Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Դ. ՔՌԷԼ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԻՒՂ
       Սոյն գիւղն շինուած է քարոտ բլրոյ մ’ընդարձակ կողերուն վերայ, զիւր անունն առած է իր բնական վիճակէն. բնակութեանց թիւն է ընդ ամենն 45 տուն, յորմէ 40 տուն Հայ է եւ 5 տուն Քուրդ:
       Գիւղիս Հայք ունին Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ անուն հնաշէն մի եկեղեցի, տեսքովն ու դիրքովն ողորմելի եւ անճաշակ, ո՛ւր կայ մի ճարտար քահանայ, իսկ դպրոց դժբաղդաբար ունին ո՛չ, հակառակ իւրեանց ուսումնասիրութեան եւ բաւական լաւ նիւթական կացութեան:
       Տեղւոյս ջուրն առատ է, եւ կը բղխէ իւր Հարաւային հարեւան (մերձաւոր, դրացի) լերանց ստորոտներէն, յորոց միոյն գագաթան վերայ անծանօթ սրբոյ մը գերեզման կը գտնուի, որ կը յարգուի երբեմն համազգի եւ չ’համազգի հովիւներէն եւ գիւղացիներէն անխտրապէս. որք աստ կը հանդիպին:
       Գիւղիս տեսարանն բաւական լաւ է թէեւ ո՛չ ծառաստան: Բնակիչքն կորովէ եւ աշխուժէ չեն զուրկ, որպէս եւ ձիավարժութեան արհեստէն, ձեւերնին առ հասարակ Քրդական են Հայկական անուան եւ Արամական սրտի տակ: Ինձ շատ զգալի եղաւ թէ աստ բարոյապէս գործելոյ համար մեծ ասպարէզ կայ, բայց ո՞ւր են կրթական գործի ուխտաւորքն կամ մեր զանգակաւոր գործիչներն:
       Սոքա եւս ինձ շատ բաներ յանձնարարեցին, մաքուր խղճով եւ անկեղծ զգացումներով, զորս իրենց կարգին, բացէն, այլ հրապարակաւ ‘ի պատեհ ժամու, պիտի թարգմանեմ, ինչպէս նաեւ այլ գիւղացւոց նմանօրինակ ինձ ըրած Ազգ. յանձնարարութիւնքն, զորս չեմ մոռացած:
       Քռէլայ կեդրոնը կը տեսնուի Խօշապայ հին պարոններէն միոյն աւերեալ բերդի յատակն, որոյ շէն եղած ժամանակն (70 տարի առաջ) մէջ բնակելով կը տիրապետէր սոյն գիւղին:
       “Քռէլ 150-200 տուն եղած է. ըստ ծերոց աւանդութեան, ասկէ 100 տարի առաջ”. սոյն լակոնական աւանդութիւնն ստուգելոյ համար բաւական եւ շատ են տեղւոյս խումբ խումբ մեռելոց խաչաքարինքն, յորս կրցայ գտնել 480 տարուան որոշ ընթեռնելի մի տապանաքար, որ յոտին կագնած էր, եւ մարմնոյ զանգուածի ծանրութենէն գլուխն ծռած յԱրեւմուտս:
       Գիւղացիք ծառ տնկելոյ կարեւորութիւնը դեռ նոր զգացած են եւ իւրեանց տունկերն այն աստիճան անխելքօրէն տնկուած՝ որ փոքրիկ մանկան մի ծիծաղ շարժելոյ երեւոյթն ունին: Ահա կենդանի եւ գործնական վկայ իւրեանց տգիտութեան եւ մտաւոր խեղճութեան, որոյ վերայ կը հրաւիրեմ արժանաւոր ուշքերն մերայնոց, որք կամին միտքեր լուսաւորել:
       Անցնիմք հետեւեալ գիւղն.
       ԱԿՐԱԿ. - Գիւղիս յԱրեւմտահիւսիս, 11/2 ժամ հեռաւոր կը գտնուի, որ այժմ տարաբնակ եղած է, ունի կիսակործան եկեղեցի մը, յանուն Աստուածածնայ երբեմն կառուցեալ եւ օծեալ, որոյ գերեզմանատան քարինք տեղւոյ քրդական բնակութեանց պարիսպներ եւ անոնց անասնոց մսրանիք (եեմլիք) կը կազմեն: Ծերունի մը 90 ամեայ, ուղեւորիս կը պատմէր թէ “Իմ հայրս յիշեալ Ակրակ գիւղն շէն տեսած էր, ԽԱՉ (որոյ վերայ խոսուեցաւ) անուն գիւղին հետ, իւրաքանչիւրն ունէր 70-80 տան չափ Հայանական ազգի տուներ, հանդերձ զոյգ զոյգ քահանայիւք եւ ըստ այնմ պարագայներովն”:
       Սոյն աւանդութիւնն ճշմարտութենէ չէ հեռու, երբ ուշադրութեամբ դիտուին նոյն աւերեալ սրբավայրերն: