Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԳ. ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻՔ
       Հայոց Մրիպա կամ Թաղիք գիւղի Հիւսիսակողմն՝ 10 վայրկեան հեռու, կան բնութեան զարմանալի հրաշակերտներ, արձաններ, եւ մարդկային աչաց ու միանգամայն մտաց բեղմնաւոր խորհուրդներ տուող զանազան կերպարանքներ, զորս խոհեմ եւ իմաստուն բնութիւնն անհաշիւ դարերու մէջ համբերութեամբ կերտելով յառաջ բերած է քիչ ու շատ նմանութեամբ զոր օրինակ մարդ, երիտասարդ եւ ծերունի, այր եւ կին, պատանի ու նորածին մանկիկ, առիւծ, ձի, ուղտ, վագր, արծիւ, վանքի ծածք, ոլորապտոյտ սիւն, գեղատեսիլ շրջանակներ եւ ուրիշ բազմատեսակ հետաքրքիր ձեւեր, ու ամեն տեսակ ճաշակի եւ արհեստի վերաբերեալ: Բնութեան այս ամայի եւ անորոշ տեղւոյն մէջ ներկայ դարուս Եւրոպական ամենամեծ ճարտարապետն անգամ իւր համեմատական տգիտութիւնն պիտի զգայ եւ առանց վարանման պիտի խոստովանի, եթէ մի անգամ այցելէ սոյն անմարդաբնակ վայրը, զոր ես կանուանեմ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱՆՈՑ, ո՛ւր նազելի բնութիւն լռութեամբ, այլ գործնականապէս աւանդած է եւ կաւանդէ արձանագործութեան հիանալի դասեր, զորս իբրեւ իւր յատուկ ձեռագործ, ‘ի հանդես, ‘ի լոյս եւ ‘ի տես դրած է, յորմէ աշխարհիս ամենաճարտար արձանագործն կրնայ, իբրեւ նոր ուսանող, դասեր ընդունիլ, եթէ յիրաւի մի անգամ երկաթէ կօշիկներու դէմն կռուելով գայ ու մտնայ յայս գերագոյն ճարտարապետանոց եւ ուշի ուշով դիտէ բնութեան սոյն ձեռագործներն, որոց մէջ ձայն ահագին արձագանք կըտայ: Աստ կը գտնուի նաեւ երկրի շատ տեսակ խաւեր, որք գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ իրարու վերայ շարուած են եւ հորիզոնական դրիւք կը կենան:
       Սոյն վայրն “բերդ” կանուանեն, որ “ծառացած է երբեմն ապաստանարանի տեղւոյ՝ ընդդէմ Պարսկին” ըստ հայկական աւանդութեան, որ կը յաւելու նաեւ թէ “ղզըլպաշ մի անգամ բերդիս վերայ յարձակած է, սակայն տեսնելով որ բերդի վերի խաւն խարտ (սեւ) է, զիւր զօրքերն առած՝ ետ դարձած է, գուշակելով թէ “սեւագլուխ բերդի վերայ յարձակումն մեզ համար յաջողութիւն չ’կրնար համարուիլ”:
       Թաղիք գիւղի առաջեւէն կանցնի Աղբակու գետն, որոյ մէջ կը գտնուին պատուական ձկունք, որք երբեմն կորսացուին անգործ գիւղացիներէն եւ անմտազբաղներէն:
       Տեղւոյս բնակիչներն թէպէտեւ լինին օտար ազգութենէ, այսու ամենայնիւ արդարութիւն է խոստովանիլ թէ գովութեան արժանի հիւրասիրութիւն ունին, զոր գրեթէ անխտիր ցոյց կըտան ճանապարհորդաց եւ աստ հարկ եղաւ կրկնել:
       ***
