Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Այսօր կիրակի է ըսենք։ Կը նայի՞ս ի՛նչպէս ամէնուն դրան առջեւ ն ալ ջրջնած ու մաքուր աւելուած են։ Ահա հասանք Ճոչ Քէնդրչի ըսուա ծ ջրի ակն։ Նշանաւոր փօղնիգլօխներէն մէկն է այստեղ։ Կրնանք քիչ մը նստիլ այս ծառոց հովերը, ջրի ափերը, ուր այնքան բազմութիւն կայ մարդոց, որք նստած սուրճ կը խմեն, ծուխ կը ծխեն եւ խումբ-խումբ եղած կը խօսին կամ կը զուարճանան։
       Դիտէ սա մանկտիներ, որ մէկ շապիկ վրաներ՝ առուի քովը ջրերու մէջ կը մտնեն կ՚ելլեն եւ, քե ղ խոտէն ջրապզտիկ շինած, անցնող ու դարձողին վրայ ջուր կը պզտացնեն։ Մէկալ խումբին նայէ, որ քարեր ու զղզիկներ ժողված եւ փայտի կտորներ, պզտիկ-մզտիկ տուներ կը շինեն։ Մանո՛ւկ ճարտարապետներ։ Ուրիշ խումբ մը ջրի աւազներ է թումբեր կը կազմեն եւ , ակօս-ակօս բաժնելով, կա՛մ խաղողի այգի, կա՛մ վարունկ ու դդում եւ այլն կը տնկեն, կը ջրեն։ Սիրո՛ւն այգեգործներ։ Խումբ մ՚ալ թոնիր կը շինեն` գետինը փորելով։ Ահա կրակը վառեցին, ալիւր խմոր են շաղախեր, պապաճիկ հաց կը թխեն եւ ձուկ կ՚եփեն կ՚ուտեն։ Ճժո՛ւկ տնտեսներ։ Խումբ մի եւս, գետնի փոշիներ հաւաքած ջրով կաւ շինած են եւ, ձեռները վրան քսելով, մէկ կողմէն չոր հող կը ցանեն վրան եւ կը պրտեն ու միաձայն կ՚ըսեն. «Քարաբոսիկ, մազաբուսիկ». կլոր բլրաձեւ բերդ մը կը յօրինեն։ Թզո՜ւկ տրովացիներ։ Մէկալոնք ալ, թղթէ կամ Կռէզի թաւէ նաւակ շինած, չիր ու չամիչ մէջը դրած, ջրի երեսին ձգեր են՝ կը տանի։ Պզտի՜կ նաւավարներ։
       Քիչ մը աւելի հասակ առած մանկտին անդին պատին տակ փոսեր փորեր եւ պնդուկ կը խաղան։ Խումբ մը եւս ճան (վէգ) կը խաղան, մէկ քանիներն ալ նստած են, ճանով «Պարոն գզիր» կը խաղան։ Գիտե՞ս ինչու նա մէկ տղային գլուխը ծռեցուցեր ու կռնակին կը զարնէ ուրիշ մը։ Ճանը չորս կողմ կամ երես ունի, չորսն ալ իրենց անունն ունին։ Երկու բարձր կողմերու մէկին կ՚ըսեն «ճուկ», մէկին՝ «թաւ», իսկ ցած կողմերուն մէկին՝ «սալ», մէկին՝ «կօռ»։ Կարգով տղաքները ճանը կը ձգեն. որին որ ճուկ գայ, նա պարոն կը լինի, որին որ թաւ գայ, նա գզիր կը լինի, որին որ սալ գայ, ո՛չ չար է, ո՛չ բարի, իսկ որին որ կօռ գայ, նա գող կը համարուի։ Ահա ուշ դիր, նորէն կօռ եկաւ, գզիր ճանը խլեց եւ պարոնին դառնալով կ՚ըսէ. «Պարո՛ն, պարո՛ն, գող մ՚եմ բռներ»։ Պարոնը կը հարցնէ. «Ի՞նչ է գողցեր»։ Գզիրը գողին կը հարցնէ. «Ի՞նչ ես գողցեր»։ Գողը կը խոստովանի, օրինակ. «Տանձ մ՚եմ գողցեր», կամ ինչեւիցէ բանի մը անուն կուտայ։ Եթէ ծանրակշիռ է ըսած բանը, պարոն հրաման կ՚ընէ՝ տասն գօմփ (բռնցի) զարնեն կամ աւելի, եթէ թեթեւ է, թեթեւ։ Շատ անգամ ալ պարոնական վեհանձնութեամբ ներողութիւն կ՚ընէ։ Այսպէս կարգով ճանը ձգելով՝ եթէ ճուկն ուրիշի մը գայ, սա կը լինի պարոն, եւ նախկին պարոնը իր իշխանութենէն կ՚իյնայ։ Ճանը նաեւ երբեմն բաղդ փորձելու ալ գործ կ՚ածեն. ի՛նչ խորհուրդ որ ըրած են, եթէ ճանը ճուկ եկաւ, յաջող եւ բարի է, իսկ եթէ կօռ՝ շատ ձախորդ է։
       Նայէ մէկալ խումբերուն, որ աւելի հասակաւոր են։ Մէկ դասը Խըռ կը խաղայ, մէկալոնք՝ Կտրոց կը խաղան. ի՞նչ ճարտարութեամբ ու հնարքներով իրարու ետեւէն կը վազեն, խաբս կուտան, տափիկ կ՚ընեն, վրայ կը դառնան, տղայական բանակ եւ ռազմ է։ Դու կ՚ասես փրանգօբրուսական ճակատամարտն է։
       Անդիիններն ալ Տուշ փէտ կը խաղան, Թօփ կը խաղան։ Ասոնք նայէ, որ մեծ եռ (գիծ) մը կլորաձեւ գծեր են, եւ մէկը ներս՝ մէկալոնք դուրս, ամէնի ձեռքն ալ թուրայ կայ, կը զարնեն ներս կեցողին, իսկ նա եռի կեդրոնը կը դառնայ եւ որին որ իր թուրան զարնէ, ինքն կ՚ազատի, զարնուողն ներս կը մտնէ. կարծեմ՝ Կրակտարոց կամ Չուանոցիկ կ՚ըսեն աս խաղին։
       -Կը հաւանի՞ս այս ժիմնաստիկներուն։
       Պզտիկներուն նայէ. սուտիկ-մուտիկ հարսուփեսայ են եղած եւ, ուռի դալար ճիւղէն կամ ոստի մը կողակէն կամ մասրայէ մը տուտուկ շինած, զուռնայի պէս կը փչեն, դափ կը զարնեն, տամբլաբազ կը տփեն, խաղ կ՚ասեն, տաղ կ՚ասեն, փայտէ ձիեր հեծած կ՚արշաւեն, փայտէ թուր, թղթէ վահան բռնած՝ թրախաղ կը խաղան ի հանդէս հարսանեաց։
       Աղէկ դիտէ սա մեծ ծառի տակ նստող պատանին, որոյ շրջապատը բոլորեր են այնքան պատանիներ։
       Նստողը կերպ մը հանելուկ կ՚ըսէ թռչնոց վրայ։ Ահա ըսածը.
       -Հաւք մը հանեմ էսքանդար ի (այսքան է)։
       Բոլորը միասին կը պատասխանեն` Ագամդարի։
       -Ուր ուտելիքն էսքանդար ի։
       -Ագամդարի։
       -Ուր խմելիքն էսքանդար ի։
       -Ագամդարի։
       -Ուր տօտիկներ էսքանդար ի։
       -Ագամդարի։
       -Ուր կտուցիկ էսքանդար ի։
       -Ագամդարի։
       -Թեւ կը բանայ էսքանդար ի։
       -Ագամդարի։
       Ամէն մէկ ըսածի քանակութիւնը իր ձեռներով, մատներով, ափերով կը ցուցնէ։ Լսողներէն ո՛վ որ ճարտարամտութեամբ կրցաւ իմանալ, թէ ո՞ր հաւքն էր, իսկոյն իշխանութիւն կ՚առնու խօսքի հեղինակէն, որ թուրայ մը կուտայ ձեռքը, եւ նա անով կը վարէ, կը զարնէ մէկալ բոլոր հոն կեցող ժողովը, մինչեւ յանկարծ հեղինակն յետս կոչէ զվարիչն, որ կը նշանակէ պաշտօնանկ ընել, որ այնքան արագոտն պիտի վազէ եւ դառնալով՝ զինքը կը ձգէ հեղինակին քով յապաստանի, ուր ապահով կը մնայ. իսկ եթէ ի փախստեան հասնին իրեն իրմէն վարուածներն ու բռնեն, սարսափելի վրէժ կը հանեն։ Կարծես` պարսից շահին կուսակալ կամ կառավարիչ կարգելուն խաղն է կը խաղան…։