Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԴ. ՎԱՆԱՅ ԱՐԵՒԵԼԱԿՈՂՄՆ
       Դառնամք այժմ դէպ ‘ի Վանայ Արեւելակողմն Այգեստանեայց բնակութիւններէն դուրս ելած՝ ուղեւորիմք ‘ի Վարագ: Նախ կը հանդիպիմք աւզնոց կոչուած 3-4 երկայն եւ արդարեւ աւազոտ արտօրէից, որք սոյն անունն առած են հողի անբեր վիճակէն: Աստտարին մի անգամ նոր կիւրակէ որ ձիարշաւ կընեն, նախապէս մի քանի շաբաթ վարժութիւն ընելով: Սոյն ձիարշաւի հանդէսն Երկրի բնիկ ժողովրդեան նախարարական հին ԿԵԱՆՔ մել կը յիշեցնէ եւ արդարեւ յիշեալ օրն աստ կը լինի աշխարհաժողով Վանայ ամեն կողմերէն, տեղական կառավարութեան աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ:
       Այս տեղէն յառաջ երթալով, հարկ է կտրել մի քանի ընդարձակ արտօրայք՝ ընտիր հողերով եւ ջրերով կը հասնիմք ուրբաթ առու կոչուած գետակը, յորմէ անկամուրջ անցնելով շարունակեմք ուղինիս: Այլ եւս այս կողմերը չ’կան բնակութիւնք եւ միայն կրկին ընդարձակ դաշտօրայք եւ արտօրայք են նուազ բարեբերութիւնք ունեցող հողերով, յորոց ոմանք մասնաւոր ձորակներէ շրջապետեալ են. այսպէս ահա փոքր ինչ եւս յառաջ երթալով կը մտնեմք Վարագայ վանուց սահմանը, որոյ վերայ 20 վայրկենի չափ շարունակելով ընթացքնիս կը ժամանեմք չռիկ աղբերակ, որ մեր ճանապարհի ձախ թեւի վերայ բնական քարափի մը խաւերէն (քուշ) դուրս հոսելով կը գնայ յԱրեւմուտս: Սոյն աղբերակն զիւր անունն առած է իւր դիրքէն, ըստ որում մէկ մէթրէն աւելի բարձրէն չ’ռալով (կարկաջասահ կամ ջրուիժաբար վար թափիլ) կանցանէ: Աղբիւրն ճանապարհի անմիջական եզերքը գտնուելով` խոնջեալ ուղեւորք չեն կարող, ամառուան տաքուն, ասկէ ջուր չ’խմած ճանապարհնին շարունակել, վասն զի այդ բնական ջուրն, որ արտասուքի նման պայծառօրէն դուրս կը գայ, գիտես թէ կենաց կը հրաւիրէ ծարաւեալ հոգիներն եւ մրկած սիրտերը:
       Սկսիմք այս ջուրէն եւ ուղինիս շարունակեմք մեր սրտէն դէպ ‘ի Վարագայ սիրուն վանքն, որ տակաւին չ’երեւիր, որոյ մի քանի ահագին եւ լայնատարած բլուրներ ծածկած են զիւր դէմքն զՎան քաղաք ամբողջովին իւր առջեւ տեսնելէն: Ասկէ յետոյ ձորակ մ’ալ անցանելով, քայլ առ քայլ զգալի եղանակաւ պարտաւորեալ եմք աւելի դարի վեր ելնել ‘ի Վարագ գնալոյ: Սոյն ճանապարհէն պէտք է ըսել՝ որ չափազանց պարարտ (շիշման) մարդոց համար դժուարել է. սակայն իրապէս գեղեցիկ տեսարանաւ, մանաւանդ երբ կեցած տեղէդ ակնարկ մը նետես ո՛չ թէ ‘ի Հիւսիս, ո՛ւր ահագին ՑՈՒՐՏ լեռներ կը պատեն եւ չունիս ո՛չ աչքի եւ ո՛չ իսկ մտքի հորիզոն, այլ ‘ի ՀԱՐԱՒ, ո՛ւր ԿԵՆՍԱՏՈՒ ՕԴԻ ծաւալն ընդարձակ է եւ մարդս, եթէ հեռատես լինի, իւր իմանալի հորիզոնին հետ շատ դիւրաւ կարող է տեսնել նաեւ զգային, որով կրնայ ազատօրէն ՇՈՒՆՉ առնուլ եւ չնեղուիլ: Հաւատարիմ սրտէ մը եւ վարդապետութենէ մը բղխած սոյն անցողակի եւ համառօտ խօսքերս իւրեանց ընդարձակին մէջ ամփոփելով՝ անցանեմք հանդարտ Վարագայ վանուց նորաշէն փակախներէն (ախըռ) եւ ոչխարատեղիներէն, ո՛ւր ոչխարներուն եւս այցելութիւն մը տալ հաճոյք զգացի. հոն տեսայ բազմաթիւ սիրուն գառնուկներ մակաղուած, այդ հլու անասուններն գորովանօք շրջապատած էին Մահմտանցի (Խօշապցի) Օսման անուն կտրիճ Քուրդ հովիւն, որ զիս պատուասիրեց իւր յատուկ ոչխարաց կաթովն, որոյ համար իմ շնորհակալութիւնն իւրեան յայտնելով՝ ելնեմք ‘ի ճանապարհ եւ մտնեմք զուարճալի ծառուղին, որոյ հովանեաց ներքեւ յետ այսու կը քայլեմք մի հարթեալ ճանապարհի վերայ, այն ջրոյ եզերքէն, որ կ’ոռոգանէ զծառուղիսն, զորս յատկապէս տնկել տուած է հայրենաշէն եւ վանաշէն Ամեն. Սրբազան Հայրիկ Խրիմեան:
       Այսուհետեւ Ուղեւորն թէպէտեւ զիւր ուղին կէս ժամու չափ տակաւին պարտի շարունակել, այսու ամենայնիւ իւր բոլոր հոգնութիւնքն մոռացած՝ հանգիստ եւ ապահով յառաջ կը գնայ տեսնելով վանուց Արեւմտակողման դրախտատիպ տեսիլն, շնչելով կենսատու օդն, ակնարկ մը նետելով գեղեցիկ լճակի մը վերայ, որ կը գտնուի Ուղեւորիս յԱջակողմն՝ 2-3 քարընկէց հեռու: Սոյն լճակն շրջապատեալ է անպտղատու ծառերէ եւ պատուական մարգերէ, որոց մէջ գարնան եղանակին, երփներփեան ծաղկունք շօրօր մօրօր (նազելօրէն կամ հարսնօրէն) կը ծածանին եւ գինարբուն՝ մեր Երկրի սիրուն ԾԱՂԻԿ՝ վեհ ԹԱԳՈՒՀԻՆ բոլոր ծաղկանց ամենուրեք կը տեսանի:
       ***
       Ահա ճանապարհի այս ծառուղեաց մէջ ուղեւոր մը բնականապէս հաճոյք եւ զուարճութիւն անտրտմական ուրախութեամբ խառնօրէն յինքեանս զգալով՝ չ’կրնար երախտագէտ զգացմամբ չ’յիշել զԽրիմեան Հայրիկ, որ նախահոգ միջոցներով պատրաստել տուած է զայս ծառուղին գեղեցիկ:
       Տակաւին վանքը շէնք հասած՝ մեր դիմաց կելնէ իւր նորատունկ անտառակն, որ վանուց Արեւմտեան դէմքն կը ծածկէ մեր աչքէն, սակայն կաթուղիկէն, լայնակամար աստղի նման, ծառոց կատարներէն ‘ի վեր՝ բարձրէն կերեւի, որ ջերմեռանդ սիրտեր կ’ստիպէ խաչահանութեան, որպէս սովոր են Հայաբնակի վանօրէից ուխտաւորք, խաչակնքել զերեսնին, երբ ‘ի հեռուստ տեսնեն գնալիք վանուց տաճարի գմբեթն կամ կաթուղիկէն:
       Այսպէս ահա գեղեցիկ ծառուղեաց եւ հարթարեալ ճանապարհներէն շարունակելով մեր ՄՏԱԴՐՈՇՄ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ կը ժամանեմք ‘ի Վարագ՝ յայն հռչակաւոր մենաստան, որոյ համառօտ տեղագրութիւնը եւ նկարագրութիւնն ըրած պահուս իսկ զայն տեսած վայրկենին պէս հաճոյք եւ քաղցրութիւն կզգամ սրտիս եւ հոգւոյս մէջ աստ՝ ‘ի Կ. Պօլիս: