Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԹ. ՎԱՆ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ
       Սոյն քաղաքն Վասպուրական Աշխարհի ամենամեծ եւ գլխաւոր քաղաքներէն մին է եւ կը գտնուի յիշեալ նահանգի յԱրեւմուտ՝ Տոսպ գաւառի մէջ, շինուած մի ընդարձակ ու տափարակ դաշտի վերայ լայնածաւալ նստուածքով՝ մի ահարկու եւ բնական որձաքար լերան հարաւային ստորոտը, համանուն ծովու յԱրեւելակողմն կէս ժամու հեռաւորութեամբ: Կլիմայն բարեխառն է եւ ջուրն բաւական լաւ ու տեղ տեղ պատուական տեսարանաւ: Ձմեռն 6 ամիս սաստիկ ձիւն եւ ցուրտ կընէ, այնպէս որ երբեմն կը ճայթեցնէ նոյն իսկ պղնձէ սափորներ (կիւյիւմ), այլ եւս խօսք չըլլայ հողէ ամանին:
       Ըստ Ազգային Պատմութեան՝ քաղաքիս նախակառուցանողն եղած է Ասորեստանի Շամիրամ թագուհին, որ տեղւոյ դիրքն եւ կլիմայի բարեխառնութիւնն սիրելով զայն իւրեան ամարանոց ըրաւ, զարդարելով նշանաւոր շինութեամբք եւ արքայական պալատներով: Աստ չը մոռնալ պէտք է Գերմանական հնագիտաց կարծիքն, որ զՎան քաղաքն շինուած կը նկատեն յառաջ քան զՇամիրամն:
       ԲԵՐԴ
       Զբօսասէր թագուհին յիշեալ քարալեռն տաշել եւ կանոնաւորել տալով՝ կը պատրաստէ մի ականաւոր բերդ, որ այժմ ուղղահայեաց դրիւք կամբառնայ դէպ ‘ի յերկինս ահարկու բարձրութեամբ, մանաւանդ Հարաւային կողմանէ: Բերդն ձգուած է յԱրեւելէն յԱրեւմուտ կէս ժամ երկայնութեան եւ մէկ քառորդ ժամ լայնութեան վերայ: Հիւսիսային եւ Հարաւային կողմերն 7-8 բաւական ընդարձակ քարայրներ կան, յորոց ոմանք, կաւանդուի թէ “քաղաքիս նախնի հիմնադրի օրէն կը գան” եւ անհնարին աշխատանաց գործ են, յատուկ մուրճով քարափոր պատրաստուած:
       Բերդիս այլ եւ այլ կողմերն կը տեսնուին ԲԵՒԵՌԱԳԻՐ արձանագրութիւնք, յորոց կան եղծեալներ եւ կան անեղծներ, որ գրեթէ 2 տարին անգամ մը միշտ Եւրոպական ուղեւորներէ կընդօրինակուին: Բեւեռագիրներէն փայլուն մասն կը գտնուի բերդի Հարաւային ճակտի վերայ, ո՛ւր անեղծ մնացած են իւրեանց բարձրութեան եւ հնութեան մէջ:
       ***
       Վան քաղաքն նախապէս “Շամիրամակերտ” (Շամիրամէն շինուած) կոչուեցաւ թագուհւոյն անուամբ, որոյ յիշատակն տակաւին անկորուստ կը մնայ քարաշար վիթխարի պարիսպով մը եւ յանուն Շամիրամայ կոչուող մի քանի փողոցներով, յորս այժմ կը բնակին մեր Տաճիկ դրացիներն: Յետոյ ՎԱՆ… կը գայ զքաղաքն կրկին կը զարդարէ եւ յանուն իւր կը մկրտէ, որով ց’արդ կ’անուանի Վան:
       Այս քաղաքն, որպէս պատմութենէն յայտնի է, անհնարին փոփոխութիւնք եւ պատահարք տեսած լինելով ինկած է երբեմն Թաթարական, Յունական եւ երբեմն իսկ Պարսկական լծոյն ներքեւ, զոր աստ կրկնել աւելորդ է եւ մանաւանդ ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆՍ նպատակէն դուրս լինելով կրնայ ներկայ շրջանակիս ընդարձակութեան հետ խոտոր համեմատիլ եւ անծանօթն չ’գտնուիլ:
       Վանայ ամենահին նախանձելի փառքերէն թերեւս ծագումն առած լինի հետեւեալ թրքական առածն թէ “Տիւնեանէ ՎԱՆ, Ախիրէթտէ իման”:
       Քաղաքիս նկատմամբ ակնարկած փառքերն ու ճոխութիւնքն կորսուած լինելով՝ այժմ ենթարկուած է մի տեսակ անշքութեան եւ պիտի արժանանայ մի տեսակ փառաց, որոց անուանքն այն ժամանակ պիտի տամ, երբ առիթ ունենան ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ մերայնոց ներկայ վիճակին վերայ իմ փորձառական տեսութիւններն ընել կամ հրապարակական դասերս խօսիլ:
       ***
       Վան իւր ամբողջութեամբ երկու գլխաւոր մասերու կը բաժնուի, որոնք իրարմէ շատ տարբեր բնական վիճակ ունին եւ մենք խօսիմք կարգաւ իւրեանց տարբերութեամբն:
       Ա. ՔԱՂԱՔ
       Քաղաքն, որպէս վերեւ ասացի, շինուած է յիշեալ բերդի Հարաւային անմիջական ստորոտը. բերդի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ծայրերն կցեալ են պարսպաց եւ խրամներու ծայրերուն, ըստ որում քաղաքի, ‘ի բաց առեալ Հիւսիսակողմն, ո՛ւր արդէն բերդն է, միւս կողմերն կրկին պարիսպներով պարսպեալ են, թէեւ այժմ պարիսպներն եւ խրամներն լինին կիսակործան ու բարձի թողի վիճակի մէջ. աւելորդ իսկ է ըսել թէ նոքա իւրեանց նախնի կարեւորութիւնն կորուսած են եւ այժմ փառք Նախախնամութեան, որ մեր Օսմանեան մեծազօր պետութիւնն այդ օրինակ պարիսպներու եւ խրամներու պէտք չունի:
       Քաղաքն ունի երեք հատ հսկայ դուռներ Ա. Արեւելակողմանն՝ որ կը կոչուի “Դավրէզ (Դավրէժ) գափու”. Բ. Արեւմտակողմանն՝ որ կ’անուանի “Իսկալի Տարկեախ” (իսկէլէ գափու կա նաւահանգստի դուռ), վասն զի բացուած է դէպ ‘ի ծովն եւ չ’մոռնամ ըսելոյ որ սոյն դրան հիմերն միայն կապրին ներկայիս մէջ: Գ. Հարաւակողմանն՝ “Օրթա գափու” (միջնադուռն):
       Բերդի Հարաւակողմն կը գտնուին շուկայք (կրպակներ) եւ բնակութիւնք (քաղաքին միայն), վերջինքն առաջիններէն զատուած են նեղ փողոցներով: Շուկայից ընդհանուր կրպակներու թիւն 1, 500էն պակաս չէ, յորոց մեծագոյն մասը կոկիկ ճարտարապետութեամբ շինուած է եւ են ոմանք երկայարկ եւ մնացեալ փոքրիկ մասն բաց եւ ողորմելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի:
       ***
       Վան Կուսակալանիստ քաղաքն ունի կառավարութեան քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնատունք, ընդարձակ զօրանոց, հիւանդանոց, մթերանոց ամբարատեղիք, բաղանիքներ եւ ժողովրդական այլ եւ այլ շինութիւնք ու զբօսավայրք, իւրաքանչիւր կեդրոնատեղին ունի իւրեան յատկացեալ աղբիւրներ եւ մասնաւոր ջրեր, յորս պատուական եւ նշանաւորն է “փոս-աղբիւր” կոչուածն, որոյ ջուրն իւր անուշութեան հետ ունի նաեւ կաթի համ: Սոյն անուանի աղբիւրն շուկայէն 10 վայրկեան հեռու է: