Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԱ. Վանական տուրք (պտղի)
       Ա. Ամէն վիծկի կամ գութան ունեցող տուն, տարուան ընթացքին մէջ, մէկ օր իւր վիծկին կամ գութան, պէտք եղած մշակներով, վանուց հողին վերայ աշխատցնելոյ պարտական է. տուն մ’եթէ վանքէն շատ հեռու լինելով գիւղացին դժուարութիւն ունենայ ‘ի վանս գնալոյ, դրամն կը տայ եւ ինքն չ’երթար: Բ. Իւրաքանչիւր տուն, թէ՛ աղքատ լինի եւ թէ՛ հարուստ, տարուան հնձոց ժամանակը, մէկ օր մարդ մը տալ պարտի վանուց արտերն քաղելոյ համար. ոմանք դրամ կը տան փոխանակ մարդոյ: Վանուց համար այս օրինակ աշխատութիւնք կ’ըսուին զուպարա, որ խիստ ուրախութեամբ տեղի կ’ունենան, տավուլ եւ զուռնան իրենց պաշտօն անհանգիստ կը վարեն եւ նոյն օրը վանքն կը կերակրէ զաշխատաւորս: Կանայք եւս կը գան վանուց գարիներն քաղել ‘ի պահանջել հարկին: Գ. Ամէն տուն եւ կամ նոյն է ըսել իւրաքանչիւր գիւղ իւր բոլոր ոչխարաց կաթն մէկ օր վանուց կը տայ. եթէ այդ թեմական գիւղն վանքէն այնչափ հեռու ըլլայ, որ զհօտն ‘ի վանս բերել կարելի չը լինի, յայնժամ վանուց պտղի հաւաքող վարդապետն ‘ի գիւղն կը գայ եւ զոչխարս կթել տալէն յետոյ շինել կը տայ իւղ եւ պանիր, զորս գիւղի անասուններով կը փոխադրէ:
       Կողոպուտ
       Դ. Վանուց իրաւունքն է արական սեռէ մեռնողի մը սովորաբար հագած զգեստներ, որք կողոպուտ անուան ներքեւ կը տրուին՝ հոգեբաժին, այսինքն մեռնողի հոգւոյն համար, եթէ հարուստ մէկը լինի մեռնողն, մեր հայր սուրբ միայն անձնական զգեստովն չ’բաւականանար, այլ ուզած դուարներէն մին եւս կը տանի: Իգական սեռէ մեռնողի մ’երբեմն արծաթեղէնքն ալ կ’առնուն՝ իբր մեղաց գին, եթէ հարուստ է՝ զգեստին ալ կէսն:
       Բաց ‘ի յիշեալ տուրքերէն, տարուան մէջ, բացառիկ տուրքեր ալ կը տան վանուց, ինչպէս ցորեան, տարիկան, գարի, ձէթ (պէզիր եաղը), իւղ, պանիր, հաւկիթ, նոյնպէս միաբանաց համար գուլպա. վանական այս կարգի տուրքերն աւելի այն գաւառներ կը տան, յորս կողոպուտի սովորութիւնն վերցուածի պէս է:
       Խաչօխնա (խաչ օրհնեա)
       Մեր Հայ գիւղացիք այսպէս կ’անուանեն, երբ իւրեանց ննջեցելոց հոգւոյն յատուկ պատարագ ընել տան եւ այս առթիւ այլոց հացկերոյթ կը տան հետեւեալ եղանակաւ:
       Տանուտէրն (ժամ ընել տուողն) կը դնէ հարիսէ կամ քէշկէկ ահագին պտուկներով, իւղն կը հալեցնեն պղինձներով, կը կոչեն զգիւղացիս մեծամեծ խումբերով եւ խիստ շատ տեղեր անխտրապէս, որոնք կը գան հոգւոյ ճաշն ուտել: Մայր-Տան թոնիրի (թանտըր) շրջապատը երկայն տախտակներ կամ կաշէ սուֆրաներ կը շարեն. աւելորդ է ըսել որ իրենց նստարանն կամ հանգստարանն Երկիրն է, ո՛ւր կը զարնեն Պաղտաշ. քահանայն եւ վարդապետ հայր սուրբ (եթէ գործով մը գիւղի մէջ կը գտնուի կամ թէմական վանքէն կոչուած է) տան վերի գլուխը բազմած են, լիաբերան կը լեցուին ճաշի քեասաներն, որոց վերայ իւղն լճացած՝ կը ծփայ մատակարար կանանց արագաշարժութենէն, այս պահուս ամէն ոք անհամբեր կ’սպասէ տէր պապայի ՀԱՅՐ ՄԵՐ-ին, զոր ջերմեռանդօրէն կ’արտասանէ եւ խաչակնքմամբ ճաշն կ’սկսի ուտուիլ: Ագահօրէն ուտելոյ անվարժ մարդիկ, սեղանի առատութենէն, շատ անգամ կը կշտանան ոչինչ կերած: Հոգւոյ ճաշն տակաւին կը շարունակի եւ շերեփի (քէփչէ) նման խոշոր դըգալներն վար ու վեր անընդհատ կը շարժին. տան հարսներն ու երիտասարդներ, մոմի նման, դիմացնին կեցած կը վառուին պարպուածներն անմիջապէս լեցնելոյ համար. այսպէս ահա կը կշտանան ամենքն ալ:
       Երկրորդ սեղան կը նստին կանայքն եւ աղջկունք, որք արանց նման, ճաշելոյ կերպի մասին անմրցանակ չեն եւ առ այս իրաւունք ունին. վասն զի իրենց չարաչար աշխատութեամբն արանց կը հաւասարին: Ի վերջոյ տան երէցն Հայրմերի լրմանը՝ շեշտելով կ’արտասանէ “օրհնեցի եւ պահպանեցի զտունս, զտեղիս, զայրըս եւ զկանայս, զծերս եւ զմանկտիս, զկերողս եւ զկերցնողս, նոյնպէս զննջեցեալս ձեր, որ ‘ի հողոյ տապանիս իցեն, ‘ի լոյս երեսաց իւրեանց հանգուցանիցէ եւ դարձեալ զհոգիս նոցա արժանիս լիցի յարքայութեան Երկնից, զմնացորդս բարի յիշատակ եւ անփորձ արասցէ: Աստուած շէն եւ պայծառ պահեսցէ եւ սեղաննիդ առատացուսցէ ամէն”: Քահանայն նմանօրինակ եղանակաւ կանանց սեղանն եւս օրհնելէն ետքը ամենքն միահամուռ իրեն ձեռքը կը համբուրեն եւ կը մեկնին հետզհետէ: