Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Բ. ԱՌԲԵՐԱՆՒՈՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՒՂԵՐՆ
       ԲԵՐԿՐԻ. - Գաւառիս հին բերդաքաղաքն է, շինուած գրեթէ Առեստ գետոյ ափանց վրայ. եւ չունի բնաւ իւր հին ժամանակուան փայլն, որ այժմ աւերակ մի դարձած է, ո՛ւր կը բնակին մի քանի տուն Հայ` ողորմելի կացութեամբ:
       ԳՈՐԾՈԹ. - Կը գտնուի գաւառիս կեդրոնական Արեւելը, ունի սիրուն դիրք մը եւ 60 -70 տուն Հայ բնակիչ, որոց նիւթական վիճակը մերձակայ գիւղերուն նայելով կրնայ բաւական լաւ համարուիլ: Տեղւոյս Հայերն չափազանց գանգատ չունին իւրեանց կեանքէն: Աստ կը բնակի մեր հռչակաւոր Մէլօն (Մելքոն) գաւառին նշանաւոր Հայն, որ ամենայն հաւատարմութեամբ ‘ի գործ կը դնէ իւր մեռած կակօյի (պապ) կտակն, եւ երբ դժբաղդութեան մը հանդիպի, անկէ դուրս ելնելուն վերայ ընթերցողն եւս կրնայ ինձ հետ ապահով լինիլ, որ մեր Մէլօն ճարտարութեամբ ազատուելոյ կերպերով կը փրկուի: Տեղւոյս Հայերն հայհոյութեանց բանաստեղծ են:
       Գործոթ գիւղի մէջ հետեւեալ նուիրական տեղիքն կը տեսնուին, յորոց ոմանք կիսակործան են, ոմանք տաղաւարիկ եւ ոմանք մատուռիկ. Ա. Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ: Բ. Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ: Գ. Ս. ՍԱՆԴՈՒԽՏ: Դ. Ս. ՎԱՐՍԻԿ Ե: Ս. ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉ: Զ. Ս. Զընճըլուոր (շղթայաւոր): Գիւղացիք մի յատուկ սնտուկի մէջ կը պահեն թուխ մանուկ անուամբ մի ձեռագիր աւետարան, որում չի մերձենայր աշխարհականի ձեռք, այլ երբեմն, նման մասունքի, դուրս կը հանէ քահանայն եւ կընթեռնու զայն ի բժշկութիւն հիւանդաց կամ ախտաժէտաց եւ ‘ի բարձումն Աստուածային պատժոց, որոց շատ անգամ ազատ չեն:
       Միացեալ Ընկերութիւնն աստ ունի նախակրթարան մը:
       ՊԶՏԻԿ ԳԻՒՂ. - Ունի 30 տուն Հայ բնակիչ, որոյ հողերն համեմատաբար շատ պարարտ եւ ջրարբի են, իսկ մտքերն աղքատ եւ ծարաւի ուսման եւ գիտութեան: Տեղւոյս հայերն շատ անգամ սեպհական քահանայ չունենալով զուրկ կը գտնուին կրօնական կամ հոգեկան մխիթարանքէ, ուրիշ տեղերէ այցելու քահանայ կը գայ ի պահանջել հարկին, եթէ կայ իւրեանց համար փոքր ինչ մխիթարական մի կողմ, այն եւս Ս. ԹԱԴԷՈՍ անուամբ ամայացեալ վանքն է, գիւղէն բաւական հեռու եւ սրտերու մօտ:
       ***
       Թող տալով գաւառիս մնացեալ մի քանի Հայ գիւղեր, որք չ’ունին նշանակութեան արժանի մի բան, շարունակեմք մեր ՈՒՂԻՆ, մեզ համար պէտք պիտի լինի անցանել Առեստ գետէն, որոյ մէջ ‘ի գարնան “տառեխ” կոչուած անթիւ ձկունք կը խաղան եւ կորսացուին կողովներով. շատ հազուագիւտ են 1-2 օխանոց ձկունք:
       Առեստ գետն ունի հին, այլ ամրաշէն եւ գեղեցիկ կամուրջ մը մեր ճանապարհին վերայ, որ կը տեսնուի անխնամ վիճակի մէջ, յորմէ անցանելով յառաջ գնամք դէպ ‘ի Քաջբերունեաց գաւառն:
       Առեստ կամ նոր անուամբ սոյն “պէնտ մահու” գետն ‘ի գարնան սոսկալի եղանակաւ կը յորդի եւ երբեմն իսկ դժբաղդութեանց առիթ կը լինի մարդկային կեանքեր կուլ տալով, թերեւս ասկէ ծագումն առած լինի իւր վերջի անունն: Գետոյս բնակած ընթացքն զինքն ժլատ ըրած է գաւառիս համար պէտք եղած ջուրն մատակարարելոյ, իւր ընծայած օգուտն շատ աննշան մի բան է համեմատաբար:
       Գետոյս եզերաց վերայ, ինչպէս նաեւ մեր նախորդ ճանապարհի (Թեմարայ սահմանակից տեղերն աւելի) մերձ 2-3 Եզտի գիւղերու, ունի խիստ զուարճալի տելթաներ, ուր բաւական քանակութեամբ եղէգներ կը բուսնին, եւ ձմեռ ատենը, ո՛վ որ համարձակի, կրնայ ներս մտնել ու քաղել եգէգներն իրեն համար, զորս ընդհանրապէս կը տանին ‘ի քաղաք վաճառել եւ խիստ օգտակար են տանց ծածքերու համար. մանաւանդ եթէ գիտնան գերմանական դրութեամբ գօտեւոր տանիքներ կազմել (ոյր նկատմամբ Տեղագրութեանցս Ա. Մասի ԼԱ. գլխոյն մէջ խօսած եմ):
       Այսպէս ահա Վանայ կամ Բզնունեաց ծովու Արեւելեան Հիւսիսային ըղտանման վզի եզերքներէն մեր ՈՃՆ շարունակելով կը տեսնուին քրդական 3 գիւղեր, որոնք կը պատկանին Ավտալ պեկ կոչուած քրդուն, որ Մոկացի է եւ “Խան Մահմուտ” անուանեալ հռչակաւոր քրդու ցեղէն սերած:
       Սոյն ցեղապետ Հաշիրէթի պատմութիւնն լի է հետաքրքիր երեւոյթներով, զորս աստ յիշել մեր նապատկէն բոլորովին դուրս լինելով զանց կառնումք: Մեր ճանապարհի ուղղութիւնն այսպէս դէպ ‘ի յԱրեւմուտս լինելով` եւ 5-6 ժամու չափ ուղի կտրելով կը մտնեմք հետեւեալ գաւառն: