Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ի. ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ԳՄԲԵԹԱՒՈՐ ՎԱՆՔ
       Խնուս բերդաքաղաքի յԱրեւելահարաւ կէս ժամուան հեռաւորութեամբ կայ Պժնկերտ անուամբ գիւղակ մը, ուր 8-10 տուն Հայեր տակաւին մնացած են…:
       Գիւղակիս մերձ յԱրեւելակողմն 5 վայրկենի տարակայութեամբ ընտիր եւ պատուական տեսարան ունեցող բլրոյ մը վերայ կայ հնաշէն, այլ հաստահիմն վանք մի գմբեթաւոր՝ կառուցեալ յանուն Ս. Կարապետի, ում երբեմն այցելութեան կը գան հեռու տեղերէ, եւ ես չ’գտի վանուցս մէջ ոչ գրաւոր եւ ոչ շնչաւոր մի բան, միայն թէ անցելոյն մէջ ունեցած ընդարձակ շինուածոյ հետքերն զինքը կը շրջապատեն ներկայիս մէջ…: Ըստ աւանդութեան՝ “վանուցս շրջապատը ժամանակին քաղաք եղած է”. արդարեւ ոչ ոք կրնայ տարակուսիլ երբ մի անգամ տեղւոյս հանգամանքներն ուշով դիտէ:
       Այս տեղի Ս. Կարապետն փայտեայ փոքրիկ դուռնէ մ’ի զատ ուրիշ բան մի չունի, որ յիշեալ գիւղի 8-10 տուն Հայոց հետ Տէր Յովսէփ ծերունի, այլ կրակոտ քահանայի պահպանութեան տակն կը գտնուէր, որում երբ այցելութիւն տալոյ պէտք զգացի, ինձ ջերմ փափաք յայտնեց վանուցս վերապայծառութեան մասին, ‘ի շնորհս հանգանակութիւն մը, զոր ըրած եւ քանի մը սենեակներու հիմունք դրած էր 2 կանգուն բարձրութեամբ, որ բարձի թողի վիճակի մէջ կը կենայր:
       Պժնկերտի ալեւորներէն տարեւորագոյնն ինձ պատմեց ասելով թէ՝ “մեր վանքն ասկէ 50-60 տարի յառաջ հողային բազմաթիւ կալուածներ ունէր` զորս այլ եւ այլ անձինք իւրացուցին օգուտ քաղելով վանուցս անտիրութենէն”: Սոյն դառն ճշմարտութիւնն Հայաբնակ գաւառաց ուրիշ բազմաթիւ վանքերու եւս կրնայ պատկանիլ:
       Աւելորդ իսկ է ասել թէ դպրոց եւ անոր գաղափարն անծանօթ են տեղւոյս մերայնոցն, որք այդ մասին մի խօսք չ’ասացին Ուղեւորիս, եւ ես ուրիշ բան մը չէի կրնար ընել յայս պահուն, բայց եթէ յուսատրել եւ մխիթարել զիրենք իւրեանց տառապանաց մէջ, զորս կը կրեն տգիտութեան երեսէն, որոյ մահացու ապտակն է գիւղացի մանկան կլորիկ բերնին մէջ Ա եւ Բ դնելով իրեն ԼՈՅՍ տալն:
       Աստի վերադառնամք դարձեալ ‘ի Խնուսայ բերդաքաղաքն, որմէ մեկնած՝ ՈՃԵՐՆԻՍ շարունակեմք եւ ուղինիս դարձնեմք դէպ ‘ի յԱրեւել, գաւառիս մնացեալ գիւղօրէից վերայ գրելոյ: Մեր սոյն ճանապարհին վերայ, երկու կողմէն բնութիւնն հետաքրքիր եւ զարմանալի շարքերով բարձր եւ ահագին պարիսպներ կազմած է լեռնակարկառներէ, որոց մէջ տեղերը խոտաւէտ արտօրայք եւ դաշտօրայք են. այսպէս 21/2 ժամէն կը հասնիմք ‘ի Չէվիրմէ, որ գաւառիս կարեւորագոյն գիւղերէն մին է:
       ՉԷՎԻՐՄԷ. - Կը գտնուի տափարակ դաշտի վերայ, ամեն կողմանէ շրջապատեալ է մարգագետիններէ եւ ընտիր արտերէ. ունի շրջանակաձեւ նստուածք մը, որոյ առջեւէն կ’անցնի թուղլա ըսուած գետոյ մի զօրաւոր ճիւղն, որ այլ եւ այլ մասնաւոր ջուրց ամբողջութիւնն է. օդը բարեխառն եւ ջուրն ոչ այնչափ գովելի, հողն արգասաւոր: Կան բաւական թուով ուռենիք, որք շուք կը տան ամառ եղանակի կէս օրուան ատեն շուք չունեցող Հայ բնակչաց, որ 110-115 տուներէ կը բաղկանան, յորոց 10 տուն բողոքական են: Հայք ունին ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուն մութ եւ հին եկեղեցի մը, գիւղէն 3-4 քարընկէց հեռու, կառուցեալ կոփածոյ սեւ քարերէ, անզարդ եւ բոլորովին թափուր. եկեղեցին չունի թուական՝ իւր տարեւորութիւնն յիշեցնող. քահանայի տեղւոյ կը ծառայէ մի անգիր տիրացու կամ լաւ եւս է ըսել մի ողորմելի արարած, որոյ լեզուն շատ սահուն է մոմոտ շարականին վերայ, զոր ‘ի ձեռին ունի միշտ:
       Աստ կայ, նման Քուվանտուքին, նախակրթարան մը Միացեալ Ընկերութեան պատկանող, որ կը հոգացուի դարձեալ (որպէս Քուվանտուքինն) տեղական ծախիւք, բաց ‘ի դպրոցական պիտոյքէ, զոր կը մատակարարէ Ընկերութիւնն, երբ բարեհաճի իւր ընդհանուր տեսուչ: 40-էն աւելի աշակերտներ կ’ուսանին, այլ ցաւ է ըսել որ անյարմար յարկի մը ներքեւ:
       Տեղւոյս ուսուցիչն է Պ. Գրիգոր Տօնաւետեան, տեղացի մի ազնիւ երիտասարդ, դասընկեր Քուվանտուքի լուսահոգի դասատուաց, անձնանուէր, զարգացեալ եւ որ աւելի լաւն է՝ օժտեալ ազգային ընտիր բարեմասնութեամբք. սա կը համարուի տեղւոյս առաջին լուսաւորիչ իւր թղթովն եւ գրչովն, եւ որոյ շուրջը շատ անգամ ամեն հասակէ ուսանողք կը գտնուին, որ քիչ մխիթարական չէ եւ կը փափաքիմ տեսնել Հայաբնակի ամեն գիւղերու մէջ եւս: Ժողովրդեան նիւթական կացութիւնն ընդհանրապէս լաւ է. սակայն տակաւին ժամանակէն ներշնչութիւն մ’ընդունած չ’լինելով՝ յանգէտս կը սիրեն զխաւարն առաւել քան զլոյս եւ այս բանն տեղւոյս նոր սերնդեան… համար կրնայ ուղղակի դժբաղդութիւն մը համարուիլ:
       Գիւղիս Հայ բողոքականք, արդարութիւն է խոստովանիլ, իւրեանց թուոյն նուազութեան հակառակ, ունին կանոնաւոր ժողովարան եւ դպրոց հանդերձ յարմար շէնքովն. ինձ պատմեցին թէ՝ սոքա շարունակ հետամուտ են տեղական բնակչաց տգիտութենէն, որով եւ անմիաբանութենէն օգուտ քաղել:
       ԽՈԶԼՈՒ. - Սոյն գիւղն նախորդէն 2 ժամ հեռու է եւ կը գտնուի նորա Արեւմտեան Հիւսիսակողմն ու շինուած…: Ունի 85 տուն Լուսաւորչական եւ 3-4 տուն բողոքական Հայ. վերջնոց դաստիարակութեան յանձնուած է առաջնոց նոր սերունդն: Տեղւոյս բնակչաց նիւթական վիճակն բարւոք է, այլ մե՜ղք որ սոյն մխիթարական կողմէն օգուտ քաղող անհատներ կը պակսին. մանաւանդ երբ ժողովուրդն տրամադիր է զոհողութիւնք ընել կրթական գործին համար, Տեղագիր-Ուղեւորն կը պարտաւորի դարձեալ կրկնել այս դառն ճշմարտութիւն թէ՝ “աստ եւս գործ կայ գործող չ’կայ”:
       ***
       Խոզլուայ մէջէն կ’անցնին ‘ի Բաղէշ, ‘ի Սղերդ եւ ‘ի Վան երթեւեկող կարաւանքն եւ զօրախմբեր…: Գիւղիս առընթեր առուակի մը եզերքը ուռենւոյ շուքին տակ նստած էի երկու նորահաս գիւղացւոց հետ, յորոց մին տեղացի էր եւ միւսն Չէվիրմէցի. եւ մեր խնդիրն էր դպրոցի վերայ, ժամու վերայ, տէրտէրի վերայ, պատարագի վերայ, տիրացուի վերայ, թուղթի վերայ, թուղթի վերայ, գրչի վերայ եւ յետոյ ԳՐԻ վերայ ու վերջապէս ամենուս խօսքերն թէ՛ լինէին Աստուածային եւ թէ՛ լինէին մարդկային իմաստութեան վերայ, նոքա կը ցանկային եւ ագահօրէն կը ցանկային լսել ինձ, որ ոչ թէ միայն ձանձրոյթ մի չէի զգայր, այլ նաեւ շատ ուրախ կը լինէի՝ որ հետաքրքիր Հայ գիւղացւոց հետ էր իմ խօսքն:
       Քարաքէօփրիւ. - Ունի 65 տուն Հայք, յորս կը տեսնուին նաեւ մի քանի եկովի Քրդաց բնակութիւնք: Հայք ունին ողորմելի եկեղեցւոյ հետ խղճալի քահանայ մը. ուրախ եմ ասել որ սոքա դպրոց չեն մոռացած եւ ունին ազնիւ եւ բաւական զարգցեալ ուսուցիչ մը, որ իւր կենաց օրինակաւն 35-էն աւելի ուսանողներ կը դաստիարակէ եւ յաջողած է նոյնպէս զգիւղացիս վառ պահել դպրոցասիրութեան մէջ եւ համոզել զիրենք դպրոցական շէնքի մը համար, որ դժբաղդաբար կը պակսի եւ ես ցաւօք տեսի աշակերտաց բնակավայրն, որոյ բնակիչներն էին նոյնպէս ուսանողաց հայրերու երկրագործ եզինքն եւ այլ կենդանիք:
       Սոյն գիւղն, որ նման նախորդաց, նիւթապէս ունի իւր մխիթարական կողմն, արտաքին դժբաղդութիւններէ կիսով չափ զերծ է, թերեւս ‘ի շնորհս իւրեանց ուսումնասիրութեան եւ ջերմեռանդութեան. վասն զի ո՛ւր որ գիտութեան ԼՈՅՍ մուտ գտնէ, տգիտութեան խաւարն անկէ կը հալածուի եւ այս բնական է:
       Քարաքէօփրիւի տեսարանն խիստ զուարճալի է օդովն եւ մանաւանդ խմելոյ մասնաւոր ջրերովն, որոց տեսակէն քիչ տեղ կը գտնուի: Գիւղս տափարակ դաշտի վերայ կը գտնուի:
       ՀԱՐԱՄԻԿ. - Շինուած է ընդարձակ բլրոյ մը կողից վերայ. ունի 80 տուն Հայ բնակութիւնք, որոց մէջ 13 տուն եւս բողոքական Հայեր կան: Մերայինքն ունին եկեղեցի մը եւ ամենաճարտար քահանայ մը, զոր ջանադիր գտայ բանալ տալոյ նախակրթարան մը, որուն այնպէս պէտք ունին, որպէս կաղն՝ ոտից եւ կոյրն՝ լուսատու աչաց: Երբ աստ մի այլակրօն կարապետի հետ լեռնակարկառի շուքին տակը նստեցանք ‘ի հանգիստ, բազում գիւղացիք զմեզ շրջապատեցին ‘ի լսել բան մի, բայց ես այս պահուս բարոյական ցաւէ մը բռնուած կը տանջուէի. ուստի խօսք տուի ընկերիս եւ ես լռութեամբ սրտիս ցաւն անցուցի, չեմ յիշեր թէ ի՛նչ տեսակ զգացման տակ ելանք ‘ի ճանապարհ շարունակել վերստին մեր ՈՒՂԻՆ:
       ԵԼՓԻՍ. - Բնակութեանց թիւն է 50, ունին եկեղեցի եւ քահանայ, դպրոց “Աստուած տայ” եւ այս առթիւ 30-ի մօտ դպրոցականաց վիճակն շատ արգահատելի է, առանց նոյն իսկ արգահատող մ’ունենալոյ:
       Խալիլ-չավուշ. - Ունի 50 տուն Հայ բնակիչ, որք ունին “Ս. Սարգիս զօրավար” անուն տկար եկեղեցի մը, նմանօրինակ քահանայ եւ դպրոց, որոյ մէջ աշակերտողքն աւելի արեգակնային լոյս կը տեսնեն քան թէ մտային: Ժողովուրդն շատ չքաւոր է եւ որ աւելի ցաւալին է՝ ստրուկ զգացումներով պաշարեալ:
       ԴՈՒՄԱՆ. - Բնակութեանց թիւն 45 տուն եւ կացութեամբ կրօնական ու ազգային վիճակաւն գրեթէ յար եւ նման առաջնոյն: