Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԷ. ԱՅԳԵՍՏԱՆԻ ԽԱՉ- ՓՈՂՈՑԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Վանայ Այեստանի կեդրոնական տեղի` Խաչ-փողոցէն մեկնելով ի Հիւսիսակողմն 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը` անցանելով ակռփի կոչուած մեծ լեռնակի Արեւմտեան ստորոտէն եւ տեսնելով “Արռփու Աստուածածին” անուն աննշան մատուռն, որ մասնաւոր ուխտատեղի է Հայ կանանց եւ այլոց համար:
       ՇԱՀՊԱՂԻ. - Սոյն գիւղն շինուած է բնականէն լաւ տեսարան ունեցող տեղւոյ մը վերայ, որ մասամբ մը բլրային եւ մասամբ մը դաշտային է. ունի գեղեցիկ օդ եւ առողջարար ջուր: Բնակիչ 120-130 տուն Հայ. ունին 240 տարուան եկեղեցի մը բաւական կանոնաւոր, կառուցեալ յանուն Ս. Ստեփաննոսի, կայ 2 քահանայ եւ 1 նախակրթարան, ո՛ւր ձմեռ 60, իսկ ամառ 30 աշակերտներ կուսանին եւ են անորոշ ուղղութեան մ’ենթարկեալ:
       Տեղւոյս ժողովուրդն առ հասարակ կզբաղի երկրագործութեամբ եւ այգեգործութեամբք. այգիներու թիւն 60էն աւելի է, որ լաւ խաղող հասցնելով յառաջ կը բերեն ամենապատուական գինի, որ համբաւ ունի ‘ի Վան-Տոսպ, որպէս Պօրտոյինն` ‘ի Ֆրանսա: Ունին երկու լճակներ, յորս մասնաւոր ջրեր ժողովելով կոռոգանեն իւրեանց արտօրայս:
       Շահպաղին ունի իւր անցեալ կենաց հետաքրքիր աւանդութիւնք, յորոց ինչ որ գտայ աստ խնամօք կը նշանակեմ, որպէս առի ‘ի ծերոց, եւ որք գիւղիս անուան սկբնապատճառն կը շօշափեն: Աւանդութիւնն կըսէ “ասկէ 400-450 տարի յառաջ Պարսից Շահերէն մին զօրանալով կուգայ եւ կը յարձակի Վան քաղաքի վերայ. բայց երբ յաղթուելով ետ կը քաշուի, կուգայ գիւղիս մերձակայ բլուրներուն վերայ կապաստանի եւ կըսպասէ իրեններէն օգնութիւնք, երբ Պարսկաստանէն օգնութիւնքն կը հասնին, ինքն վերստին կը զօրանայ եւ աստ Շահպաղի) կը պատրաստէ արհեստական բերդ մը, որով բաւական յաջողութիւն կը գտնէ: Այս ատենը գիւղս բազմահայ կը լինի, որոնց Շահն արտօնութիւն կուտայ եւ միանգամայն նիւթական ձեռնտուութիւն կընէ, որ փառաւոր եկեղեցի մը շինեն յորդորելով զՀայս, որ երբ հարկ լինի իւրեան օգնութիւն չ’զլանան, սակայն Հայք, որոց արեան հետ խառնեալ է հաւատարմութեան ոգին, առանց երկիւղ մը կրելու կը պատասխանեն թէ “Մենք Օսմանցիէն բնաւ ձեռք չենք քաշեր”. ինչ գեղեցիկ պատասխան:
       Պարսից Շահն բերդ շինելէն յետոյ կրկին կը յարձակի Վանայ վերայ եւ դարձեալ կը յաղթուի. այս անգամին կապաստանի տեղւոյս յիւր բերդ, ‘ի մտի ունենալով Հայոցմէ վրէժ մի առնուլ իրեն չօգնելնուն համար: Աստ այգի կը անկէ եւ 7 տարի կսպասէ մինչեւ որ դորա պտուղն` խաղողն կը վայելէ:
       Շահն իւր այս վերջի բաղձանաց հասնելէն ետքն, երբոր կը վերադառնայ ‘ի Պարսկաստան, գիւղիս մէջ իւր ունեցած բերդին հետ Հայոց բնակութեանց մեծագոյն մասն քար ու քանդ ընել կը տայ եւ ապա 5-6 տարիէն աստ հաստատեալ Պարսիկներն իւրեանց ընտանիքներն առած` կը գաղթեն ‘ի Պարսկաստան. իսկ Հայք կը մնան ծառայել Օսմանեան Պետութեան տակը: Շահի այգետունկի պատճառաւ գիւղիս անունն մնաց “Շահ պաղը”, որոյ հին տեղին այժմ ցոյց կը տրուի եւ ո՛ւր նոր այգիներ տնկուած են:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Շահպաղիէն ելնելով յառաջ երթամք Արեւելեան Հիւսիսային ուղղութեամբ եւ 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ԼԷԶՔ. (Արալէզ). - Սոյն պատմական եւ աւանդական կեանք ունեցող գիւղն կը գտնուի Միակտուր լեռնակի մը ստորոտը, ոյր գագաթան վերայ շինուած է ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ անուամբ մատուռ մը, որոյ շինութեան չիք թուական: Գիւղս Հարաւային կողմանէ ունի պատուական տեսարան հանդերձ լաւ օդովն, այլ դժբաղդաբար նուազ ջրով: Ունին բաւական թուով այգիներ, որոց գինիներն շուտով սպառելոյ համար գիւղացիք իրարու հետ կը մրցին:
       Բնակութեանց թիւն է 150 տուն, որք ունին Աստուածածին անուամբ փոքր ինչ կոկիկ, այլ մութ եկեղեցի մ’անթուական շինութեամբն: Եկեղեցւոյն կից է ծաղկոցնին, ո՛ւր ձմեռ ատեն 60-70, իսկ ամառ եղանակին 20-25 աշակերտք կուսանին, որք կարեկցող սիրտերու այնպէս պէտք ունին, որպէս սովեալն հացի: Ժողովուրդն վերջին աստիճան աղքատ է եւ 40 հոգիէ աւելի պանդուխտ ունի ‘ի Պօլիս: Մի գիշեր գիւղիս մէջ հիւր կեցայ եւ այս առթիւ ընդունած տխուր տպաւորութիւնս 15 օրուան զուարճութեամբ հազիւ կարող եղայ ջնջել:
       Տեղւոյս Ամենափրկիչ մատրան ողորմելի կանթեղն շաբաթ մի անգամ կիրակմտի երեկոյ ծերուկ ժամկոչն կը գայ փառաւորապես վառել եւ փառք տալ Աստուծոյ, որ գիւղիս միակ ԱՊԱԻԷՆՆ է. տարին անգամ եւս Աշխարհամատրան կիւրակէ, որ կը կոչուի “կարմիր” կիիւրակէ, աստ պատարագ կը լինի եւ այն օրը ամեն կողմերէ ուխտաւորներ կը գան, մանաւանդ գիւղացի դասն, օրն ողջոյն ուրախութիւն ընելէն ետքը ջերմագին կը համբուրեն մատրան մոմոտ ու խնկոտ քարեր եւ կը վերադառնան վերստին լի թախծութեամբ:
       Գիւղիս անուան վերաբերութեամբ կ’աւանդեն թէ “հին ժամանակ սոյն լերան վերայ (Ամենափրկչի տեղ) կռատուն եղած է եւ քրմապետք կը բերէին հիւանդներ եւ մեռեալներ ու կը դնէին կուռքերու առջեւ, որպէս զի լիզեն եւ ողջացնեն զանոնք: Շամիրամն` կին թագաւոր, իւր չաստուածներ սոյն լեռնակի վերայ կարգաւ կը շարէր եւ հրաման կընէր, որ իւր շինած Վանայ բերդի վրայէն երկրպագութիւն ընեն այդ չաստուածներուն, որոց առջեւն դրուած է եղեր նաեւ Արայ Գեղեցիկի մարմինն` լիզել տալով ողջացնելու նպատակաւ”:
       Արալէզ կամ Լէզք գիւղի կեդրոնը կը բարձրանայ 5-6 գրկաչափ շրջապատ ունեցող միակտուր քար մը, որոյ գագաթան վերայ կան կանաչ բոյսեր, որք, ըստ բանի տեղացւոց, ձմեռ ատեն եւս մի եւ նոյն կանաչութիւն կը պահեն: Այս քարի նկատմամբ կ’աւանդեն թէ “մի օր տեսնելով` որ ամեն մարդ յարգանք տալու համար գետնէն կը բարձրանան մինչեւ Ամենափրկչի աթոռը (լերան այն գագաթնակէտը, ո՛ւր շինուած է մատուռն), անոր վերայ աղօթք եւ փառաբանութիւնք կընեն, ինքն (յիշեալ կանաչագլուխ քարն) զինքն անկէ աւելի ծանր գտնելով, կը նախանձի անոր փառաց եւ կ’սկսի բարձրանալ եւ ըսել իրմէն բարձր լերան թէ “ահա ես օր ըստ օրէ պիտի բարձրանամ մինչեւ որ քեզ հաւասարիմ եւ քիչ մ’ալ անցնիմ”, ասոր վերայ կը բարձրանայ ընդդէմ Ամենափրկչի (լերան) եւ երբ անոր կը հաւասարի ու կ’սկսէ գերազանցիլ, յայնժամ Ամենափրկիչ լեռն անմիջապէս կը բարձրանայ եւ ձեռքովն կը զարնէ իւր հակառակորդի գլխին, որ կը ցածրանայ եւ իւր առաջուան խոնարհութեան կ’իջնայ. ահա Ամենափրկչի ձեռաց տեղն է, որ այժմ ամառ եւ ձմեռ միշտ կանաչ կը մնայ”:
       Աստ եւս ցաւ ‘ի սիրտ պարտաւորեալ եմ շեշտելով կրկնել թէ “գործ կայ գործող չ’կայ”: