Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       Իրիկուան դէմ, Ղուկաս աղան Հաճի Պէքիր ին առջեւէն անցած ատեն, հարիւր տիրէմ իշի խավուրմիշ պատէմ շէքէրի գնեց։ Արթաքին նախորդ կիրակին այցելած չըլլալով, անոր իքրամ մը աւելի ընել կ՚ուզէր։
       Յաջորդ օրը, կիրակի, ճաշէն քիչ ետքը դուռը զարկին. Արմիկ պատուհանէն նայեցաւ. «Ա՛ն էր»։ Դուռը վարէն Վարդենի տուտուն բացաւ.
       Աս ո՞ւր մնացիր, ա՛ֆէրիմ, փաղաքշական յանդիմանութեամբ մը։
       Ղուկաս աղան ալ սանդուղին գլխէն դիմաւորեց.
       —Ե՛ս ալ հի՜մակ վար կ՚իջնայի կոր, քեզի սպասելու, ըսաւ. չիյտէի որ ասօր ասանկ կանուխ պիտի գաս։
       Բայց տղան աչքերուն թիւրլիւ մը երեւաց։ Էրիկ կնիկ գողբնցի իրարու երես նայեցան։
       Երբ սենեակը մտան, Արթաքին կիսովի նստաւ, Էրեէթի մը, ժանիքները կախ։ «Է՛յ, բարի եկարին» պատասխան հազիւ թէ «բարի տեսանք» մը մրթմրթաց։ «Ընտո՞ր ես, աղէ՞կ ես»ին ալ գրեթէ անտարբեր մնաց, առանց փոխադարձաբար հարցում մը ուղղելու տնեցիներուն առողջական վիճակին վրայ։
       Քիչ մը օդին վրայ խօսելէ յետոյ, փեսացուն թաշկինակը հանեց, ֆէսը ետեւօք նետեց, ճակատը սրբեց, ու թեթեւ իմն դողդողացող ձայնով մը.
       —Էյ նայինք, հարսնիքը Առջի Պսակին կ՚ընե՞նք եա, հարցուց։
       Արտասանութեան հեգնոտ շեշտը ո՛չ Վարդենի տուտուին, ո՛չ Արմիկին ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ղուկաս աղան փոքր ինչ կասկածոտ, փութաց, « ինշալլահ, ինշալլահ» պատասխանել։
       Է՛յ չէ, վրայ բերաւ անդիէն Վարդենի տուտուն, խըյանէթ, կարերը տահա թէքմիլ չեն, բէք Առջի Պսակին չեն հասնիր։
       —Ես ատանկ բաներ չիյտեմ, Առջի Պսակին հարսնիք կ՚ուզեմ, պահանջեց Արթաքին։
       Արմիկին սիրտը թըփ թըփ կը նետէր, երբ նշանածը այնքան տաք կը տեսնէր։
       Է՛յ գիտե՞ս եա՛, դիտել տուաւ Ղուկաս աղան, քեզի հետ համաձայնեցանք, որ չըլլայ նէ երկու շաբաթ ետ ձգենք։
       Անանկ է, բէք աղէկ, խօսքս՝ խօսք, ամայ խաւլով մը։
       —Հրամմէ։
       Այս շաբթու Պատրիարքարանով նշանտուք կ՚ուզեմ, Քէսէ պիչէն աս ուրբաթ ընելու ենք։
       Ու պայմանները առաջարկած պահուն, շեշտակի Ղուկաս աղային երեսը նայեցաւ։ Մարդը աչքերը բնազդաբար խոնարհեցուց։ Քէսէ պիչէին օրը Երկաթուղիները յանձնելու էր։ Լուռ մնաց։
       —Է՛յ, նայինք, ասո՞ր ի՛նչ պըտոր ըսես, պնդեց փեսացուն։
       Ի՞նչ պիտի ըսեմ որ, պատասխանեց Ղուկաս աղան, օրէնքը ինչ է նէ, ա՜ն պիտի ըլլայ։ Քէսէ պիչէն հասնիքի շաբթուն կ՚ընեն։ Հիմակ վար իջնանք նէ մենք մեզի խօսինք, Արթաքի աղա։
       Ու աչքովը Արմիկին նշան ըրաւ երթալ շաքարը եւ սուրճը բերել։ Կ՚ուզէր տղան ժամ առաջ հետը առնել դուրս ելլել։ Ձեւին ու խօսուածքին շատ չէր հաւներ։
       Երբ աղջիկը դուրս ելաւ, նշանածը ա՛լ աւելի զայրացկոտ ձայնով մը ըսաւ.
       Ղուկաս աղա, ինծի նայէ, խանութին, օտա յին քիրա ները անդին կը բանին կոր, իշտէ երեք ոսկին գնաց, նոր ամսականը պիտի բանի հիմակ, ես…
       —Գուզում Արթաքի աղա, աս տեղը մուհապպէթ ընելու եկեր ես, աղաչեց Ղուկաս աղան, գործի խօսքերը հիմակ վար իջնանք նէ հոն կ՚ընենք։
       Արմիկ ափսէն ձեռքը ներս մտաւ եւ անուշ ու շէքէր հրամցնելէն յետոյ, Արթաքին շարունակեց։
       —Բէք աղէկ, ա՛ս ա՛լ թող ձեր խօսքը ըլլայ…
       Ղուկաս աղան հանգստացած սրտով շունչ մը քաշեց, բայց ա՛ն խօսքը դեռ չէր լմնցուցած,
       , ամա՛, աս, շըմէնտըֆէրները ասօր մէյ մը աչքովս պըտոր տեսնամ։
       Մէկալը շլմորած մնաց. ասանկ պահանջում մը մտքէն չէր անցուցած ու մինչ յանկարծակիներու եկած, րոպէաբար սուտ մը ստեղծելու կը տքնէր, անդիէն կնիկը անհամբեր մէջ նետուեցաւ։
       Է՜յ վո՜ւյ, մեղա՛յ, Արթաքի աղա, ասոնք կը վայլե՞ն, խօսքեր են քի կ՚ընե՞ս, յանդիմանելով։
       Կը վայլենը չեն վայլերը, ա՛ն իմ գիտնալիք բանս է, յայտարարեց Արթաքին բարձրաձայն։— Ես հէլպէթ շիւբէ մը ունիմ քի. կ՚ըսեմ կոր։ Ես ա՛ն ձեր գիտցածներէն չեմ, անանկ լախլուխներու չեմ ի գար։
       Էյ իշտէ , սիրտդ թո՛ղ րահաթնայ, գոչեց Վարդենի տուտուն կրակ կտրած։ Ու ցատկելով, գնաց քովի սենեակը պատէն կախման սեւ շրջազգեստին գրպանէն մենծ սնտուկին բանալին առաւ բերաւ։
       Ղուկաս աղան լեզուն բռնուած կը մնար. ձեռացի նշանը օգուտ մը չունեցաւ։
       Ձգէ՛ ճանըմ, ձգէ, հրամայեց կնոջը, մենք հիմակ վար պիտի իջնանք, հոն կը խօսինք։
       Ինչո՞ւ պիտի ձգեմ քի , պոռթկաց կինը, ընտանեկան արժանապատուութեան զգացմանը մէջ չարաչար վիրաւորուած։ Թո՛ղ աչքովը տեսնայ քի , սիրտը րահաթնայ։
       Երբ Արմիկը սուրճը բերաւ, Վարդենի տուտուն սնդուկը բացած, մէկ ձեռքովը խուփը բռնած, միւսովը ծրարը կը փնտռէր. անդիէն էրիկը, լեզուն կապուած տեղը կը մնար, ինչպէս յանցաւոր մը, որ իր տան մէջ ոստիկանական խուզարկութեան մը պահուն, ա՛լ ապահով ըլլալով, թէ իր մեղապարտութեան ապացոյցները ձեռք պիտի անցնին, լուռ մունջ կը համակերպի ճակատագրին։
       Քա աս խարախատան , որ ծակերն է մտեր քի. կը մռլտար կինը, ձեռքին չհանդիպելով երբեմնի լեցունկէկ ծրարը, զոր գտնալու վարժ էր։
       Հա՛, հա՛, փնտռէ քի գտնաս, հեգնեց փեսացուն։
       Արմիկը աս իրարանցումէն, անցած դարձածներէն բան մը չհասկնալով, հօրեղբօրը մէկ նշանացի հրաւէրին վրայ, ֆինճանները ժողվեց դուրս ելաւ, բայց զանոնք տեղը դնելէ յետոյ, եկաւ դրան ետին պահուըտեցաւ. այդ միջոցին էր, որ Վարդենի տուտուն՝
       —Իշտէ գտայ, նա՛, թո՛ղ սիրտդ րահաթնայ, աղաղակելով, պոխճային մէջէն ձեռքը անցած երեք թուղթը յաղթական Արթաքիին առջեւը նետեց։ Երիտասարդը քիչ մը զարմացած մնաց, ըրածին ամչնալով. բայց, շիտակն ալ, սրտէն ուրախ, որ վախերը զուր տեղն էին։ Իր երազնե՜րը։ Բայց եւ այնպէս, քիչ մը տարակուսանքով, շատ մըն ալ յուսալիր։
       —Էյ նայինք, մէկալնե՞րը, հարցուց։
       Պառաւին ձեռքերը նորէն մխրճեցան սնտուկին խորը. խեղճը կը կարծէր թէ ծրարները քակուած էր ու թուղթերը թափեր էին։ Մէկալները ո՞ր սատանին ծակը ինկեր էին։ Կը փնտռէր։
       Է՜յ, գտա՞ր մի, հարցուց Արթաքին, յուսախաբութեամբը առաջուընէ աւելի դառնացած։— Հէլպէթ ես բան մը գիտէի քի, թուղթերը մէյ մը աչքովս տեսնալ ուզեցի։
       Ու հերսոտած պառաւը պոխճաները մէկի՛կ մէկի՛կ դուրս կը հանէր, կորուստը անոնց ներքեւէն գտնելու հաւատքով։
       —Մի՛ փնտռեր, մի՛ փնտռեր, ըսաւ էրիկը, ես մէկալները տարեր եմ։
       Վարդենի տուտուն սնտուկը գլխիկոր գոցեց, ու դարձաւ խեղճուկ մը էրկանը երեսը նայեցաւ։ Մարդը այս պահուն արդէն պատրուակ մը հայթայթած էր երկաթուղիներուն աներեւութացումը բացատրող.
       —Պանքա յէն, շարունակեց, մենծ գիրք մը հանեցին, մինչեւ հիմակ ելած ամէն թիւերը մէջը գրուած են. ամէն մարդ կը նայի, կը փնտռէ կոր, քի աճապա մոռցուած աչքէ փախած բան մը կա՞ մի։ Գիրքը մենծ է, իմինս ալ չէ՛, չեմ կրնար տուն բերել. թուղթերը տպարան տարի, մէկիկ մէկիկ կը նայիմ կոր. իշտէ ատ իրեքը լմնցան, մէկալ ինը հատն ալ վաղը մէկալն օր կը բերեմ։
       Վրան շա՜տ բաց գիւտ մը, որուն Արթաքին բարկութեամբ պատասխանեց։
       —Հա՛, պիտի բերես, հա՛, պիտի բերես։
       Ինքնիրմէն ելած, բանականութիւնը կորուսած, մոլեգնոտ մըն էր այդ րոպէին։ Ֆէսճի ի խանութ, պզտի՜կ Պօն Մարշէ, ամէնքը փլատակնե՜ր աչքերուն առջեւ։ Նորէն շան պէս ամուճա յին դուռը պիտի իյնար, նորէն ասոր անոր պիտի աղաչէր իրեն մանչութեան գործ մը գտնել, օ՜հ, Նառլը—Խափուին աղուորիկ տունը, կոկիկ խանութը, որոնց առջեւէն կ՚անցնէր առտու իրիկուն ու գուրգուրանքով վրանին կը նայէր, հիմակ անոնք աւեր աւերակ։ Ու այդ վայրկենական տեսարանէն աչքերը մթագնած, իրեն գարշելի ճիւաղի մը պէս կ՚երեւնար դէմի ծերուկը, ամէ՛ն չարիքին պատճառը։
       Դո՛ւն երէկ Պախճէ—Խաբու ն սարաֆ Օհանին խանութը ի՞նչ բան ունէիր քի, հարցուց ամբաստանիչ շեշտով։
       Ղուկաս աղան Պախճէ—Խաբուն լսածին պէս, արդէն լմնցաւ. ու մէկալը ջախջախիչ հարուածները անխղճօրէն իջեցուց, իջեցուց։
       Երէկ ամուճաս հոնկէ անցած ատենը ամէն բան աչքովը տեսեր է, յայտնեց։
       Ու Վարդենի տուտուին դառնալով.
       Աս մարդը շատոնց է պօշ ն է, քեզի ինչո՞վ կը նայի կոր քի, հէ՞. ան զավալլը էօքսիւզին շըմէնտըֆէրները մէկիկ մէկիկ կը ծախէ, մէկտեղ կ՚ուտէք։
       Վարդենի տուտուն աս անլուր, անհաւատալի ամբաստանութեանց դէմ կ՚ըմբոստանար.
       Վա՜յ գլխուդ, բռնուիս, այս ի՞նչ անօրէն անաստուածի խօսքեր են քի կ՚ընես կոր, աղաղակեց։ Մի եւ նոյն ժամանակն ալ, կասկածոտ խոհեմութեամբ, երեք թուղթը մէկէն առնելով սնտուկը դրաւ, զոր կղպեց։
       Ես ըսածս գիտեմ, պոռաց տղան, հէմ տէ աս առտու շիտակ Պէյօղլու իր էֆէնտիին գացի։ Աս մարդը ա՛լ գործի պըտոր չմտնայ եղեր, ըխտիարցեր է. ձեռքէն բան մը չի գար կոր եղեր։ Ա՛լ շըմէնտըֆէր, մըմէնտըֆէր չկայ։ Ասոնք ալ ծախեցէք, մէկալներուն պէս կերէք։
       Ու ոտքի ելլելով.
       —Ա՛լ ինծի համար չէ, բերածներս տուէք երթամ պըտոր, յայտարարեց հանդիսաւորապէս։
       Գրաշարը ապուշ ապուշ կը նայէր, ոճիրը գործադրած պահուն իսկ տեղն ու տեղը բռնուող եղեռնագործի մը զարհուրանքովը։ Բայց կինը՝ արթուն, խելքը վրան, կռուի կազմ եւ պատրաստ.
       Ի՞նչ ետ պիտի տանք, քի , պոռաց, հէմէն արուննե՜րը փսխես, զավալլը չօճուխին արո՞ւնը պիտի մտնաս։
       —Օղերս կ՚ուզեմ, ես անանկ բաներ չիյտեմ, կը պոռար փեսացուն. Սամաթիացի «աղբարը մը» յանկարծ երեւան եկած էր։
       Վա՜յ գլխուդ, հայտէ ճէհէլլէմ եղիր տէ գնա՛, կը գոչէր պառաւը, ճարը կտրած, օղ մօղ չի կայ, մենք ետ չենք ընէր կոր քի, խօսք կապը ձեռքդ տանք տէ քեզի ճամբենք։ Եա՛ մեր անխտար մասրաֆ ները, եա՛ մեր անխտարի եփածները թափածները, եա՛ մեր անխտար անուշները, շէքէր ները։ Զէհիր զըխը՜մ ըլլայ. արուններ փսխե՜ս, վա՜խ զավա՜լլը Արմիկս, իմանայ նէ…
       Այս րոպէին Արմիկը, դրան ետեւը ամէն բան լսած, ներս մտաւ, օղերը իր ձեռքովը ականջէն քաշեց եւ արհամարհանքով նշանածին առջեւը նետեց ու դուրս ելաւ։ Մարդը տեղը պահ մը պաղած մնաց, ամչկոտ, վեր առնելու չծռեցաւ. բայց Վարդենի տուտուն որսի շան պէս ցատկեց, աւարը յափշտակելով գրպանը նետեց.
       Ինչո՞ւ պիտի տանք քի. մենք ետ չենք ըներ կոր եա՜։
       Այդ բորբոքեալ կնոջ դէմ իր անզօրութիւնը զգալով, Արթաքին ճակատամարտին դաշտը թողուց ու բերնին տալով «էյ նայեցէք ես Պատրիարքարանով կ՚առնե՞մ մի, չեմ առներ. վաղը ղազէթաները անցընել պիտի տամ» սպառնալիքներ տեղալով, առաւ քալեց։
       Ղուկաս աղան ետեւէն աճապարեց, ետ դարձնելու դիտմամբ, «Արթաքի աղա, ամօթ է, ճահիլութիւն մի ըներ, ինծի նայէ» աղաղակելով. բայց Արթաքին դուռը աղմկալից փակեց գնաց։ Ղուկաս աղան ետ դարձաւ, ֆէսը դնելու եւ շուտ մը շուկան իջնելով փեսացուն գտնելու, ամէն բան հասկցնելու եւ կարգադրելու համար։ Բայց կինն ու Արմիկը, իրենց անձնասիրութեան մէջ վիրաւորուած, թող չտուին, որ տեղէն շարժի։
       —Ուղուրսուզ ը, կ՚ըսէր Վարդենի տուտուն, ուրկէ՞ ալ դէմերնիս ելաւ։ Է՜յ մէյէր Արմիկս բախտ ունի եղեր քի, ատ նումէրօ ներուն եաղըլըշը եղաւ տէ, ան ալ իր պօյան դուրս տուաւ. Եումուրճա՜խ ը տանի. աս սիրտս չէր փակչեր կոր նէ, ան էր. երեսէն զէհիր կը վազէր. օր մը խնդալը չտեսա…