Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Դ. ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԵԱՑ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԻՒՂԵՐ
       ԱԿԱՆՑ. - Գաւառիս կեդրոնական տեղին կամ գիւղաքաղաքն է առ եւ տրոյ:
       Գիւղս շինուած է ընդարձակ եւ տափարակ դաշտի վերայ, ունի 300 տուն բնակիչ, յորոց 30-35 տուն հազիւ Հայ են եւ մնացեալն Մահմետական: Տեղւոյս Հայքն ունին երկու եկեղեցի, յորոց մին է Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ եւ միւսն Ս. ԳԷՈՐԳ, որ իբրեւ վանք, Վանայ Առաջնորդարանին տուրք (մուխաթայ) կը տայ եւ անշուշտ ինքն կառնու` որ տալոյ պարտական եղած է: Սոյն վանքն 212 տարիէ ‘ի վեր եկեղեցւոյ ձեւի վերածուած է նորոգմամբ, միայն խորանին համար կարելի է ասել Առաքելոց ժամանակէն մնացած լինի, որպէս եւ կ’աւանդեն իսկ: Ս. Թադէոսին գալով` արդէն առաքելաշէն է եւ տաճարաւոր բաւական գեղեցիկ, իսկ եկեղեցին նորոգութիւն մը տեսած է եւ շատ հին չէ: Ունի երկու քահանայ, որք միջնադարեան մտօք կառաջնորդեն ժողովրդեան. դպրոցն տխուր բացակայութեամբն ցաւ կը ներշնչէ ամեն զգայուն սիրտերու:
       Աստ կեդրոնական նախակրթարան մը բանալոյ ամեն յարմարութիւն կայ. վասն զի 2-3 գիւղեր կան իւրեան մօտիկ, որոնց անգիր մանուկներն եւս կրնան ամենայն դիւրութեամբ գալ ‘ի նախակրթարան եւ ամբողջ օրն դասառութեամբ զբաղիլ ու երեկոյ տեղերնին վերադառնալ. այլ ո՜ւր է նախակրթարանն եւ ո՜ւր զայն բանալոյ ջանադիրք: Գիւղիս 300 տուն բնակիչներն, առանց բացառութեան, հողագործ են. իսկ առն եւ տուրքը Վանեցւոց եւ Բաղիշեցւոց ձեռքը կը գտնուին. աստ կան բաւական թուով կրպակներ շինուածքով աննշան:
       Ականից մէջ կը նստի գաւառին գայմագամն, ընդ գերիշխանութեամբ Վանայ Կուսակալին, եւ հարիւրապետ մ’ընդիւրեւ ունենալով 100-150 ձիաւոր զօրքեր ի պահպանութիւն եւ յապահովութիւն ժողովրդեան:
       Երկրին Առաջնորդ կը նստի Մեծոփայ վանքը (յանուն Աստուածածնայ կառուցեալ) 31/2 ժամու չափ հեռաւոր, որուն վանահայրն ալ է միանգամայն, եւ ի պահանջել հարկին տեղս կը գայ եւ կրկին ‘ի վանս կը վերադառնայ:
       Այս գիւղաքաղաքի գլխէն անցածներն ծերունիք կը պատմեն եւ իւր ամենաճոխ ու փառաւոր ժամանակէն մնացած է միայն 4-5 տուն Հայք, որք ց’արդ ապրած են իւրեանց հացառատ ՍԵՂԱՆԻ շնորհիւ միայն, մնացեալքն ետքէն այլ եւ այլ կողմերէ եկած են:
       ԱԿԱՆԻՑ ՊԼԸՆԿԱԶ
       Ականից մի Պլընկազ (պատառատուն զգեստով) Հայ նստած էր վարդենւոյ մը նման կարճիկ ծառի մը շուքին տակ ամառուան Արեւու խայթող ճառագայթներէն ազատ` գոհ կը լինէր բնութենէն կարծելով ինքզինքն աւելի բարեբաղդ քան զսոխակն: Սոյն պահուն իմ անհոգ ուղեկիցք ցիր ու ցան աստ եւ անդ ցորեկուան հանգիստն կառնէին ու կը զուարճանային, որ ‘ի վերջանալն միջօրէի տաքութեան ելնէինք յուղի հանգչելէն: Սոխակի փառաց նախանձորդ այս գիւղացւոյն առընթեր բարեւելով նստեցայ: Դժբաղդութիւն մի չէր ինձ համար, որ այս ծերուկն չ’գիտէր խօսիլ ընդ ես զգրոցէն, այլ շատ աւելի գոհ եղայ եւ ուրախ ի վերջոյ, երբ գիտացի թէ վարժ էր նա զբրոցէն ճառել, որ սկսաւ իւր սիրած վարդի թփան տակն Ուղեւորիս պատմել… եւ իւր խօսքերն թէեւ ճշմարիտ, սակայն ի՛նչ օգուտ որ մտիկ չնելոյ պատճառներով միտքս պաշարեալ էր. մարդոյ պատմութիւնն ‘ի գիր առնուլ իմ յատուկ բաղձանքս էր, զոր դժբաղդաբար լնուլ չ’կրցայ, զի նոյն պահուն իմ սեւակոթ գրիչ կոտրած էր, որով սիրտս տխրութեամբ լեցուած: Պլընկազի խօսքերն պարզ էին ւ անմեղ, որք կը բղխէին ճերմակ սրտէ եւ առողջ մտքէ: Շատ լաւ ըմբռնեցի թէ ի՛նչ կամէր ասել մեր գիւղացի ծերուկն, զոր մխիթարելոյ համար բնականէն չէր ինչ պակսիր ինձ մի բան: Ճշմարիտն խօսելով մարդուն խօսքերն այնչափ առատ էին եւ նիւթերով լի, որ ինձ կարգ տալ բնաւ չէր ուզեր եւ ես յայս վայրկենիս երբէք չէի փնտռեր քաղաքավարութիւն դաշտի եզերքը, որոյ ծոցածին էր ազնիւ Հայն:
       Այս ատեն ցորեկուան ժամ վեցն էր, Երկնից կամարին վերայ Արեգական ճառագայթից մէջէն մի աստղ նշմարեցի, որ կը փալփլէր յԱրեւելս, որոյ լոյսն բնականէն ինչ կարժէր, երբ Արեւու լուսոյ հեղեղն բազկատարած եւ տիեզերքին ցորեկ բերած կը թագաւորէր ամեն ուրեք: Մեր խօսից շարքին ասացի գիւղացւոյն, որ ապաշ կրթած ինձ կը նայէ, կը տեսնե՞ս կրկնեցի այս աստղ, ո՛վ գեղջուկ, նա շատ լոյս ունի եւ մենէ աւելի հեռու է քան թէ Արեւն, որոյ տաքութենէն փախ տուած. կապաստանիս այդ կարճիկ ծառի ներքեւ, երբ գիշեր ըլլայ պէտք է գիտնաս որ նորա (աստեղ) լոյսն մեզ շատ աւելի զգալի կը լինի, միայն թէ երանի՜ այնմ, որ հեռատեսութեամբ գիտէ օգտիլ գիշերուան այ լուսինէն, ոյր ճառագայթից տակ Ձեր կալերու ցորեաններ կը մաքրէք` էրան ընելով, զայս ասացի իւրեան կրցածին չափ հասկանալի լեզուաւ մը եւ բաժնուեցայ իրմէ զինքն թող տալով հոգեկան զուարթ տպաւորութեան մը ներքեւ: