Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԵ. Պերատեղի (բերատեղի)
       Այսուհետեւ կը մտնեմք ամառուան ամենէն աւելի տաք ամիսները, դաշտերն եւ լեռներն կանանչ կերպարանքնին տակաւ առ տակաւ չորցնելոյ վերայ կը գտնուին, ոչխարաց կաթն կ’սկսի նուազիլ, մանաւանդ եթէ ճամբայ շատ ընեն, այս պատճառաւ հովիւներն գիւղէն 1 ժամու հեռաւորութեամբ տեղի մը կընտրեն զոչխարս հոն ‘ի կիթ բերել, մինչեւ բուն աշուն:
       Ցորեկին ‘ի ժամ 7-8 գեղջկուհիք կռնակնին սեռիկ (գաւանօղ) մը կապած՝ բուրդ մանելով խումբ խումբ կը դիմեն այն տեղը, զոր կ’անուանեն “Պերատեղ” եւ ո՛ւր հովիւն զհօտն պիտի բերէ հեռաւոր արօտատեղերէն: Այն կանայքն եւ աղջկունքը, որ բերատեղին կ’երթան ‘ի կիթ ոչխարաց կ’անուանին “Պերուոր” (բերուոր), հովիւն, որպէս ասացի, զհօտն առած կը գայ բերատեղին, աստ նշան տալով ոչխարք շուրջ զտեղեաւն կը բոլորեն, գիւղի բերուորքն եկած պատրաստ կեցած են, յորոց իւրաքանչիւրն ունի իւրեան յատկացեալ տեղին, ուր նստելոյ համար մէկ մէկ քար տրուած է, որոյ վերայ կը բազմին. այս պահուս փոքրիկ աղջկունք խայտալով կը վազեն, հօտի մէջէն կթելի ոչխարներն մի առ մի կը բերեն բերուորաց առջեւ, կը կեցնեն, բռնելով ոչխարաց գլուխէն, իսկ այծերուն մորուքէն եւ բերուորքն կը կըթեն զանոնք մեղմօրէն ձայներ հանելով: Լմնալէն ետքը կաթերնին իրարու փոխ կըտան, ոմանք պարտատէր կը մնան եւ ոմանք պարտապան, յետ այնու կաթնալից սեռիկնին կռնակնին կապած՝ դարձեալ խումբ խումբ ‘ի գիւղ կը վերադառնան:
       Գառնարած
       Այս ատենը գառնարածն զգառինս առած՝ մի բլրոյ ետեւը, ոչխարաց աչքէն անտես, անհամբեր կ’սպառէ հովուոյն նշանտուութեան, նոյն եւ առաւել անհամբեր վիճակի մէջ են նաեւ խեղճ գառնուկներն եւ ուլուկներն, հովիւն նշան կըտայ գառնարածին, որ անմիջապէս կարձակէ զգառինս, որք, առանց կապանքի եւ պարսպի բանտարկուած էին գառնարածի ազդեցութեան ներքեւ, ահա հոս կայ անբացատրելի տեսարանի մը քաղցրութիւն, զոր կ’ըզգայ մահկանացուն, երբ կը տեսնէ այդ փոքրիկ եւ անլեզու անասնոց աճապարն դէպ ‘ի իւրեանց ՄԱՅՐԵՐՆ, որոնք, որդեկորոյս ծնողաց նման, շուարեալ կեցած՝ կը նային աստ եւ անդ, գլուխնին դարձնելով եւ ձայնելով գառինքն կը խնդրեն, մարդկային կարեկցութիւն հրաւիրող հայեացքներ նետելով առ հովիւն: Այժմ գառներն եկած եւ մտած են ոչխարաց մէջ եւ 4-5 վայրկենի տեւողութեամբ ամեն գառներն մայրերնին կը գտնեն. երբեմն խառնաշփոթութիւնք հօտին մէջ կը տիրեն եւ գառներէն ոմանք մոլորելով չեն կրնար մայրերը գտնել, յայնժամ հովիւն զանոնք կը յանձնէն իւրեանց մարց վաղվաղակի, այսպէս 1/2-3/4 ժամու չափ գառներն իւրեանց մայրերու արդար կաթ ուտելէն ետքը գառնարածն եւ հովիւն յոտս կելնեն եւ կը մեկնեն զգառինս ‘ի մարց կամ զմարս ‘ի գառանց, եւ ապա հովիւն դարձեալ զոչխարս եւ գառնարածն զգառինս առած՝ կերթան կրկին ‘ի դաշտս եւ ‘ի լերինս, յորս ց’խոնարհիլ Արեւուն արածելէն յետոյ ուշ ատեն կը վերադարձնեն զանոնք ի գիւղ:
       Զոմա
       Գիւղացիներէն ոչխար շատ ունեցողներն, գիւղէն 4-5 ժամ հեռաւորութեամբ մի խոտաւէն, լեռնադաշտ կամ յարմար ձորամէջ մի կընտրեն իւրեանց համար եւ հոն կը պատրաստեն վրաններ, մի քանի տուն այսպէս ի միասին կը բնակին եւ անդ կը կըթեն զոչխարս, անդ կը պատրաստեն սեր եւ կարագ, իւղ եւ պանիր, ժաժիկ եւ շորթան, գիւղացւոց այս սովորութեան “զոմա” անուն կըտան, որ 2-3 ամիս կը տեւէ եւ Քրդաց մէջ աւելի ընդհանուր է: