Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԷ. ԽԱՌԱԿՈՆԻՍ ԵՒ ԻՒՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Սոյն գիղն կը գտնուի նախորդի Հիւսիսակողմն 1 ժամ հեռու, գրեթէ Արճակու ծովակի յԱրեւելակողմն, շինուած ընդարձակ դաշտի մը վերայ հորիզոնական դրիւք եւ է անծառաստան, այլ տեսարանաւն հրապուրիչ:
       Տեղւոյս դրից պատճառաւ օդն շատ անգամ կռուոյ մէջ է եւ ես կարեմ ըսել թէ հանդարտ վայրկեաններ շատ քիչ կրնար ունենայ: Հողերն ընդարձակ եւ արգաւանդ են. ամենամեծ մասամբ անջրդի. խոտաւէտ են դաշտերն ու մարգերը:
       Գիւղս կը բաղկանայ 170 տուն Հայերէ, որք ունին Ս. Թադէոս անուամբ հաստատաշէն եկեղեցի մը՝ կառուցեալ վանքի ձեւով կոփածոյ քարերէ: Իւր թուականն անյայտ է, սակայն 400 տարեկանէն չ’պէտք է պակաս լինի: Գերեզմանատան տապանաքարանց մէջ 350 տարուան յիշատակագիրներէն աւելի տարեւոր չ’տեսնուիր:
       Ըտ աւանդութեան՝ սոյն եկեղեցին շինել տուողն է տեղւոյս Աշըղ-Չինակ մականուանեալ “բանաստեղծ” Հայն, որոյ գերեզմանի կապոյտ տապանաքարն, եկեղեցւոյս առընթեր, մեծէն եւ փոքրէն ցոյց կը տրուի, որ այժմ կը ծառայէ ջերմ եւ դող ունեցող հիւանդաց ‘ի բժշկութիւն:
       Քանի՜ անզուգական երախտագիտութիւն մեր այս Հայ գիւղացւոց սրտի եւ հոգւոյն մէջ:
       Գիւղս ունի նախակրթարան մը, ուր ձմեռն 40-45 աշակերտք կուսանին, իսկ ամառը 8-10 հոգի հազիւ: Սոյն նախակրթարանն Միացեալ Ընկերութեանց տեսչութեան ներքեւ կը կառավարուի եւ կը հոգացուի ծախիւք մեծանուն Սանասարեանցին: Շէնքն է միայարկ եւ անառողջապահիկ: Աստ դասատու կարգուած է Ռուսաստանցի մի ազնիւ երիտասարդ:
       ***
       Տեղւոյս Ազգային Հնութիւնքն
       Ա. - Ս. Սարգիս աղբիւր մը, որ երեք կողմանէ ծածկեալ մատուռ մի է, շրջապատը մի քանի ծառեր, ո՛ւր տարին մի անգամ Ս. Յարութեան առաւօտը եւ Համբարձման տօնին գիւղիս բնակիչներն կը գան յուխտ եւ ուրախութիւն կընեն մերձակայ այլ գիւղացւոց հետ:
       Բ. - Ս. ՍԱՆԴՈՒԽԻ (Սանդխտոյ) բլուր, որոյ վերայ կայ մի խաչաքար:
       Գ. - Գազան Քիլիսէ կոչուածն տեղի մի է գիւղիս սահմանին մէջ, որոյ նախնի բնակիչներն “250 տարիէ ‘ի վեր աներեւոյթ եղած են”, առանց յիշատակարան թող մը տալոյ, որմէ մենք այժմ կարող պիտի լինէինք գոնէ փոքրիկ լոյս մ’առնուլ: Եկեղեցւոյ հիմնատեղին նշմարելի է մի քանի տապանաքարանց տեսանելիութեամբ:
       Դ. - ԳՈՒՇԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, որ ըստ աւանդութեան, “ճոխ եկեղեցի մի եղած է” սոյն լակոնական աւանդութիւնն ստուգութեան կը մերձի, երբ կը տեսնեմք՝ որ յիշեալ քարանց շրջապատի հողերն երկրագործելոյ ատեն գետնի տակէն գլուխնին դուրս կը հանեն գերեզմանատան մեռելոյ քարերն, որոց դէմքերն յար եւ նման են Ղազարոսի կերպարանաց:
       Գիւղիս հին եւ բազմաթիւ բնակչաց մէջ կը պատմեն թէ “բանաստեղծներն միշտ պակաս չեն եղած, յորս նշանաւորն է վերոյիշեալ Աշըղ-Չինակն, որոյ գրական գործերն կորած են”: Տեղւոյս այժմեան բնակչաց արական սեռն թոյլ եւ անուժի է, իսկ իգականն նորա հակապատկեր՝ հանդերձ անվեհեր սրտիւք. ահա մի մասնաւոր պարագայ, որ գեղեցիկ սեռին իրաւանց հաւասարութեան դատի պաշտպաններուն նիւթ մը կրնայ մատակարարել ‘ի պահանջել հարկին:
       ***
       Ներքին Խօշապայ սոյն նշանաւոր գիւղերէն զատ երեւելի են նաեւ Սարա, ո՛ւր կը նստի գաւառիս Գայմագամն, որ 3-4 տարի առաջ կը նստէր ‘ի Խօշապ (բերդաքաղաքն). նոյնպէս Ախոռիկ, Քապապիկ եւ Պօղազքէսէն գիւղօրայքն:
       Գաւառիս ընդհանուր վիճակին վրայ այսչափ բաւ համարելով՝ դարձեալ սկսիմք ճիշդ այն կէտէն, ո՛ւր պահ մը կանգ առնելոյ հարկ եղաւ՝ ներքին Խօշապայ վերայ անտեղեակ թող չ’տալոյ նպատակաւ զուշիմ ընթերցողս:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Խօշապ բերդաքաղաքէն յԱրեւմուտ մեկնելով ‘ի Վան-Տոսպ գաւառ 21/2 ժամուան ճանապարհ ընդարձակ լեռնահովիտ մի է, որոյ մէջէն կընթանայ ծանուցեալ գետն. սորա երկու եզերաց վերայ գարնան եղանակին ջուրն յորդութեամբ կը կոխէ եւ ապա տեղատուութենէն զկնի տեղական քուրդերն կը վարեն, կը ցանեն եւ առատօրէն կը հնձեն: Տեղւոյս գետական ափունքներն Եգիպտական Նեղոսի ափանց արգասաւորութիւնը կը յիշեցնեն ուղեւորաց. խոտաւէտութիւնն եւս նշանաւոր է այս տեղերուն: Այսպէս ուղի առնելով 21/2 ժամէն հասանք Կիւլիւմ խաթուն կոչուած տեղին, ո՛ւր ճանապարհորդք ինչ ինչ երկիւղի տագնապներէն կը յուզուին, ըստ որում գետի երկու կողմերը լերանց բազմաթիւ ծործորներ եւ լայն ծերպեր կը գտնուին, որք լաւ կը ծառայեն պէտք ունեցող կարգ մը մարդոց, որք զինուորական կանոնաւոր հրամանատարէ մ’աւելի քաջ գիտեն բնական դիրքերէ օգուտ քաղելով նպատակի հասնիլ:
       Սոյն զուարճալի, այլ անբնականէն աւելի ահարկու տեղն ցորեկուան ճաշերնիս ընելոյ արիութիւնն ունեցանք, սակայն արդարութեան դէմն գործած չը լինելոյ համար պէտք է խոստովանիլ նաեւ թէ հացի կտորուանքն, առանց ծամելոյ, շատ անգամ ողջ ողջ կուլ տալն մեր առաջին քաջութիւնն էր, որպէս զի շուտով վերջանայր, որով մենք շարունակէինք անփորձ՝ մեր ՏԵՂԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ:
       Այսպէս ահա տեղէս մեկնեցանք ու մի եւ նոյն գծովն ճանապարհնիս յառաջ վարելով անցանք հետզհետէ աւելի լեռնային քան թէ դաշտային տեղերէ եկանք Երուանդունեաց Արեւելեան սահմանը, յորմէ ուղինիս մասամբ մը ծռելով դէպ ‘ի յԱրեւմտահիւսիս մտանք ‘ի Տոսպ՝ գլխաւոր գաւառն Վասպուրականի եւ գրեթէ 4 ժամու չափ ուղի կտրելէն յետոյ հասանք ‘ի Վան քաղաք, զոր մեզ կեդրոն ընտրելով պիտի սկսիմք Վան-Տոսպ գաւառն կանոնաւոր եղանակաւ տեղագրել, նկարագրել, պատմագրել, հնագրել, աւանդագրել եւ ՄՏԱԴՐՈՇՄԵԼ…: