Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Ե. ԱՐՃԷՇ՝ ՀԻՆ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ
       Սոյն քաղաքն, որոյ երբեմն հռչակաւոր անուամբ ց’արդ կը կոչուի նաեւ գաւառն. կը գտնուի Ականից Հարաւակողմն եւ անկէ 1 ժամ հեռաւոր՝ Ազնունեաց ծովուն եզերքը: Այս պատմական բերդաքաղաքն 50-55 տարիէ ի վեր ծովն առած լինելով՝ այժմ կիսաւեր եւ բոլորովին ամայի դարձած է, տխուր աւերակաց մեծամեծ բեկորներն ծովու աղային ջրերէն շրջապատեալ կը կենան եւ կրնան երբեմն խորհրդաւոր լեզուաւ մը խօսիլ Ուղեւորաց սիրտերու հետ, որպէս յարաժամ ծովու ալեաց հետ: Աստ կը տեսնուին 2 Հայկական գետնատարած եկեղեցիք եւ մի մզկիթ, որ դարձեալ մինարէն կիսով չափ տակաւին կանգուն է: Անտեսանելի չեն նաեւ հին շուկայից եւ արհեստական բերդի հիմնաքարինքն:
       Արճէշ՝ գաւառիս ամենէն շէն եւ բազմաբնակութիւն ունեցող տեղին եղած է երբեմն, խիստ բանուկ եւ վաճառաշահ: Ականատես ծերունիք տակաւին կապրին եւ կաւանդեն հարցանողաց այն ամեն ինչ, որ իւրեանց այդ քաղաքի անցելոյն կը վերաբերի:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Ականցէն մեկնիմք դէպ ի յԱրեւմտահարաւ եւ 1 1/2 ժամէն կը հասնիմք յՕրօրան: Սոյն գիւղն 35-40 տուն բնակիչ ունի կիսով չափ Մահմետական: Հայք ունին Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ նորաշէն եկեղեցի մը կառուցեալ գիւղական ճաշակաւ, կայ մի քահանայ՝ կրօնական մատակարար, որոյ մարմնոյ մէկ աչք կոյր է, իսկ մտաց երկուքն ալ եւ այս է ահա առաջնորդ տեղւոյս մեր աշխարհական ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ. դպրոցին գալով՝ արդէն անունն չունի:
       Գիւղիս առջեւէն կանցնի Արճու գետն որ երբեմն յանուն գիւղիս կանուանի “Օրօրան”, որոյ մէջ գարնան ատեն բաւական թուով մանր ձկունք կը խաղան, որք պարապ գիւղացիներէն կորսացուին:
       ԲԼՈՒՐՄԱԿ. - Սոյն գիւղն 60 տուն Հայ բնակիչ ունի, նոյնչափ ալ գրեթէ Քուրդ: Հայք ունին եկեղեցի եւ ունին քահանայ, իսկ դպրոց՝ ‘ի հարկէ “մի օր Աստուած պիտի տայ” գթալով 50էն աւելի կայտառ մանկանց վերայ: Գիւղս շատ զուարճալի է բնութեան սիրուն տեսարանաւն, միայն թէ ծառաստանքն անպտուղ են: Տեղւոյս հողն շատ զօրաւոր է եւ մանաւանդ խիստ յարմար բարտի ծառեր հասցնելոյ, այնպէս որ 8-10 տարուան տնկուած բարտին կարելի է համարիլ օրինաւոր հաստ գերան: Ահա բնութեան մի այլ տեսակ բարիք, որմէ անբնագէտ ժողովուրդ զուրկ է օգուտ քաղելէ, վասն զի զուրկ է մտաւոր լոյս վիճակէ: Աստ կան պարտիզպան (պօստանճը) գաղթական պարսիկներ, որ շատ լաւ շահիլ գիտեն իւրեանց արուեստովն. զարմանալի է որ մերայինքն բնաւ միտք չունին նորանոր զբաղումներ ունենալ ցորեանէն զատ:
       ԲԱՆՈՆ. - Բնակիչք 45 տուն, ունին Ս. Գէորգի անուամբ պարզ եկեղեցի մը եւ պարզագոյն քահանայ մը, իսկ դպրոց ունին ոչ եւ որոյ անունն իսկ արտառոց մի բան է իրենց ականջին: Բանոն ճանապարհի վերայ լինելով միշտ բազմաթիւ հիւրեր անպակաս են համասեռէ եւ մանաւանդ տարասեռէ: Գիւղիս մէջ նշանաւոր արեւշատ (տարեւոր) անհատներ կը գտնուին՝ այնպէս որ 80-100 տարի ապրիլն տեղացւոց՝ համար գրեթէ առ հասարակ է:
       ՀԱՍՊԻՍԻՆԱԿ. - Ունի 55-60 տուն բնակիչ, եկեղեցի մը եւ 2 քահանայ, որք կառաջնորդեն ժողովրդեան կոյր զկուրայն, որպէս երբեմն իրենք առաջնորդուած են. վարժարան գնել կը փափաքին, սակայն ծախող չ’կայ ահա իրենց դժբաղդութիւնն:
       ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ. - Բնակութեանց թիւն է 40, բարւոք նիւթական վիճակի տէր, ունին տաճարաւոր գեղեցիկ եկեղեցի մը, որոյ անուամբ կոչուած է եւ գիւղն, ոյր մերձ կայ մի կոկիկ, եւ ամայի մատուռ, ո՛ւր տարին 2-3 անգամ պատարագ կը լինի եւ աստ է Արճիշեցի Յովհաննէս “ոսպնակեր” մականունեալ վարդապետի գերեզմանն:
       Գաւառիս գիւղերէն նշանաւոր է՝ մանաւանդ ԱՍՐԱՖ, որ բազմահայներէն մին լինելով հանդերձ, մասնաւոր առ եւ տրոյ ալ տեղի է եւ ուղիղ կը լինի ասել. “իւր գինւոյ այգիներովն ներշնչեալ է Գողթան գաւառէն”:
       ***
       Քաջբերունիք ունի մի քանի նշանաւոր վանօրայք եւ բազմաթիւ յիշատակութիւնք արթնցնող նուիրական տեղիք:
       Գիւղերն ամենամեծ մասամբ կարող են իրենց յարմար նախակրթարաններ պահել, սակայն ո՞ւր են պահել տուողներն, որք Պօլսոյ հրապարակն կամ լրագրական ասպաէզն աղմկաւ կը լեցնեն, երբ մի քանի գիւղացի մանուկներ մի տեղ ժողովելով՝ նոցա ձեռք կը տան քերական կամ ընթերցարան:
       Գաւառիս Մեծոփայ հռչակաւոր վանքն ամենապատուական տեղի մի է գիշերօթիկ վարժարան մ’ունենալոյ իւր նիւթական վիճակաւն, դիրքովն եւ մանաւանդ նուիրական պարտականութեամբն, զոր ց’արդ չէ կատարած: Սոյն վանքն, որպէս յիշեցի, կարող է ցորեանի նման իւր ծոցէն գաւառիս համար ուսուցիչներ եւ ուսեալ քահանաներ դուրս տալ, երբ կամք լինի ի ներքուստ եւ կամեցողք յարտաքուստ: Կը ցաւիմ ասել որ Մեծոփայ վանքն ալ Մշոյ Ս. Կարապետի վանուց նման ալան քէնտինէի պէս է. տխուր զգացմամբ կրկնեմ ուրեմն, զոր ինչ շատ տեղեր կրկնած եմ թէ “աստ եւս գործ կայ գործող չ’կայ”:
       Քաջբերունեաց կամ Քաջ բերք ունի գաւառին վերայ այսչափ խօսիլ, բաւ կը համարիմ ու կը մեկնիմ ճանապարհնիս ուղղելով դէպ ‘ի յԱրեւմուտս, 7-8 ժամէն կը մտնեմք ‘ի գաւառն Խոռխոռունեաց, ոյր վերայ խօսիլ որչափ որ ժամանակն կը ներէ Ուղեւորիս: