Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԲ. ԿԱԼ ԵՒ ԿԱԼԱՏԵՂ
      
       Արտորայք հնձելու ժամանակ, երկրագործ մեծ փութաջանութիւն պէտք է ունենայ, մի կողմէն քաղուած ցորենի դէզերը սայլերով կրել ի կալատեղ։ Այս աշխատութիւն շատ կը դիւրանայ, եթէ կանխապէս սայլի ճամբաներ հարթուած ու պատրաստուած լինի. յայտնի է ամէն գարնան ժամանակ յորդ անձրւներէն եւ ջրավազ տեղերէն, ճամբաներու վերայ հեղեղատներ կը բացուին եւ մեծ արգելք կը լինին սայլերու ընթացքին։ Նկատէ ու տես Թոռնիկ, թէ ո՞րչափ անհոգ է գիւղական ժողովուրդ, զի երբ այդ բնական ճամբաներ կը խանգարուին նա կը մտածէ յայնժամ ուրիշ նոր ճամբու գիծ մի բանալ, որով հին բնական ճանապարհ կամայանայ։ Իսկ նոր ճամբան թէ երկար լինի եւ պտոյտներ ունենայ, ոչինչ փոյթ է իրեն համար, զի գիւղացին չգիտէ հաշուել ժամանակի կորուստ թող դժուարութիւններ։ Ուստի, երկրագործին աշխատութեան մեծ դժուարութիւն կը լինի, եթէ տարուէ տարի նորոգուին գոնէ խանգարուած գլխաւոր ճամբաներ։ Դեռ հունձքեր ի կալատեղ չը բերուած շատ կարեւոր է կալատեղի պատրաստութիւն, եւ կասելու համար պէտք եղած գործիքներ, կամնասայլ, ջառջառ եւ այլն։ Վանայ արեւելեան եւ հիւսիսակողմն եղած գաւառներ շատ գիւղեր կան, որ երբէք կալատեղի պատրաստութեան պէտք չունին, վասն զի գիւղերուն մօտ խիտ են մանրաբոյս մարդեր կան, որ գետնին երես ծածկած են իբր մի կանաչազարդ փռոց, ինչպէս մեր Արձակ գիւղին կալատեղեր, որք բնական են եւ պէտք չունին պատրաստութեան։ Կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, օրանն կասուելէն յետոյ մեր ցորենաշեղջեր որչա՞փ մաքուր եւ անխառն են, ոչ հող, եւ ոչ քար ունին իրենց մէջ, իսկ այն կալատեղեր, որ անբոյս լերկ հող են, երկրագործ կը պարտաւորի ամէն տարի կալի ժամանակ շինել ու պատրաստել։ Կալի տեղ երեսէն փորելով ջուր կը թողու վերայ, եւ անհարթ տեղեր բահով հարթելով կուղղէ գետնին մակերեւոյթ, ջուրը ցամքելէն յետոյ յարդ կը ցանեն վերայ, եւ կսկսին բահի քամակով ծեծել եւ հարթել։ Այս կերպ շինուած կալատեղեր դարձեալ խորդ ու բորդ կը լինին, եւ ազատ չի մնար ցորեանն աւազախառն հողերէ։ Լաւագոյն կալատեղ այն է որ միանգամ սալայատակ լինի, եւ իւր շրջապատը գոնէ կէս կանգուն բարձրութեամբ թումբ ունենայ` որպէս զի օրան կրող սայլ նորա եզերք կենայ եւ չը մտնայ կալատեղ, զի սայլին անիւներն, կալատեղին յատակ կը խանգարեն։
       Մեր Վանայ գիւղերուն օրան կասելու կերպ, եւ գործիքներ բաւական յաջող են, թէ կամնասայլ եւ թէ ջարջառ ի միասին բանեցնելով մեծ գործ կը տեսնան, աւելի կասող եւ մանրող է ջարջառ գործիք, որ փայտէ մի գլանակ է երկու կանգուն երկար, որոյ վերայ շարուած են ոլոր ձեւով երկաթէ սուր ուրագներ, որ անուաձեւ դառնալով կը կոտրտէ կալի օրանն։ Մանաւանդ, երբ ձիեր լծուած լինին ջարջառին արագապէս դառնալով կամնասայլէն շատ աւելի գործ կը տեսնան։
       Հարցուր, Թոռնիկ, թէ աղքատ գիւղացիք ինչպէ՞ս կալ կանեն, երբ այդ գործիքներ չունին։ Է՜, Թոռնիկ, աւելորդ է այդ հարցումն, քանի որ աղքատն արդէն հողատէր չէ, միթէ կարող է վարուցան անել։ Ահա տես մեր գիւղի աղքատ Ղազարի կալ, որ ժամանակաւ գեղին առաջին հարուստ համբան էր, այժմ հազիւ մի քանի սայլ ցորեն ունի կասելու։ Մի եզ եւ մի կով ունի, լծած է մի մաշած անատամ կամնասայլի, իւր փոքրիկ կալիկ անով կը կասէ։ Ես վաղուց կը ճանչնամ աղքատ Ղազար, որ երբեմն տանուտէր էր, դուռը բաց, եւ այժմ այդ վիճակին հասաւ, թէ արտեր թէ իւր ծառաստաններ պարտատէր գրաւեց, թէ իրաւ թէ անիրաւ, այդ չը գիտեմ, միայն այս գիտեմ, որ պարտատէր թէ աշխարհին օրինաց առաջ թէ իւր խղճին առաջ ինքն չք»մեղս եղաւ եւ կարդաց բանաստեղծին այս տողերը.
       «Հետեւելով միշտ օրինաց աշխարհի.
       Ես կեանքումս մարդոց վնաս չի արի»։
       Միջանկեալ բան պատմեցի քեզ, Թոռնիկ, որ պարտք անելէ զգուշանաս, ապա թէ ոչ դու եւս աղքատ Ղազար կը դառնաս։
       Դու չես տեսեր, Թոռնիկ, բայց ես տեսած եմ ի Պօլիս, պատմեմ քեզ։ Եւրոպիոյ արուեստագէտ մարդիկ այժմ կալ կասելու համար մի ձեքենայ հնարած են, որ ահագին բան է. մեծ սայլի պէս չորս անիւներու վերայ հաստատուած, որու մէջ զանազան մանր ու խոշոր երկաթաթել մազեր, եւ այլ կասող եւ մանող սուրեր զետեղուած են, որ մեզ պէս շինականի խելք չի հասներ։ Այս մեքենայն կրակով կը դառնայ, երկու մարդ մեքենային տանիս կեցած շարունակ խուրձեր քակեով կը ձգեն ընդունարանի ծակէն ներս, որոնք փշրուելով, մեքենայի երկու ծակերէն դուրս կը վանուին թէ ցորեան եւ թէ յարդ։ Այս մեքենայն միշտ դէզերուն քով կը հաստատուի, որովհետեւ դիւրութիւն ունի սայլի պէս վարել տանել ուր որ լինի։
       Կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, թէ գիտութիւն որչա՞փ դիւրացուցեր է մարդոց աշխատութիւն, այն ինչ մեք ամիսներով կալ կանենք, եւ շատ անգամ ձիւներու տակ կը մնան, նաեւ կ»սպասենք մեղմաշունչ հովերուն, որպէս զի էրան անելով ցորեն յարգէն հանենք։ Երկու անգամ մազերէ անցունեմք եւ այլն։ Առանց այս բոլոր աշխատութեան մեր մի ամսուան գործը, մեքենայն մի քանի աւուր մէջ կը լրացնէ։ Եւ այնչափ մաքուր կը զտէ ցորեան, որու վերայ մարդ կը զարմանայ թէ ինչպէս իսպառ ի մի կողմ անջատուած են քարեր, հողեր, եւ օտար հատիկներ. որով այլ եւս հարկ չի մնար ցորեան կրկին մազերով մաքրել, եւ ապա տանել ջրաղաց աղալ։
       Գիտե՞ս, Թոռնիկ, թէ աշնան կալերու ժամանակ որչա՞փ կաճապարեն գիւղացիք, որ անձրեւակարգ չսկսած կալեր ժողովեն, զի երկրագործը կալի ժամանակ անձրեւ չուզեր, այլ միայն արեւ եւ յաջող քամի։ Բայց այս մեքենային մեծ օգտակարութիւն այն է որ ամէն ժամանակ կարող է բանել։
       Սորա համար Եւրոպիոյ մեծ ագարակատէրեր, ցորեանն առանց կասելու շատ ժամանակ դէզերով կը պահեն եւ երբ պէտք լինի, մեքենայն դէզի առաջ տանելով, կը կասեն։ Վասն զի փորձուած է, թէ ցորեն աւելի լաւ կը պահուի երկար ժամանակ դէզերուն մէջ իրենց հասկերով ւ պատեաններով, քան թէ շտեմարանին մէջ որ շատ անգամ կը տաքնայ, կ»ոջլոտի եթէ երբեմն խառնելով չի դարձնես։ Մեր աղքատ կալեր մեքենայի պէտք չունին, մեր մեքենան ժրագործ աշխատութեան բազուկներ են։ Միթէ կարո՞ղ եմք այդ թանկագին մեքենայն բերել մեր աշխարհ, որ մի հատ հազար լիրայի արժէք ունի, ինչպէս շատ անգամ կրկնած եմ. Եւրոպիոյ երկրագործական աշխատութիւն գիւղական ժողովուրդին շատ դիւրացուցած են. նա պէտք չունի մեքենայ ստանալ, վասն զի կան այնպիսի ընկերութիւններ որ յատկապէս այդպիսի մեքենաներ կը գործածեն, գիւղացին վարձք տալով միայն իրենց ամբողջ ունեցած ցորենադէզեր կասել տալ։ Եւ գիտե՞ս, որչա՞փ դիւրութեամբ այդ դժուարաշարժ մեքենան գիւղէ ի գիւղ կը տարուի, միայն երկու ձի լծելով, հարթուած պատրաստուած ճամբաներուն շնորհիւ։ Ով գիտէ, անշուշտ կուգայ ժամանակ եւ մի օր, որ այդ մեքենայն քալելով կուգայ մեր աշխարհ, ես կը մեռնիմ, եւ դու կը տեսնաս ու կը յիշես Պապիկէդ գուշակութիւն։
       Կալի եւ կալատեղի դասն աւարտելով, այժմ պէտք է խօսիմ շտեմարանի պատրաստութեան վերայ որ կարեւոր է երկրագործին համար։