Յիսուսի վերջին շաբաթ եւ Խաչի ճառ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Theology  
ՅԻՍՈՒՍ Ի ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՄԱՀՈՒ
       Աստուածորդիդ իմ անմահ, ահա մարդիկ քո կեանք երկրէս բարձին։ Եւ ո՞ պիտի պատմէ այսուհետեւ քո ազգատոհմ։ Միթէ դու այս աշխարհիս վերայ անազգ անտոհմի՞կ ես, որ խաչին վերայ մեռած այնպէս մնացիր. միայն Մայրդ կայ առ խաչիդ ողբով ու կոծով նուաղեալ, եւ մի քանի եղբայր ու քոյր մտերիմներդ, որ իսպառ զքեզ սիրեցին եւ մինչեւ ի մահդ չմեկնին քեզմէ։
       Ո՞ւր է քո վերջին հանգիստ, անթաղ անգերեզմա՞ն պիտի մնաս Տէր։ Հայրենի ժառանգութիւն կալուած չունիս, անտուն անստացուած կեանք վարեցիր աշխարհիս վերայ։ Յակովբայ տան պարգեւ տուիր Աւետեաց երկիրը. տեսցուք, թէ նա քո գերեզմանին համար մի կանգուն տեղ կուտա՞յ։
       Արեմաթացի իշխան Յովսէփ, որ ի ծածուկ քեզ կը հաւատար ու կը պաշտէր, եւ այն որ դպրաց ու փարիսեցւոց ահէն չհամարձակեցաւ երթալ Պիղատոսի ատեանը եւ քո դատը պաշտպանել, աւադիկ նա քո մահուանէն յետոյ կը սրտապնդի գէթ ի մահուդ` թաղմանդ սպասաւորել։ Նա մոռացաւ ճշմարիտ բարեկամութեան սէրն ու պարտիքը, մտաբերեց ընդհանուր մարդասիրութեան պարտիքը վճարելով` քաւէ իւր յանցանքը։ Ուստի գնաց առ Պիղատոս եւ ասաց։ Տէր դատաւոր, մի պարգեւ կը խնդրեմ ի քէն, որ աշխարհիս փառք կամ պատուանշան չէ, այլ միայն մեռած մարմին մի Նազովրեցի Յիսուսին, որ տակաւ անթաղ մնացեր է Գողգոթային գլուխ։ Նա աշխարհիս հրապարակին վերայ ինկած` անտերունչ մեռեալ մի է. բարեկամ ու պաշտպան չունի։ Միայն մայրիկ մի ունի, որ խաչի պատուանդանին տակ թալկացած է իւր միակ որդւոյն սիրով։ Տէր, կաղաչեմ հրաման տուր, երթամ թաղեմ Յիսուսը, գէթ սփոփեմ սուգն ու լացը` նորա վշտագին մօրն։
       Եւ գիտե՞ս դու, ո՛վ իշխան, մեր անհաւան Հրէից ազգը առ նախանձու մատնեցին քեզ այն անմեղ եւ արդար անձն. եւ դուք ինքնին զգացիք իսկ նորա անմեղութիւնն. թերեւս սորա համար ձեռքդ ժողովուրդին առաջ լուանալով` անպարտ արիւնէն զձեզ քաւել ուզեցիք։ Եւ ես իսկ, որ նոյն Հրէից ժողովուրդէն եմ, բնաւ հաղորդ ու մասնակից չեմ Յիսուսի մատնութեան կամ նորա տարաբախտ մահուն։
       Տէր իմ, այնպէս կը թուիս թէ անտերունչ ես, այլ դու բարեբաստիկ կը համարուիս քան զաղքատն Ղազարոս։ Եւ դու տեսե՞ր զայն արդեօք. որ մեծատան դրան առաջ փողոցին մէջ մեռաւ, ոչ բարեկամ ունէր, ոչ ազգական. իւր պահապան եւ կարեկից փողոցի շուներն էին, որ լիզելով կը կազդուրէին նորա ցաւալից վէրքերը։ Եւ դու միթէ կը մոռանա՞ս եւ չես յիշեր առակիդ մէջ, թէ ո՛վ եղաւ յուղարկաւոր եւ թաղեց այդ փողոցի աղքատը։
       Ո՛վ տիեզերաց Տէր եւ մեծատուն, որ աշխարհիս հրապարակներու վերայ ինկած թշուառ Ղազարոսներու համար աղքատացար ու մեռար իսկ, մի՛ հոգար թէ մարմինդ Ղազարոսի նման անթաղ կը մնայ. ահաւասիկ Հրէից երկու պատուական իշխաններ քեզ յուղարկաւոր կուգան։ Նիկոդիմոսն եւս կ»ընկերանայ Արեմաթացւոյն հետը, այն որ արեւէն վախնալով զլոյսդ` գիշերուան մէջ տեսնալ կ»ուզէր եւ որ կը հարցնէր կրկին ծննդեան խորհուրդը եւ կ»ուսանէր քո լուսաւոր վարդապետութենէն։
       Երեկոյ է եւ արեւն ի մուտս կը խոնարհի. ճեպեցէ՛ք, ո՛վ Յիսուսի թաղման սպասարկուք. ճեպեցէք մեր աշխարհի արեւուն հետը` կենաց լոյսն եւ արեւն ի հող դնել։ Եւ ո՞ւր, ո՜հ, աշխարհին Տէր գերեզման չունի։ Յովսէ՛փ իշխան, ասեն թէ պարտիզիդ մէջ վիմափոր գերեզման մի ունիս պատրաստ` ի նախնեաց քեզ ժառանգ մնացեր է, դու զա՜յն Յիսուսին ընծայէ։ Պաշտող կանայք` թող պատան պատրաստեն. Նիկոդիմոս իշխան զմուռս եւ հալուէ բերէ. պատուել ու պատանել պէտք է այն խաչեալ մարմինը, որ իւր անուշ հոտով զաշխարհ լցոյց. մարդկային նեխեալ ու փտեալ մարմինը անապականութեամբ զմռսեց. որոյ վասն կ»ողբար Դաւիթ, «Նեխեցան եւ փտեցան վէրք իմ յերեսաց անզգամութեան իմոյ։»
       Ելէ՛ք Գողգոթայի գլուխ, երկիւղած իշխանք, ելէ՛ք եւ երգեցէք ՍՈՒՐԲ ԶԱՍՏՈՒԱԾՆ. խաչէն ի վայր առէք Յուդայի Առիւծակորիւնն, որ ելաւ բազմեցաւ խաչի դիտակին վերայ։ Արդ իջեցուցէք թող հանգչի գերեզմանին մէջ, թող պահ մի կափուցանէ իւր ամենատես աչքը, զի սիրտն արթուն է։ Այսպէս մեռաւ ու ննջեց քո խաղաղութեան այրն, Դաւիթ. միթէ ո՞չ յաւելուցու յառնել` որուն լի յուսով կը հաւատայիր։
       Յիսուսի թաղման երգահան ողբերգուն դո՛ւ ես, մեծդ Սահակ. քնարդ ա՛ռ, ե՛կ այսր. Յովսէփայ պարտիզին մէջ հով ծառի տակ նստիր. մինչեւ Իւղաբեր կանայք պատանեն զՅիսուս` դու երգէ «զՊԱՐԳԵՒԱՏՈՒՆ»։ Երգէ՛ թէ անմահն Աստուած մեռա՜ւ եւ Պիղատոսէն իբրեւ պարգեւ խնդրեց զայն Յովսէփ։ Երգէ՛, որ լոյս էր եւ կը հագնէր զայն իբրեւ հանդերձ. ո՜վ, կը հաւանի եւ չի դժուարիր, կը թողու որ մահկանացու ձեռք զինքն պատանէ։ Երգէ՛, յաւիտենից Կենդանին` կը մեռնի, արթուն Բնութիւնն` կը ննջի, արդարութեան Արեգակն` գերեզմանի ստուերով կը ծածկի, Հօր փառաց Ճառագայթ` կը նսեմանայ, Կեանքը` կենազրաւ կը լինի, արարածոց Ծնցութիւնն` կ»արտասուի իւր ոգաւոր մտերիմներէն։
       Երգէ՛ զԵրրորդ ձայնդ, Էնն Աստուած, գիրն անփակ` կը փակի եւ մեծ Քահանայպատեն` կը կնքի քահանայից մատանով. կափարիչը ծանր վիմին տակ կը դրուի այն աշխարհալիր վէմն. որպէս զի անշարժ մնայ, չը խլրտի ու փշրէ աշխարհիս ամբարտաւանութեան պատկերները։
       Կենարար Տէ՛ր, դեռ երէկ Ղազարոս բարեկամդ գերեզմանէն կանդեցիր, հրաման տուիր որ նորա երիզապինդ պատան քակեն եւ կապանքէն լուծելով թողուն որ երթայ. բա՜բէ, դու այսօր մեռելի նման անշշունչ ես։ Մարիամ այն թաղմանդ իւղն պահեր էր մինչեւ քո պատանաց օրը. մեղապարտ կիները որ երէկ ողջ գլուխդ եւ ոտքդ ազնիւ իւղով օծեցին, այսօր ողջ մեռած մարմինդ կ»օծեն. դու որ ի հոգւոյն Աստուծոյ ճշմարիտ Օծեալն էիր, եւ եկար միայն աշխարհիս աղքատներուն աւետարանել։
       Շուտ արէք, ո՛վ եղերամարք, խո՛ւտ արէք. Յիսուս յաւիտենական մեռեալ չէ. շատ խնամով մի՛ կարէք նորա պատանը, մի շօշափէք նորա խոցեր ու վէրքերը. առէք գլխէն փուշ պսակը, հանէ՛ք կողէն տիգին սայրասուր ծայր, ժողովեցէք արիւնոտ բեւեռները, զամէնն եւս պահեցէք իբրեւ յիշատակ. միամօր որդեակն ի գերեզման դրէք, առէք ցաւալի Մայրն ու գնացէք. բաւ է այսչափ ձեր կոծն ու լաց։
       Հանգի՜ր Տէր իմ, հանգի՜ր. թող դիւրանան խոնջեալ ոտքերդ, թող անցնի ցաւն վիշտերուդ ու վէրքերուդ. կ»ասէիր թէ որդի մարդոյ գլուխ դնելու տեղ չունի, արդ գերեզմանին մէջ դիր. ապիրատ Երուսաղէմ այդպէս կամեցաւ քեզ։ Պաղեստինոյ քարուտ երկրին մէջ շատ վաստակեցար, ո՛վ փրկութեան մշակ. գերեզման քո վերջին քրտանց գրաւն է, այլ եւս խաչակրութեան քայլափոխ չունիս, խաչիդ եւ տնօրէնութեանդ ասպարէզն այսչափ էր։
       Ո՛վ մարմնացեալ ճշմարտութիւն, Բէթլէհէմի երկրէն ու մսրէն բուսար, երեք տարի միայն զքեզ յայտնելով` Աւետարանիդ կենաց բանը քարոզեցիր. եւ արդ գերեզմանին մէջ կը թառամիս, ո՛վ ծաղիկդ ու գաւազանդ Յեսեայ։ Ամփոփէ ձեռքդ, Յիսուս, որով ապերախտ ժողովուրդին որդիները յարուցիր։ Թող լսէ այժմ քո դառն հառաչանաց ձայն` որ սրտառուչ հոգւով կը կանչէիր. «Երուսաղէ՜մ Երուսաղէ՜մ... Եթէ գիտէիր դու գոնէ՛ յաւուրս այսորիկ զխաղաղութիւն քո, բայց արդ վերացաւ ի քէն։»
       Աւա՜ղ, Աբրահամու որդիք համրացան ու չը լսեցին քեզ։ Դու Յակովբայ տան մշտնջենաւոր խաղաղութիւնն էիր. գո՛նէ այցելութեանդ ժամանակը զքեզ չճանչնաս, եւ այժմ դու եւս խռովելով կը վերանաս իրմէն եւ կը ծածկուիս։ Իսրայէլի ժողովուրդին փառք էիր, նա զքեզ ոտնահարեց. որպէսզի քեզ հաւատացող հեթանոսաց իբրեւ լոյս յայտնուիս եւ Սիմէոնի գուշակութիւնն ստուգապէս կատարուի։
       Յիսո՛ւս, դու Յովսէփ գեցեկի՞կն էիր, որ եղբայրներդ առ անխանձու քեզ դաւ գործեցին։ Այլ քո դէպք նոյնօրինակ չ, նա ինքն ողջ մնաց, միայն ծաղկենկար պատմուճանն ու լի արեան մէջ թաթխելով` համբաւեցին թէ գազաններ զՅովսէփ կերան. իսկ դու կուսական մարմնոյդ անձեռագործ պատմուճանովդ հանդերձ զենեցար, եւ զքեզ ողջամբ թաթաւեցին արեան մէջ. թող այս` եւ արդ մահուան ու գերեզմանին գուբն իջեցուցին։ Յակովբ նահապետ Յովսէփայ արիւնաներկ պատմուճանին վերայ անմխիթար կուլար։ Իսկ քո Հայր երկնքէն ապաժոյժ խաչիդ վերայ հայեցաւ, եւ այժմ եւս գերեզմանիդ վերայ կը հայի։ Գիտես թէ անկարեկից է, կզբօսնու եւ կը զուարճանայ. վասն այն դու գերեզմանիդ խորէն սրտագոչ բարբառ մի կը հանես երկինքը, «Յի՜ս հաստատեցաւ սրտմտութիւն քո (Հայր) զամենայն զբօսանս քո ածեր ի վերայ իմ»։
       Ո՜վ, քանի՞ դժուարին է հասկնալ քո Հօր եւ քո անհաս խորհուրդները, ո՛վ Աստուածորդիդ մեռեալ։ Ինչ որ քեզ համար խաչ, անարգութիւն, եւ մահ է, Հօրդ համար հաճոյական պաշտօն եւ զոհ է։
       Միթէ քո Հայր, մեր փրկութեան համար խա՞ղ արար զքեզ, խաչի տեսարան թողուց եւ արդ գերեզմանիդ վերայ կ»զբօսնու. ոչ ինչ փայթ չունի, կը թողու, որ անմահդ` ի կարգս մեռելոց թաղեն. լոյսդ` հողին հետ խառնել կուտայ, կեանքդ` մահուն կը մատնէ, անբաժան սէրդ` մինչ ի դժոխս կը մերժէ։ Վասն որոյ դու ոչ միայն աշխարհի մարդոցմէ այլ նոյն իսկ քո Հօրէն թողուած իբրեւ անծանօթ մարդ մի եղար աշխարհիս վերայ։ Եւ արդ թողիր գնացիր մեռելոց աշխարհը. տեսցուք այդ մոռացեալ երկրին մէջ ո՞վ պիտի ճանաչէ զքեզ։
       Կը նենջե՞ս, կը լռե՞ս եւ գերեզմանիդ խորէն չե՞ս մռնչեր, հզօր Առիւծ. ես զքեզ տեսայ, դու երբ ի Բեթանիա` Ղազարէ՛ կը կանչէիր, ձայնդ մինչեւ ի սանդարամետ հասաւ։ Տեսցուք, ո՛վ պիտի կոչէ զքեզ, զի անձնանուէր խաչակրութեանդ մէջ մարդ մի եղար առանց օգնականի, եւ կասեն քեզ համար թէ մեռելոց մէջ ազատ ես։ Չգիտեմք, ի՞նչ է այս, մահուան ստուերին տակ եւ մեռելոց աշխարհին մէջ ազատութիւն կա՞յ։