշակ դրիւք. ունին երկու խեղճուկ քահանայ՝ ողորմելի մատակարարք իրենց կրօնական պիտոյից եւ ՚ի պահանջել հարկին մխիթարիչք հոգեկան տառապանաց։
       Աղթամարայ (որուն թեմն է գիւղս ) Կաթուղիկոսի ջանիւք աստ շինուած է գիւղական ճաշակաւ մի դպրոց, որ պիտի տայ յոյս եւ լոյս այս խաւարամիտ գիւղացւոց, որոնք մեծ համակրանօք կը նային յԱթոռն Աղթամարայ, եւ այս անշուշտ ամենամեծ իրաւամբ։
       Գիւղիս առընթեր երկու այլ եկեղեցեաց հիմնատեղիք կը նշմարուին, որոց շրջապատը փարած են իւրեանց նախնի ժամանակի ժողովրդոց անշունչ մահարձաններն, յիշատակարանքն՝ մեծագոյն մասամբ անընթեռնլի եւ գրուած առ հասարակ լեռճ (շատ ամուր ) կապտագոյն քարանց վերայ։
       Գիւղիս Արեւելահիւսիսը ցոյց կը տրուին հիմունք աւերեալ բերդի մը, որոյ նկատմամբ ՚ի ծերոց կ՚աւանդուի թէ «նախապէս երկրի բնիկներու ձեռքէն էր, որ յետոյ այլոց անցած, դարերու հոլովմամբ աւրուելով ամայացած եւ արդի տխուր պատկերն ստացած է»։
       Քիրծայ, 400-450 տարի յառաջ, ունեցած կենաց վերաբերութեամբ ՚ի տարեւոր արանցմէ կը պատմուի թէ «յիշեալ 2 եկեղեցեաց շէն եղած ատենը գիւղս ունեցած 7-800 տուն բնակաւորք, բաժնուած այդ երկու սրբավայրերուն վրայ, ունենալով ընդարձակ եւ պատուական որթատունկներ »։ Յիրաւի Տեղագիր-Ուղեւորիս շատ զգալի եղաւ սոյն աւանդութեան ստուգութիւնն, երբ մի անգամ գիտական աչօք դիտեցի տեղւոյս արեւերես պառիկներն (երկրի հակեալ դիրքի երես կամ բլրոց կողեր ), որք ամեն յարմարութիւն ունին որթատնկոց տեղի լինելոյ եւ ընտիր խաղող հասցնելով տալ ժողովրդեան պատուական գինի, որոյ երես այժմ երբ տեսնեն, ձեռքերնին կը դողայ այդ խեղճ արարածոց, որք կարեկցութեան խիստ արժանի վիճակ մի ունին, մանաւանդ բարոյական տեսակէտով։
       Տեղէս մեկնելոյ վերջի պահուն մի խեղճ պատանի գիւղացի, ուսման շատ ծարաւի եւ սրտիւք ազնիւ ու կենդանի, ամօթխածութենէն շիկնած, որով եկաւ պատկառոտ դիմօք ձեռքս համբուրեց եւ հեռացաւ, կեցաւ լուռ եւ մտահոգ։ Ուշիմ ընթերցող, այս երեւոյթին վերայ չէի զարմանայր եթէ կրօնաւոր եղած լինէի. առ ի՞նչ ուրեմն այդ անմեղ համբոյրն սրտագին, զոր պատանին ընծայեց արեւակէզ իմ ձեռաց. - գաղտնիք մի ունէր յիւր սրտին, որ կը յուզէր զինքն յաւէտ, խորհուրդ մ՚ունէր անշուշտ՝ թերեւս խորհուրդ մեծ այդ գիւղական պատանին, եւ երբ տեսաւ յիմ ձեռին կապար-գրիչ կը շարժէր, ուշիմ տղուն սիրտն կրկնակի յուզուեցաւ նման Սելովմայ աւազանին, յայնժամ գաղտնեաց խորը կրցայ թափանցել թէ ի՛նչ կ՚ուզէր պատանին, որոյ դէմքն նման արեան կարմրած եւ սուր լեզուն թէեւ լուռ , այլ ինքն ամբողջովին գոգցես բնականէն լեզու կտրած՝ խորհրդապէս ինձ կ՚ասէր «գրել կարդալ շատ կը սիրեմ, այլ ո՛ւր երթամ չ՚գիտեմ»։
       Յիշեալ Քերծ գիւղը երբ հանգիստ առած կը պատրաստուէի մեկնելոյ եւ վերջի խօսքերնիս այգիի վերայ էր, յիշեցի իւրեանց թէ՝ շատ լաւ կը լինի որ դուք վերստին սկսիք այգի տնկել, որ ձեզ երկու տեսակ շահաբեր է. նախ կ՚ունենաք գինի ՚ի պէտս ձեր զուարթութեան, երկրորդ որ ձեր նախնեաց մեռեալ յիշատակն յարուցած կը լինիք եւ այս քիչ գոհունակութիւն չ՚է, եթէ արդարեւ ունիք այդ օրինակ զգացումն։
       Խեղճ մարդիկ, որոց լեզուն թէպէտեւ հայ էր, որպէս եւ արեամբն էին նոյնն, սակայն լեզուս եւ սիրտս չ՚էին լաւ հասկնար, թէեւ կը ճգնէի իրենց հասկացողութեան յարմարցնել զայնս□
       Քերծայ վարելահողերն ամենամեծ մասամբ ոստին (անջրդի ) են, այս պատճառաւ շատ ուղիղ կը լինի ըսել թէ գիւղիս բաղդն երկնից կամարէն կախեալ է եւ իրենք սովորականէն աւելի ջերմեռանդ են։
       Գիւղս 20 հատ պանդուխտ ունի ՚ի Պօլիս. այդ պանդուխտներէն ոմանք ունին գաւազանի վրայ կռթնող տարեւոր հայրիկներ ու մայրիկներ, որոց աղի արտասուքը չ՚կրցայ անթաց աչօք դիտել, երբ հառաչելով եւ հոգւոց հանելով կը յիշէին իւրեանց երիտասարդ զաւակները կամ թոռները։
       Տեղէս մեկնելով մասամբ մը գիւղիս Արեւմտեան գծի ուղղութեամբ 1 ժամէն կարող ենք հասնիլ հետեւեալ գիւղն։
       ՊԼԹԵՆՑ. - Սոյն Հայկական գիւղն, որ շինուած է Արտօս լերան մի մասի ստորոտը, ունի 36 տուն Հայ բնակիչք, որք են աղքատ եւ անճարակ, 3 տուն եւս եկաւոր քուրդ՝ հարուստ եւ ճարակ։ Հայք ունին Ս. Ստեփաննոս անուամբ 250 տարուան եկեղեցի մը եւ ոչ դպրոց։ Գիւղիս հարաւակողմը 3-4 քարընկէց հեռաւորութեամբ Ս. Յովհաննէս անուն հիմնայատակ եկեղեցի մը կայ, շրջապատեալ տապանաքարերէ, յորս կարեւորն եւ ընթեռնլին կը կրէ 432 տարուան որոշ թուականն։
       Աստ կը գտնուին նաեւ ինչ ինչ նշմարելի յիշատակարանք, որոց մասին դժբաղդաբար չը կրցայ որ եւ է աւանդութիւն կամ լոյս մը քաղել, որոյ աղագաւ անկարեւոր կը համարիմ բան մը գրել։
       Գիւղիս անուան ծագումն ունի իւր աւանդութիւնն. կարծիքներ կան իբրեւ թէ «անթուական ժամանակի մը մէջ մեծ կոտորած կամ ջարդ տեղի ունեցած լինի, ասոր համար անունն մնացեր է «Պլթենց », որ ըստ իւրեանց բացատրութեան կը նշանակէ «բրթեց », որ ուղիղ անունն է նախորդ աղաւաղելւոյն։
       Պլթենից 36 տուն Հայ ժողովուրդն կրնայ իբրեւ մնացորդ կամ տկուցք համարուիլ, ըստ աւանդութեան, նախնի 400 տան, որոց անհետանալոյն վերայ որոշակի տեղեկութիւն մի չ՚ունէին այժմեանքն։
       Աստ 2-3 ձիթահաններու տեղուանք կը նշմարուին, որոց նայելով թերեւս կրնամք աղօտ լոյս մ՚ունենալ գիւղիս անցեալ ճոխութեան վիճակին եւ աստիճանին վերայ։