       Քանի՜ մեծ հրաշք կը լինէր արդեօք, որչա՜փ լոյս կըտայր համօրէն մարդկային մտաց եւ ո՜րպիսի տիեզերական զարմանքներ պիտի շարժէին ու վերջապէս ի՜նչ նորանշան յեղափոխութիւնք յառաջ պիտի գային ԿՐՕՆԻ եւ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ յարաբերական գաղտնեաց մէջ, եթէ յիրաւի բնութիւնն վերոյիշեալ հրաշակերտ արհեստանոցի բացման թուականն նշանակած ըլլար մի բացորոշ տեղը եւ ես ՀԱՅԱԲՆԱԿՑԻ կամ Վանցի, Տեղագիր-Ուղեւորս, աստ գալով յաջողէի զայն ընթեռնուլ կամ Եւրոպիոյ հնագիտական ժողովէ մը թարգմանել տալ, եթէ հնարաւոր լինէր եւ կարելի է այսպէս ասել. յայնժամ ահա իմ ԲԱՂԴ եւ ահա իմ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ այս անցաւոր աշխարհումս կամ որ նոյն է ըսել այս սուտ ու փուճ աստուարի մէջ:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ ՀԱՅՈՑ ՄՐԻՊԱ ԳԻՒՂԷՆ
       Տեղէս ելնելով ուղինիս դարձնեմք դէպ ‘ի Հարաւ եւ երեսնիս ‘ի Վանս Սուրբ Բարթուղիմէոս Առաքելոյն, ո՛ւր հասնելոյ համար 11/2 ժամուան թէեւ կը կարօտիմք, սակայն մեր սիրտն մօտ է եւ հասած, ուրեմն կրնամք փոքր ինչ ծանր քայլել տեղագրելոյ ինչ որ այս կարճիկ ճանապարհէն դուրս մերձ կամ բաւական հեռու կը գտնուին:
       Սոյն ճանապարհի յԱրեւելակողմն ընտիր կաւճի հանք մի կայ առատ, որմէ երբեմն յայլ եւ այլ կողմեր կը տանին, ‘ի գործանութիւն վարժարանաց եւ կը գործածեն այնպէս ինչպէս կընդունին բնութենէն, առանց արհեստի մը տակը մտցընելոյ: Ասկէ յառաջ գնալով կը հասնիմք ԱՄՊԻԿ գիւղն, որ ունի աւերեալ եկեղեցի մը՝ հանդերձ գերեզմանատամբն. տեղւոյս բնիկներն այժմ չ’կան, այլ մի քանի տուն Մարական թոռունք կը բնակին, որոնց այցելութիւն մը տալոյ առիթ ունեցած ատենս նժոյգներու խրխինջներն անլսելի չէին հիացեալ Ուղեւորիս ականջին:
       Խոնջալս (խոնջեա ես). - Սոյն գիւղն ունի մի եկեղեցի թէեւ լինի ամայի եւ աւերեալ, կառուցեալ երբեմն յանուն Ս. ՍԱՐԳՍԻ, որոյ տօնին սոյն կողմերու Հայ գիւղացիք ուխտի կը գան եւ կը յիշատակեն Ս. Սարգիս զօրավարի անունն իւր տկարացած եւ ինկած տան մէջ:
       Ասկէ յետոյ մեր ճանապարհի Արեւմտակողմն կէս ժամ հեռաւոր կայ “Բժնկերտ” ըսուած Հայ գիւղ մը, որ 55-60 տուն բնակիչ ունի եւ 10 տուն եւս Քուրդ: Հայք այժմ ունին երկու սիրուն եկեղեցի կոփածոյ քարերէ շինուած կաթուղիկէիւ, առաջին արդէն Հայոց սեփհականն է եւ երկրորդն ֆրանքի ժամ կանուանեն, որ ըստ աւանդութեան “կառուցեալ է Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյ վանոց հետ” եւ թուական չիք:
       Ժողովուրդն թէ Հայ եւ թէ Քուրդ անխըտիր կը դիմեն ֆրանքի ժամն, որ ըստ աւանդութեան “հրաշագործ է” այս առթիւ արտաքինքն երկիւղ կրելով զայն աւերելոյ հետամուտ չեն լինիր: Գիւղս նոր բացած է գեղջուկ ծաղկոց մը, ո՛ւր 30ի մօտ ուսանողք կը հաւաքուին անորոշ ուղղութեան մը տակ:
       Տեղս բաւական անպտուղ ծառեր կան շուք տուող, նոյնպէս առջեւէն կանցնի անուշահամ գետակ մը, որ կը բղխէ մերձակայ լեռներէն, սոյն ջուրն կրնայ ջրաղաց մը բանեցնել:
       Ուղինիս յառաջ վարելով կ’անցանեմք բաւական ընդարձակ եւ դժուարանցանելի մարգագետինք, կը հասնիմք ի հռչակաւոր վանս Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյն, որոյ ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ եւ ՆԿԱՐԱԳԻՐՆ արժանի են նոյն իսկ կաղ եւ միականի Հնդկահայուն ընթերցման: