Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԵ. ՀԱՍԱՆ—ԿՈՐԱՆ ԵՒ ԻՒՐ ԲՆԱԿԻՉՔՆ
       Գիւղս ունի 15-20 տուն Քուրդ, որ ունին ընդարձակ խոտաբեր դաշտօրայք եւ մարգօրայք, նոյնպէս պատուական տեսարան մը, որոյ արժէքն իրենք ճանաչելոյ չափ չունին դժբաղդաբար մտաւոր զարգացում կամ կարողութիւն:
       Աստ ժամանած պահուս օրն տարաժամեալ էր, փափաք մ’զգացի դարձեալ, Յեսուի նման, որ Արեւն շուտով ‘ի մար չ’մտնէ՝ մինչեւ որ ես վերադառնայի ‘ի Լիզ կարապետիս հետ, որոյ փափաքն կարծեմ թէ իմինէս աւելի բուռն էր. ինչ որ է, որովհետեւ մենք Յեսուի հոգին չունէինք, որպէս զի Արեգակն պահ մը մեզ հնազանդէր, եւ մենք այս անհնազանդութեան վերայ տրտունջ բառնալոյ բնաւ իրաւունք չունիմք, երբ ինքն (Արեգակն) բնութեան սահմանադրութենէն շեղիլ չէր կրնար, որով եւ մենք ստիպուեցանք մի գիշեր գիւղիս մէջ կենալ:
       Հիւրասիրուեցայ գիւղիս գլխաւորին տունը, ամեն կողմանէ Քուրդեր զիս պաշարեցին, այսու ամենայնիւ սկսայ հետզհետէ հաճոյք զգալ նոցա խօսքերէն՝ զորս կարապետս քաջ եւ ես նուազ կը հասկնայի. սակայն դարձեալ անուրախ չէի եւ աւելի անոր համար որ իւրեանց կենաց ՆԿԱՐԱԳԻՐՆ այդ նուազովն կարող էի սերտել եւ բան մ’օգտիլ. սոքա կը խօսէին Մարական բարբառաւ, որոց պատմութեան մէջ ընդ աղօտս կը նշմարուէին հետեւեալ Հայկական բառերու (աղճատեալ) գործածութիւնք, զորս արտաքոյ կարգի ախորժանօք կը դիտէի, ինչպէս սատան (սատանայ), տնշէնօ (տնաշէն), կորդ (չ’վարած հող), մորգ (մարգ): Արական սեռի անուանց մէջ ունէին հետեւեալ անուանքն, զոր օրինակ Մրօ կամ Մրատ (Մուրատ), Գսպօ (Գասպար). իգական սեռի մէջ Զմօ (Զմրուխտ), Մարօ (Մարիամ). Վարդօ (Վարդան), Սրբօ (Սրբուհի):
       Ահա մի կարեւոր պարագայ, որ ցոյց կը տայ թէ Հայկական եւ Քրդական կեանքն ո՛րչափ պէտք է իմաստասիրել: Աստ սոյն երեկոյ զարմացայ եւ քաղցր տպաւորութեան մը ներքեւ անուշ քուն մը քաշեցի ց’առաւօտ: Ասկէ զատ կան նոյնպէս քանի մը Հայ եւ Քուրդ մասնաւոր գիւղօրայք: Տեղէս մինչեւ ‘ի Մուշ 10 ժամուան ճանապարհ է:
       ***
       Այսչափ բաւ համարելով՝ կրկին վերադառնամք ‘ի Լիզ, որմէ շարունակեմք մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ կամ ՈՃԸ եւ այս անգամին դէպ ‘ի Հիւսիսային Արեւմտակողմն՝ ‘ի Խնուս գաւառն: Ապահունեաց վիճակը կը պատկանի Մշոյ Միւթէսարըֆի գերիշխանութեան:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Լիզ աւանէն մեկնիմք դէպ ‘ի Հիւսիս եւ 4-5 ժամու չափ մեր նախորդ ճանապարհին վերայ (որով եկանք յայս գաւառակն Վերին Պուլանըխէն), յառաջ գնալ հարկ է ու կը հասնիմք Վերին Պուլանըխի Արեւմտեան սահմանը, յորմէ շարունակելով կը գնամք դարձեալ յեզր Եփրատայ, որմէ՝ նման այլ տեղեաց՝ գարնան ժամանակին “տկանաւակաւ”, իսկ ամառ եղանակին, որ յորդումն իջած կը լինի արդէն, մէջ մտնելով կ’անցնին ուղեւորքն. ասկէ կէս ժամ հեռու տեղ մը սոյն գետն կը միանայ Արածանիի մի այլ ճիւղին հետ (Խնուսայ գետ):
       Այժմ մենք անվնաս անցեր եմք գետի հանդիպոյ կողմն, այլեւս ջրոց բնական երկիւղէն ազատ՝ կարող եմք ապահովապէս շարունակել մեր ընթացքը մինչեւ Համզաշեխ եւ Շերվանշեխ անուանեալ գիւղերու (որոց վերայ խօսուած է արդէն) միջավայրը, ո՛ւր Հասնանցի եւ Ճիպրանցի կոչուած Քուրդ զօրաւոր ցեղերն պարբերաբար իրարու հետ կռուի կը բռնուին եւ շատ անգամ ամենաչնչին առիթներէ դրդեալ. այս առթիւ տեղական Հայերն բնականաբար կը լինին անհանգիստ:
       Ասկէ մէկ ժամու տեւողութեամբ ընդարձակ եւ տափարակ արտօրայք կտրելով կը ժամանեմք “զեռնակ” ըսուած հին բերդի գրեթէ ստորոտը, եւ յետ այսու կ’անցանիմք գօտեւոր երկայն լեռներէ, ընդարձակ բլուրներէ եւ ձորերէ, որք մեծագոյն մասամբ կը կազմեն Ապահունեաց եւ Խնուսայ մէջ տեղի սահմանն: Այսպէս մեր ՈՒՂԻՆ դէպ ‘ի դար ‘ի վեր շարունակելով կը մտնեմք երկայն ձորակ մը, զոր կ’անուանեն թուղլու, որոյ մէջ կան ընտիր աղի աղբերակներ: Սոյն ամենակարեւոր հանքն այս կողմերը շատ առատ է, ոյր ջրերն 4-5 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող ածուներու մէջ ընդունելով կը լճացնեն, Արեգական տաքութեան ազդեցութեամբ ջրերն շոգիանալով մաքուր եւ ձիւնի նման սպիտակ աղեր կը նստին յատակը, որմէ հանելով կը շեղջեն ու կը դնեն ի վաճառ. Հայերն զայն “Խնուսայ աղ” կանուանեն, գաւառին անուամբ: Թուղլու Հայաբնակի բազմաթիւ գաւառաց աղ կը մատակարարէ եւ բազում գիւղացիք աղի ջրերէն եւս կը տանեն ի գործածութիւն, իր բնական վիճակաւն: Կառավարութեան կողմանէ աստ կը նստին յատուկ պաշտօնեայք հսկեալ սոյն հանքի վերայ, որ ուղղակի իւրեանց տրամադրութեան ներքեւ կը գտնուի եւ շատ արդիւնաբեր է: