Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ ԽԲ. ԿՌՈՒՆԿ ՎԱՆՈՒՑ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
       Սոյն վանքն կառուցեալ է մի բարձր եւ բաւական ընդարձակ բլրոյ վերայ, առանց գմբեթի “իւր նախորդն առաքելաշէն եղած է որ 300 տարուան մօտ աւերակ մնալէն ետքը Արտամետցի Դաւիթ Եպիսկոպոս Նուրօեան եւ Պաղտասար վարդապետ Զիրիֆեան` երկու ջանասէր կղերներն իրարու հետ միացած կը վերանորոգեն զվանս ասկէ 150-160 տարի առաջ (սոյն թւականն արդէն անտեսանելի չէ)”. ահա այսպէս կ’աւանդեն ծերունիք:
       Վանքս ունի հաստատուն շինուածք շրջապատը մի քանի սենեակներ, օդն եւ ջուր պատուական, հիանալի տեսարանովն, որ կը նայի Հիւսիսէն ‘ի Վան քաղաք եւ Արեւմուտքէն նորա ծովուն վերայ. աստ` Վան եւ իւր ծովն դիտողի մը զգալի եւ իմանալի հորիզոններ կը կազմեն եւ յիրաւի հողածին մարդն կ’զմայլի եւ կը յափշտակուի տեղւոյս բնութեան այս գեղեցիկ տեսարանին վերայ, որոյ մէջ ապրող միտքեր հրաշքներ կրնան գործել, սակայն ո՜ւր են միտքերն եւ ո՞ւր հրաշք, որոյ դարն չէ անցած, երբ մեր խօսքն բարոյական տեսակէտով է: Վանքն ունի բաւական ընդարձակ հողեր (200 Վանայ չափի սերմամուտի տեղ) եւ 100 ոսկւոյ արժողութեամբ պտղաբեր այգի մը:
       Սոյն մենաստանն կը գտնուի Աղթամարայ Աթոռի գերիշխանութեան տակ եւ 2-3 Արտամետցւոց իրաւասութեան ներքեւ, որոնք վանուց մէջ ընտանեօք մի գիւղացի դրած են, որ վանուց պարագայից վերայ կը հսկէ, կը վարէ եւ կը ցանէ, ինքն է վանահայր, ինքն է կառավար, մէկ խօսքով ինքն է ամեն բան, այլ եւս աւելորդ իսկ է յիշել սաղմոսաց եւ ժամասութեանց լռութիւն, հակառակ իւր նախնի ճոխ եւ բարգաւաճ վիճակին: Ներկայիս մէջ տարին երկու անգամ պատարագ կը լինի Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ տօներուն, ո՛ւր այլ եւ այլ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Վանէն բազմաթիւ ուխտաւորք կը դիմեն, կուտեն, կը խմեն եւ կուրախանան այս… Աստուածածնայ առջեւ զանի պաշտելոյ համար:
       Վանքս այժմ ունի բաւական տուար, ոչխար, ել եւ մուտ, որոց հաշիւն եւ կշիռը յիշեալ աշխարհականն եւ զինք վանահայր կարգողներն միայն գիտեն, որ համարակալ եւ միանգամայն համարառու պէտք է եղած լինին: Այժմ Աղթամարայ Սրբազան գահակալն սկսած է հոգ տանիլ վանուցս մարած կանդեղ վառելոյ:
       Սոյն մենաստանն լաւ գիշերօթիկ վարժարանի մը տեղ է եւ ամեն դիւրութիւն ունի 12-15 տղայ մեր գիւղացի որբերէն կրթելոյ, որ պակաս չեն դժբաղդաբար. սակայն ո՞ւր վարժարան, ո՞ւր կամք եւ ո՞ւր անշահասէր հմուտ գործիչ: Հետեւեալ աւանդութիւնը պատմելով հեռանամ աստի, ըստ որում Արեւն ‘ի մար մտնելոյ մօտ է: Երկինք պղնձացած եւ ծովն ծիրանի կապած կը ծիծաղի անխռով այդ պղնձէ կամարին տակ, որ չ’գիտեմ զգացմա՞նց թէ աստեղց բնակարան է, որոյ իք սահման:
       Վանքիս անուան ծագումն
       “Մի օր երբ քահանայն պատարագ կը մատուցանէ, Ս. Խոհրդեան գինին կը պակսի, կռունկ մի յանկարծ եկեղեցւոց պատուհանէն ներս կը մտնէ եւ կիջնէ սեղանին վերայ քահանային առջեւ` յիւր բերան բռնած հասուն մի ողկոյզ խաղողի. պատարագիչ քահանայն մեծ երկիւղածութեամբ կառնու զայն (ողկոյզ) եւ վարագուրի ետեւը քամելով` Ս. Խորհուրդն կը կատարէ”. այս առթիւ յիշեալ անունն առած է. զանց կընեմ նաեւ նմանօրինակ մի այլ աւանդութիւն: