Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԱ. Բ. ԱՅԳԵՍՏԱՆ
       Քաղաքի պարիսպներէն դուրս ելնելով, ընդհանուր տեղեկութիւն մը տալոյ համար կարեւոր կը համարիմ փոքրիկ կանգ մ’առնուլ տակաւին մեր ՈՃՆ յառաջ չ’տարած դէպ ‘ի յԱյգեստան, որ ՎԱՆ քաղաքի ամենապատուական, գեղեցիկ եւ զուարճալի մասն կը կազմէ իւր հորիզոնական եւ ընդարձակ դիրքովն, օդովն, ջրովն, պտղատու եւ անպտղատու բազմաթիւ ծառաստաններովն ու խաղողի մեծատարած այգիներովն, որք ամառ ատեն, Երկնից արդար հոգիներու դրախտն երկրի վերայ, այգեկութի ժամանակը մեղաւոր Վանցիներուն ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆ: Վանայ սոյն մասի անուան ծագումն արդէն յայտնի է եւ բացատրութեան անկարօտ:
       ***
       Այգեստանի փողոցներն ամենամեծ մասամբ ծառաստան են, երկու կողմերէն այլ եւ այլ հաստութեամբ բարդի եւ մանաւանդ ծեր եւ երիտասարդ ուռենիներով զարդարեալ՝ կը կազմեն զուարճալի ծառուղիներ, որոց տարածեալ շուքերու տակէն ‘ի քաղաք կերթեւեկեն այգեստանցւոց մեծագոյնմասն, որ ամառուան եղանակին Արեգական կիզիչ ճառագայթներէն ապահով կը ճանապարհորդեն:
       Քաղաքն Այգեստանէն 1/2-11/2 ժամ հեռու է եւ կը գտնուի նորա յԱրեւելակողմն: Քաղաքի մէջ կրպակ, վաճառատուն եւ կամ որ եւ իցէ առ ու տուր ունեցող Այգեստանցիք առաւօտ կանուխ կերթան եւ երեկոյ ուշ կը վերադառնան ‘ի տուն, ո՛ւր կը մտածեն օրուան առն եւ տուրը:
       Ամառ եղանակին աստ է տեսանել այն հաճոյք եւ զուարճութիւն, զորս խումբ խումբ Այգեստանցիք կզգան այս առթիւ, եւ ես ինքս Այգեստանցի լինելով անհուն բերկրութեամբ սիրտս կը լեցուէր, երբ այդ հովանեաց ներքեւէն ընկերներուս հետ կը ճանապարհորդէի՝ մեզ խօսքի առարկայ ընելով ազգային խնդիրներ ու գործեր եւ այս հաւատարմութեան գաղափարներով ծնած եւ սնած Հայրենասէրի մը համար միթէ բնական չէ՞:
       Ճանապարհի յիշեալ ծառուղեաց մէջէն աղբերց ջուրերն զուգահեռական առուակներէն կարկաջասահ կընթանան յԱրեւելից յԱրեւմուտս:
       Քաղաքիս Թավրէզ-Գափուէն յուղի ելնելով 5 վայրկենի տեւողութեամբ տափարակ տեղեր կտրելէ զկնի կը հասնիմք ՀԱՅԿԱՅ ՎԱՆՔ կոչուած տեղը, որոյ անմիջական մերձ Արեւմտեան Հարաւային ընդարակ տեղիք դարաւոր գերեզմանատանց հետքերով կամ մարդկային ոսկորտիքներով լի էին, որոց երեսը երբ կը դիտէի՝ յանկարծ Եզեկիէլի տեսած դաշտն եւ անոր փչած ՇՈՒՆՉՆ միտքս ինկան, սակայն չ’կայր եւ ոչ մի կողմանէ կենսատու ՕԴ փչող հով մը, ես ինքզինքս մի մեղմ եւ հանդարտ բնութեան մէջ գտայ, ըստ որում այդ հինաւուրց մեռեալներու ոսկորտիքն այնչափ տխրութիւն չէին պատճառեր Տեղագիր-Ուղեւորիս սրտին, որ ստուգիւ խօսելով՝ նման ժամացոյցի շարունակ թաք, թըք կը զարնէր եւ միշտ կ’սպառէր իմ գարուն կենաց վայրկեանները, այս պահուս իմ խելք կը դառնայր եւ հազիւ ինքզինքս գտած, կարող եղայ մօտակայ կամուրջէն անցնելով հասնիլ անվնաս հետեւեալ տեղին:
       2. Հայկայ վանուց թաղ
       Թաղիս հետաքրքրական անուան վերայ հաւանականագոյն աւանդութիւնն է եւ կարծիք թէ “թերեւս Հայկ իրեններովն աստ հանգիստ մ’առած կամ իջեւանած լինի, երբ յուղի ինկած կը գնայր ‘ի Հայոց Ձոր Բելայ կամ Նեբրովդայ դէմն ‘ի մարտ”:
       Սոյն թաղն ունի 274 տուն Հայ բնակիչ, որք ունին յանուն Ս. Աստուածածնայ հաստատուն շինուածով եկեղեցի մը, որ կը պարունակէ ԼՈՅՍ կրօն մը եւ ինքն դժբաղդաբար մութ է պատուհանաց նեղութենէն: Եկեղեցւոյ կից է տեղւոյս նորաշէն եւ երկայարկ վարժարանն, ո՛ւր ձմեռ ատեն 100-120, իսկ ամառ եղանակին 50-60 ուսանողներ կ’աշակերտին, որք բաժնուած են գրեթէ այնչափ կարգի որչափ որ դասագրոց տեսակներ կը գտնուին աշակերտաց ձեռքը:
       Վարժարանիս համայն ուսանողքն յանձնուած են երկու պաշտօնէի, որոց տարեկան թոշակաց գումարն է 25-30 ոսկի, որ կը հոգացուի եկեղեցւոյն եկամուտներէն:
       Հայկայ Վանցւոց այժմեան վարժարանի շինութեան համար տարած ջանքերնին արդարեւ գնահատելի են, թէպէտեւ առանց մասամբ մը արտաքին նպաստներու շինուած չը լինի: Յուսալի է որ վարժարանիս դրից յարմար եւ օդաւէտութեան համաձայն վիճակի մը մէջ պիտի դրուին նաեւ ուսանողներն, վասն զի խնդիրն հոս է թէ շէնքի գեղեցկութիւնն զուսանողս յառաջ կրնայ մղել, եթէ օրինաւոր դաստիարակ, ուսուցիչ եւ կանոնաւոր հսկողութիւն չ’լինի, միթէ յարմարաբաց պատուհաններէն փչող օդին մէջ սուրբ հոգի՞ կայ, զոր ուսանող մանուկներն ընդունելով, նման Առաքելոց, վարժարանի վերնատան մէջ Հոգւով Սրբով լեցուին, որով եւ իմաստնանան, զարգանան եւ վերջապէս սկսին այլ եւ այլ լեզուս խօսիլ ու գրել զհին եւ զնոր եւ մասնաւորապէս Վանցի հայրենակցացս հասկցնել:
       ***
       Այսչափ բաւ համարելով տեղւոյս նկատմամբ խօսիլն, ապագայի յոյսերով ծանրաբեռնեալ մեկնիմք մի եւ նոյն ուղղութեամբ:
       Այսպէս զիմ ուղին շարունակելով՝ կանցնիմ բազմաթիւ ընտիր արտօրայք, ամենքն ջրարբի եւ մեծագոյն մասամբ Տաճկաց վերաբերեալ եւ կամ անոնց վերագրեալ:
       Սոյն ճանապարհամիջոցին վերայ բաւական տեղեր չ’կան բնակութիւնք եւ ծառուղիք, որոնք աւելի Այգեստանի միւս ճանապարհաց կը պատկանին, այլ միայն կան մասնաւոր ծառեր եւ մի դարաւոր ուռենի, որ՝ նման կամուրջի՝ շուքերէ կամար կապած է եւ որոյ տակէն պարտին անցանել այս ճանապարհէն երթեւեկողքն: Զայս ուռենին Ս. Ծառ կ’անուանեն Հայերն, եւ Տաճիկներն եւս նմա կը տան նմանօրինակ մի անուն, որ իգական սեռերէն ոմանց մէջ աւելի ընդհանուր է: Սոյն երկու տարասեռ եւ տարարիւն հայրենակիցք մի եւ նոյն ծառին կընծայեն մի հաւատք բղխած տարբեր սիրտերէ եւ զգացումներէ: Հաւատացեալ կիներէն իւրաքանչիւր տեսակն, համաձայն իւր ներքին համոզման, թո՛ղ կապէ մի կտոր լաթ ուռենւոյն ճիւղերէն միոյն վերայ ‘ի նշան, եւ մեք շարունակեմք վերստին մեր ուղին. եւ վերջապէս բաւական Հայ եւ Տաճիկ բազմաբնակութիւններէ անցնելով կը հասնիմք բուն Այգեստանի “Արարք” անուանեալ թաղը, որոյ վերայ տակաւին չ’խօսած՝ հետեւեալ ընդհանուր տեղեկութիւնն տամ եւ ապա շարունակեմ հասած տեղէս:
       Այգեստան, աննշան բացառութեամբ տափարակ դիրք մ’ունի, եւ քաղաքի դիրքէն 80-100 մեթր բարձր: Երկայնութիւնն է յԱրեւելից յԱրեւմուտս 11/2 ժամ, իսկ Հարաւէն ի Հիւսիս 1 ժամ:
       ՎԱՆ, ընդհանուր առմամբ, կրնամք եռանկիւնաձեւն համարիլ, որոց գագաթն է Այգեստանի Արեւելակողման նորատունկներու (որոց վերայ ի կարգին կը խօսուի) մէկ մասն, եւ երկու կողմերն են Հիւսիսէն Ակռփի կոչուած երկայն լեռն իւր յարակիցներովն ու Հարաւէն Շամիրամայ թաղն իւր Արեւելքէն յԱրեւմուտս երկայնութեամբն, իսկ խարիսխն Բզնունեաց ծովը:
       Այգեստանի մերձաւոր շրջապատը եւ նոյնպէս իւր ոլորտը կը գտնուին ընդարձակ արտօրայք եւ դաշտօրայք:
       ***
       Վանայ Այգեստանի ամենէն բազմահայ թաղը հասած լինելով՝ այժմ խօսիմք իրեն վրայ մեր արդէն ընտրած կարգաւն:
       3. Արարուց (այր յարոյց) թաղ
       Սոյն թաղն ունէր 850 տուն Հայ բնակիչ “այր յարոյց Ս. Աստուածածին” կոչուած հնաշէն եկեղեցի մը, որ այս տարի քակուելով ‘ի հիմնանէ շքեղօրէն նորոգուեցաւ: Սոյն եկեղեցին ունի ծխական երկու հատ երկայարկ վարժարաններ, որոց վերի յարկերն ուսանողաց յատկացեալ են, որք ունին գեղեցիկ դիրք եւ տեսարան: “Ս. Մատթէոսեան” անուանեալ սոյն վարժարաններէն առաջին ուսումնարան է եւ երկրորդն նախակրթարան: Առաջնոյն մէջ կաշակերտին 126 ուսանողք, որք բաժնուած են Զ կարգերու. երկրորդն, որ նախակրթարանի մասն կը կազմէ, ունի 158 ուսանողք, որոնք երկու մասերու բաժնուած են, յորոց 103 ծաղկոցին եւ 55 նախակրթարանին կը վերաբերին: Վերջի մասին մէջ 40 հոգի աղջիկ են եւ մնացեալ 15 մանչ, որք թաղիս նոր սերունդ կը կազմեն եւ չունին պատճառ մը չ’պսակել բանաւոր ջանքեր: Մէկ յարկի մէջ խիտ առ խիտ բնակուած եւ որ ցաւալին է այդ յարկն իւրեանց կը ծառայէ դասարանի, ճաշարանի, ձմեռ ատեն զբօսարանի եւ սերտարանի, ո՛ւր ձայներու ժխորէն ոչ թէ մանուկն կարող է ուսանիլ, այլ ընդհակառակն գիտցածն եւս մտահան ընելոյ դժբաղդ եւ անզգայ հարկին մէջ կը գտնուի: Սոյն վարժարանի համայն ուսանողք յանձնուած են երկու կառավարիչ դասատուաց, որոնք օրական մի դաս հազիւ կրնան աւանդել, զի այդ խեղճ մանկավարժներն ուսանողաց դպրոցական ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ալ տալոյ պարտաւորեալ են. մանուկներն իւրեանց ընթերցանութեան դասերն կընդունին երբեմն ‘ի լաց եւ երբեմն ‘ի խաղ, այլ յաճախ ‘ի կաղ: Ուսումնարանն ունի գրասեղան, իսկ ծաղկոց ո՛չ:
       Խօսքս ամփոփելով՝ Արարուց թաղի սոյն երկու վարժարանաց ուսանողներու ընդհանուր թիւն է 284 եւ երբեմն իսկ 350ի կը բարձրանայ: Պաշտօնէից թիւն է 10 եւ տարեկան ծախուց գումարն 130-140 Օսմ. ոսկի, որ կը հոգացուի եկեղեցւոյ կալուածական եկամուտներէն, որ ծախքէն աւելի կը գոյանան, սակայն տնտեսագիտաբար պէտք եղած տեղւոյ գործածութեան մէջ չիք մատակարար, վասն զի դրամն մէկ աստիճան կարեւոր է, իսկ զայն գործածելոյ կերպ ԳԻՏՆԱԼՆ երկու:
       Վերոյիշեալ Մատթէոսեան կրթարաններն կընթանան անորոշ ուղղութեան մը ներքեւ, առանց կանոնաւոր ծրագրոյ մը: Առ այժմ պէտք է մխիթարուիմք, վասն զի զվարժարանսն օր ըստ օրէ բարեկարգելոյ ջանքերնին գործադրելոյ վերայ են եւ կը յուսամ յաջող ընթացքով:
       Արարուց եկեղեցին իւրեան մերձ ունի 200էն աւելի խանութներ, յորոց մեծագոյն մասն նպարավաճառ են: Տեղւոյս գրեթէ ամեն անկիւնները գինետունք անպակաս են եւ խանութներն ընդարձակ հրապարակի մը շուրջ շինուած են բացօթեայ: Կիւրակէ օրերն առաւօտեան դէմն 3-4 ժամու տեւողութեամբ մասնաւոր տօնավաճառ կը լինի, մօտակայ գիւղերէն եւ մանաւանդ թաղերէն առ եւ տրոյ համար մարդիկ աստ կը դիմեն: Տեղւոյս կրպակաց մեծ մասն Հայց ձեռքն է եւ են բաւական կարեւոր:
       ***
       Արարք թաղի մէջ մի մաս կայ, որ երկրագործութեամբ կ’զբաղի գիւղական կենօք եւ բնակութիւնին թէեւ դարձեալ թաղերու մէջ, այսու ամենայնիւ ինքնուրոյն գիւղ մի է ունենալով իւրեանց մէջ գիւղական բոլոր կարգադրութիւնք եւ տեղական կառավարութիւնն ըստ այնմ կը նկատէ զանոնք, որոնցմէ երբ հարկ լինի սայլի եւ ուրիշ բաներու աշխատանաց պահանջումն, զոր ունին Վասպուրականի համայն գիւղօրայքն: Գիւղիս հողային կալուածներն, ամենամեծ մասամբ Այգեստանի Արեւելեան Հիւսիսակողմն 2-3 ժամ հեռաւոր սարերու եւ դաշտերու մէջ կը գտնուի:
       Արարքէն մեկնելով յԱրեւելահիւսիս 20 վայրկենէն կը հասնիմք հետեւեալ տեղը:
       4. Նորաշինու թաղ
       Սոյն թաղն ունի 476 տուն Հայ բնակիչ, պայծառ կառուցմամբ եւ ճաշակաւոր մի եկեղեցի յանուն Ս. Աստուածածնայ: Ունին մի վարժարան գրեթէ երկսեռ, ո՛ւր կաշակերտին 130 ուսանողք, յորոց 30ի մօտ աղջիկ են, որք մի մասնաւոր սենեկի մէջ կը դաստիարակուին եւ մնացեալ հարիւր մանչերն բաժանեալ են նախակրթարանի եւ ուսումնարանի՝ երկու գլխաւոր բաժանումներու, որք ‘ի միասին կուսանին մի յարկի տակը: Վարժարանիս դիրքն շատ լաւ է, սակայն արդարութիւն է չ’մոռնալ որ այդ կայտառ եւ աշխոյժ ուսանողքն օրն ի բուն կը նստին տախտակամածի վերայ առ ‘ի չ’գոյէ գրասեղանի եւ ոմանց կռնակներն, խորին վիշտ զգալով դիտեցի, որ նման 80 տարուան ծերունւոյ, աղեղ դարձած են այդ ծաղիկ հասակին մէջ:
       Վարժարանիս պաշտօնէից թիւն է 7 եւ որոնց տարեկան թոշակաց գումարն՝ 120 ոսկի: Դպրոցական շրջանն 8 տարուան բաժնուած է. կայ Տեսուչ քահանայ մը, որ բաւական ջանադիր կերեւի օր ըստ օրէ աւելի բարեկարգելոյ տեղւոյս նոր սերնդեան կրթական վիճակն եւ այս առթիւ կըյուսամք որ Արժ. Տեսչի ուշադրութենէն չ’պիտի վրիպի նաեւ վարժարանիս ուսանողաց առողջապահական աննախանձելի վիճակն, զոր կանոնաւորելոյ չիք դժար:
       Սոյն թաղի վարժարանէն դուրս ելնելով ուղեւորեմք դէպ ‘ի յԱրեւմտեան Հարաւ, 2/3 ժամէն կարող եմ ժամանել ‘ի Ս. Յակոբ կտրելով գեղեցիկ ծառուղիներ եւ անցանելով ջրոց կարկաջասահ առուակներ:
       5. Ս. Յակոբայ թաղ
       Տաճկական բնակութեանց դրացի եղող այս թաղն ունի 450 տուն Հայ բնակիչ, յանուն մծբնայ Ս. Յակոբ Հայրապետին կառուցեալ մի եկեղեցի եւ “Ս. Ղուկասեան վարժարան” կոչուած կրթարան մը, որոյ ուսանողաց ամբողջ թիւն է 140, որք ԺԱ կարգերու բաժնուած են, յորոց մեծ մասն ուսումնարանի եւ փոքր մասն նախակրթարանի ընթացք ունին:
       Վարժարանիս ուսումնական եւ առողջապահական կողմերն չեն կրնար զգայուն այցելուաց վիշտ չ’պատճառել ներկայիս մէջ, որոյ յաջորդն փայլուն յոյսերով բեռնաւորեալ է սակայն:
       Չորս պաշտօնեայ կայ, որոց տարեկան թոշակն է 50 ոսկի վճարելի եկեղեցւոյ սնտուկէն:
       6. Յանկոյս Ձորոյ թաղ
       Այս թաղն կը գտնուի նախորդի Արեւելակողմն եւ անկէ 3/4 ժամ հեռու. ունի 450 տուն Հայ բնակիչ եւ յանուն Ս. Աստուածածնայ կառուցեալ գեղեցիկ եկեղեցի մը, գրեթէ լեռնահովտի մը մէջ հեղեղատի մը Հիւսիսակողմն: Կայ ‘ի հինուց շինուած մեծ կամուրջ մի, որոյ վրայէն ժողովուրդ կանցանէ գնալոյ համար յեկեղեցին, որ, միւս եկեղեցեաց նման, բնակութիւններէ շրջապատեալ չէ եւ իւր բոլորտիքը համարեա թէ կը տիրէ ամայութիւ, ո՛ւր կայ սիրուն անտառակ մը, եկեղեցւոյն վերաբերեալ:
       Եկեղեցին ունի իւրեան կից երկու վարժարան, մին արական եւ միւսն իգական սեռին յատկացեալ. առաջնոյն մէջ կան 200 ուսանողք եւ երկրորդին՝ 50: Մանչերն վեց եւ օրիորդներն երեք կարգերու բաժանեալ: Սոյն վարժարաններն բաւական բարելաւ վիճակի մէջ կերեւին, սակայն զայնս աւելի բարեկարգելոյ եւ զարգացնելոյ պէտքն ալ անուրանալի է: Վերոյիշեալ 250 (մանչ եւ աղջիկ) ուսանողաց համար ունին 7 պաշտօնեայ, որոց թոշակաց տարեկան գումարն է 80-90 ոսկի, որ դարձեալ Աստուծոյ ՏԱՆ լոմայէն կը գոյանայ եւ սնտկէն կ’անգոյանայ:
       Տեղւոյս ուսուցչական խմբին մէջ կը գտնուի մի դաստիարակ ուսուցիչ 35-36 ամբողջ տարիներու, դա Աւետիս վարժապետն է՝ ՆԱՀԱՊԵՏ Վանայ համայն վարժապետաց դասուն: Սոյն անձն 57-60 տարեաց մէջ ոտք կոխած է, այսու ամենայնիւ ֆիզիքապէս իւր ունեցած կազմութիւնն շատ նախանձելի է, նոյն իսկ 30-35 տարեկան երիտասարդաց համար. ինքն միջահասակ է, ունի մեծ եւ կապոյտ աչկունք համեմատական դէմք, բարետիպ եւ հեղահայեաց, լայն կրծիւք եւ թիկամբք, պատկառելի եւ համեստ բնաւորութեամբ:
       Վանայ մասնաւոր վարժարաններ
       Տեղւոյս վերոյիշեալ 6 արական եւ 4 իգական սեռերու պատկանող ծխական վարժարաններէն զատ կան նաեւ հետեւեալներն. Ա. Մկրտիչ էֆ. Փորթուգալեանի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ վարժարան: Բ. Խնամատար Ընկ. ՈՐԲԱՆՈՑ: Սոյն երկու կրթարաններն միջնակարգ վարժարանի ուսումնական դիրքն ունին (մասնաւոր տարբերութեամբ) եւ են կանոնաւոր ուղղութեան մը ներքեւ եւ պատիւ կը բերեն իրենց անձնանուէր հիմնադրաց եւ եթէ ինէ անկախ պատճառներ չունենայի… մտադիր էի սիրայօժար մի քանի էջ նուիրել յիշեալ վարժարանաց եւ հրապարակաւ դրուատել անոնց ԾՆՈՂՆԵՐԸ, որոց մասին թերեւս բացէն արտօնութիւն ունենամ նոցա բուն ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ ցոյց տալ այդ Երկրի տակաւին խաւար մթնոլորտին մէջ:
       Գ. “Բարաղամեան”, Դ. “Յովհանեան” նախակրթարաններ, որք թէպէտեւ երկու տարի հազիւ կը լինի բացուած լինելնին, սակայն ապագային համար այժմէն յուսալից նշաններ սկսած են ցոյց տալ: Ե. Սուրբ Սանդխտեան Ընկ. օրիորդաց վարժարան, որոյ ԲԱՐԵՐԱՐՆ է մեծահամբաւ Սանասարեանց, որի իւր ծախքովն անցեալ տարի Խրիմեան Հայրիկի տրամադրութեան ներքեւ գեղեցիկ եւ օդաւէտ վարժարան մը, կառուցանել տուաւ, որոյ շինման մասին Ամեն. Խրիմեան Հայրիկն յատուկ խնամք տարած է եւ այժմ գերմանական ճաշակաւ կանգնած զայն: Սոյնվարժարանն 14 տարիէ ‘ի վեր կը շարունակի:
       Անցեալ տարի կրկին ծախիւք յիշեալ մեծանուն աղա Մկրտիչ Սանասարեանցի Սանդխտեան վարժարանն եղաւ երկայարկ, որոյ անունն փոխուելով այժմ կը կոչուի “ՄԱՐԻԱՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ” “յանուն Մարիամայ Գէորգեան Վանեցւոյ Սանասարեան, շինեցաւ արդեամբ որդւոյ նորա աղա Մկրտչի Սանասարեանի”:
       Ազգի հանրածանոթ այդ բարերարն 10, 000 ռուպլիի տոկոս մը եւս մշտնջենապէս յատկացուցած է, ‘ի յաւէրժ յիշատակ իւր հանգուցեալ լուսահոգի մօր անուամբ նոր մկրտուած սոյն վարժարանին, որոյ աշակերտուհիք պարտին յաւէտ երախտապարտ լինիլ Սանասարեան ազնուատոհմ գերդաստանին, որոյ պատուաբեր ՇԱՌԱՒԻՂՆ է այժմեան ԲԱՐԵՐԱՐՆ, զոր աստ տեղագրութեանս մէջ գեղեցիկ առիթով մը կը յիշեմ զինքն` ‘ի գովեստ իւր արժանաւոր անուանն, որ ամեն Հայ սիրտերու մէջ մեծ տեղի մը գրաւած է եւ այս ամենամեծ իրաւամբ:
       ***
       Վանայ մասնաւոր վարժարանաց համայն ուսանողաց թին 400ի կը հասնի, որոց համար համեմատաբար աւելի ծախք կը լինի ծխական վարժարաններէն: Տեղագրութեանս նպատակէն չ’շեղելոյ համար աստ ասկէ աւելի գրել չեմ ուզեր, որք կրնայ գործիս յառաջադիմութեան ուղին փակել, որպէս վերեւ ակնարկեցի: