Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Զ. ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՑ
      
       Աշխատութիւն մարդոյն կեանք արդիւնաւորող Աստուծոյ օրհնած սերմն է. եթէ յուսով ցանես զայն` շահաբերութեամբ կը հնձես, կեանքդ լիասեղան հացով եւ բարեօք կը լեցուի. եթէ չ»ցանես` ոչ ինչ չես հնձեր եւ կեանքդ կը սովամահի։
       ՄԱՐԴՈՅՆ աշխատութեան եւ գործունեայ կեանքին պիտանի եւ օգտակար դասը պիտի խօսիմ քեզ, ժիր ու գործասէր որդեակ իմ, ականջդ բաց եւ ինձ տուր քո միտքդ, զի այս կենսական դասն է, որ քո կեանքը կը բեղմնաւորէ, դու անպէտ անպտուղ ծառ չես լինիր մարդկային ընկերական դրախտին մէջ, որ աշխատութեան պտուղ չը տալով` միայն երկիր կը խափանեն. զոր իրաւամբ հատանել պէտք է, կը վճռէ Յիսուսին բացախօս առակը։ Եթէ մարդն ինքնին ազատ իրաւունք ունի իւր անկած եւ դարմանած պարտիզին անպտղատու ծառեր հատանել, քանի՞ առաւել աշխարհիս դրախտ տնկագործող Արարիչը տիրապէս իրաւունք ունի հատանել այն ապարդիւն մարդատունկեր, որք ոչ միայն հակառակ կը վարին տիրական վճռոյն դէմ, այլ եւ տիեզերքի բնական օրինաց դէմ շատ մեղապարտ կը լինի մարդ, երբ կը դիտէ ու կը տեսնա, որ երկինք ու երկիր կը շարժին եւ կը գործեն, անդադար միշտ արդիւնաւորելով այս մեծաշահ դաստակերտ թէ ի պէտս մարդոյն եւ թէ ի փառս բարեխնամ Արարչապետին։
       Տեսողութեամբ ու մտքով կոյր մի լինիր եւ կորահայեաց, որդեակ իմ Սամուէլ, գլուխդ ի վեր առ, աւագ աչքով դիտէ եւ տես բովանդակ տիեզերաց գործունէութեան հանդէսը, որ զտիւ, եւ գիշեր շարժման եւ փոփոխութեան մէջ անվրէպ կը կատարեն իրենց սահմանեալ ընթացքը` միշտ հպատակ լինելով յաւիտենական օրինաց տակ։ Եւ նոյն ինքն տիեզերաց փարող Արարիչը միթէ անգործ կը հանգչի՞. ոչ. զի ասաց Քրիստոս. «Հայր իմ մինչեւ ցարդ գործէ եւ ես գործեմ»։ Եւ ի՞նչ է նորա գործը. դու տես թէ ինչ էր։ Իր աներեւոյթ գահէն տիեզերաց սանձ բռնել ու վարել, նախախնամել արարած էակները, որ գոյութենէն ի չգոյութիւն չը դառնան, մեռեալներ հողին տալ, հոգիներ յանմահութիւն կոչել, եւ նորածնելոց` նոր հոգի տալով` մարդոյն կեանք վերանորոգելով պահպանել։ Չմոռնանք նաեւ նորա գերագոյն արդարութեան դատաւորութիւնը, որով կը տեսնայ աշխարհիս դատաստանն. եւ մարդիկ չը գիտեն թէ հողմն ուստի՞ կուգայ եւ ո՞ւր կ»երթայ։
       Երանի՛ թէ մեր աչք պարզապէս զօրէր եւ մեք տեսնայինք թէ այն կապուտակ երկնակամարին անհուն անհամար մարմնոց մէջ ի՞նչ աշխատութիւն եւ տքնութիւն կայ։ Արեւ, լուսին, մոլորակներ եւ բոլոր համաստեղութիւնք, որք թէպէտ մարդոյն նման ազատ էակներ չեն, այլ իբր ինչպէս ինքնավար, ինքնաշարժ կը մղուին կը վարին արարչագիր օրէնքով։
       Իսկ մեր աշխարհ, որ մեր աչքին առաջ եւ մեր ոտքին տակն է, եւ զոր մարդկային իմաստասիրութիւն հանապազ կը հետազօտէ ու կը տեսնայ, թէ ինչպէս ծովն ու ցամաք, բոլոր բուսական խոտեր ու ծառեր, անշունչ եւ շնչաւոր էակներ, տարերք, ժամանակ, եղանակներն եւ առհասարակ բովանդակ երկրագունդ անդադար շարժման եւ աշխատութեան մէջ են. որոց արդիւնք եւ նպատակ շատ յայտնի է մեզ։ Մարդոյն կեանք եւ նորա հետ բոլոր կենդանեաց կեանք մի աւուր մէջ կը չքանայ, եթէ երկիր ցորեան չիտայ մեզ համար, եթէ խոտ չբուսուցանէ անասնոց համար, եւ ծառեր չը պտղաբերին եւ արեւ իւր լուսով ջերմութեամբ չկենդանացնէ մեր աշխարհ. եւ այս ամենուն հետ եթէ արարչական խնամքն իւր երեսը դարձնէ` ինչ կը լինի մարդոյն եւ բոլոր շնչաւորաց կեանք. այդ կը խոստովանի Դաւիթ. «Դարձուցանես զերեսս ի նոցանէ` խռովին, հանես գոգի ի նոցանէ` պակասին եւ ի հող դառնան»։
       Իսկ մարդոյն աշխատութեան համար կը խօսի. «Ելանէ մարդ ի գործս իւր ի վաստակս ձեռաց իւրոց մինչեւ յերեկոյ»։
       Զի մարդն այս աշխարհիս վերայ գործաւոր մշակ մի է. քանի որ կեանք ունի, աշխատութիւն` իւր բնական ու բարոյական պարտիքն է։
       Մարդկային ընկերական աշխարհ թագաւորէն սկսեալ մինչեւ գիւղական մշակն` ամէնքն եւս անդադար աշխատութեան մէջ կը դեգերին ու կը պարապին։ Բայց դու պէտք է դիտես, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ամէն մարդ իւր աշխատութեան բաժինն ունի։
       Հին աշխարհի մէջ մարդոց աշխատութիւն խիստ պարզ եւ անձուկ վիճակի մէջ էր. բայց նոր աշխարհ եւ քաղաքակրթութիւն մարդոց աշխատութեան գործ եւ ասպարէզ կարի շատ ընդարձակեց. եւ այսօր բիւր հազար տեսակ գործերու մէջ կը պարապի մարդկային ընկերութիւն։ Այդ եւս բաւ չէ, տակաւին կը տքնին մարդիկ անդուլ անդադար նորանոր արուեստներ եւ գործեր հնարել զբաղասէր մարդոյն համար։ Այլ գիտես թէ մարդ որչափ իւր կեանքին պէտքեր հնարէ, բազմապատկէ` այնչափ եւս իւր ցանկութիւն կը գրգռէ եւ երբէք շատ չասէր։ Ո՛վ գիտէ, թերեւս Նախախնամութիւն` մարդոյն ցանկութեան չափ չը դրաւ. որպէս զի մարդ հնարասէր գործասէր լինի եւ հայթայթէ իւր կենաց պէտքեր։ Բայց թէ ինչու՞ համար ոմանց ամենածանր եւ ոմանց ամենաթեթեւ աշխատութեան բաժին հասեր է, մի զարմանար, այդ եւս անհաւասարութեան օրէնքին տակն է։ Բայց թէ ծնանր եւ թէ թեթեւ, թէ մտքով ու թէ մարմնով` մարդիկ ընդհանարապէս աշխատութեան դատապարտուած են։ Թագաւոր` զոր մեք անաաշխատ կը կարծենք, նա եւս մտքով եւ աշխարհի հողերով կ»աշխատի. իշխան, դատաւոր` աշխարհավարութեան մէջ կ»աշխատին. զօրավար, զինուոր պատերազմի դաշտին մէջ արիւնով կ»աշխատին։ Այսպէս նաեւ վաճառական` իւր վաճառականութեան մէջ, արուեստաւոր` իւր արուեստին մէջ, իմաստասէր` իւր կարասին մէջ, մատենագիր հեղինակ` իւր մտաւոր ու գրաւոր աշխատութեան մէջ, եւ քան զաէն առաւել երկրագործ մշակ` արեւակէզ դաշտին մէջ։
       Ես ո՞ր մէկ թուեմ քեզ բազում զբաղման գործեր, որոնց մէջ հէք մարդ հոգւով ու մարմնով կը տառապի ու կը տառապի։ Եւ գիտե՞ս դու թէ ի՞նչ է իւր նպատակ եւ ջանք։ Սողոմոն կը բացատրէ քեզ այդ. «Ամենայն ջան մարդոյ ի բերան». այսինքն թէ մարդ այս աշխարհիս վերայ իւր բերնին ու փոքրին համար կը ջանայ եւ կ»աշխատի։ Երանի՛ թէ իւրաքանչիւր մարդոց աշխատութեան հաց` իւր բերանը հասնէր. զի մարդիկ կան, որ բիւրաւոր մարդոց աշխատութեան հաց իրենք կ»ուտեն եւ ես չեմ յիշեր քեզ, դու ինքնին գտիր, թէ ո՞յք են այդ կարգի մարդիկ աշխարհիս վերայ։
       Այս անհաւասար բաժնին ու կեանքին դասը` պէտք չէ կրկնեմ քեզ, որդեա՛կ, աշխատութեան վերայ խօսիմ միայն, որ մարդոյն եւ իւր կեանքին ճակատագիրն է. մարդ կարող չէ քերել ու եղծել զայն։ Մեծն Սողոմոն իւր գահէն կարեկից աչքով տեսաւ մարդոյն քաշած վշտակիր ու տառապանաց կեանքը` ասաց. «Զբազումն չար ետ Աստուած որդւոցմարդկան, զբաղիլ ի նոսա»։ Չխոտորիս, որդեակ իմ, այլ ուղիղ մտքով իմացիր Սողոմոնի բան, որով կը պարսաւէ ունայնամիտ եւ չարարուեստ մարդոց անշահ աշխատութիւն եւ ագահութեան ընդունայն դեգերանքն։ Քա՛ւ թէ այնպէս կարծեմք, որ բարեխնամ Արարիչը` բարի աշխատութիւնն իբրեւ չար զբաղումն տուաւ մարդոյն։ Եթէ այսպէս կարծենք` ուրեմն Աստուած զմարդն ստեղծեց, որ զայն չարազբաղ աշխատութեան մէջ ջախջախէ եւ ինքն զբօսնու կամ զուարճանայ։ Բայց չէ. նա զմարդն աշխարհիս ագարակին մէջ դրաւ, որպէսզի գործէ ու վայելէ իւր արդար վաստակը, երախտապարտ լինի, օրհնէ ու փառաւորէ իւր Արարիչը։
       Գրենք այժմ թէ ի՞նչ է մարդոյն նիւթական աշխատութեան արդիւնք։ Այդ ինքնին շատ յայտնի է մեզ, որ մարդոց աշխատութեան արդիւնք հաց եւ հարստութիւնն է. եւ հարստութեան առաջին եւ մշտնջենաւոր աղբիւրը` հողն ու երկիրն է, զոր մեծատունն Աստուած տուաւ մարդոյն իբրեւ օժիտ կամ իբրեւ ժառանգութեան կալուած, որ գործէ ու պահէ։ Մարդոյն այս ամենահարուստ կալուածն` իւր ծոցէն եւ ակնէն իբրեւ անհատահոս աղբիւր շարունակ կը բղխէ եւ կը հոսէ յորդեալ գետերու պէս անսպառ եւ անհատնում հարստութեան գանձերը։ Չէ թէ միայն հաց կամ ուրիշ արմտիք, որք մեր կեանքին բուն սնունդ են, այլ եւ հանքային գանձեր, ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, անագ, կապար եւ այլ շատ պէսպէս մետաղներ, որ դարձեալ մեր կեանքին կը ծառայեն արուեստաւորաց ձեռքով, եւ բազմապատիկ կը յաւելուն մարդոյն հարստութեան մեծութիւնը։
       Սակայն երկրին այս բնական հարստութիւն բաւական չէ, այլ պէտք է հողին ու երկրին հետ։ Քրիստոս կ»ասէ թէ երկիրն ինքնին կը բերէ պտուղ, այո՛, շատ բաներ կան, որ առանց մարդոյն աշխատութեան երկիր իւր ինքնաբերութեամբ կը մատակարարէ. զորօրինակ անմշակ անտառներ եւ այլ անձեռատոնկ շատ վայրենի ծառեր. թողումք լեռներու եւ դաշտերու բուսական խոտեր։ Բայց Քրիստոսի խօսք, որ մասնաւորապէս ցորենաբոյսին համար է, այդ եւս մինչեւ մշակ գետին չհերկէ եւ չցանէ սերմն, արտն ինքնին ցորեան չի բերեր։
       Ուստի եթէ հարստութեան առաջին ամենաբուղխ աղբիւր երկիրն է, պէտք է համարինք որ այդ աղբիւր առատացնող ձեռքը` մարդոյն աշխատութիւնն է։
       Հանճարեղ մարդ շատ պէսպէս վայրենի բոյսեր, կենդանիներ ընտելացոյց, որք այսօր առ հասարակ մեր պէտքերուն կը ծառայեն։ Երկրասէր մշակ իւր աշխատութեամբ հազար տեսակ հունտեր կը ցանէ, մատաղ տունկեր կը տնկէ եւ բիւրապատիկ բազմազան բերքեր հանելով կը հարստանայ։ Վաստակասէր մարդ սոսկ երկրին երեսը բաւ չը համարեց իւր անդուլ աշխատութեան ասպարէզ. այլ փորեց հողը, մտաւ մինչեւ երկրին սիրտը, կրկտեց գտաւ ոսկին ու արծաթ, հանեց ճոխացոյց իւր հարստութեան գանձարանը։ Երկաթ հանեց, երկրագործին խոփն ու մանգաղ շինեց, ափսո՛ս որ, խոփին ու մանգաղին հետ` սուրն եւս կոփեց իւր ընկերին կեանքը բառնալու համար։
       Մարդոյն հարստութեան երրորդ ամենամեծ աղբիւրն, որ կը միանայ հողին եւ աշխատութեան հետ, եւ որով ահագին Ովկիանոսի չափ հարստութեան ծով կը կազմէ, ի՞նչ է, գիտես. հարցուր, որդեակ իմ, եւ ես խօսիմ քեզ. գիտութիւն եւ արուեստն է, որ այնչափ եւ անհամար նորանոր հարստութեան աղբիւրներ բացաւ զորս չը կարեմ` թուել ու ճառել։
       Դու պէտք է գիտնաս թէ հին դարերում երբ գիտութիւն եւ արուեստ իւր խանձարուրին մէջն էր, դեռ չէր զարգացեր ու չէին ծներ այն մեծ եւ աշխատաւոր հանճարներ, որք նորանոր գիւտեր եւ արուեստներ ծնան, մարդոյն հարստութեան գլխաւոր աղբիւրներ միայն հողային մշակութիւն եւ հովուական խաշնադարմանութիւն էր։
       Իսկ վերջին դարերում մանաւանդ տասնեւիններորդ յառաջդիմութեան դարը, յորում տքնող հանճարներ իրենց գիւտերով յորդեցին ընդարձակեցին հարստութեան աղբիւրին ակները, այդ մշտաբուղխ աշխարհի ակներէն վտակներ, գետեր բղխեցին, ողողեցին առ հասարակ արեւմտեան Եւրոպիոյ աշխարհ։ Այլ մեր արեւելեան աշխարհ, որ նա կարենար յառաջդիմել։
       Խօսինք այժմ անգործ եւ անաշխատ կեանքին վերայ, որոյ հետեւանքն աղքատութիւն է. անտարակոյս աղքատութիւն եւս իւր սկզբնական պատճառներ ունի, եթէ հարստութեան պատճառը կը համարինք թէ մարդոյն աշխատութիւն եւ ժրագործ ձեռքն է. ուստի պէտք է ուղիղ հասկնամք թէ ապա ուրեմն անգործ ձեռք եւ անաշխատ կեանք` մարդոյն չքաւորութեան բուն նախապատճառներն են։ Ասիոյ արեւելեան աշխարհ ուր մեք կը բնակիմք, երկրի բնական հարստութեան ամենաճոխ ծածկեալ գանձարան մի է։ Մեր լայնածաւալ արգաւանդ դաշտեր, որ ամէն սերմերու եւ անկագործութեան ընդունակ են, եւ եթէ մշակուին` իրենց բարեբերութեան եւ առատութեան արդիւնք աշխարհին բաւ է։ Մեր լեռներ ու հովիտներ եթէ ապահովին, արդեօք Զուիցերիոյ չափ կովեր ու եզներ, անթիւ անհամար ոչխարաց հօտեր չե՞ն դարմանուիր։ Հապա մեր ինքնաբոյս անմշակ անտառներ, մեր բազմագանձ հանքեր, որ այնպէս անկրկիտ կոյս մնացեր են հոգին տակ, անգործ եւ ապարդիւն։
       Ինչպէս գրեցի ի վեր, յիշէ, որդեակ իմ, աստի յայտնի է, որ երբ աշխատութիւնը չի միանար բնական հարստութեան հետը, հարստութիւնն իբրեւ ծածկեալ գանձ կը մնայ հոգին ծոցը. եւ մարդիկ անհաց, անգանձ, անգիտաբար կը շրջին ոտքի տակ թաղուած գանձերու վերայ միշտ աղքատ եւ կարօտած։
       Ուրեմն մեր աղքատութեան աղբիւրին մի ակն` մեր անաշխատ ձեռք եւ թմրած ոգւոյն ծուլութիւնն է։ Մի մարդ, մի ժողովուրդ, մի աշխարհ, որ զինքն աշխատութեան չի նուիրեր, նա միշտ հացի կարօտ կը մնայ վասն զի աշխարհիս վերայ հացն ու գանձ` միայն ախատող ազգին ու ժողովուրդին բաժինն են, եւ սորա ճշմարիտ ապացոյց` Եւրոպիոյ ժողովուրդն է։
       Բայց ի՞նչ պէտք է, եւ ի՞նչ է զօրաւոր դարման, որ անաշխատութեան մէջ ափշած ու թմրած ժողովուրդին միտքն ու հոգին մեռելութենէն հանէ ու մղէ դէպի գործունէութեան կեանք։ Այն պէտք է, ինչ որ պէտք եղաւ արեւմտեան ազգերուն. այսինքն լոյս, գիտութիւն։ Լոյսն ու գիտութիւն` մեր գործող զգայարանքներ եւ աշխատութեան կեանքը կ»ուղղեն. եւ մեր յառաջդիմութեան քայլերուն ճամբայ կը բանան եւ կ»ապահովեն մեր արդիւնք եւ հաստութիւն։ Եւ երբ արեւեեան ժողովուրդներ զուրկ են այս առաջնորդող լուսէն եւ մղիչ զօրութենէն, կը մնան ուր որ են, միշտ կարօտ, բեղմնաւոր երկրի մէջ. վասն զի հեղգամիտ եղան. աշխատութիւն չսիրեցին, ուսումն ատեցին, հանճարն անպատուեցին, գրասէր անօթի մեռաւ արուեստաւորն առանց քաջալերութեան մնաց. եթէ կային մեծամեծ խոչընդոտներ ելան. մեր ընկերական կեանք դարձաւ ի անշարժ դիակ. տեսանք յառաջադէմ աշխարհ եւ իւր անթիւ գործունէութեան օրինակներ մեր աչքին առաջ կեցած են, մեր միտք ու հոգին տակաւին չնորոգեցան. մնացինք այնպէս հնութեան ու հեղգութեան մէջ։ Մեք մտաւոր մարդ ծնանք, այլ մեր ոտքի տակ աշխատող չքոտի մրջիւնին ժիր գործունէութիւն չտեսնանք։ Մեծն Սողոմոն իւր խրատով աշխարհի վատ ծոյլերն կը յղէ մրջիւնին բոյն։
       Եւ դու, որդեակ իմ, երբ մրջիւնի բունէն` կ»անցնիս` կաց պահ մի ու զննէ, տես ու զարմացիր թէ քանի՞ աշխոյժ է այդ նկուն կենդանին. իւր բունէն մինչեւ քառասուն քայլ աւելի ուղղագիծ ճամբայ կը բանայ, կարաւան կարաւան անդադար կ»երթայ կուգայ. միշտ մի հատիկ պարէնով կը բեռնաւորի, կը բերէ կ»ամբարէ իւր բոյնը. եթէ պատահմամբ կոխես ու ճմլես զինք ի գետին, եթէ սայլին անիւն իւր ճամբոյ վրայէն անցնի, հազարներով ջախջախուին, նա տակաւին աշխատութենէն չի կասիր եւ երբէք չի թողուր իւր բացած արիւնոտ ուղեգիծն. այլ դիակներու վերայ կը կոխէ ու կ»անցնի իբրեւ աշխատութեան աննկուն շահատակ։
       Մրջիւն` մարդ չէ, բայց կը նախատեսէ, յամարան կը ժողովէ կ»ամբարէ իւր պաշարը, եւ ի ձմերան կը վայելէ. ազատ մնալով ի սովէն։ Մարդ մրջիւն չէ, նախատեսող միտք ունի. եւ երբ չի նախատեսեր, անգործ կեանք կը վարէ` նորա ձմեռն անշուշտ սովամահն է։
       Թողունք մրջիւնի բոյն, երթանք դէպի մեղուն. դիտէ ու տես թէ որչափ գործասէր է. երամ երամ կապելով կ»երթան ծաղկաւէտ հովիտներ կը շրջին, մեղրանիւթ կը ժողովեն եւ կուգան փեթակին մէջ կը գործեն, որոց արդիւնք թագաւորաց սեղան կը զարդարէ. եւ մեղրամոմն Աստուծոյ սեղանին վերայ կը վառուի։
       Հապա չտեսնա՞նք մեր պատերու սարդի գործունէութիւն, որուն համար կ»ասեն թէ կաւագործութեան արուեստին հեղինակ լինելով` օրինակ տուեր է մարդոյն. տես ի՞նչպէս անդուլ կը ձգնէ իւր աշխատութեան, մէջ անդադար կը մտնէ, կը հիւսէ իւր որսական ցանցը պատրաստելու համար։ Եւ ի՞նչ է իւր նպատակը, գիտե՞ս, միայն ճանճիկ մի որսալ եւ իւր կեանք պահել։
       Թող մտածեն մտաւոր մարդիկ եւ մեր աշխարհի ծոյլեր. եթէ սարդին համար ճանճիկ մի պէտք է, ո՛վ չի գիտեր թէ իրենց համար եւս հաց պէտք է։ Զի մարդոյն կեանքը պահպանող հացն է, մարդն առանց հացի կը չքանայ։ Մարդոյն ընկերական կեանք աշխատութեան զբաղումով կ»ապրի եւ կը յարատեւէ։
       «Եթէ կայ աշխարհիս երկրագնդին վերայ ծայրագոյն եւ անտանելի բեռն մի, այլ ծոյլերուն կեանքն է». հարցուցին իմաստասէրի մի եւ նա այսպէս պատասխանեց։
       Արդ ինչպէս տեսանք, սիրելիս իմ Սամուէլ, որ հարստութեան ծնող աշխատութիւնն է. ուղիղ կը հետեւի, որ աղքատութեան ծնող ծուլութիւն եւ անգործ կեանքն է. իսկ երկոցունց մեծ առաջնորդ, միայն` գիտութիւն եւ լոյսն է, իսկ միւսին` տգիտութիւն եւ կուրութիւն։ Վասն զի մարդոյն թշուառութեան բուն աղիտաբեր արմատը` մտաւոր կուրութենէն կ»սկսի եւ կ»աճի։
       Կը յիշես դու, Եւրոպիոյ գիտնոց կաճառէն յառաջ, մեր իմաստասէր Եղիշէն մարդոյ կոյր կեանքի նկարագիրը ճշդութեամբ կը հանէ. երբ հազար երեք հարիւր տարի յառաջ կը տեսնայ նա Հայոց աշխարհի թշուառութիւն եւ անկատար կեանք, այսպէս կուտայ իւր վճիռը, թէ «Կոյր ղրկի ի ճառագայթից արեգական, եւ տգիտութիւն ղրկի ի կատարեալ կենաց»։
       Այո՛, կուրութիւն կեանք չունի. նա պէտք է միշտ խարխափի աշխարհիս հրապարակին վերայ եւ մերթ եւս իւր գլուխը պատէ ի պատ զարնելով ջախջախուի։
       Այլ եւս համառօտենք այս դասը աշխատասէր եւ լուսասէր որդեակ իմ. եթէ կը բաղձանք որ աղքատութիւն եւ կուրութիւն մեր աշխարհէն բարձուին, թշուառութեան աղբիւրի ակներ խցուին, եւ հարստութեան ու երջանկութեան ակներ բացուին, աշխատութիւն սիրենք ու պատուենք, հեղգամտութիւն եւ ծոյլ կեանք ատենք ու հալածենք մեր անձէն եւ մեր ընտանեկան սրահէն։
       Իսկ դու, իմ ջանասէր որդեակ, որ մեր հայրենեաց մի պանդուխտ զաւակն ես, երբ կը յաջողի քեզ դառնալ քո հայրենի երկիրը, գործասիրութիւն եւ աշխատութիւն քարոզէ, ժրագործ եղիր, կեանքդ բեղմնաւորէ եւ բարի օրինակ հանդիսացիր քո հասակակից պատանիներուն առաջ։ Թող ի բաց ոսկին ու գանձ, տար իմ այս աշխատասիրութեան դասեր. տար աւանդէ մեր հայրենեաց անուս, անդպրոց մանուկներուն. ասա նոցա, թէ ձեր հայրեր պանդխտութիւն սիրեցին, օտարութեան մէջ մաշուեցան ու մեռան. դուք ձեր հայրենի քաղցր ծոցէն ու գրկէն, հողէն ու ջրէն բնաւ մի հեռանաք։ Ասա թող աշխատին, գործասէր լինին եւ իրենց դառն քրտինք հայրենի հողին վերայ թափեն։ Այն հողն ու ջուր, զոր օրհներ է Աստուած, շատ հաց ու հարստութիւն կը տայ իրենց։ Յիշէ դու եւ յուշ բեր նոցա, Սողոմոնի օգտակար խրատ, թէ «Որ գործէ զերկիր, լցցի հացիւ. եւ որ երթայ զհետ դատարկութեան, լցցի աղքատութեամբ։»