Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌ ԱԶՆԻՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ
       Մեր բազմաչարչար նահատակութեամբ ‘ի Հայաբնակ գաւառս ըրած ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ մէջ տեղական հանգամանքներն զիս պարտաւորցուցին ամեն ինչ աչք առնուլ... եւ այնպէս թափառիլ յայդ ընդարձակ աշխարհ (…) ուր արդարեւ շրջագայած եմ իբրեւ յանսահման տաճարի կամ ‘ի խորանի սրբութեանց:
       Այժմ թէպէտեւ գտնուիմ օտար աստեղց տակը. սակայն իմ ԳԻՐՆ եւ իմ ԽՕՍՔԸ կը վերաբերին ընդհանուր Երկրին, որ դիւթական բառով մը “Հայրենիք” կանուանի, եւ զոր անձամբ սերտելոյ համար ՍԷՐ եւ ԿՈՐՈՎ վայրկեան մ’ինէ բացակայ չեղան:
       Տեղագիր-Ուղեւորն իւր փափաքին յայնժամ աւելի հասած կը լինի երբ իւր հայրենապատում ԵՐԿԵՐՆ տեսնուին ոչ թէ միայն Հայ հասարակութեան ձեռքը, այլ նաեւ գրասեղանին վերայ մեր ՀԱՅ ուսանողաց, որ շատ պէտք ունին սոյն օրինակ երկասիրութեանց, որք ազգային սուրբ զգացումներով օծեալ՝ կը համարիմ մէկ մէկ պահարան վեհագոյն զգացումներու, զորս կրողն, ով ոք եւ լինի, բնականէն մի գաղտնի զօրութիւն կ’զգենու յինքեան, ուրեմն ով որ կուզէ զօրանալ, պարտի ուշի ուշով եւ կրկնակի ընթեռնուլ զիմ Մատենիկս, որ ստուգիւ Երկրի հին եւ նոր կենաց պատմութիւնն է, գրուած զգուշաւոր խոհեմութեամբ եւ շրջահայեաց տեսութեամբ:
       ***
       Երանի՜ թէ մեր բեմասաց վարդապետներն սովորութիւն ընեն բեմերու վրայէն յատուկ քարոզներ խօսիլ նաեւ արտաքին գրեանց վերայ, որպէս զի Եւրոպական խիստ շատ անգամ անհաճոյ վիպասանութիւնք եւ օտար կեանքէ առնուած երբեմն հանրային բարոյականը խանգարող թարգմանութիւնք, որք մեր ժողովրդեան մէջ եւ մանաւանդ յերիտասարդ դասուն դժբաղդաբար ճարակ գտած են, տեղի տան այս տեսակ ԵՐԿՈՑ առջեւ, յորոց լիապէս ամեն ոք կարող է ուսանիլ Երկրի հին եւ նոր կենաց ՆԿԱՐԱԳԻՐՆ իրեն բոլոր երեւոյթներովն:
       Մեր Տեղագրութեանց այս ճոխագոյն մասի մէջ եւս առաւել բազմակողմանի դրութիւն մը բռնեցինք, որպէս զի ամեն կարգի անձանց եւ ուսանողաց օգտակար լինի գործն, որ արդէն սահմանեալ է օրինակելի լինելոյ եւ միանգամայն ՆՈՐ ուղղութիւն ներշնչելոյ զՀայաբնակ գաւառաց գրել ուզողներուն:
       Ուրախ եմ աստ շեշտակի յիշել թէ ի մեր բնագաւառս Հայկական եւ Մահմետական՝ երկու դարաւոր հայրենակցաց մէջ սկսած է յարաբերական քաղցրութեան ջերմաչափի աստիճանն բարձրանալ, որ նշան կը համարիմ իւրեանց հեռատեսութեան եւ իմաստութեան:
       Մենք՝ Օսմանցի Հայերս առանց զԵրկիր ԼԱՒ ուսումնասիրելոյ իւր բոլոր հանգամանքներովն, բնաւ չեմք կարող պէտք եղածին չափ օգտակար հանդիսանալ Ազգին եւ Տէրութեան ծառայելուն մէջ: Ահա իմ հաւատոյ հանգանակն, ոյր վերայ կատարելապէս համոզուած եմ:
       ***
       Երկասիրութեանցս բովանդակութեան մասին, յառաջաբանին մէջ ընդարձակօրէն գրելն անպատշաճ դատուած է, սակայն միտքս եւ նպատակս դարձեալ յայտնած եմ անցողակի, թէեւ մի քանի անորոշ դերբայներով միայն: Աստ ամենայն վստահութեամբ կը համարձակիմ ըսել թէ “Ուշադիր ընթերցողներն ստուգիւ պիտի տեսնեն եւ փորձով իսկ պիտի համոզուին որ մեր ԵՐԿԵՐՆ, թղթոյ եւ տպագրական պարզութեան տակը, (որոյ պատճառը դժուար չէ գիտնալ) ունին պարունակած ԳԵՂԵՑԻԿ նիւթեր: