Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Թ. ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՆՔ ԵՒ ԿՌԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՔԱՐ
       Մանազկերտի յԱրեւմտահարաւ գրեթէ մէկ ժամ հեռաւոր “կարմիր վանք” կոչուած տեղի մի կայ, ո՛ւր 2-3 աւերեալ եկեղեցեաց բեկորք կը տեսնուին, որք այս կողմերու Հայ գիւղացւոց ուխտատեղւոյ կը ծառայեն: Յիշեալ Կարմիր Վանք անուանեալ տեղէն քիչ մը տարակայ ահագին քար մի կայ, որ ունի 2 մեթր երկայնութիւն եւ 11/2 մեթր լայնութիւն, բնականին վերայ տաշուած եւ ձեւակերպուած, որոյ գլուխն տափարակ է եւ հաւկթաձեւ, տաշտի նման փորուած, զոր Հայք “սեղանի քար” կ’անուանեն, իսկ Քուրդերն “կեավր քաֆըրան” (կռապաշտի քար), որ ըստ ամենայն հաւանականութեան կը կարծուի լինիլ կուռքի մը պատուանդան մեր նախնեաց կռապաշտութեան ժամանակէն մնացած, ոյր վերայ չ’աստուած զետեղելով պաշտած լինին: Այս կողմեր կը տեսնուին նոյնպէս ջրաղացքներու երկայն շարք, մ’որոց թիւն “300-էն աւելի եղած է երբեմն”` որպէս կ’աւանդեն, յորոց ոմանք այժմ տեսանելի են տակաւին եւ ոմանք եւս հազիւ նշմարելի մնացած: Ասոնց մէջ 12-13 հատ կան, որ կը գործեն եւ ամեն օր Հայոց եւ Քրդաց ցորեաններն կաղան:
       ***
       Քաղաքիս Հարաւակողմն 11/2 ժամ հեռաւոր կայ “Սնճան” ըսուած աւերեալ գիւղ մի, որոյ նախնի բնակչաց աներեւոյթ թոռանց մեծ պապերու խաչաքարինքն դեռ կանգուն կը կենան, եւ ըստ Քրիստոնէական օրինաց երեսնին դարձուցած են յԱրեւելս, ոմանք մարմնոյ զանգուածի ծանրութենէն ծռուած են յԱրեւմուտս եւ ոմանք եւս երեսի վերայ ընկած, յորոց եւ ոչ մէկի դէմքն կարող եղայ տեսանել, վասն զի շատ մեծ եւ ծանր էին ու իմ եւ կարապետիս ոյժերն չէին զօրեր զայնս իւրեանց կռնակին վերայ դարձնել տեսնելոյ նպատակաւ թէ՝ ունի՞ն թուական մը կամ յիշատակագիր եւ կամ գոնէ մի ՏԱՌ մեսրոպական:
       Սոյն գիւղին առընթեր մի մեծ քարաժայռի տակէն կը բղխի ահագին գետ մը, որ նոյն աւերեալ գիւղի անուամբ “Սնճանի գետ” կը կոչուի եւ կրնայ 10-15 ջրաղացներու ուրոյն ուրոյն ջուր տալ: Այս գետն, որ մանր ձուկներ ալ կը սնուցանէ, ունի պատուական ջուր՝ արտասուքի նման վճիտ ու պայծառ, որ Ուղեւորիս յիշեցնել տուաւ Հայոց Ձորոյ Շամիրամն. սակայն այս կողմերու գիւղօրէից ընծայած օգուտն խիստ աննշան է: Ուշի ուշով գետոյս ընթացքն եւ երկրի դիրքը դիտող մը շատ դիւրաւ կրնայ համոզուիլ որ եթէ 1000-1500 ոսկւոյ գումար մը ծախսելով՝ չափաւոր աշխատութիւն մի ‘ի գործ դնեն սոյն ժլատ գետոյս պէտք եղած տեղ նոր ուղղութիւն տալոյ համար, յայնժամ բազմաթիւ արտօրէից վերայ կարող է ելնել եւ անոնց մատակարարել առատօրէն ջուր, որ այժմ յումպէտս կ’ընթանայ: Այս անգութ գետն զինքը շրջապատող արեւակէզ արտօրէից վիզ ծուռ կամ գլխիկոր հասկերուն կաթիլ մի ջուր կը զլանայ, թերեւս չուզելոյ համար բնութեան օրէնքն ոտնակոխ ընել, որ զինքն չէ սահմանած առ այդ եւ կամի մարդոց աշխատութիւնն տեսնել:
       Մանազկերտի Արեւմտեան Հիւսիսային մերձաւոր կողմէն՝ Արեւելահիւսիսէն դէպ ‘ի յԱրեւմտահարաւ կ’ընթանայ Եփրատէսի Արեւելեան զօրաւոր ճիւղն, որ կ’անուանի “Արածանի” եւ կը բղխի Ծաղկանց լեռներէն եւ Տիատին գաւառի գլխաւոր ձորակէն, յորմէ 5-6 մեծամեծ աղբիւրներ դուրս կը գան քարաժայռերու տակից, որք իրարու հետ սիգաբար կը միանան եւ կը կազմեն զայդ ճիւղն, որ կ’անուանի նաեւ “Մուրատ” գետ, որոյ մէջ կը թափի մեր յիշած անգութ Սնճանն եւ ոյր վերայ քաղաքէն 3/4 ժամ հեռու՝ 13 աչքէ մի գեղեցկաշէն կամուրջ կայ կապուած, շատ հաստատուն եւ հին: Սոյն նշանաւոր կամուրջի մէջ տեղի երեք աչքերն քանդուած են, որով անց ու դարձ անկարելի եղած են ճանապարհորդաց համար:
       Գարնան ժամանակին գետոյս յորդման ատեն, օդով լի 12 կամ 16 այծու տիկերէ կազմեալ՝ անպատսպար տկանաւակաւ մ’անցուդարձ ընելոյ պարտաւորեալ են բոլոր ուղեւորք: Այդ տիկերն իրարու հետ կապուած են եւ իւրեանց վերայ ողորմելի ճիւղերէ գործուած վանդակ մի կը ձգեն հորիզոնական դրիւք՝ եզերքն բոլորովին անպատսպար, ոյր վերայ ուղեւորներն պիտի նստին եւ 4-5 հոգի միայն կրնայ ընդունիլ. կենաց ամենամեծ վտանգն (մահ) աչքն առած պէտք է լինի մէկն, որ կարենայ զինքն այդ խղճալի եւ երերուն տկանաւակին վստահիլ եւ յիրաւի, շատ անգամ, հակառակ ամեն տեսակ նախազգուշութեանց, կեանքեր զոհ կ’երթան եւ այսպէս Մուրատէն իւրեանց մուրատն առնելով կը գնան յաշխարհն մեռելոց. բայց երբ գետոյ յորդութիւնն իջնայ, ձիով ‘ի գետն մտնելով կ’անցնին կարաւաններն, որք դարձեալ երբեմն զոհեր կը տան դժբաղդաբար…:
       Քանի՜ երախտապարտ պիտի լինի Երկիրն, երբ մեր Բարեխնամ Կառավարութիւնն յատուկ յանձնախմբի մը ձեռամբ մի տեղեկագիր շինել տայ Հայաբնակ գաւառաց գետերու եւ վտանգաւոր տեղերու անց ու դարձի վերայ եւ նորանոր կամուրջներ հաստատել եւ հինցածներն վերանորոգել տալ, ուր որ անհրաժեշտ է: Չ’մոռնամ ըսելոյ որ ինչպէս հասարակ ժողովուրդ՝ նոյնպէս եւ կառավարութեան ամեն կարգի պաշտօնեայք սոյն օրինակ տեղերէ շատ անգամ անցանելոյ պարտաւորեալ են:
       ***
       Վերոյիշեալ կամուրջի քանդման վերաբերութեամբ հայախօս մի Քուրդ ինձ պատմեց հետեւեալն. “ասկէ 40-45 տարի յառաջ Հայտարանցի թոռուններն ազնուական ցեղէ) Հասլանցի քրդաց դէմն կռիւ ունեցան, եւ Հայտարանցիք (բնակութիւննին Վանայ գաւառին մէջ) երբ կ’իյնան Հասլանցւոց (Մանազկերտի գաւառին մէջ բնակուած) ետեւէն, սոյն վերջինքն նեղի իյնալով՝ Եփրատէսի երեք աչքերն կը քանդեն, որմէ թշնամին այլ եւս չ’կրնալով անցանել, իրենք կ’ազատուին”. կ’երեւի թէ սոյն կռիւն գարնան եղանակին տեղի ունեցած է, որ թշնամիք ‘ի գետն մտանել չեն համարձակեր: Նոյն թուականէն ց’արդ անշէն կը կենայ այդ հսկայ եւ գեղեցկաշէն կամուրջն, որոյ Արեւմտահարաւ 4-5 քարընկէց հեռաւորութեամբ Ս. ՆՇԱՆ անուամբ մի կիսակործան տաճար կայ, որոյ չորս պարսպաց կէսերն եւ վիմաքարն տակաւին կան կանգուն, ‘ի յիշատակ իւր անցեալ փառաց եւ ճոխութեան: Յիշեալ նուիրական շէնքին թուական չ’կայ եւ ոչ մի քարի վերայ, միայն խաչակիր մի քանի քարինք կը տեսնուին աստ եւ անդ պառկած: Աստ կայ մի անուշահամ աղբիւր, որոյ ջուրն “անմահական” է եւ դարափի մը տակէն դուրս կը տայ զղզղալով (պաղուկ պաղուկ դուրս տալով) ու կը լճանայ կանոնաւոր փորուած քարի մը մէջ, որմէ դուրս հոսելով կ’ընթանայ եւ դալարեաց մէջէն կը թափի ‘ի Մուրատ, յորմէ երկու քարընկէց հազիւ հեռու է:
       Այս պահուն միջօրէի տաքութենէն կը նեղուէի, սիրտս չուզեց սոյն ծաղկալից վայրէն հեռանալ. սակայն տեղէս ընդ փոյթ մեկնիլ անհրաժեշտ հարկ մի էր ինձ համար օրուան տարաժամութենէն. միտքս զՅեսուն յիշեց որ Արեւն կեցնէր, որով կարենայի տակաւին թափառիլ Մանազկերտի սեւորակ դաշտը:
       Ի Մանազկերտ Գայմագամ կը նստի ընդ գերիշխանութեամբ Մշոյ միւթէսարրըֆութեան եւ ունի ամենամեծ յարմարութիւն վերստին մեծ քաղաք լինելոյ: