Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԵ. ԲԱՐԵՐԱՐԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՆՄԱՀ Է
       Կարնոյ մէջ ժամանակ առ ժամանակ տեսնուած են եւ կը տեսնուին մեծահոգի ազգայինք, յորոց մի քանիներու անուանքն իւրեանց գործերովն աստ նշանակել արժան կամ լաւ եւս է ըսել պարտք կը համարիմ: Մեծանուն եւ բարեյիշատակ Խաչատուր էֆէնտի Փաստրմաճեան, որ 500-600 ոսկի ծախք ընելով՝ Կարնոյ եկեղեցւոյ վերոյիշեալ զանգակատունն գեղեցկօրէն շինել տուած է, զոր արդէն 1858-ի երկրաշարժն կործանած էր: Մեծանուն եւ բարեյիշատակ Յակոբ էֆէնտի Մակարեան, 1000-1500 ոսկւոյ ծախիւք, տեղւոյս խարխուլ եւ անբաւական վարժարանն քակել տալով՝ նոր եւ ընդարձակ վարժարան մը կառուցանել տուաւ եւ այժմ հանգուցելոյն յիշատակագիրն այդ լուսոյ տաճարի դրան ճակտի վերայ դրոշմեալ կը տեսանի: Տէր Ազարեան Սողոմոն աղայի ազնիւ որդիք եւ մեծաշուք ժառանգորդք, 500-600 ոսկի ծախիւք, կառուցանել տուած են երկսեռ վարժարան մը քաղաքիս Չայղարայի թաղին մէջ. ‘ի վեր նշանակեալ ազգօգուտ շինութեանց մէջ այժմեան Պատրիարք Ամեն. Վեհապետեան Սրբազան Հայրն գործօն դեր մ’ունեցեր է, ինչպէս նաեւ Ազգային այլ շինութեանց մէջ, զորօրինակ հոյակապ Առաջնորդարան եւ Հռիփսիմեանց անուամբ աղջկանց վարժարանն Նորին Բարձրաշնորհ Սրբազնութեան օրովն եւ ջանքով շինուած են, որմէ յառաջ Կարնոյ մէջ իգական սեռի դաստիարակութիւնն տակաւին սկսած չէր. նոյնպէս կարեւոր պարագայ մի է յիշեցնել թէ մինչեւ ‘ի սոյն շինութեանց թուականն քաղաքիս մէջ, դուն ուրեք, երկայարկ շէնքեր գտնուած են, այնպէս որ կը պատմուի թէ “երբ առաջնորդարանն երկայարկ կը կառուցուի հասարակութենէն շատերն կը զարմանան ասելով թէ “այս ի՛նչ տեսակ տուն է, որոյ դուռն բարձրէն բացուած է”, ասկէ կարելի է մասամբ մը հետեւցնել թէ Կարնոյ մեր Հայոց մտաւոր զարգացման ջերմաչափն 1862-էն (շինութեան թուական) կսկսի բարձրանալ:
       Կարնոյ մէջ նշանաւոր են հետեւեալ գերդաստաններն՝ ինչպէս Պալլարեան, Նշիկեան, Եանըքեան, Տէր Ներսէսեան, եւ Խանճեան եղբարքն:
       Վարժարանք
       Քաղաքիս լուսաւորչական Հայք ունին 3 հատ Ազգային վարժարաններ. Ա. Մայր վարժարան “Արծնեան” կոչուած՝ ընդարձակ եւ յարմարագոյն շինութեամբ, որ կը գտնուի Եկեղեցւոյ բակին մէջ (զի դարաւոր փորձերն մեզ ցոյց տուած են եւ յետ այսու աւելի կտան թէ դպրոցն երբ Եկեղեցւոյ բակէն հեռանայ՝ կեանք ունենալէ կը դադրի եւ աւելի անոր համար, որ նորա լոմայովն կապրի: Արական սեռի այս վարժարանն 600-650 աշակերտք կը դաստիարակէ, տարիքնին 6-15: Բ. Եկեղեցւոյ մերձ “Հռիփսիմեանց” օրիորդաց վարժարան, որոյ աշակերտուհեաց թիւն 400-ի կը հասնի, տարիքնին 6-13: Գ. Թաղ. երկսեռ վարժարան, որ Եկեղեցիէն հեռու, Չայղարայ ըսուած թաղին մէջ շինուած է (որոյ հիմնարկողաց յիշատակութիւնն վերեւ ըրած եմ արդէն), սոյն կրթարանի երկսեռ ուսանողաց թիւն է 140-150:
       Մասնաւոր վարժարանք
       Ա. Ազգի մեծանուն ԲԱՐԵՐԱՐ աղա Մկրտիչ Սանասարեանցի բարձրագոյն վարժարանն, հիմնարկուած 1881 թուականին եւ ո՛ւր Գերմանական ուղղութեամբ կը դաստիարակուին 90-ի մօտ ուսանողք, որք մեծագոյն մասամբ գիշերօթիկ են: Սոյն վարժարան հիմնարկող բարերարն Հայաբնակի այլ եւ այլ գաւառներէն 25-30 ուշիմ պատանիք հաւաքել տալով՝ իւր ծախիւք դաստիարակել կը տայ յանուն քաղաքակրթութեան… թոշակաւոր ուսանողքն խիստ համեստ գումար մը միայն կը վճարեն: Սանասարեանց ազնիւ ազգատոհմի անուան նուիրեալ այս վարժարանն, բայց ի այլ եւ այլ պաշտօնեայներէ, երեք գլխաւոր Վարիչ-պաշտօնեայ ունի, զորս յիշեալ Հայրենասէրն դարձեալ իւր ծախքով ‘ի Գերմանիա կրթել տուած է: Վարժարանն որ իննամեայ շրջան ունի, կը համապատասխանէ Գերմանիոյ Միջնակարգ վարժարանաց աստիճանին եւ կը բաղկանայ Նախակրթարանէ ու Կրթարանէ. առաջինն կը պարունակէ երեք դասարան եւ երկրորդն կը պարունակէ վեց դասարան:
       Վարժարանն ունի նաեւ գործատուն, (որոյ մէջ յարմարութիւն ունեցող ուսանողքն կզբաղին մասնաւոր արհեստներով), զոր հետզհետէ կատարեալ Արհեստանոցի վերածելոյ մտադիր է հիմնադիրն, որ իւր վարժարանին համար պիտի բանայ նոյնպէս Մասնագիտական շրջան մ’եռամեայ ընթացքով:
       Բարձրագոյն Կրթարանիս անմահ բարերարի ՅԻՇԱՏԱԿՆ, դարուց ‘ի դարս անմոռաց պիտի պահուի ամեն Հայ սիրտերու մէջ, զի ինքն առաջին միջնորդ կը հանդիսանայ… քաղաքակրթութեան հիմնաքար դնելոյ, բանալով այսպէս երկու հատ լուսոյ տաճարներ, մին ‘ի Վասպուրական՝ Վանայ մէջ իգական սեռին համար, եւ միւսն ‘ի Բարձր Հայս՝ Կարնոյ մէջ արական սեռի համար:
       Պ. “Աղապալեան վարժարան” զոր բացած է Մկրտիչ Էֆէնտի Աղապալեան, երեք տարիէ ‘ի վեր. ունի 100 ուսանող եւ Լուսահոգի Իփէքճեանի 1881-ին շինած Կրթական ընդհանուր ծրագրի թաղային վարժարանաց վերաբերեալ մասին կը համապատասխանէ. անձնուէր Հիմնադիր-Տնօրէնի ջանքերն գովութեան արժանի են: Գ. Հռովէմական Հայոց “Լազարիսթ” եւ “Անարատ Յղութիւն” անուամբ երկու վարժարաններն, մին արական եւ միւսն իգական սեռին պատկանեալ եւ յանձնուած՝ մի քանի Լատին կրօնաւորաց, որք ունին իւրեանց յատուկ եկեղեցին Աստուածածին կոչուած: Սոյն վարժարանաց մէջ 200-էն աւելի ուսանողներ կան եւ մեծ մասամբ Լուսաւորչական ու մնացեալներն են Յոյն, Պարսիկ եւ Մահմետական: Դ. Բողոքականաց երկսեռ վարժարանն՝ հաստատուած բազմահայ թաղի մը մէջ: Ե. Նախակրթարան Յունաց, որք ունին նաեւ Ս. Գէորգ կոչուած եկեղեցի մը:
       ***
       Կարնոյ Հայոց ազգային վարժարաններն 1200 ոսկի ծախք ունին տարեկան, որ կը հայթայթուի, ամենամեծ մասամբ, եկեղեցւոյ կալուածական եկամուտներէն. կրթական ուղղութիւնն գլխաւորաբար կը պատկանի Գեր. Առաջնորդին, որոյ բարձր եւ համակրելի դիրքն մեծամեծ յոյսեր կը ներշնչեն թէ ուսումնասէր Կարնեցիք իւրեանց ժրաջան Առաջնորդին աջակցելով, քիչ ժամանակի մէջ վարժարաններու ուսումնական վիճակն պիտի կարողանան հասնել այն բարձրութեան, որ համապատասխան լինի քաղաքի անուանն, ըստ որում Կարին ընդարձակ կուսակալութեան մը կեդրոն լինելով՝ Կարնեցիք իրապէս կը գտնուին խիստ լաւ պայմաններու ներքեւ, որով շատ քիչ պատճառ ունին բարձի թողի ուղղութեան մը հետեւիլ:
       ***
       Կարնեցին անծանօթ մը տեսած ատեն կը հետաքրքրուի եւ կը ջանայ ոչ թէ միայն զանծանօթն ճանաչել, այլ նաեւ եթէ կարելի է նորա սրտի եւ մտաց խորհուրդներն իսկ գիտնալ: Կարնեցին ունի նոյնպէս գովելի եւ միանգամայն ընդօրինակելի այլ յատկութիւնք ինչպէս անկեղծութիւն, ում նկատմամբ կը լինի թող լինի, ընտանեսէր է, պանդխտութեան դիմելն ի՛նչ է չ’գիտեր եւ արդէն իրաւամբ դատապարտելի մի բան դարձած է, ամեն ոք կապրի իւր ընտանեաց քով եւ երբ նեղ վիճակի մէջ գտնուի գիտէ սակաւապետ կենօք ապրելով՝ ինքզինքն գոհացնել: Առ հասարակ զուարճութիւն կը սիրեն, միայն թէ արհեստաւոր դասերէն ոմանք, որպէս ինձ պատմեցին, երբեմն կը չափազանցեն այդ զուարճասիրութիւնն, որ չ’կրնար պախարակելի չ’նկատուիլ երբ կը շեղի իւր օրինաւոր սահմանէն: Սոքա Հայրենի աւանդութիւնք շատ լաւ կը պահեն թէ՛ ‘ի վանս ուխտագնացութեամբ, թէ՛ պահեցողութեամբ եւ թէ՛ այլովք հանդերձ: Ունին ‘ի Պօլիս մասնաւոր պանդուխտներ, որք վաճառական են եւ ունին պատուաւոր դիրք մը: Կարնեցի ընտանիք քաջ գիտէ տան շինարարութիւն եւ հեռատեսել ապագայի անակընկալ անբաղդութիւնն ներկայի բարեբաղդ վիճակի մէջ եւ ըստ այնմ կը տնտեսէ իւր տնական կացութիւնը, յամենայնի պարկեշտ եւ ժիր է: Տեղւոյս Հայքն ունին խօսից մէջ իրենց յատուկ մասնաւոր նշան մը զոր օրինակ կուգամ կը, կերթամ կը, կաշխատիմ կը, եւլն. սոյն նշանն, որ ուսեալ մասին մէջ չ’տեսնուիր, կը համապատասխանէ մեր Պօլսեցի եղբարց կօրին: