Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Ժ. ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՒ ԱՊԵՐՋԱՆԻԿ ԿԵԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՍ
      
       Երջանկութեան ծաղիկներ եւ ապերջանկութեան փուշեր
       մարդկութեան դարաստանին խառնաբոյսերն են, որ կը բերեն զբարին եւ զչար։
       Իսկ եթէ ի՞նչ է ապա բարւոյն եւ չարին աղբիւր եւ արմատ - Մարդոց սիրտն է, զոր տեսաւ Յիսուս եւ ասաց։
       «Մարդ բարի» ի բարի գանձուց սրտի իւրոյ բղխէ զբարի, եւ մարդ չար` ի չարէն բղխէ զչար»։
       ՍԻՐԵԼԻԴ իմ Սամուէլ, աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերջանկութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ, խելամտութեամբ ուշ դիր, դու որ ծաղկատի հասակիդ մէջ մտադիր եւ աշխարհիս երջանկութեան ծաիկները միայն քաղեք եւ ապերջանկութեան փուշերէն ի բաց հեռանալ։
       Խօսինք. ի՞նչ են երջանկութեան ծաղիկներ եւ ի՞նչ են ապերջանկութեան փուշեր, որք խառնաբոյս կ»աճին մարդկութեան ագարակին մէջ. դոքա դաշտի խոտերու նման ինքնաբոյս են, թէ մարդոյն ձեռք չը մշակէ զանոնք։
       Եթէ ողջամիտ տեսութեամբ դատենք, պիտի տեսնամք որ այդ ծաղիկնեու եւ փուշերու մշակը` մարդն է, իւրաքանչիւր անձն է, ընտանիքն է, ժողովուրդն է, ազգն է, աշխարհն է, տէրութիւնն է, որք անհասարակ կ»աշխատին աշխարհիս ագարակին մէջ, կամ ծաղիկներ կը մշակեն եւ կամ փուշեր. այդ երկու բոյսերուն սերմերն` իրենց ազատ կամքն ու սիրտն է։
       Արդ եթէ մարդոյն ձեռքն է` երջանկութեան եւ ապերջանկութեան թէ ծաղիկներու եւ թէ փուշերու մշակն, ուրեմն քանի որ մարդիկ կան աշխարհիս վերայ, մարդկութեան դարաստանին մէջ երջանկութեան եւ թշուառութեան ծաղիկներ եւ փուշեր յաւիտենական անհրաժեշտ օրէնքով պիտի մշակուին։ Եթէ միայն խլել ուզենք փուշերը, ոչինչ օգուտ չունի. դարձեալ անդրէն կը բուսնին. վասն զի նոցա բուն արմատն մարդն է. հարկ է որ զմարդն խլենք աշխարհէս։ Թէպէտ կան մարդիկ, որ դժնիկն ու ծաղիկ ի միասին խլել կ»ուզեն, առանց խնայելու կանաչին եւ չորին, վրդին եւ փուշին։
       Եթէ կարենանք եւս միայն փուշեր խլել եւ ծաղիկներ թողուլ, այսինքն թշուառութիւն բառնալ եւ երջանկութեան ծաղիկներն այլ եւս կը մնա՞ն. կամ երջանիկ կարծուած մարդ իւր երջանկութիւն կը զգա՞յ առանց թշուառին վիճակը տեսնելու։ Վերցուր աղքատ Ղազարոս մեծատան դրան առջեւէն. եւ ահա այլ եւս նա իւր երջանկութիւն չը զգար եւ առ ոչինչ կը համարուի իւր այնչափ հաճոյք եւ փափկասուն կեանք։ Վերցուր նաեւ մեծատունն եւ իւր շքեղ ապարանք Ղազարոսի աչքի դիմացէն, ծածկէ նորա բեհեզն ու ծիրանին մեծահաց սեղան եւ ծառաները. եւ ահա նա չը զգար այլ եւս իւր թշուառութիւն. նա ինքնին մեծատուն կը լինի, ուրախ եւ գոհ կեանք կը վարէ բարեկամ շներո հետ։
       Այո՛ կը լսենք ու կը հաւատանք, թէ մարդասէր քաղաքակրթութիւն անտէրունջ անկեալ Ղազարոսներ ժողվեց աշխարհիս հրապարակէն. հիւանդանոց, դարմանոց եւ պատսպարան պատրաստեց նոցա համար, կոյրեր, համրեր եւ խուլերն անգամ գործունէութեան մէջ դրաւ. մինչդեռ մեր աշխարհի խեղանդամներ անդարման, անպատսպար թողուած են փողոցներու մէջ։ Մարդկութեան անարգուած պատկերներ գետնասող, գետնաչարչար լինելով` կողկողագին ձայնով կը պաղատին, անցաւորաց կարեկցութիւն կը հայցեն։ Եւ դու երբ Վոսփորի ծովակամուրջէն անց ու դարձ կ»անես, կը տե՞սնաս այդ թշուառութեան ապաժոյժ օրինակներ բուն մայրաքաղաքիս մէջ, որ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին խիստ մերձաւոր դրացին է։
       Բայց միթէ թշուառութեան երեւոյթ պատկերներ նոքա՞ են միայն, որ խեղանդամ են, կոյր ու համր են, մի լումայի եւ հացի կարօտ են, անտուն անյարկ են, մերկ ու մուրացիկ կը շրջին փողոցներու մէջ։ Ոչ, դոքա թշուառութեան փոքրիկ երեւոյթներ են. զորս մարդոյն աչք սովորած է տեսնել եւ այնպէս կարծե թէ դոքա միայն թշուառ են։
       Թշուառութիւն աշխարհիս վերայ համատարած է. եւ մեր ներքին ու արտաքին կեանքին մէջ ծաւալելով տիրեր է, տեղ մի առաւել եւ տեղ մի նուազ, նորա պատկերին երեւոյթներ շատ բազմադիմի են. տե՛ս, որդեակ իմ, եւ ես նոցա պատկերները հանեմ քո առաջ։
       Թշուառ չե՞ն նոքա, որ աչք ունին, լոյս չեն տեսնար. կամաւոր կոյր են տգիտութեան մէջ։ Թշուառ չե՞ն նոքա, որ լեզու ունին, ականջ ունին. այլ ոչ խօսիլ կարող են եւ ոչ լսել կը կամին։ Թշուառ չե՞ն այն մարդիկ, որ ոտք ունին, քալելու ճանապարհ չունին. ձեռք ունին, գործել չկարեն. սիրտ, հոգի ունին, թմրած ու լքած են։ Առաւել թշուառ չե՞ն այն ժողովուրդներ, որ ընտանիք ունին, պանդխտութեան չարաչար կը մաշին. որ վերջապէս կեանք ունին, կը շնդեն եւ կը շրջին երկրիս վերայ, այլ կիսակենդան են. բանաւոր կեանքի եւ ճշմարիտ կենդանութեան պատկեր չունին։
       Կան տակաւին ընդհանուր թշուառութեան այլ եւս շատ մերկատեսիլ ողորմելի պատկերներ, զորս կը թողում եւ քո աչքին առաջ չեմ հաներ, որպէս զի մատաղ ոգիդ այժմէն չը վշտակրի եւ դու յուսահատ լինիս, տեսնելով` թէ մեր կեանքի թշուառութեան փուշեր որչա՞փ բազմապատիկ են, որոց մէջ շրջապատուած դժբախտ մարդ միշտ խայթոցահար լինելով` ամենայն վշտաբերութեամբ կը վարէ իւր կեանքը։
       Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւն գիտութեամբ, կրթութեամբ, հին աշխարհի բարբարոս կեանքը յեղաշրջեց, եւ կը ջանայ մարդկային թշուառութեան փուշերը բոլորովին քաղել, արմատախիլ ընել, եւ մարդկութեան կեանքն` երջանկութեան ծաղիկներով զարդարել։
       Այլ ի՞նչ օգուտ երբ կը տեսնայ, որ անդէն կեանքին մէջ թշուառութեան նոր երեւոյթներ այլ եւ այլ կերպարանքով երեւան կուգան. եւ այդ նոր աշխարհի մարդիկ ծաղիկներու հետ փուշերն եւս կը մշակեն։ Պարծեցող քաղաքակրթութիւնն իսկ կը զարմանայ, թէ ուստի՞ արդեօք կը ծնանին թշուառութեան նորաբոյս փուշերը. կամ մեր ընկերական երջանկութեան արտին մէջ, բարի սերմերուն հետ ո՛վ կը խառնէ ու կը ցանէ դառնահամ ու հեղձուցիչ որոմները։
       Հրեշտակներ հարցուցին, Յիսուս պատասխան տուաւ. թէ թշնամի մարդ ցաներ է զայն։ Այո՛, չարարուեստ մարդն է որոմնացան մշակ, որ ինքնաբոյս կ»արտադրէ իւր սրտէն ու բնութենէն։ Ուրեմն մա՞րթ է բառնալ այս աշխարհէն այն մարդիկը, որ թշնամի են ընկերական եջանկութեան եւ կ»ապականեն միշտ նորա բարի սերման ագարակը։
       Այդ ցանկութիւնը հրեշտակներն եւս ցանկացած. հրաման խնդրեցին, որ երթան որոմնաբոյսերն ի բաց քաղեն։ Բայց նախախնամող Հօր Որդին ասաց. թոյլ տուէք, թող առժամանակեայ մի երկուքն ի միասին աճին մինչեւ հնձոց ժամանակը։
       Թէպէտ Աւետարանին առակը տիրապէս հաւատացելոց եւ թերահաւատից համար ցոյց կուտայ, որ այդ երկու դասն անբաժան է միասին աճին եւ ապրին, թէ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ եւ թէ աշխարհիս վերայ։
       Սակայն շատ բնական է իմաստասիրել այս խորհրդաւոր առակէն, թէ երկնից նանխախնամութեան մի թագուն անիմանալի խորհուրդն է այս, որ նա կը կամի զի այդ երկու հակառակ բոյսեր իրարու հետ աճին ու մնան։ Միթէ երկիրն եւս այդ օրէնքին տակ չէ, դու չե՞ս տեսնար որ տեղ մի ծաղիկներ եւ տեղ մի փուշեր բուսած են։ Երկրի բնական փուշեր հնազանդ են մարդոյն. եւ մարդ կարող է զանոնք արմատով քանդել եւ տեղը ծաղիկներ տնկե։ Բայց մեր ընկերական աշխարհի փուշեր, այնչափ հին ու խորարմատ են, այնչափ խիստ ու ստահակ են, որ մարդոյն բանաւորութեան եւ ճարտարութեան առաջ չեն հնազանդիր. ուստի դժուարին, անհնարին է թէ հին եւ թէ նոր փուշեր մարդկութեան անդաստանէն ի բաց խել։
       Խոնարհելով վերնախնամ Տեսչութեան առաջ, պէտք է խոստովանիմք թէ մարդոց այս խառնաբոյս ընկերական կեանքը` յաւիտենական օրինաց մի փակուած կնիքն է. մարդոյն ձեռք անձեռնհաս է քակել կամ եղծել զայն. երջանկութիւն պահել. թշուառութիւն վարել աշխարհէն։
       Կը խօսինք եւ կը գրենք, որդեակ իմ, թէ մարդոյն երջանկութեան եւ թշուառութեան ճշգրիտ նկարագիրն ի՞նչ են, կամ ո՞վ է երջանիկ եւ ո՛վ է թշուառ աշխարհիս վրայ։
       Մարդիկ յեղակարծ դատաստանով այնպէս կը համարին. ով որ հաց եւ գանձ ունի, ով որ համբաւով, հարստութեամբ իբրեւ աստղ կը փայլի ընկերական հորիզոնին վրայ, ով որ իշխան է, կը տիրէ ժողովուրդին վերայ, ով որ գահ ունի եւ զօրութեամբ պերճացած հրաման կուտայ աշխարհին. ահաւասիկ սոքա երջանիկ կը համարուին մարդոց դատաստանին առաջ։ Իսկ ով որ հաց չունի, իւր աստղ աղօտ է, չի փայլիր. սորա համար եւս կ»ասեն թէ թշուառ է։
       Բայց թէ մտնենք մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր կարգի մարդոց սիրտ եւ ոգին զննենք, պիտի տեսնամք այն մարդիկ` զորս ժողովուրդ երջանիկ կը կարծէ. նոքա զիրենք այնպէս չեն կարծեր, եւ ես ցոյց տամ քեզ մի այլաբան օրինակով։
       Մեր մտքով մի սանդուղ ստեղծենք, որոյ ծայր հասնի մինչեւ երկինք եւ իւր մէն մի աստիճաններուն վերայ աշխարհիս բոլոր մարդիկ կարգ կարգ շարուած լինին, թագաւորներէն սկսեալ մինչեւ յետին ստրուկ ծառաներ։ Դու պահ մի կաց այդ սանդուխին հանդէպ, դիտէ ու տես, թէ ինչպէս աշխարհիս իւրաքանչիւր մարդիկ իրենց կեանքի վիճակէն անհոգ լինելով, սանդուղի ստորին աստիճաններէն սկսեալ մինչեւ ցվեր, ուր դրուած են թագաւորաց գահեր, բոլորն եւս ի միասին երջանկութի՛ւն երջանկութիւն կ»աղաղակեն, եւ դէպի այն կը ձգտին։
       Թագաւոր, զոր կը համարինք թէ երջանկութեան կատարն է հասած, կ»ասէ թէ այլ եւս երջանիկ կը լինէի, եթէ գահս ուրիշ գահէ մի վեր դնէի, Կեսար լինէի, Նապօլէօն լինէի, եւ այլն։ Գահաժառանգ կ^ասէ. այն օր է իմ երջանիկ օր, երբ գահակա հայրս ի գերեզման կ»երթայ. իւր գահն ինձ կը թողու եւ ես թագ կը կապեմ ու կը թագաւորեմ աշխարհիս վերայ։ Մեծ նախարար իշխան կ»ասէ. երանի՛ թէ արքայազուն լինէի եւ իմ գլուխս թագով պսակուէր, յայնժամ ես տիրապէս երջանիկ կը լինէի։
       Այսպէս սանդուղի գլխէն մինչեւ ցվայրաստիճան մարդիկ ցանկութեամբ կը ձգտին դէպ ի վերագոյն կարծուած երջանկութիւն. ես միշտ դժգոհ լինելով իրենց կեանքէն ու վիճակէն, ցանկութեան մէջ մաշուելով, կը վախճանին եւ միայն կը յագենան գերեզմանի հողով։
       Ի՞նչ զարմանալի խաղեր կան ու կը լինին այս երջանկութեան, դու ասա, թշուառութեան սանդուղին վերայ, յորում մարդիկ ել եւ էջ առնելով կը մրցին եւ ամէն ոք դէպ ի բարձրութիւն կը ձգտի, յուսալով թէ ստոյգ երջանկութեան կայանը` բարձրութեան աստիճանին վերայ է։
       Բայց, աւա՜ղ, հէք մարդկային ընկերութեան դժուարին ելեւէջներու մէջ մեծագոյն մասն սանդուխի աստիճաններէն վայրահոսելով, կը թօթափին ի գետին, ամէն մարդ իւր չափով ու թափով կը ջախջախուին. եւ մեր աչքին առաջ կը բացուի յայնժամ մարդոց թշուառութեան տեսարան։
       Թշուառին կեանքն արդէն ինքնին ջախջախուած է իւր կարօտութեան եւ զրկանաց մէջ, նորա վիճակ միշտ գետնահաւասար է. նա բարձրութիւն չունի, որ երկնչի կործանումէն։ Իսկ երջանիկ կարծուածն, որոյ բախտն ու վիճակ բարձրագոյն աստիճանին վերայ կայացած է, մինչդեռ ինքն անկասկած է, յանկարծ սահելով կը կործանի եւ մեծ շառաչմամբ կը տապալի ի գետին ինչպէս մի տապարահատ մայրի ծառ։ Յայնժամ միապէս կ»ողբան անբախտն ու բարեբախտն. մին իւր մէկ ոտքէն եւ միւսն իւր փարթամ գլխէն չարապէս ջախջախուելով։
       Եթէ այսպէս, ապա ուրեմն այս աշխարհիս վերայ երջանկութիւն եւ ապերջանկութիւն զուգածին եղբայր են. մեր կենաց ճանապարհին մէջ իմշտ համընթաց են. անհնարին կը թուի մեզ իրարմէ բաժանել, եւ մարդկային կեանք իբրեւ մի դրախտ մշակել այնպէս, որ բնաւ թշուառութեան փուշեր չբուսնին։
       Այլ որովհետեւ մարդոյն կեանք խառնաբոյս է երկրիս վերայ, քանի որ ինքն կայ, փուշն ու ծաղիկ միեւնոյն արմատէն պիտի շառաւիղէ, այլեւս ընդունայն է ջանալ մեր այս փշալից աշխարհ ծաղկեբուրաստան դարձնել։
       Կը խռովիս ու կը վհատի՞ս, որդեակ իմ, երբ այսպէս յուսահատ կը խօսիմ. տեսնալով որ պարտիզպան մի իւր պարտէզը մշակելով, դարմանելով, փուշերէն կը մաքրէ. եւ անբեր երկիրը` բարի սերմերով ու տունկերով կ»արդիւնաւորէ. միթէ մարդն կամ մարդկութեան երկիր քան զհողն անպիտա՞ն է։
       Այո՛, մարդն` հողին տիրապետ իշխանն է եւ քան զհողն բիւր անգամ գերեզանց, հոգեղէն ձիրքով ու բանաւորութեամբ ճոխացած։ Բայց գիտե՞ս, մարդն ի բնէ չարին հակամէտ է. կը ճանաչէ զբարին, բայց ինքն դէպի չարըն կը հակամիտի. վասն այսորիկ կարդարանայ Աստուած. թէ Միտք մարդկան ի խնամս չարին են արձանացեալ ի մանկութենէ»։ Մարդն ոչ միայն չարին հակամիտ է, այլ եւ չարաստեղծ ու չարահնար է. մարդն իբրեւ հեղինակ` իւր սրտի գործարանին մէջ կ»ստեղծէ զչարն եւ կը հանէ ի դուրս, եւ ահա այն է թշուառաբերութեան աղբիւր, որ կը վազէ մեր ընկերական դարաստանին մէջ, կը սնուցանէ մեր ապերջանիկ կեանքի թշուառութեան փշերը։
       Քրիստոս աշխարհիս փիլիսոփայից պէս զմարդն իւր երեսով եւ երեւոյթով չքննեց. նա թափանցիկ հոգի էր, մտաւ մարդոյն սիրտը, կրկտեց եւ վկայեց, որ չարութեան ու բարութեան աղբիւրը` մարդոյն սիրտն է, բարի սիրտն` զբարին կը բղխէ, եւ չարն` զչար։ Այս երկվտակ հոսանքներ կը ծաւալին մեր ընկերական երկրին վերայ. որոցմով թէ երջանկութեան ծաղիկներ եւ թէ թշուառութեան փուշեր ի միասին կ»աճին ու կը զօրանան։
       Քաջ խելամտեցա՞ր, բարեսէր որդեակ իմ, որ շրջելով դառնալով գտանք մարդկային ընկերութեան բուն աղբերակին ակն, որ է մարդոյն սիրտ ու միտք։
       Պէտք է խցել չարին ակն, որ չարութիւն չբղխէ, պէտք է բանալ բարւոյն ակն, որ բարութիւն բղխէ։ Փոքրիկ չարեր, փոքրիկ չարութեան վտակներ կը բղխեն. եթէ առանձին մնան, այնչափ կարող չեն ողողել մարդկային ընկերական աշխարհը։
       Իսկ մեծագոյն չարեր` եւս ամենամեծ չարութեան գետեր կը յորդեն իրենց խորագոյն սրտէն, եւ առհասարակ հեղեղելով կ»ապականեն ժողովուրդին դաշտն ու դարաստանը։ Եւ զարմանալի այս է. զի չարերը` չարերուն եւս չեն խնայեր, որք նոցա գործակից եւ բաժանակից են, այլ զչարն ու բարին միահամուռ ջրատար առնելով կը հեղձուցանեն, եւ մի կրակով կը վառեն երջանկութեան ծաղիկներ ու թշուառութեան փուշերը։
       Մեծն Աղեքսանդր եւ Քսերքսէս մի մի մարդէին, եւ մի մի սիրտ կը կրէին. դոցա լայնաբաց սրտէն բղխեց այն աշխարհակալութեան ջրհեղեղն. մինն Պարսկաստանէն սկսեց հասաւ մինչեւ Յունաստան եւ Յոնիական ծովը թափեցաւ։ Իսկ միւսն Մակեդոնիոյ աշխարհէն սկսեց, իւր հզօր արշաւանաց հեղեղելով խեղդեց Պարսիկն ու Հնդիկն, դարձաւ ի Բաբիլոն եւ Պարսից ծոց թափեցաւ։
       Այսպէս նաեւ ուրիշ աշխարհակալաց հպարտահող սրտերէն բղխեցին չարութեան հեղեղներ, ապականեցին մարդկութեան դրախտը։ Ոմանք այդպիսի արիւնակզակ սրտերէն կ»ուզէին ձեռք լուանալով չքմեղս լինել աշխարհին առաջ. ուստի պարծանելով կ»ասէին. թէ մեք Աստուծոյ ձեռա վրէժխնդիր պատուհասն եմք։
       Գիտենք այ, թէ երկնից արդարութեան մի դատաստանն է, որ մեղապարտ ժողովրդոց հատուցումն այդպէս կը տնօրինէ. դոքա անպա՞րտ կը համարին զիրենք։ Այլ գիտենք թէ աշխարհիս վերայ շատ անգամ չարերով` չարեր կը պատուհասին, առ որ կը վարանի մարդոյն միտք եւ կարող չէ ըմբռնել Աստուծոյ արդարութեան ու դատաստանին անքննելի խորհուրդ։
       Տեսա՞ր, սիրելի որդեակ իմ, մեծասիրտ չարեր` մեծագոյն չարեաց աղէտներ կը բերեն աշխարհի վերայ, որոց մահաբեր շունչին առաջ կը խամրին բոլոր երջանկութեան ծաղիկներ եւ կը թօթափին ի վայր. եւ այն որ այսօր երջանիկ է, վաղը կը նստի թշուառութեան հողի վերայ։
       Բայց փոքրասիրտ չարերէն եւս վախնանք ու կասկածինք, թէպէտ առանձին առանձին մտածելով դոքա մի մի փոքրիկ սիրտ եւ փոքրիկ աղբիւրներ կը համարուին. իսկ երբ վտակ առ վտակ գալով միանան` յայնժամ ահագին գետ կը կազմեն կը յորդին երկիրը, ազգ եւ ժողովուրդ միանգամայն գետատար ջրահեղձ կը լինին։
       Ես չեմ ասեր չարութեան բնածին սերմեր ու կաթիլներն իսպառ չքացնել մարդոյն սրտէն, յորում ելեւէջ կ»առնուն ինչպէս հիւլէն արեւաշողին մէջ. եւ մարդոյն չարամէտ սիրտը բոլորովին բարութեան աղբիւր մի դարձնել, անխառն եւ անմասն չարութեան շամանդաղներէն։
       Որչա՞փ դժուարին եւ անհնարին է կապարի նման երկրի վերայ ծանրացած երկրաքարշ մարդ այնչափ գերագոյն բարութեան վերածել, եւ կարծել թէ նա կարող է բարի լինել ինչպէս է Աստուած եւ հրեշտակ։ Յիսուս տեսաւ թէ ի՞նչ կը կրէ ներքուստ մարդոյն կեղծող ոգին, ասաց. «Չիք ոք բարի, բայց միայն Աստուած»։
       Մարդոյն սիրտ իբրեւ երկծորակ մի աղբիւր է. մերթ չարութիւն կը բղխէ եւ մերթ բարութիւն. մերթ դառն եւ մերթ քաղցր։ Սորա համար մեր հոգեկիր Նարեկացին մարդոյն յարափոխ վիճակն ողբալով կ»ասէ. «Այսօր մաքուր հոգեկիր. վաղիւն մոլի խելագար»։ Շատ եւ բաւական է, եթէ կարենայ ապիկար մարդ չարութեան ակն որչափ հնար է խցելով նուազցնել, բարութիւն բղխել եւ սրբել իւր սիրտն աղտղտին կաթիլներէն։
       Սոկրատի նման բարոյական իմաստասէրներ կը տքնին զօրհանապազ եւ թերեւս չհաւատան ու կը խօսին թէ` լոյս, գիտութիւն, դաստիարակութիւն, քաղաքակրթութիւն, կարող են մարդոյն սիրտը կրթելով, մշակելով, ուղղելով, սրբել չարութեան ախտերէն եւ թշուառութիւն աշխարհէն բառնալ։
       Այդ հրաշք եթէ միան մարդոյն ձեռք արուեստաւորէ, ես չեմ հաւատար, որդեակ իմ, իսկ եթէ մարդոյն դաստիարակող ձեռքին հետ Աւետարանի հոգին եւ ընկերութեան ձեռքն եւս հրաշագործէ, այո՛, կը հաւատամ յայնժամ թէ մեր ընկերական կեանք կը ծաղկազարդի, եւ կ»ազատի չարութեան եւ թշուառութեան փուշերէն։
       Երկիւղած որդեակ իմ, ես չեմ խրատեր քեզ, որ աշխարհի կրթութեան եւ գիտութեան իմացական լոյս չընդունիս, այլ կը յորդորեմ զքեզ, զի քո ստացած բնական լոյսը` Աւետարանի լուսոյն եւ սիրոյն հետ խառնես, երկու լուսով շրջիս աշխարհիս վերայ, մի լուսովն` քո առօրեայ հացը գտնես եւ միւսովն` յաւիտենական կեանք։ Այսու դու միանգամայն ազատ կը մնաս մարմնոյդ եւ հոգւոյդ կորստական թշուառութենէն։
       Աշխատիր, որ սրտիդ բուրաստան բարեբոյս ծաղիկներով մշակես. աշխատիր, որ փշաբոյս չը լինի սիրտդ եւ փշերով չը վարակի ոգիդ. գիտցիր, թէ չարարուեստ լինելով` փուշ մշակես, փուշն զքեզ կը վառէ. կեանքդ մոխիր կը դառնայ Մարդ ես դու, անշուշտ բնածին փուշեր կը բուսնին ի քեզ, միշտ ջանայ խնամով սրբել զանոնք. եթէ միանգամայն խորարմատ ձգեն, գիտե՞ս, որչա՞փ դժուարին է յետոյ արմատահան առնել։ Զգուշացիր նաեւ եկամուտ չարութեան սերմերէն, երբ չար մշակ ընկերներ զայն սերմանել ուզեն մատաղ սրտիդ մէջ։ Ընկերական կեանքիդ մէջ ոչ չարութիւն փոխ տուր եւ ոչ չարութիւն փոխ առ, այլ միշտ բարութիւն ստացիր։
       Ի վերջոյ, մեծ երկիւղածութեամբ կարդա՛ Դաւթին սրտահան աղերս. «Սիրտ սուրբ հաստատես յիս, Աստուած, եւ հոգի ուղիղ նորոգեա ի փորի իմում»։