Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ. ՄԱՅՐ ՀՈՂԻՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
      
       Փորձ ինքնին իբրեւ վարժապետ կուսուցանէ մեզ, Թոռնիկ, երբ յաճախ առանց հանգիստ տալու մի արտ կը վարեմք եւ կը ցանեմք, կը տեսնամք որ առաջի տարին մեծ արդիւնք կուտայ, հետեւեալ տարին կսկսի նուազիլ երրորդ տարին բոլորովին տկարանալով ապարդիւն կը լինի։ Գիւղական ժողովուրդ ի վաղուց անտի փորձելով գիտէ այս բան. ուստի երկու կերպ միջոցներ ի գործ կը դնէ, վերստին տկարացած հողին ուժ տալ, կամ թող կուտայ, մի քանի տարի որ արտը ինքնին հանգչի եւ ուժ ստանալով պարարտանայ. կամ աղբ տալով արտին պակսած ուժին տեղ լեցնելով կը մշակէ, եւ այսպէս արտը պարապ չի թողուր, ամէն տարի կը վարէ կը ցանէ եւ արդիւնք կ՚ստանայ, միայն թէ գիտենայ սերմն փոխել, այսինքն եթէ առաջին տարին ցորեն ցանած է, յաջորդ տարին պէտք է խոտ ցանէ եւ կամ արտն աղբելով բանջարեղէն մշակէ, եւ աշնան վերջ բանջարեղէնք կը վերնան կարող է արտը վարել եւ ցորեն ցանել, որով կրկնապատիկ արդիւնք կստանայ հետեւեալ տարին։ Վանայ քաղաքացի երկրագործներ շատ լաւ գիտեն մշակութեան այս կերպ։ Իսկ մեր գիւղական ժողովուրդ իւր արտերուն ուժ տալու համար մեծ միջոցներ ունի իւր ձեռք, չեմ ասեր որ այնչափ աղէտ է, որ չգիտէ, զի քաղաքացի երկրագործաց օրինակ իւր աչքին առաջն է. այլ աւելի պէտք է ասել թէ ծոյլ է, եւ աւելի աշխատութիւն չի սիրեր, եւ ինչպէս նախորդ դասերուս մէջ խօսեցայ, մի մեծ պատճառն եւս այն է, որ չափէն աւելի հողեր ունի իւր ձեռք կը թողու անվար, որ միայն կորդ մնալով ուժովնան։
       Կը տեսա՞ս, Թոռնիկ, ահա մեր գիւղը աչքիդ առաջն է, որչա՞փ մոխրակոյտեր կան, որ ամէն մի տան առաջ մեծ մեծ բլուներ կազմեր. թող մոխրակոյտներ շատ աւելորդ կույեր կան աստ անդ փողոցներու մէջ, ոտքի տակ հող կը դառնան, մեր ապուշ երկրագործներ չգիտեն գործածել այդ պիտանի եւ պարարտացուցիչ աղբերու կոյտեր։ Միթէ դժուարի՞ն է ի գարնան եւ աշնան փոքրիկ սայլակներով աղբակոյտ փոխադրելարտերը, որով հողին սպառած ուժը վերստին իրեն տալով` հողն անդրէն կը նորոգի եւ կսկսի նոյն առաջին արդիւնք տալ։ Գիտե՞ս, Թոռնիկ, այս մի բնական օրէնք է. հողն եւս մարդոյն պէս իւր կեանքն ունի, եթէ զայն շարունակ գործածլով վարես, ցանես, առանց երբէք ուժ տալու, գիտես թէ` կը ծերանայ ամուլ կը դառնայ, եւ կը դադարի իւր պտղաբերութենէն։ Կասեն թէ, Եւրոպիոյ աշխարհին հողերը, վերջին աստիճան ծերացած են։ Բայց ի՞նչ կանէ այդ ժրագործ արուեստագէտ ժողովուրդը, այնչափ միջոցներ գտեր է հողին ուժ տալու, որով այդ ծերացած հողը երիտասարդ կը դառնայ եւ բազմածին պտուղներ յառաջ կըբերէ։ Մարդ կը զարմանայ, երբ կը լսեմք թէ Ամերիկայի հեռաւոր աշխարհէն նաւերով աղբ կը փոխադրուի յԵւրոպայ։ Կը տեսնա՞ս դու, այդ մեր աչքին անարգեալ աղբն եւս վաճառականութեան կարգն անցած է, զի երկրագործին համար շատ պիտանի եւ թանկագին է աղբ, քան թէ ադամանդ, որ թէպէտ այդ պատուական քարն ազնուականաց համար մեծ վայելչութիւն է, սակայն երբ սովալլուկ լինի մարդ ադամանդ կը ծախէ եւ հաց կը ճարէ։
       Աւա՜ղ կարդամ մեր ծուլութեան, եւ առաւել մեր ապշութեան, Թոռնի՛կ, մեր աղբ Ամերիկայէն չի գար, այլ մեր տան դռներու առաջ դիզուած է լեռնաչափ, եւ մեք անձմեռ լինելով կը դժուարիմք մինչեւ արտ փոխադրել։ Ոչ միայն պէտք էր մտածէինք մեր արտերու պտղաբերութեան հաար, այլ եւ պէտք է խորհէինք գիւղի հրապարակին եւ փողոցներու մաքրութեան համար։
       Է՜, Թոռնիկ, կարծեմ քիչ մի աւելի խօսեցայ եւ դատեցի, միթէ շինական ժողովուրդ առանց կրթութեան կարո՞ղ է մաքրութեան գաղափար եւ ճաշակ ունենալ։ Արդարութիւն չէ առանց կրթութեան մեղադրել գիւղական ժողովուրդ, որ թող տգիտութիւն, կեանքի բազմադիմի ցաւերով պաշարուած է, մի կողմէն եւս խոր նախապաշարմունք կաշկանդեր կապեր է նորա բնական միտք։ Եթէ ասես, աղբէր Կիրակոս, ձեր դրան առաջ այնչափ աղբեր դիզուած են, ինչու՞ չես կրեր թափեր արտերուդ մէջ։ Է՜, կը պատասխանէ, էգ մի աւելի աշխատութիւն է, ինձ համար տարին քանի մի արա պէտք է, կը վարեմ, կը ցանեմ, մնացեալները կը թողում կորդ թող երթան ինքնին ուժովնան, մեր նախնք առանց աղբի կը մշակէին, միթէ հաց չէի՞ն վաստկեր, վկայ կը բերեմ բանիս բոլոր յաւիտենական մոխրակոյտեր, որ ի նախնեաց անտի դիզուած են, հօ մենք չը դիզեցինք։ Ահա քեզ շինականի փաստաբանութիւն, այնպէս մտածելով ու խօսելով` նա կ՚մնայ անշարժ իւր մտաց պաշարման մէջ, եւ մոխրակոյտն եւս իւր տեղ կը մնայ։ Դեռ սպասել պէտք է ուրեմն ժամանակին եւ կրթութեան որ գան եւ շարժեն շինական ժողովուրդին միտքը դէպ յառաջդիմութիւն, նաա յայնժամ ինքնին կը ճանչնայ աղբին պիտանութիւն, եւ այժմեան գիւղ աղբակոյտերը` բոլոր պիտի կրեն տանին թափեն իրենց արտերու մէջ, կռուելով եւ յափշտակելով իրարու ձեռքէն։ Բաւ է, որ նորա արդիւնաբերութիւն միանգամ փորձով տեսնան, եւ համոզուին թէ որչա՞փ շահեկան է աղբն արտին համար։ Այժմ պէտք է խօսիմ աղբին պատրաստութեան մասին, թէ ինչպէս պէտք է ժողվել եւ պատրաստել զայն, որ առաւել օգտակար լինի։
       Եթէ գիւղին մէջ իւրաքանչիւր տնէն գոյացած աղբեր հասած տեղ թափուելով մնան այնպէս, ինչպէս այժմ եւ լինին մէկ մէկ հողաբլուր, ոչինչ օգուտ չունին. նախ` որ արեւուն ջերմութիւն աղբերուն հիւթական զօրութիւն կը քաշէ, երկրորդ, տեղատարափ անձրեւներ գալով կ՚ողողէ աղբանոցը եւ անոնց մէջ եղած հիւթն եւ զօրութիւն կ՚առնու կը տանէ, այլ եւս աղբակոյտն ցամաքելով իւր հիւթական զօրութնէն, անպիտան եւ անշահեկան կը դառնայ։ Ուստի գիւղացւոց իւրաքանչիւր տներ, պէտք է առանձին առանձին իրենց համար յատուկ աղբանոցներ պատրաստեն ուր որ յարմար, նախապէս գիտնալով թէ որչափ աղբ կը գոյանայ տարուան մէջ, նոյն քանակութեան համեմատ երկար քառակուսի փոսեր պէտք է բանան, գոնէ երկու երկու կանգուն խորութեամբ, այնպէս որ եթէ անձրեւի, եւ թէ հալած ձիւներուն ջրերը երբէք աղբանոցի փոսերէն դուրս չը վազեն։ Կարեւոր է գիտնալ նաեւ թէ աղբանոցի մէջ թափուելիք նիւթեր ի՛նչ են, եւ ո՞րչափ զանազան բաներէ կը բաղկանայ աղբ։ ոնրի մոխիր, կոյանոցներու աւելորդը, փտտած յարդեր եւ խոտեր, տան աւելցուքներ, կալատեղէն վերցած խոշոր խզուզի յարդեր, որ անասուն չուտեր, մսուրներու մէջի կրճոն աւելցուք եւ այլն։ Ահա այս ամէն բաներ աղբանոցի համար նիւթ կը լինին, մոռցած յիշելու աւրուած պուտկի ժաժիկներ, եւ նման բաներ, որք առհասարակ աղբանոցին նիւթ կը կազմեն, որք մէկ տեղ խառնուելով կը փտտին, կը խմորին եւ կը թթուին, մի զօրաւոր նիւթ կը դառնան երկրին պարարտութեան համար։
       Խօսիմ արդ, թէ ինչ ժամանակ յարմար է արտերն աղբել։ Թէ սկիզբն գարնան եւ թէ աշնան վերջ ճիշդ ժամանակն է. բանջարեղինաց պարտէզներ սովորաբար գարնան ցանելու ժամանակ կաղբեն, նմանապէս գարնանացան սերմերու արտեր թէ ցորեն լինի, թէ գարի եւ կամ ուրիշ հնդեղէն բաներ։ Բայց աւելի լաւագոյն եւ օգտակար է աշնան ժամանակ աղբել այն ատերը, որոնք աշնան հերկուած են, եւ գարնան դարձեալ հարօրավարի պիտի լինին ցանելու համար. գիտե՞ս, Թոռնիկ, եւ ես փորձած եմ որչա՞փ շահեկան եւ արդիւնաւոր կը լինի, եթէ աշնան աղբուին եւ հաւասար տարածուին արտին երեսը։ Նախ անձրեւ եւ ապա ձիւնը գալով աղբին զօրութիւն ամբողջապէս կը թափանցի հոգին, եւ մինչեւ ի գարնան հողն աղբին ուժով կը պարարտանայ, մինչդեռ գարնան աղբ նոյն ազդեցութիւն չունի հողի վերայ, վասնզի եթէ անձրեւ պակաս լինի, արեւու ջերմութիւն աղբին կազային զօրութիւն կը քաշէ ի վեր, որով այնչափ արդիւնաբեր չի լինիր աղբուած արտը։ Թո՛ղ այս, երկրագործը աշնան աւելի ժամանակ կուենայ աղբ կրել արտը, քան թէ գարնան որ ցանքի եւ այլ աշխատութեան օրեր են։ Նոյն իսկ ձմերան օրերը երբ տակաւին այնչափ ձիւն եւ ցուրտ արգելք չի տար, ժրագօտի երկրագործ կարող է աղբեր կրել արտը եւ անմիջապէս ցրուել։
       Աղբին պիտանութեան վրայ, այսչափս միայն խօսելով, քեզ կը թողում։ Թոռնիկ, որ գործնական փորձով դու ինքնին իմանաս նորա արդիւնաբեր շահեկանութիւն եւ չթողուս որ ամէն մի աղբանիւթ բաներ` ընդունայն տեղ վատնուին։