Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԲ. ՊԱՇԳԱԼԷ (ՀԻՆ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ)
       Պաշգալէ Հէքեարի նահանգի (Աղբակ, Անձրեւացիք, Նորտուզ, Ճուլամերկ, Գեաւառ) Կուսակալանիստ տեղին է եւ կը գտնուի Աղբակ գաւառի Արեւմտահարաւը, Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյ վանքէն 41/2 ժամ հեռու, որոյ յԱրեւելակողմն է Պարսկաստան, 10 ժամ հեռաւորութեամբ. յԱրեւմտահիւսիս Վան, 16 ժամու հեռաւորութեամբ. Հիւսիսէն Խօշապ (Մահմուտիէ), 6 ժամ հեռաւոր եւ Հարաւէն Ճուլամերկ:
       Քաղաքս շինուած է մի ընդարձակ լեռնաբլրոյ կողերուն վերայ, ոյր երեսն կը նայի լայնատարած դաշտի մ’ի Հարաւ: Ունի պատուական կլիմայ, հազուագիւտ ջուր եւ արգաւանդ հող, որմէ ծնած են բայց զայն չեն ճանաչէր:
       Տեղւոյս բնակութեանց թիւն է 450, յորմէ 140 տուն Հայ, 130 տուն Տաճիկ եւ 180 տուն Հրէայ: Հայք ունին, յանուն Ս. Երրորդութեան, 26 տարուան կառուցեալ (հնոյն տեղ) մի եկեղեցի, 2 քահանայ եւ մի նախակրթարան, շէնքովն բաւական յարմարաւոր, ո՛ւր 50-60 աշակերտներ կուսանին եւ ընդհանրապէս անչափահաս: Ժողովրդեան ուսումնասիրութիւնն եւ եկեղեցասիրութիւնն ց’արդ զարթուցանող մը չէ եղած, որով իրենք կը կենան տակաւին գրեթէ նախնի պարզութեան մէջ, ահա գործաւորի համար բարոյապէս գործելոյ ընդարձակ ասպարիզատեղի, որ չ’պակսիր շատ տեղերը:
       Հայք կ’զբաղին առ հասարակ երկրագործութեամբ եւ մասնաւոր վաճառականութեամբ. աստ կան մի քանի ճոխ խանութպաններ Վանէն եկած, որք տեղւոյս գլխաւոր վաճառականներն կրնան համարուիլ եւ ունին մեծ յարգ:
       Մահմետականներն ընդհանրապէս ունին սեպհական հողային կալուածներ: Հրէայք ամբողջովին կը պարապին մանր ու մունր առեւտրով, որպէս իւրեանց յատուկ է եւ են շատ ճարպիկ ու ճարտար: Սոքա երբեմն կ’զբաղին նաեւ առ եւ կուլով (անշուշտ բացառութիւնք ընդունելով հանդերձ) որպէս ինձ պատմեցին: Հարստութեան կողմանէ Տաճիկներն՝ առաջին, Հրէայք՝ երկրորդ եւ Հայք երրորդ տեղին կը գրաւեն:
       Պաշգալէի առեւտուրն բաւական բանուկ է, թէեւ խանութներն լինին աննշան թուով եւ շինուածքով: Նորեկի մը համար շատ դժուար է քաղաքիս զառիվայրներէն ելեւէջ ընել, մանաւանդ ձմեռ ատեն, ո՛ւր բնականաբար մարդս միշտ իյնալոյ կամ սահելոյ ենթակայ է. աւելորդ է ըսել որ պատճառն երկրի դիրքն է:
       Տեղւոյս բնակիչքն կրնան հայհոյութեանց նշանաւոր բանաստեղծներ համարուիլ, վասն զի յանկարծական հայհոյութիւնք կընեն երբեմն այնպիսի մտօք եւ շարադրութեամբ, զոր լսողին մեծ զարմանք կը պատճառեն: Աստ Տաճիկ ըսելով պէտք է հասկնալ նախնականէն մնացեալ Քուրդ աղայից զաւակներն կամ թոռներն:
       Պատմական
       “Ներկայ թուականէս 55-60 տարի յառաջ աստ կը նստէր, ըստ տարեւոր մարդոց տեսութեան եւ ասութեան, Նուրրուլլահ անուն Քուրդ պէկն, որ ինքնագլուխ կիշխէր եւ իւր գերիշխանութեան տակն ունէր Ճուլամերկ, Գեաւառ, եւ Անձրեւացեաց գաւառն: Նոյն թուականին Իսմայիլ փաշան Օսմանեան զինուք կառնու սոյն քաղաքը, որոյ բերդն եւ պարիսպները մեծագոյն մասամբ քար ու քանդ կընէ, որ ց’արդ կիսակործան կը տեսնուին:
       ***
       Պաշգալէի տուներն աղիւսաշէն են, քիչ ճաշակաւ եւ համեմատաբար կը բարձրանան դէպ ‘ի Բերդ, որ այժմ անբնակ է:
       Բերդաքաղաքս ունի հեռագրաթել, որով յարաբերութեան մէջ է Ճուլամերկի, Գեաւառի, Պարսկաստանի եւ Վանայ հետ: Տեղէս տակաւին չ’մեկնած՝ փոքրիկ պտոյտ մի ընեմք իր շրջապատն եւ ապա շարունակեմք մեր նկարագրական եւ տեղագրական ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ:
       Քաղաքիս յԱրեւմտակողմն 11/2 ժամ հեռու Հնուդ վան (Հնուդ վանք) Ս. Խաչ անուամբ աւերեալ սրբավայր մի կայ, որոյ հիմերն հազիւ նշմարելի են. երբեմն սոյն անհետացեալ վանուց փլատակաց մէջէն խաչեր գտնուած են, որպէս ականատեսք իսկ քանիցս Ուղեւորիս պատմեցին ախորժանօք, այլ տխրագին դիմօք տեղւոյս նախնի բնակչաց հետքերն արդէն իսպառ անհետացած են, միայն թէ բաւական թուով խաչքարինք թաղուած են ի գետին, որմէ երբեմն տիպուածով դուրս կելլեն Արեւ տեսնելոյ: Աստ այժմ 15-20 տուն Քուրդ կը բնակին, որոց աստ գալուն թուականն չ’գիտեմ:
       ***
       Պաշգալէի յԱրեւմտակողմն 2 ժամ հեռու է Փաստի (որոյ Փիս ալ անուն կըտան) գիւղն, ո՛ւր 8-10 տուն Հայ եւ 2 տուն Քուրդ կը բնակին: Աստ կան 2 եկեղեցիք, յորոց մին Հայոց եւ միւսն Ասորւոց վերաբերեալ: Գիւղիս անուան վերաբերութեամբ կ’աւանդեն թէ “հին ժամանակ տեղւոյս Հայն եւ Ասորին իրարու հետ տարիներով դատ վարած են հողային ինչ ինչ խնդրոց համար եւ յաղթուողն միշտ նորանոր փաստեր ճարելով կրկին դատարանին կը դիմէր զիւր դատն շահելու նպատակաւ, ահա այս պատճառաւ գիւղիս անունն մնաց Փաստի գիւղ:
       Այժմ փաստերն, փաստափանաց հետ, անհետացած են անյիշատակ:
       ***
       Բերդաքաղաքէս ‘ի Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյն վանք վերադարձ ըրած լինելով՝ յաջորդ գլխովն մեկնիմք աստի եւ դարձեալ ազնիւ ընթերցողիս անծանօթ վայրեր տեղագրելով ուղեւորեմք դէպ ի Վան-Տոսպ գաւառ, բռնելով մեծագոյն մասամբ Արեւմտեան Հիւսիսային գիծն, որոյ վրայ պտպտալով պիտի քայլեմ: