Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երկու եղբայրներուն մէջ Յակոբոս` այինկաճիներու մեծը` անդրանիկն էր. սեւաչուի, սեւահեր երիտասարդ, ամառ ձմեռ պահելով իր մեղրագոյն ապայէ փոթուռն ու շալվարը, հաստ տոկուն կտաւ, որ դաշոյնի հարուածներու կը դիմադրէր եւ զոր ցերեկները կը պտըտեցնէր Իզմիտի չարշուին մէջ, զօրաւոր մարդու յատուկ դանդաղ ու ծոյլ քայլուածքով:

Լեռներու զաւակ, իր գիւղացիի անձուկ միտքը բնաւ չէր կրցած ըմբռնել Ռէժիի դրութեան նրբութիւնները. եւ իր բնական իրաւունքին յենած` կը կռուէր ահա տասը տարիներէ ի վեր, ճակատաբաց` փոխանակ յանցաւորի մը պէս պահուըտելու. այինկաճիներու համբաւաւոր պետն էր ու դիւցազնը այնքան արիւնոտ ծեծկուուքներու:

Այս երիտասարդն էր, որ վկայութեան համար կանչուած, դատարանի մը առջեւ, իր արհեստը հարցուած ատեն պատասխանած էր անփութօրէն.

Այինկաճի:

Հիմա ամենուն ծանօթ է ինք, զոր լերան մէջ աւազակը ու ճամբուն վրայ ձիապանը կը ճանչնան, կը սիրեն. մէջքի դաշոյնը, որուն երկաթը Պոլսէն եկած գնած է, Դամասկոսի դիւրաթեք երկաթ, վէտվէտող երանգներով, երբեք զուր տեղը փայլատակած չէ: Ծառերը կը ճանչնան զայն, այնքան շատ իրենց կեղեւին վրայ Յ գիրը` իր երբեմնի դպրոցական կեանքէն մնացող միակ յիշատակը` փորագրած է, սրտնեղութեան, ձանձրոյթի վայրկեաններուն մէջ:

Այս քաղքին շրջակայքը` ծխախոտի ամեն փոխադրութիւն իր աչալուրջ ու ճարտար պահպանութեան կը յանձնուի ամեն ատեն. երբեք չի թողուր փախիր իր արիութեան վստահուած ապրանքը. հնարքը ու քաջութիւնը կը լծորդէ փորձ ռազմագէտի մը պէս ու կը յաջողի:

Հիմա պիտի նշանուի. ո՞վ զաւակ կուտայ այս լերան մարդուն. եւ սակայն մէկէ աւելի աղջիկներ սրտատրոփ կ՚սպասեն դուռը իր անցուդարձին, իրիկուան մութին:

Բարեւ, Յակոբոս, ե՞րբ եկար:

Երէկ գիշեր:

Միշտ գիշեր կուգար այս տղան. անորոշ ժամերով, անծանօթ, անկոխ ուղիներէ զորս իրմէ զատ ոչ ոք գիտէր, ոչ իսկ իր եղբայրը, Սահակ` որ Ռէժիին կը ծառայէ. ինքը՝ ահաւոր Այինկաճիին կրտսերը` քօլճի մըն է հիմա լեցուն թոշակով, երիտասարդ կտրիճ մը. բայց Եօքարը Մահալլէն, իր ազգականներուն թաղը չի ժպտիր իրեն. աղջիկները չեն սպասեր դուռը. էն տգեղը կը ծիծաղի իր վրան, եւ եղբօրը նշանածը, Պերճուհին, չի բարեւէր զինքը:

Ինչո՞ւ համար յանկարծ թողած է այս տղան իրենները, ատելութեամբ զինուելու համար անոնց դէմ:

Եւ այս նեղ փողոցին մէջ, դէպի խարխուլ տունը, որ ճիշդ իր հայրենի տունն էր, ինքն էր ահա որ կ՚առաջնորդէր Ռէժիին. եւ յանկարծակիի եկած ամենքն ալ, չհաւատալով դեռ, կը հարցնէին իրարու ականջն ի վար փսփսալով.

Ծօ, ո՞վ բերաւ ասոնք, Սահա՞կը: