Մինչեւ ե՞րբ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Ձմրան վերջին շաբաթները, արեւ արեգակ կիրակի օրով մը, հազարէն աւելի բալուցի Հայ բանուոր Չուխուր Չէշմէի խանին բակը՝ Բարեկենդանք կ՚ընէին։ Ներսը, խանին խորը, կէս լուս կէս մութ քաշուկ օտային մէջ, Թորոս աղբարը խշտեակ անկողնին վրայ ընկողմանի, հաստ սիկառէթը կը քաշէ՜ր ու կը քաշէ՜ր, տկար կուրծքէն երբեմն երբեմն մարմրկած «օ՜ֆ, օ՜ֆ»եր դուրս սպրդեցնելով։ Իրե՛ն ալ օղի մը բերին հրամցուցին. ելաւ նստաւ, շտկուեցաւ, գաւաթիկը անխօսուկ պարպեց, ու քիչ մը ետքը նորէն երկնցաւ. աջ բազուկին վրայ կռթնած կը հանգստանար։
       Անդին, բակը, տաւուլը կը զարնէին. ու հիւանդը հիմակ մտօքը ա՛լ իր գեղն էր. սիրտը թմբուկին թափիւնին վրայ հոն իրեններուն քով կը թռչէր. հո՛ն ալ Բարեկենդանք կ՚ընէին։ Պառաւ մարը, զաւակը, կնիկը. բայց անո՛նցը ուրախութեան Բարեկենդանք էր։ Անանկ գիտէին, թէ ղարիպնին մինչեւ Համբարձում իրենց քովը պիտի վերադառնար։
       Օ՜ֆ, օ՜ֆ։
       Հա, զատկէն ետքը պիտի երթա՜ր. իր Մելքոնը, մէկ հատիկ զաւակը, հիմակ աղուոր կտրիճ մը, պիտի կարգէր։ Ինչո՞վը պիտի երթար։ Ստա՛կ պէտք էր ճամբու ծախքի համար, ստա՛կ պէտք էր արտը ազատելու համար։ Ա՜րտը, մենծ մտմտուքը։ Երեսուներկու տարի առաջ երկրէն հինգհարիւր ղուրուշ պարտքով ելած էր, արտը գրաւ դնելով. երեսուներկու տարիէ ի վեր կը դատէր ու կը դատէր, պարտքը կու տա՜ր ու կու տա՜ր. ինքը ծերացաւ, պարտքը չլմնցաւ։ Ոչ միայն լմնցած չէր, այլ աւելցած ալ։ Գո՛նէ կէսը վճարելու էր, չէ նէ արտը ձեռքէն կ՚երթար։ Ա՛րտը՝ ծերութեանը յոյսը, զաւկին ապաւէնը, թոռներուն ապագան։ Կ՚ըսեն, թէ «թող ողջութիւն ըլլայ, ամէն բանին տեղը կու գայ, մեռնողին տեղը չի գար մինակ». գացած արտին տեղը կու գա՞յ։ Քովի տասը ոսկին ո՞ր մէկուն օգտեցնէր պիտի։ Օ՜ֆ, օ՜ֆ։
       Հիմակ յիսունը անցուկ, Թորոս աղբարը Բալուէն տասնութը տարու Պոլիս գալով՝ հիւսն եղած էր, իր բոլոր երկրացիներուն պէս։ Առջի քսան տարին չորս անգամ սիլահ ըրած էր. բայց տասը տասուերկու տարի է Պոլսէն չէր կրնար հեռանալ, վասնզի գործերը գէշ կ՚երթային։ Սակայն ետքերս ուրիշ ճարտարապետի մը քով աղէկ բանած էր ու կրցած էր թէ՛ տունը ստակ ղրկել, թէ՛ պարտքին ի հաշիւ բան մը վճարել եւ թէ՛ քսան ոսկի մըն ալ աւելցնել։ Ակռան եթէ քիչ մըն ալ սղմելու ըլլար, պիտի կրնար շէնք շնորհք երկիր դառնալ, հոն պարտքը վճարել, տղան կարգել ու Պոլիս ճամբել, ինքն ալ հանգստանար պիտի այլեւս։ Բայց այդ ամառը, գործին է՛ն բանուկ օրերը, լաստակերտէ մը վար ինկաւ, վիրաւորուեցաւ. Ազգային Հիւանդանոց երթալ չուզեց. «Հո՛նկէ ղարիպին ճաղը դուրս կ՚ելլայ» ըսելով։ Ամբողջ ամառը եւ աշունը անկողինը անցուց. ունեցած քսան ոսկիին տասը ծախսեց. ձմեռը աղէկցաւ։ Ա՛լ երկու շաբաթէ ի վեր խանին մէջ կը պտըտէր. բայց կը զգար, թէ ամառը պիտի չկարենար աշխատիլ, ուստի աւելի խերով սեպեց գարնան երկիր երթալը։ Բայց ինչո՞վը։ Օ՜ֆ, օ՜ֆ։
       Երկու—իրեք օրէ ի վեր, ուղեղին բոլորտիքը խենդուկ մտածմունք մը կ՚ոլրտկէր. քանի մը անգամ զայն վռնտել փորձեց, բայց անիկա «արսըզ ճանճի պէս նորէն իր տեղը կը դառնար»— ինքն էր, որ ետքէն ասանկ կը պատմէր։
       Ինչպէս ուրիշ շատ գործաւորներ, Թորոս աղբարն ալ առնելիքուոր մըն էր, բայց պարտապանը շատ հարուստ մէկը ըլլալով, առնելիքը բրցնելու յոյսը յիմարամիտ փորձութիւն մը կրնար համարուիլ, ուրիշ ոչինչ։ Սակայն, յուսահատական վիճակի մը մէջ փրկութիւնը կրնայ խնդրուիլ յիմարական համարուած ձեռնարկէ մըն ալ։
       Այդ ցորեկը, Թորոս աղբարը, անկողնին վրայ պառկուկ, օ՜ֆ, օ՜ֆ—ներով շատ մտմտալէ յետոյ, լրջօրէն որոշեց ելլել մէյ մը «ա՛տ անօրէնին» երթալ. բա՛ն մը վրայ չէր ի տար։ «Ծովը իյնողը օձուն կը փաթթուի», ըսաւ ինքնիրենը։
       Դիմումին վերջնական որոշումը տալէ ետքը, ելաւ բակը գնաց, Բարեկենդանքը ընողներուն քովը։ Գաղջ օդը լիաթոք ծծեց, ինքզինքը աւելի կազդուրուած զգաց։ Յոյսը սրտին ստորմիքը կ՚արծարծէր. «ամառէն մնացած օրուան մը» պայծառ արեգակէն հրահարուելով։
       —Էհ, ըսաւ մտովի, աշխըրքիս երեսը չըլլալիք բան չկայ, մինակ մեռնողը չողջննար։ Պէլքիմ Աստուած անոր ալ սրտին մէրհամէթ կու տայ։