Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԴ. ԿԱՐԻՆ ՔԱՂԱՔ ԿԱՄ ԹԷՈԴՈՒՊՕԼԻՍ
       Կարին, զոր Մահմէտականք Էրզրում կ’անուանեն գաւառիս ընդարձակ կուսակալութեան կեդրոնատեղին է ամենայն մասամբ, որ շատ ստոյգ կը լինի անուանել զայն Մայր-քաղաք: Շինուած է վերոյիշեալ դաշտավայրի յԱրեւելահարաւ եւ կը գտնուի Բարձր Հայոց կեդրոնական Արեւելը. ունի լայնատարած նստուածք մը. ըստ պատմութեան՝ “այս քաղաքն Յունաց Թէոդոս կայսրը յանուն իւր շինել տուած է Անատօլ կոչուած զօրավարին ձեռամբ”:
       Քաղաքն ունի բաւական լաւ տեսարաններ եւ գաւառին գիւղերն իւր զգալի հորիզոնն կը կազմեն (Հիւսիսէն մանաւանդ) օդն՝ որպէս կանխաւ յիշեցի, հակառակ իւր ցուրտ բնութեան վիճակին, քաջառողջ է. Սեպտեմբեր ամսոյ 15-20-էն սկսեալ ձմեռն ինքզինք ցոյց կը տայ եւ բնակիչքն պարտաւորուած են բնութեան ըրած սոյն կանուխ այցելութիւնն ողջունելոյ համար, վառելեաց եւ հագանելեաց մասին պատրաստութիւնք տեսնել. գարունն սոյն համեմատութեամբ շուտով չ’սկսիր: 1882 Մայիսի ծաղկազարդ ամսոյ 9-ին բաւական քանակութեամբ ձիւն տեղաց, մանաւանդ մերձակայ լեանց վերայ, այնպէս որ մենք պարտաւորուեցանք ձմեռուան նման զմեզ պահպանել ցրտոյ ազդեցութենէն, որով մարդս կրնայ սովորականէն աւելի վնասուիլ, վասն զի զեղանակն ամառուան կարծելով ըստ այնմ կը հագուին, յանկարծ վրայ կը հասնի միջանկեալ ձմեռ մը (1-2 օրեայ) եւ զբնակիչս պաղեցնելով տկարութեան կ’ենթարկէ:
       ***
       Կարին իւր հիմնարկութենէն ‘ի վեր ընդ միշտ պաշտպանողական դիրքերէ զուրկ չէ գտնուած, որպէս է եւ այժմ շնորհիւ մեր Կայսերական Կառավարութեան իմաստուն հեռատեսութեան, որով խրամներ եւ այլ եւ այլ ամրութիւնք շինել տալով՝ զքաղաքն ապահոված է արտաքին թշնամիներէ, որք որչափ ալ հնարագէտ եւ ռազմագէտ լինին՝ դարձեալ դիւրաւ վնաս հասցնելն անկարելի է: Քաղաքիս բերդն տակաւին կիսով չափ գործածելի է եւ ‘ի հնուց շատ ամրապինդ կառուցեալ: Բնակութիւնքն քարաշէն են մեծագոյն մասամբ, առ հասարակ երկայարկ եւ տեղական ճաշակաւ կառուցեալ դուն ուրեք կը տեսնուին նաեւ եռայարկ տուներ: Քաղաքն ունի կառավարական կանոնաւոր շէնքեր եւ բոլորովին անծառաստան է:
       Կարնոյ համայն բնակութեանց թիւն է 10, 000 տուն, զոր կը նշանակեմ աստ թուոց առաջնորդութեան կարգաւ: Ա. Մահմետական 7, 600 տուն: Բ. Արմենական 2, 000: Գ. Հռովմէական (Հայ Կաթոլիկ) 150: Դ. Յոյն 100: Մնացեալ 150 կը բաղկանայ Ամերիկացի, (Հայ Բողոքական) Լատին (Մայրապետ եւ Գափճեան ֆրերնր) եւ Պարսիկ տարրերէն:
       Մահմետականքն ունին 25-30 հատ մզկիթ, յորոց մեծագոյն մասն ունի իւրեան յատուկ նախակրթարանն (իփթիտայիէ) եւ իւրաքանչիւրին մէջ կը գտնուին 20-30-ական ուսանողք, որք կը դաստիարակուին տակաւին հին դրութեամբ, ‘ի բաց առեալ վերոյիշեալ կրթարանքն, ունին նաեւ 2 այլ ուսումնարաններ (Րուշտիյէ). սոյն երկու վարժարանաց ուսանողներուն թիւն 200-էն աւելի է:
       ***
       Աստ անպատշաճ չեմ համարիր միջանկեալ պատմութիւն մի ընել եւ ապա շարունակել. “Կարնոյ Հայոց բնակութեանց թիւն ասկէ 60 տարի յառաջ 4, 000 էր եւ 1829 յուլիս 10-ի պատերազմն խաղաղելէն ետքը երբ Ռուսիոյ Պասքովիչ զօրապետն Կարինէն իւր զօրքերն առած կը մեկնի, Կարնոյ նոյն ժամանակի 4, 000 տուն Հայերն եւս կը փափագին գաղթել գիւղերու հետ, գալիք երկիւղներէն պաշարուած. սակայն նոյն ժամանակի Առաջնորդ Կարապետ եպիսկոպոս Հնուտցի ժողովրդեան այս տրամադրութիւնք գիտնալով՝ գեղեցիկ հեռատեսութեամբ՝ կը գրէ ‘ի Պատրիարքարան կանխապէս դարման մը տանիլ կամ ազդու միջոց մը խորհիլ ժողովրդեան գաղթականութեան առաջքն առնելու համար, նոյն ժամանակուան Պատրիարքն եւ Ամիրայքն խորհուրդ ընելով որոշում կը տան, փոխանակ այդ ազնիւ Եպիսկոպոսին աջակցելու կամ խորհուրդ մը տալու, անմիջապէս պաշտօնանկ կընեն զանի, այդ լուրն տուած լինելուն համար եւ թէ ի՛նչ պատճառաւ Եպիսկոպոսն իւր անձնանուիրութեան զոհ կերթայ չ’գիտեմք, միայն թէ զինքն պաշտօնանկ ընող գիրն Պատրիարքարանն կը յղէ իրեն, որոյ յաջորդ ընտրուած Իսրայէլ անուն վարդապետ մը ճամբայ կը հանեն ‘ի Կարին”, “Կարապետ Եպիսկոպոսն իւր պաշտօնանկութեան լուրն Առածին պէս սաստիկ կը յուզուի եւ կը ցաւի ասելով թէ “իմ տիրող կառավարութեան եւ Ազգին ծառայութիւն մը մատուցանելու բաղձանքով իմաց տուի Պատրիարքարանին գաղթականաց առաջքն առնել տալու համար եւ Պատրիարքարանն, զիս քաջալերելու փոխան, պաշտօնանկ ընելով իմ տեղ ուրիշ մարդ կը կարգէ, կեցի՛ր ուրեմն, որ ես զԿարին աւերակ դարցունեմ, թո՛ղ Պատրիարքարանէն խրկուած նոր Առաջնորդն (Իսրայէլ վարդապետ) աւերակաց վերայ առաջնորդ լինի”. “այս խօսքին վերայ ինքն եւս մղում կըտայ գաղթականութեան իմաց տալով ամեն կողմը թէ “պատրաստուեցէք գաղթելու եւ ես ընդ ձեզ եմ”. ամենք կը պատրաստուին եւ միահամուռ կը գաղթեն ‘ի Ռուսաստան եւ երբ կը հասնին Հասան-Գալէ ըսուած գիւղաքաղաքն Իսրայէլ վարդապետն ետեւնուն կը հասնի զիրենք (զգաղթականս) վերադարձնելու. սակայն Կարապետ Եպիսկոպոսի թելադրութեամբ լաւ ծեծ մը կուտէ գաղթականներէն եւ նորէն կը վերադառնայ ‘ի Կարին, ուր 20 տուն միայն Հայ կը գտնէ, զոր իրեն համար քիչ ժողովուրդ համարելով չ’կենար ‘ի Կարին, այլ վերադարձ կընէ ‘ի Պօլիս”: Այսպէս ահա Կարնոյ քաղաքն սոյն օրինակ անցքեր տեսած է:
       Գաղթականութեան յիշեալ թուականէն ց’արդ 56 տարի է. սոյն ժամանակամիջոցին մէջ այդ 20 տունն 2, 000 եղած է թէ գաղթականաց ոմանց վերադարձովն եւ թէ այլ եւ այլ գաւառներէն գալովը. ուստի ներկայ թիւն թէեւ կէսն լինի գաղթելոց թուոյն, այսուամենայնիւ դարձեալ պահ մը կրնայ զմեզ մխիթարական տպաւորութեան մը ներքեւ պահել եւ չ’թողուլ որ յայտնեմ մտքիս եւ սրտիս զգացած արդար ցաւն ընդդէմ այն Պատրիարքին եւ Ամիրայիցն, որք անխոհեմութեամբ տեղի տուած են այդ մեծ գաղթականութեան, որ յիւր ժամանակին Ազգին եւ միանգամայն Տէրութեան հաւասարապէս ահագին վնասուց պատճառ եղաւ:
       ԿԱՐՆՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀՈՅԱԿԱՊ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
       Յանուն Ս. Աստուածածնայ կառուցեալ սոյն եկեղեցին 42-43 տարուան է եւ շինուած 20 սիւներու վերայ, կոփածոյ կարմրագոյն քարերէ, իւր ընդարձակութեան համեմատ բարձրութիւն չունի, այսու ամենայնիւ իւր հսկայութիւնն Օսմանեան Ասիական մասին վերայ հազուագիւտ է. ունի 3 խորան եւ երեք դրունք, առաջինքն եւս փոքր են եկեղեցւոյ մարմնոյն համեմատութեամբ. սիւներն միակտուր են, որք տեսանողաց իրաւի զարմանք կը պատճառեն: Կանանց վերնատունն ճաշակաւոր ճարտարապետի մը գործ է:
       Եկեղեցւոյ Հարաւակողմն կից մատուռ մի կայ քարաշէն, զոր “տաճար” կ’անուանեն եւ է անթուական: Եզր Կաթուղիկոսին օրով սոյն մատրան մէջ եղած է այն ժողովն, յորում Հայք միաբանած են Յունաց հետ: Եկեղեցին ունի գեղեցկաշէն զանգակատուն մը եւ իրեն յԱրեւմտահիւսիս մէկ քարընկէց հեռու ընդարձակ գերեզմանատուն մը՝ որ ծառազարդեալ եւ կանոնաւորեալ լինելով՝ մեծ հաճոյք կ’զգայ տեսանողն, թերեւս մի եւ նոյն հաճոյք կ’զգան նաեւ այդ յաւիտենական ննջարանի մեռելոց հոգիները, տեսնելով իւրեանց ‘ի հող տապանի թաղուած մարմիններու սոյն զուարճալի բնակավայրն, ո՛ւր կիւրակէ եւ տօն օրերը գեղեցիկ ժամանակ կ’անցունեն քաղաքիս գրեթէ ամեն կարգի ազգայինք:
       Կարնոյ Հայոց հին պապերու այս գերեզմանատուն տեղւոյն ծանօթներէս միոյն առաջնորդութեամբն տեսնել ուզեցի եւ ‘ի միասին գալով մտանք յայս նուիրավայրն, ո՛ւր երկու հոգիներ մի անհոգի տապանաքարի քով կեցած յիշատակագիր մը կ’ընթեռնուին եւ կը վիճէին. իւրեանց վէճի առարկայն էր թէ “երբ երկու տարասեռ եւ տարակրօն մեռեալներ մի եւ նոյն գերեզմանոցին մէջ իրարու քով թաղուին, արդեօք իրական ապացոյց մի կա՞յ թէ սոցա հոգիներն իրարու հետ կը կռուին կամ իրարու դէմ թշնամութիւն կը սնուցանեն ‘ի հանդերձելումն եւ կը դիմեն Արդարոյն”. սոքա զիս դատաւոր ընտրեցին, որ զիրենք նախապէս ողջունած եւ լռութեամբ կեցած մտիկ կընէի իրենց հոգեկան կամ մարմնական այս վէճին. տակաւին եւ ոչ միոյն իրաւունք տուած՝ ասացի ես աշխարհական եմ եւ կրօնական այս օրինաց հարցերու վճռատու լինիլ չ’կարեմ, միայն թէ մարմնաւոր աշխարհիս մէջ ապրած ատենը լոկ զհոգեկան մտածելն կը նշանակէ քանդել մարմնոյ եւ հոգւոյ միացմամբ կազմակերպեալ՝ Աստուածային պատկերով մարդկեղէն խորհրդաւոր շէնքն, որոյ որ եւ է մի մասն վշտացած ժամանակ կը վշտանան նաեւ մնացած բոլոր մասերն եւս, ուրեմն մարմնոյ բոլոր անդամներն տարբեր պաշտօնով հաւասար իրաւունք կը վայելէն այդ շէնքի գերագոյն ճարտարապետին առջեւ եւ հաւասարութեան այդ սուրբ օրէնքն սիրել եւ յամենայնի գտնուիլ հաւատարիմ յանձնարարած՝ բաժնուեցայ իրենցմէ:
       Ազնիւ վերծանող, սոյն միջանկեալ պարբերութեան մասին ներողամիտ եղիր, զի գրածս անկարեւոր մի բան չէր եւ մեր Երկրի ամեն կողմի Հայոց կեանքն այս խնդիրէն իւր բաժինն ունի, զոր մարմնաւոր կամ հոգեւոր կարծելուդ մէջ ազատ ես, միայն թէ վերջի անունն տալոյ սխալանաց մէջ ընկնելէն զգուշացիր, ահա կ’ասիմ քեզ:
       ***
       Գերեզմանոցիս մէջ կայ նոյնպէս սիրուն մատուռ մը, զոր Ռուսք 1878 թուականին կառուցանել տուած են “’ի յիշատակ վերջի պատերազմին աստ Օսմանեան զինուց առջեւ հրացանով ընկած Ռուսական հասարակ զինուորաց, որոց գերեզմաններէն շրջապատեալ է այդ մատուռն, որ կը կենայ այժմ դրօքն փակելօք: