Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Արմիկը ա՛լ հասուկ աղջիկ էր, տասնըիննին մատ մը կար։ Հօրեղբայրը՝ Ղուկաս աղան եւ Եէնկէն՝ Վարդենի տուտուն, հօրէ մօրէ որբը ժամ առաջ կարգել կ՚ուզէին։ «Շատ նազիկ» էր, այսինքն՝ առողջութիւնը իրենց մտմտուք կու տար։ Բայց, դէմը խըսմեթ մը չէր ելլար։ Ղուկաս աղան սկսաւ ա՛լ չորս դին իյնալ։ Տընտընալու չէր ի գար։
       Ետքէն երկու քար ալ առնենք տէ, գլխնուս զարնենք նէ, ֆայտա չ՚ունենար, կ՚ըսէր կինը։
       Մարդը ըրաւ չըրաւ աղէկ տղայ մը ձեռք ձգեց. Սամաթիացի Արթաքի աղան։ Մանչը Մեծ-Պահքի կիրակի մը հօրեղբօրը հետ Խասգեղ աղջիկ տեսի գնաց եւ Արմիկին հաւնելով, դիմացի կիրակին ալ խօսք կապը տարին՝ հետեւեալ համաձայնութեամբ։ Աղջկանը հօրենական ժառանգութիւնը՝ Րումէլիի տասներկու Երկաթուղի՝ փեսին պիտի յանձնուէր Պատրիարքարանով նշանտուքին օրը. օժիտը Ղուկաս աղային վրայ. Առջի Պսակին ալ հարսնիք։
       Տղուն սիրտը շա՜տ նեղացաւ, որ երկու ամիս մը համբերել պիտի պարտաւորուէր. «գործերը երեսի վրայ պիտի մնային»։ Բայց ձեռքէն ի՛նչ կու գար։ Մինչեւ առջի Պսակ հարսնիք չէր ըլլար։ Օրացոյցը ասա՛նկ կը գրէր։ Ու, ձեռքէն բան մը չգալուն, քթին տակէն կը մրմռար։
       —Պէ՛, ա՜ս մենծ պաքը ի՛նչ է նէ. Քրիստոս խաչուեր է, մեռեր է, հայտէ սուգ պահենք, չկարգուինք, ուրախութիւն չընենք։ Բէք աղէկ, ըսելիք չունիմ։ Է՜յ, Զատիկին ինչո՞ւ չկարգուինք, ուրախութիւն չընենք։ Քրիստոս յարութիւն առեր, գերեզմանէն ելեր է, աղէկ ա՜. մենք ալ խնդանք, մենք ալ ուրախանանք։ Չէ՛, չըլլար եղեր։ Չէ՛. ա՛ս՝ մեռեր է տէյի, մի՛ կարգուիր, ուրախութիւն մի՛ ըներ. ա՛ս՝ յարութիւն առեր է տէյի մի՛ կարգուիր, ուրախութիւն մի՛ ըներ։ Ինչո՞ւ։ Չէ՛, ասիկա խելքիս բանը չէ։
       Ու, «խելքին բանը» չըլլալուն, վարդապետներուն մօրուքին կը հայհոյէր։ Օրացոյց շինողները անոնք էին։
       Հե՜յ վա՜խ, կը մռլտար, Օգսէնը ողջ ըլլալու չէ՞ր քի, ձեռքը մէճիտիէ մը կոխէի տէ, Օրագիրին մէջ սանկ աղուոր մը գրել տայի, հախերնուն գայի, սիրտս աղէկ մը պաղշտկէր։
       Իսկ անդին Ղուկաս աղան ալ, «երանելի նախահարց» իմաստուն հեռատեսութեամբ սահմանած կարգ կանոններուն վրայ կը սքանչանար։ Այդ բարեխնամ օրէնքներուն շնորհիւ էր, որ առջեւը երկու ամիսէն աւելի ատեն պիտի ունենար ու գործերը պիտի կրնար կարգադրել։ Արմիկին օժիտը խօսքով չէր շինուեր. եւ ո՛չ ալ հարսնիքին ծախքերը լաֆով կը վճարուէին։ Քիչէն քիչը քսան ոսկիի պէտք ունէր. մէկ օրէն միւսը ո՞ւրկէ պիտի ճարէր։
       Շահերու մշտնջենական հակադրութիւնը։ Բրուտը՝ որ բարկ արեւը կ՚ըղձայ, որպէս զի իր անօթները չորնան, ու երկրագործը՝ միեւնոյն պահուն առատահոս անձրեւի համար կ՚աղօթէ։
       Հիմակ վաթսունը անցուկ, քառասունհինգ տարիէ ի վեր աշխատող գրաշար Ղուկաս աղան դեռ երկու մէճիտիէ քով քովի չէր կրցած դնել նեղ օրուան համար։ Եւ ընտո՞ր ալ խնայողութիւն ընէր։ Քանի մը մէճիտիէ շաբաթականը ո՞ր մէկ ծախքին ձեռք պիտի տար. տանը վարձքի՞ն, ուտելիքնո՞ւն, վրայ գլուխի՞, ծխախոտի՞ն, երթալ գալո՞ւն։ Հապա ա՛ն պարապ մնալները, հապա ան հիւանդանալնե՜րը, որ գրաշարին օճախին մուխը կը մարեն։
       Սակայն, «փառք Տեառն», ահա տաս տարի էր, որ միեւնոյն տպարանը կը բանէր, առանց օր մը բացակայութեան. շաբաթականն ալ վեց մէճիտիէ. հրապարակին վրայ գրաշարի է՛ն բարձր բանողչէքը։ Բայց, ասոր հետ մէկտեղ, երկու ծարերը պիտի չի կրնար իրարու բերել, առանց պէյլիկի կարերուն օգնականութեանը։ Խասգեղցի ուրիշ կնիկներու պէս, Վարդենի տուտուն ալ Արմիկին հետ, բանակին ճերմակեղէնները կարելով, տարին մինչեւ քսան ոսկի մը կը հանէին։
       Խօսք կապը տրուելէն յետոյ, գրաշարը իր ելմտացոյցը պատրաստելու ետեւէ եղաւ։ Ելքին սիւնակը շուտ լեցուեցաւ անխուսափելի ծախքերու թուանշաններով, զորս դիմաւորելու համար, «մուտք»ին կողմը յուսադրական ենթադրութիւններ կը շարուէին միայն։ «Գլուխգործոց յոյսը», ինչպէս ժպտելով կ՚ըսէր, պէյլիկ էն գանձումի ակնկալութիւնն էր։ Ինը ամիս կար փարայ մը առած չունէին, սակայն «տաճիկը» խօսք տուած էր, ամէնուն առնելիքները Րամազանին վճարել։ Րամազանն ալ աս տարի զատկէն երկու շաբաթ ետքը կու գար։ Ուրեմն, ձեռքը տասնըհինգ ոսկի մը պիտի անցնէր, կնոջը հաշիւներուն նայելով։ Ա՛ս՝ աղէկ։ Ակռան կը սղմէր, տանը ծախքէն ալ շաբաթը մէճիտիէ մը խնայողութիւն կ՚ընէր. քիչ մըն ալ պախալ-չախալի պարտք կը թողուր։ Չեղաւ նէ, տանը վարձքն ալ ամիս մը ետ կը ձգէր։ Տպարանէն ալ ան օրերը անշուշտ իրեն կանխավճար մը կ՚ընէին։ Սանկ նանկ, մինչեւ Առջի Պսակ ձեռքը քսան, քսաներկու ոսկի մը կ՚անցնէր։ Բայց ատ ստակը հարսնիքի մօտերը պիտի ունենար։ Հո՛գ չէ. ծախքերն ալ ան օրերը պիտի ընէր, ա՛ս՝ Պատրիարքարան է, ա՛ս՝ տէրտէր է, ա՛ս ժամ է, ա՛ս ձեռք պագի երթալ է, ա՛ս իրենց քիչ մը վրայ գլուխ շինել է, ա՛ս՝ սա՛ է, ա՛ս՝ նա՛ է։ Աղէկ ատ կողմէն սիրտը հանգիստ կը մնար, բայց, օժիտը ընտո՞ր պիտի ըներ։
       Աղջկան ճէհէզ ը մանչու լաթ չէ քի, երթաս տէ, Մայերէն կէս ժամուան մէջ առնես, կ՚ըսէր ինքնիրենը։
       Շաբխան, սքարբինը ետքի օրերն ալ կրնային գնել, սակայն, ֆիստանները, ճերմակները, է՛ն ուշը, Նոր կիրակիին երկուշաբթիէն կարել պէտք էր սկսէին։ Բայց, սկսելու համար տաս ոսկի կ՚ուզէր։ Ատ ալ Հանայէն պիտի ճարեր. նեղ օրերու մէջ, գրաշարներուն «աչք ամենեցուն ի քեզ յուսան»ը։ Եկո՛ւ տես, որ ատ սղերդցի վաշխառուն ալ, գրաշարի մը իրեք ոսկիէն աւելի վարկ չէր բանար, առանց շատ ամուրը կապելու։ Երբ Ղուկաս աղան դիմումը ըրաւ, մարդը հաւաստեց, թէ՝ տասը ոսկի չէ. քսան ալ կու տար, եթէ «էֆէնտի»ն երաշխաւոր ըլլար։
       Մտմտալիք բան։ Գրաշարները «էֆէնտիին» համար կ՚ըսէին, թէ «ապառաժէն ջուր կը բղխի նէ, անոր ալ սրտէն գութ կը բղխի»։ Բայց, ինչ գիտես. մարդուս սիրտը Աստուա՛ծ կը ճանչնայ միայն։ «Երիկամանց քննող գաղտնեաց»ը ա՛ն է։ Տպարանին մէջ ինքը տաս տարուան աշխատաւոր մըն էր, ու հայ տպագրութեան համար ալ քառասուն տարուան էմէքտար մը. օր մը օրանց մէկուն գլխու ցաւ մը տուած չունէր, ինչ ըլլար, ըլլար դիմում մը կ՚ընէր։
       —Չամուռ մըն է պատը կը զարնեմ, ըսաւ, բռնեց նէ, բռնեց, չբռնեց նէ, ան ատեն կը նայիմ, թէ գլուխս որ քարին զարնեմ։
       Սիրտ ըրաւ, շաբաթ իրիկուն մը գնաց առաջարկը ներկայացուց։ Մարդը պեխերը ոլորեց, կմկմաց, ո՛չ «հա՛» ըսաւ, ո՛չ «չէ՛», առարկութիւններ հարոյց։ Ծերուկն ալ աղաչեց, պաղատեցաւ. տասը տարուան ծառայութիւնը յիշեցուց. օր մը օրանց թաճիզութիւն մը տուած չունէր։ Ըսաւ, թէ ինքը— էֆէնտին— որբ աղջկան մը կարգուելուն սէպէպ պիտի ըլլար. մենծ բարիք մը պիտի ընէր. աղքատ աղջիկ մը կարգելը մենծ խեր էր։ Աստուած կը հատուցանէր։ «Մէկ սատախան հազար պէլա տէֆ կ՚ընէ»։ Ուզածը շատ բան չէր։ Շաբաթական մէյմէկ մէճիտիէ վճարմամբ, տարին չանցած պարտքը կը լմնցնէր։ Ինքը մեռնելու ալ ըլլար նէ, կնիկը ասեղ ծեծելով պարտքը կու տար։ Էրիկը հողերը պարտըկան չէր պառկեցներ։
       Էֆենտին մարդուն ողորմուկ թախանձանքներէն կակուղցած երեւցաւ։ Հարցուց, թէ ե՛րբ կ՚ուզէր։
       —Նոր կիրակիին, պատասխանեց գրաշարը։
       —Է՛յ, հա՛յդէ, հիմակ գնա՛ տէ, բան մը կ՚ընենք, ըսաւ ժպտելով։
       Ղուկաս աղան ալ, շա՛տ շա՛տ շնորհակալւթիւններ յայտնեց ու դուրս ելաւ։ Իրեն համար՝ դրական խոստումի մը համարժէք էր «հիմակ գնա՛ տէ, բան մը կ՚ընենք» յուսադրանքը, որուն քմծիծաղ մը կ՚ընկերանար։
       Իրիկունը Հալըճը օղլուն երկու հատ էւէլ ճնկեց, եւ գնաց ուրախ լուրը կնկանն ալ աւետել։ Ան ալ, էֆէնտիին օրհնէնք տուա՜ւ, օրհնէնք տուա՜ւ որ։
       —Իշտէ կնիկ, աս աշխարքս ասանկ է, ըսաւ էրիկը, մենք աս մարդը անողորմին մէկը գիտէինք, սիրտը ապառաժ է, կ՚ըսէինք. մէյէրիսէ, Ահարոնին ապառաժն է եղեր, դպչելու տեղը գիտնալու ես քի՜ ջուրը բղխի, ընտոր անցածներս շարեցի. «Էօքսիւ՛զ աղջիկ պիտի կարգե՛ս» ըսածի՛ս պէս, գութը պոռթկաց։ Աստուած գործին յաջողութիւն տայ, զաւակներուն խէրը տեսնայ։