Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԲ. ԳՈՄՇԱԿՌԻՒ
       Գիւղացիներն վերոյիշեալ եղանակաւ զանասունս կանոնաւոր աշխատութեան վարժեցնելէն ետքը գիւղին մէջ մսալի գոմէշ ունեցողներն իրարու հետ կը խօսին, իւրեանց գոմէշներն հանել ‘ի կռիւ: Գիւղացիք արդէն կիմանան, զի խօսքերնին ծածուկ չէ եւ ես յիմ ուղեւորութեան բնաւ չ’տեսի խորհրդապահութեան մի նշոյլ այդ Հայ մարդոց քով, ձայն կը տարածուի գիւղի ամեն կողմը թէ այս ինչ անձանց գոմէշներն այս ինչ տեղ կռիւ պիտի ընեն. ահա հոս է մեր Աշխարհի Հայոց գեղջկական կենաց մի հետաքրքրական կողմն, որ իրենց մէջ ամենուն առ հասարակ սիրելի է: Երբ որոշեալ ժամն կը հասնի, երկու գոմշատեարք հրաման կ’ընեն մշակներուն թէ “դուրս հանեցէ՛ք ՄԵՐ մոսլիներն եւ բերե՛ք այս ինչ արտի մէջ (տեղւոյ անուն տալով), ուր պիտի թողումք զանոնք ‘ի կռիւ”. մշակաց արդէն ուզած բանն է, անմիջապէս տունը կը վազեն ուրախական ցոյցերով. երկու կողմանց մշակներն մոսլիներու գլուխը դրուած չուաններու ծայրերէն կը բռնեն երկու կողմանէ. կոճն տակաւին գոմէշի վզէն չ’հանած՝ ախոռներէն դուրս կը հանեն եւ կը տանին դէպ ‘ի յայն տեղին, ուր պիտի լինի մեր գիւղացւոց գոմշակռիւն, զոր տեսնելոյ փափաքով մեծ եւ փոքր, արք եւ կանայք խուռն բազմութեամբ հոն կը դիմեն: Այս պահուս գոմշատեարք ձեռքերնին ետեւնին դրած՝ վեհանձնօրէն կը կենան բազմութեան մէջ. մշակներն եւս մոսլիներն բերած եւ պատրաստ կը կենան՝ անհամբեր սպասելով տեարց վերջնական հրամանին. վերջապէս հրամանն կ’արձակուի. խոտաղներն զգոմէշս յարմար դիրքով մը կը կեցնեն, կոճերն վար կ’առնուն վզերէն՝ եւ իրարու մօտեցնելով կը տան ճակատ ճակատի, չուաններն քակելով իրենք ետ կը քաշուին. մոսլիներն կռիւնին կը շարունակեն եւ կարելի է ասել 3-4 ժամէն աւելի: Գիւղի երիտասարդներն երկու կողմէն չուաններ ձեռքերնին բռնած՝ զգուշօրէն կը կենան, որպէս զի այդ երկու կռուասէր անասունք երբ զիրեար վնասելոյ չափ յառաջ երթան, յաղթութիւնն տակաւին անորոշ մնացած, անմիջապէս իրարմէ զատեն:
       Ազնիւ վերծանող, այժմ մեր մոսլիներն տակաւին կռիւնին շարունակելոյ վերայ կը գտնուին. տէրերն աչալուրջ հսկողութեամբ կեցած կը նային գործի վախճանն տեսնել, սիրտերնին կը նետէ իւրեանց այդ անասնոց յաղթութիւն տանելուն եւ կամ պարտութիւն կրելուն համար. վերջապէս կամ կռիւն երկարելով իրարմէ կը բաժնեն, կամ ‘ի նոցանէ մին կը փախչի, որով եւ հանդէսն վերջ կը գտնէ. ներկայ եղողներն կը վերադառնան տուներնին եւ ոմանք եւս կը շնորհաւորեն զյաղթողին տէր, որոյ դէմքի ամեն կողմը կը տեսնուի բնական մի գոռոզութիւն, իսկ յաղթուողի տիրոջ վերայ կը տիրէ խորին տրտմութիւն մը:
       Գիւղացւոց բուն գարնան գործեր
       Խամահանդէսն եւ գոմշակռիւը վերջացած են, գիւղացիք յաճախակի ‘ի դաշտս երթեւեկել կ’սկսին, ոմանք գարընցան կ’ընեն եւ ոմանք աշընցաններն կ’ոռոգեն, եթէ ջրարբի են, նոյնպէս խոտաւէտ տեղեր եւ մարգեր, եթէ հորիզոնական դիրք ունին ու ջրոց ներքեւ են: Առաւօտեան կանուխ զոյգ զոյգ եզներն լծած, արօրով, խոփով, գութանով, վիծկիով, կենդանեաց ցորեկուան համար սնունդով (զի այս ատեն դաշտերն զկենդանիս գոհացնելոյ չափ չ’ունին տակաւին բոյսեր դուրս տուած) եւ առատ հացով կ’երթան իւրեանց աշխատութեան տեղին, ո՛ւր Երկիրը ճեղքելով յոյսերնին կը թաղեն եւ կ’սպասեն Երկնից կամարի գթութեան, որ անձրեւ ցօղէ յաճեցումն ցանուած ցորենոյն կամ թաղուած յոյսերուն, որովք ապրած են եւ տակաւին կ’ապրին այդ Երկրի հողագործներն, որոց ապագային արդարեւ վա՜յ կը լինի, երբ Երկինք անգթանայ կամ պղնձանայ Մծբնայ Հայրապետի օրուան պէս: