Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Գ. ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻՔ
       Գաւառիս սահմանն է Արեւելէն Առբերանի, Արեւմուտէն Խոռխոռունիք, Հարաւէն Վանայ ծովն եւ Հիւսիսէն կրնայ համարուիլ Ծաղկանց լեառն (ալատաղ), ինչպէս եւ Ալաշկերտ:
       Երկիրն Հիւսիսէն բլրային է, իսկ Հարաւէն դաշտային: Բուսականութիւնն շատ առատ է, մանաւանդ Հիւսիսական կողմերը: Գաւառիս երկայնութիւնն է Արեւելէն յԱրեւմուտ 11-12 ժամ, եւ լայնութիւնն Հարաւէն ‘ի Հիւսիս 10 ժամ, միջին հաշուով: Ունի պատուական կլիմայ եւ պատուականագոյն ջուր, հողն ընտիր, որով եւ արգաւանդ. այլ մեծագոյն մասամբ անջրդի. (ունի միայն Աճէշ գետ, որ Արճշու հովիտ ոռոգելով ‘ի ծով կը թափի):
       Քաջբերունիք կը պարունակէ 120 ի մօտ գիւղեր, յորոց 38-40 Հայ են եւ մնացեալներն Քուրդ, եւ մասնաւոր գիւղեր Չէրքէզ. սակայն Հայոց թիւն անոնցմէ շատ մեծ է, ըստ որում Հայք բազմաբնակութիւն են, այն ինչ Քուրդերն ոչ այնպէս: Հայոց գիւղերու բնակութեանց թիւն կրնամք, միջին հաշուով, 35-40 տուն սեպել: Ի բաց առեալ 3-4 գիւղեր, մնացեալքն են առանց դպրոցի եւ առանց նոյն իսկ դպրոցական գաղափարի: Գիւղերէն 5-6 հատ հազիւ կան քրդախառն:
       ***
       Գաւառիս Հայերն ընդհանրապէս երկրագործութեամբ կ’զբաղին եւ քիչ խաշնարածութեամբ. իսկ Քուրդք, մանաւանդ Հիւսիսաբնակներն շատ քիչ գործ ունին ՀՈՂԻՆ հետ, իրենց բոլոր հարստութիւնք են քառոտանի կենդանիք եւ մանաւանդ կը պահեն ընտիր ձիեր:
       Քաջբերունեաց Արմենական բնակիչքն նըշանաւոր են… հիւրասէր եւ ընտանեսէր պանդխտութեան դիմելն ի՛նչ է չ’գիտեն ու շատ աշխատասէր են: Գիւղերէն ոմանք ծառաստանով են եւ յառաջ կը բերեն սովորական պտուղներ: Ականց եւ Ասրաֆ (որոց վերայ ‘ի կարգին կը խօսուի) կոչուածներն միայն ունին խաղողի այգիներ, որոց խաղողներն կը տարուին յայլ գիւղօրայս ‘ի վաճառ:
       Հայ ժողովրդեան երկրագործական արհեստն համբաւ ունի եւ կը ցանեն ցորեան ամենէն շատ, նոյնպէս գարի, կորեակ, ոսպ, կլուլ, կտաւատ, ինչպէս նաեւ ժամանակին ձմերուկ եւ սեխ, որք մեծութեամբ եւ քաղցրութեամբ անուանի են:
       ԳԱՒԱՌԻՍ ՑՈՐԵԱՆ ՑԱՆԵԼՈՅ ԵՂԱՆԱԿՆ
       Նախ եւ առաջ ցանելի հողն կը վարեն երկու անգամ խաչաձեւ, յետոյ վրան տափ կը տան (կը հաւասարցնեն) կռեթներ (հողի կոշ), հողն այսպէս իւր վիճակաւ կը մնայ մինչեւ ցորեան ցանելոյ ժամանակն, զոր օրինակ աշուն. երկրագործող խոփի երկու կողմերը տրաբէզի ձեւով երկու տախտակներ կը հաստատեն. խոփն զհող կը ճեղքէ, երկրագործը ցորեանն (սերմն) երկայն ուղղութեամբ կը ցանէ այդ տախտակներու մէջ տեղը եւ երբ տախտակներն իւրեանց տեղին կը փոխեն, յայնժամ ետ քշուած եզերաց հողերն երկու կողմէն գալով կը ծածկեն ցորենի հատիկներն, յորոց եւ ոչ մէկ հատ կորսուելոյ ենթակայ կը լինի կամ դուրս մնալով ըլլայ կերակուր թռչնոց: Այս դրութեամբ բնականաբար պիտի բուսնին ամեն հատիկներն, կանոնաւոր շնչառութեան մը ներքեւ եւ ‘ի ժամանակին հունձքեր քաղելոյ համար եւս դիւրութիւն կը տայ առանց հասկ մը կորսնցնելոյ:
       Ցանելոյ սոյն կերպն “տիր” կ’անուանեն, որ պէտք է լինի օրինակելի: Հողն 1-ին 8-60 արգասաւորութիւն ունի եւ ցորեանն ձիւնի նման ճերմակ կը լինի ու հատիկներն սովորական ցորենի հատիկներէն աւելի խոշոր: