Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԱ. ԾՎՍՏԱՆ ԵՒ ԻՒՐ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Սոյն գիւղն կը գտնուի Վանէն գրեթէ 2 ժամ հեռու ‘ի Հարաւակողմն, շինուած տափարակ դաշտի մը վերայ, ունի լաւ տեսարան, պտղատու եւ անպտղատու ծառաստան, օդն եւ ջուրը պատուական:
       Գիւղս կը բաժնուի երկու գլխաւոր մասերու. Ա. Հայ, եւ Բ. Քուրդ, որոնք իրարմէ 4 քարընկէց հեռու կապրին: Տեղւոյս Քուրդերն եւս, նման Հայոց, երկրագործութեամբ կը պարապին եւ շատ երջանիկ կեանք կը վարեն:
       Հայք են 80 տուն, ունին նորաշէն եւ գեղեցիկ ճաշակաւ կառուցեալ մի նոր եկեղեցի, որոյ առընթեր Հիւսիսակողմն կայ 700 տարուան տաճար մը հաստատուն շինուածքով թէպէտեւ այժմ լինի անգործածելի: Երկու պարզ քահանայ` բաւական սիրող իմաստութեան եւ մի երկայարկ դպրոց լաւ տեսարանաւ, զոր գտայ դրօքն փակելօք, զի չունէին ուսուցիչ:
       Այս տխուր առթիւ 40-էն աւելի ուսանող մանուկներ ‘ի փողոցս օր ‘ի բուն կը թափառին իւրեանց կարճամիտ ծնողաց աչքին առջեւ, խեղճ տղեկներ չունին գոնէ Սեփաստական լճակ մը, ուր ինքզինքնին նետելով խղդուէին, որով մտատանջութենէ ազատուէին, հոգ չէ թէ չ’ընդունին հրեշտակի ձեռքէն պսակ մը գոնէ ապագայի դառնութեանց բաժակն խմելոյ դժբաղդութեան չեն հանդիպիր: Ես պատմեմ հետեւեալն յուզելոյ նպատակաւ ճշմարիտ ուսումնասէր սրտեր եւ հոգիներ:
       ***
       Ծվստանայ ընկուզենի ծառերէն միոյն հովանեաց ներքեւ մտահոգ նստած երեսս ‘ի Հիւսիս եւ միտքս յԱրեւել կը նայէր, աչքիս հանդէպ ‘ի հեռուստ տեսնուեցան երկու պատանիներ, որք գերեզմանատան մէջ անհոգ պառկած մեծ խաչքարի մը քով կը գտնուէին. հեռադիտակս ինձ ցոյց տուաւ, որ նոքա այդ քարին վերայ կամ կը գրէին եւ կամ կընթեռնուին զայն ինքնաբերաբար: Աստ մի քահանայ եւ 3 աշխարհական ունէի ինձ խօսակից, իմ թախանձանաց վերայ քահանայն կոչեց զոյգ տղեկներն, որք եկին կայտառ եւ բոկոտն մինչեւ ‘ի ծունկ մերկ եւ կեցան մի կողմ լուռ եւ մունչ: Պատանիներն իւրեանց բնական ամօթխածութենէն գլուխնին խոնարհած կը նայէին յերկիր, դիտեցի զիրենք խիստ լրջօրէն, որպէս ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆՍ նպատակներէն մին էր, տեսայ որ ձեռքերնին մրոտուած էին, առ այս հետաքրքուեցայ հարցանելով թէ տղա՛յք, ձեռքերնիդ ինչո՞ւ այդպէս ածուխի մելանով սեւցած են, նախապէս շըփոթեցան, եւ կարմրեցան, նման արեան, առանց տակաւին պատասխան մը տալոյ, ինձ այնպէս թուեցաւ թէ ըսածս չ’հասկցան, քովս նստողներէն մին կրկին հարցուց մի եւ նոյն բան, վերջապէս այդ պարկեշտ եւ գեղջուկ տղայոց լռութեան կապն խզեցաւ եւ փութացին ինձ ասել թէ “մեզ հավէս կայ գրել կարդալու, մենք երկուքս էինք մէկ դասընկեր, երբ մեր վարժապետ գնաց գիւղէն, մեր խերերու (հայրերու) կռիւներէն մեր վարժատան դուռն գոցուեցաւ, մենք էլ երկուքս խելք խելքի տուինք, ամեն օր կերթանք գերեզմանոցի մէջ մեր պապերու գրուած խաչաքարեր կարդալով կը վարժուինք եւ մեր ԿԱՂԱՄԱՐԻ ՄԵԼԱՆ չորցա՜ծ է ու թուղթ էլ չ’կայ որ գրենք, ասոր համար կտորիկ մը ածուխ կը տանեմք հետերնիս, ՃԵՐՄԱԿ քարի տակ մը մշրեմք այդ սեւ քէօմիւրն եւ վրան պուտ մը (կաթիլ) ջուր լեցնելով կէլնի մեզ համար թանաք, յետոյ կառնումք խօրօտ փայտի մը կտոր եւ ինորով կը գրենք եւ մէկ կողմէն էլ խաչաքարերը կը կարդամք, որ չ’մոռնամք մեր գիտցած ԲԱՆԵՐ (սորված ուսմունք). պալէ (բայց) ի՞նչ անեմք շատ տեղեր սխալ կը կարդանք, մէկ չ’կայ մեզ հետ որ տրուստ (ուղիղ) նշանց տաք (ցոյց տալ) որ գիտնանք:
       Այս երկու գեղջուկ, այլ սրամիտ ուսանողաց Տեղագիր-Ուղեւորիս տուած սոյն բնական բացատրութիւնն իմ արդէն փլած սիրտը ազգային սուրբ զգացումներով օծեց եւ աչքերս ցասկոտ արտասուօք լեցուց, մանաւանդ երբ տեսայ թէ գիւղիս ուսումնակարօտ մանուկներն իւրեանց դպրոցական կամ ուսումնական փափաքը գերեզմանոցին մէջ մեռեալ պապերու տապանաքարանց տառերովն կը լնուն եւ կը մխիթարուին, այն ինչ մխիթարութիւն մը չեն գտներ իւրեանց կենդանի հայրերէն:
       Բաւական շատ ուսումնասիրեցի տեղւոյս հանգամանքները եւ գտայ որ նիւթական աղքատութիւնն չէ զիրենք այս օրինակ դժբաղդութեանց ենթարկողն, այլ տեղական կենաց ՀՄՈՒՏ գործիչներու սովէն է, որ կը տիրէ Հայաբնակի ամեն կողմը:
       Ծվստանայ բնակութեանց հիմնաքարերէն ոմանք բեւեռագրեր կրող են, ոմանք անեղծ եւ ոմանք եղծեալ: Գիւղիս սահմանին մէջ կը տեսնուին հնութեանց բաւական այլ բեկորներ, յորոց նշանաւորներն են յԱրեւելահիւսիս բերդի մը հիմունք, երկու աւերեալ գիւղատեղիք, որոց վիթխարի խաչաքարինք աստ եւ անդ կան ցիր ու ցան ‘ի ցաւ զգայուն ուղեւորաց, որոց աչքին պէտք է նշանակութիւն ունենան այդ քարինքն, ո՛չ թէ միայն կրօնական տեսակիտով, զի օծեալ են, այլ նա մանաւանդ Ազգ. տեսագծով, որ դարձեալ նուիրական են, եթէ ոչ աւելի գոնէ առաջնոյն չափ:
       Գիւղէս 5-6 քարընկէց հեռու ձորակ մի կայ, զոր գիւղացիք “խաչերու ձոր” կանուանեն, որոյ վերայ որ եւ է տեղեկութիւն չ’գտայ: Դարձեալ մի եւ նոյն կողմն 3-4 քարընկէց հեռաւորութեամբ կան հին շէնքերու հետքեր, որոց նկատմամբ հետեւեալ աւանդութիւնն կը տեսնուի ժողովրդեան մէջ, այդ աւերակներու տեղն ժամանակաւ գիւղաքաղաք եղած է, ո՛ւր կապրին եղեր 7 եղբայրներ` հարուստ եւ առատասեղան, որոնք իւրեանց մասնաւոր առիթներ ունենալով` տեղէս քակուելոյ (գաղթելոյ) դիտաւորութիւն ունեցած են. առ այս ‘ի նոցանէ կրտսերն կը ջանայ զիւր եղբայրներ ետ կեցնել սոյն անհեռատես մտքէն, անոնց կ’առաջարկէ մի փորձ, որ եթէ իւրեանց նպաստաւոր չը լինի, նորէն թող ճամբայ ելնեն. ուստի շինել կը տան մի լճակ, որոյ վերայ զիւրեանց բաղդն պիտի որոշեն: Սոյն լճակին վերայ կը ձգեն երկու նաւակներ թղթերէ շինուած, յորոց մին ‘ի Հիւսիս եւ միւսն ‘ի Հարաւ դէմ առ դէմ կը կեցնեն, նաւակներէն առաջնոյն վերայ կը կապեն մի մերկացեալ սուր, եւ երկրորդն առանց սուրի: Եօթն եղբարքն իրենց մէջ խորհուրդ եւ միանգամայն ուխտ կընեն ըսելով թէ “նաւակներն լճակին վերայ թո՛ղ տանք, եթէ զինաւորն եկաւ ու զարնուեցաւ անզէնին, մեզ կը մնայ թողուլ տուն եւ տեղիք ու գնալ ‘ի տար աշխարհ, իսկ եթէ անզէնն գայ ու զարնուի զինաւորին, յայնժամ մեզ կը մնայ անխախտ կենալ եւ համբերել որ մեզ բարի եւ լաւ է: Կրտսեր եղբօր բուռն փափաքն էր, որ սոյն վերջինն լինի, որով իւր հայրենասէր նպատակին պիտի հասնէր. կը թողուն վերջապէս նաւակները, յորոց զինաւորն Հիւսիսային հովերէն մղուելով կը գայ եւ սաստկապէս կը զարնուի անզէնին ու կը ծռէ զայն. ահա այս երեւութին առջեւ կրտսեր եղբայրն եւս կը համակերպի միւսներուն եւ 7 եղբարքն ‘ի միասին անմիջապէս ինչքերնին առած յիմարաբար կը գաղթեն ‘ի Ռուսաստան, ո՛ւր ամեն տեսակ նեղութեանց մէջ իյնալով կորսուեցան”:
       Ծվստանայ գերեզմանատան մէջ կայ Ս. Յովհաննէս անուն մի տաղաւարիկ, որ գիւղիս “բազմահայութեան ատեն եկեղեցի եղած է”, ո՛ւր այժմ շաբաթ երեկոյները պառաւ կանայք ջերմեռանդօրեն ճրագ կը վառեն ՃՐԱԳ ՄԸ տեսնելոյ համար սրբոյն ՏԻՐՈՋՄԷՆ, նոյնպէս խունկ կը ծխեն ‘ի յիշատակ ննջեցելոց: Գիւղիս հիւսիսակողմն կէս ժամ հեռաւոր “Փաշի աղբիւր” կոչուած ջուր մի կայ, ոյր քով սուր աչաց նշմարելի են եկեղեցւոյ հիմնատեղին, որոյ հողէն պտղունց մը (ցուցամատի եւ բթամատի երկու ծայրերն ‘ի միասին գալով պտղունց կ’անուանի) կը կերցնեն մայրերն իրենց այն մանուկներուն, որք հող ուտելոյ վարժութիւն ունին: Տգէ՜տ մայրեր, որ խեղճ եւ անլեզու մանուկնին հող ուտելոյ վնասակար սովորութենէն ազատելոյ բարեմտութեամբ ուղղակի զայնս կը վարժեցնեն յանգէտս եւ այս եւս գործնական օրինակաւ: Սոյն տեղերէն երբեմն խաչաքարինք կերեւին հողի տակէն, երբ զհողն վարելով կը շրջեն:
       Ծվստանցիք 35 հոգիէն աւելի մարդ ունին ‘ի Պօլիս պանդխտող:
       Տխուր տպաւորութեան մը տակ տեղէս մեկնելով` զիմ ուղին կը շարունակեմ դէպ ‘ի Հարաւային Արեւմուտ եւ 20 վայրեկան արտօրէից միջնաճամբէն յառաջ երթալով կը ժամանեմք հետեւեալ վանքը: