Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԴ. ՊԼԹԵՆԻՑ ՄԵԿՆՈՒՄՆ Յ՚ԱԹԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՆՈՐ «ԱՒԵՐ ՎԱՆՔ»
       Տեղէս ելնելով գնամք յԱթանանց, որ Հայոց Ձորոյ եւ Ոստանայ գրեթէ սահմանի անկիւնն կը կազմէ, որոյ վերայ արդէն Տեղագրութեանցս Ոստանայ մասին մէջ խօսուած է, աստ այսչափ միայն կարեւոր կը համարիմ յաւելուլ, թէ գիւղիս Հարաւային Արեւելակողմն եւս «Աւեր վանք » կոչուած աւերակ մի եւս կայ ձորակի մը մէջ, յորմէ փոքր ինչ տարակայ կը նշմարուին եկեղեցւոյ մը հիմունք, որոց առընթեր 3-4 հատ տապանաքարինք կը տեսնուին անընթեռնլի յիշատակագրութեամբ։ Այս տեղ Տեղագիր-Ուղեւոր մը չ՚կրնար պահ մը չ՚զարմանալ եւ չ՚լինիլ մտահոգ, երբ մտածէ թէ սոյն նախնական ժողովրդեան կամ որ նոյն է ըսել Արմենական Ազգի արմատն յիրաւի ի՛նչ աստիճան հաստատուն պէտք է եղած լինի, որ այսչափ դարերու հսկայ ժամանակաց դէմն մրցելով տակաւին իւր մէջ կենդանութեան հիւթ կը պահպանէ. առ այս դժուար չէ երեւակայել թէ սոյն ԲԱՐԵԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆն պարտական եմք կամ երկնից ցօղերուն, կամ լաւ եւս է ըսել Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնութեամբ կազմակերպեալ ՏԱՃԱՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՔԱՐԱՆՑ, որոց դէմն խաղացողքն ոչ թէ միայն ազգի գոյութեան ուղղակի թշնամիներն են, այլ նաեւ անհաւատարիմ հպատակ մեր Բարեխնամ Կառավարութեան, ոյր հովանեաց ներքեւ ց՚արդ կ՚ապրիմք, իմ սոյն վերջի դիտողութիւնն իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն պիտի ճանչնան այն հայրենասէրքն, որք երկաթէ կօշիկներու դէմն կռուելով յաջողած են երկրի բնիկներու կեանքն Թովմային պէս մօտէն շօշափելոյ բախտն ունենալ անվնաս։
       Պլթենց Հայկական գիւղի□ վայրէն ուղինիս յառաջ վարելով դէպ ՚ի փոքր ինչ Հիւսիսային Արեւել 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը։
       ՄԻՒԼՔ. - Ունի 20 տուն եկաւոր Քուրդ եւ 5 տուն բնիկ Հայ, որոց կրօնական պիտոյից մատակարարութիւն մերձակայ գիւղի քահանային պէտք է պատկանած լինի, ըստ որում ո՛չ սեփական քահանայ ունին եւ ո՛չ սրբավայր՝ տեղի աղօթից, միայն անհետացեալ եկեղեցւոյ մը հիմունք նշմարելի են տեսանելի խաչաքարներովն։
       Գիւղս շինուած է Անգղայ գետոյ եզերքը եւ ունի գեղեցկագոյն տեսարան մը, զոր վայելողք□ կը պակսին։
       Աստ երբ կիջնէի մի չքաւոր եւ դարաւոր ուռենւոյ ճղաշատ թեւոց ներքեւ ցորեկուան ճաշս ընելոյ եւ հոգնութենէս փոքր ինչ հանգչելոյ, առ իս եկան երկու հոգի հասակաւ բարձր, ձեռամբ եւ բազկաւ զօրաւոր եւ սրտիւք վեհերոտ, որք գիտացին զիս իբրեւ□ գլխաւոր պաշտօնեայ եւ հետեւաբար բարեկարգիչ այդ գիւղօրէից։ Սոքա ինձ պատմեցին շատ դէպքեր վերաբերութեամբ իւրեանց հին եւ նոր կենաց եւ խօսեցան մի շատ բանաւոր դատմունքով , զորս աստ յիշելոյ գրիչս կը տժգունի□ իւրեանց տուի խոհեմագոյն խրատներ եւ մանուկնին կարդացնելոյ յորդորներ, որք չէին բղխեր ո՛չ պաշտօնական մի աղբիւրէ եւ ո՛չ մասնաւոր մի տեղէ, այլ անհատական իմ սրտէն, կամքէն եւ կարծիքէն, որ դժբաղդաբար չէ ազատ դուրս ելնել այն շրջանակէն, զոր կը գծէ Արեգական ճառագայթից ներքեւ մեզ աւելի մօտ կիսալուսին։
       Ասկէ ելնելով սոյն մարդոցմէ տարեւորն ՚ի գիւղ դարձաւ եւ նորատին կարապետիս ընկերացած՝ մեկնեցանք ՚ի Մարգս գիւղն, որմէ մեր գիւղացի նոր ընկեր ետ դարձաւ։
       ՄԱՐԳՍ. - Սոյն գիւղն իւր նախորդի Արեւմտակողմն է եւ 10 վայրկեան հազիւ հեռու. ունի 8-10 տուն Հայ, իբրեւ յետին մնացորդ իւր նախնի բազմահայութեան, որ սոյն խեղճ մնացողաց թողած է ՚ի յիշատակ մի բաւական ճաշակաւոր եկեղեցի , որոյ չ՚լուտ (անզարդ բոլորովին կամ մերկ ) վիճակն տեսած պահուս միտքս ինկաւ Պօլսոյ Մայր-Եկեղեցւոյ սեղաններուն փառքն խաչելութեան ատենուան՝ Քրիստոսի մերկութեան ժամանակը եւ Ամեն. Խրիմեան Հայրիկի մի նշանաւոր քարոզն, զոր խօսեցաւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ պարզութեան վերայ, իւր Պատրիարքութեան օրովն։
       Սոյն գիւղն շինուած է Անգղայ գետոյ եզերքը, ունի սիրուն տեսարան եւ ընդարձակ մարգագետիններ, յորոց իւր անունն ծագած լինել կը թուի եւ որք ծառայած են, ըստ բանի ծերոցն, երբեմն ՚ի Քէօշկ (որոյ վերայ գաւառիս Հիւսիսային մասի սկիզբը խօսուած է ) բնակող Արծրունեաց իշխաններու նժոյգներուն իբրեւ արօտատեղի, Վարդ Պատրիկի ժամանակումն։
       Մարգս 1/4 ժամ հազիւ հեռու է Քէօշկ կոչուած գիւղէն, եւ իրարմէ բաժնուած՝ վերոյիշեալ գետովն։
       Տեղէս մեկնելով մի եւ նոյն ուղղութեամբ 12 վայրկենէն կը ժամանեմք ՚ի Թրքաշէն գիւղն, որ ունի 10 տուն Հայ եւ 2 տուն Քուրդ բնակիչք։ Հայոց համար ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ քահանայ եւ ո՛չ դպրոց կայ։
       Գիւղս նախորդին նման ունի պատուական մարգագետինք, յորոց աւելի կ՚օգտին բնակչաց վերջի զոյգ տուն եկաւորներն, որոց անասունք իսկ երջանիկ են քան թէ նոյն տեղւոյ այլոց անասուններն։
       Թրքաշէնայ Արեւմտեան հարաւը 1/2 ժամ հեռու կը գտնուի «Խարականց» (խառն ականց ) կոչուած գիւղն, որ Հայոց Ձորոյ Հարաւային մասի Արեւմտակողման վերջի գիւղն է, շինուած մերձ Վանայ կամ Բզնունեաց ծովուն։
       Սոյն գիւղն ունի 25-30 տուն Հայ, որք բաւական բարւոք նիւթական վիճակի տէր են, ունին Աստուածածին անուամբ մի եկեղեցի պարզ՝ որպէս եւ իւր քահանայն, իսկ դպրոց ո՛չ. թէեւ իրենք լինին ուսումնասէր եւ եռանդուն։
       Տեղւոյս Արեւմտակողմը քիչ մը հեռու ծովուն աւելի մօտ՝ աւերակ մի կայ, որ կ՚անուանի «քրվանց », որոյ տեղին այժմ հազիւ նշմարելի է։
       Յիշեալ 2 շէն եւ անշէն գիւղերու անուանց նկատմամբ հետամուտ լինելով յատկապէս, իբրեւ մարգարիտ, գտայ հետեւեալ հետաքրքիր աւանդութիւնն աւանդեալ ՚ի հարիւր վեց տարուան ծերունիէ մը, որոյ առոյգ թոռնիկն ինձ հաղորդեց, որ երբեմն լսած էր իւր 15 տարի առաջ մեռած դարաւոր պապէն, որ ըսած է «Քրվանց գիւղի շէն եւ պայծառ եղած ատեն անդ կը բնակէին արհեստաւոր քուրմեր , որոց գործն էր, ինչպէս մեր հայրեր կ՚ըսէին, Աստուածաշէն գիւղի մէջ շինուած (որոյ վրայ խօսուած է ) չաստուածներուն թագեր կապել, երբ բերէին աստ, որով գիւղիս անունն մնաց «քրմեանց », որ աղաւաղելով անգիր մարդոցմէ եղած է «քրվանց », ո՛ւր շինուած չաստուածական թագերն յետոյ կը տանէին ՚ի Խարականց եւ անդ խառն ակներով զայնս կը զարդարէին, որմէ ծնունդ առած է «խառն ականց » անունն, որոյ աղաւաղեալն պէտք է լինի այժմեան «Խարականց », ո՛ւր այդ տեսակ արհեստներ կը գտնուէին կռապաշտութեան ժամանակումը»:
       Հայոց Ձորոյ սոյն երեք գիւղերն՝ Աստուածաշէն, Խառն ականց եւ Քրմեանց աստ կրկին նշանակեցի՝, ուշիմ բանասիրաց ուշքերն կրկնակի հրաւիրելոյ բաղձանօք, որք կը սիրեն զհին բրոցէն ընթեռնուլ։
       Դիտողութիւն. - Հայոց-Ձոր գաւառիս երկու ամայի, այլ նուիրական վայրերն, որք են. Ա. ՍՐԽՈՒ ՎԱՆՔ ԿԱՄ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՆՈՍ, Բ. ՍՈՒՐԲ ԱԲՐԱՀԱՄՈՒ ՄԵՆԱՍՏԱՆ, որպէս իւրեանց կարգին խօսած եմ, աստ վերջաբանիս մէջ կրկին կը յաւելում այդ երկու Վանքերու համար իմ յատուկ դիտողութիւն թէ «հաստատուն են շինուածքով եւ անվնաս կը կենան այժմ »: Դոքա յանցելումն ունեցած են միաբանութիւնք, ընդ որս բաւական ճոխ պարագայք, որովք եղած են մխիթարիչք որբերու, բնակավայր երկնից նուիրեալներու եւ բազում անգամ իսկ հիւրընկալ ճանապարհորդաց։ Վանքերէն առաջնոյն մերձակայ սենեկաց առաստաղներն եւս տակաւին անաւեր կը կենան, երկրորդինն քայքայեալ են, սակայն եւ այնպէս բնաւ մեծ դժուարութիւն մը չ՚կայ զայնս բնակելի ընելոյ համար, ըստ որում իւրաքանչիւր վանքն ունի արդէն իւրեան սեփհական հողերն, (թերեւս ինձ անծանօթ ուրիշ կալուածներ, զորս ՄՇԱԿԻՆ ձեռքը տալով կրնան վանօրայքն նորէն շէնցնել եւ ծաղկեցնել։
       Աղթամարայ Գահակալն կը յուսամ թէ գաւառիս Հայոց ջերմեռանդութիւն տեսնելով՝ մի հովուական այցելութեամբ կարող է յիշեալ վանքերն վերանորոգել տալ իւրեանց հնացեալ եւ փոշիացեալ վիճակէն, կարգելով այնպիսի վանահայրեր, որք լինին վանաշէն եւ միանգամայն տնաշէն հովիւ այդ վանքերուն մեր գիւղօրէից, որոնք ամենամեծ փափաք ցոյց կը տային ինձ, երբ իւրեանց կողմերը կուղեւորէի եւ խօսք կը լինէր այդ վանքերու վերայ։
       Այսպէս ահա այդ վանահարց ձեռամբ պիտի վերսկսին Աստուածային ալելուքն եւ փառափանութիւնք յարեւշատութիւն մեր Օգոստափառ Կայսեր, որոյ հովանեաց ներքեւ, ՚ի բոլոր սրտէ, կը փափաքիմ հաստատուն եւ պայծառ տեսնել Ազգին եւ Հայրենեաց ամեն շէնք եւ շինութիւնք։
       ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԻