Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդ ըղձացած կինը ճանչցած էր օր մը. փողոցը հանդիպած էր երբեմն. սիգաճեմ ու խրոխտ կին մըն էր, նայուածք մը անգամ չշնորհելով բոլոր կանգ առնողներուն, բարեւ բռնողներուն իր ճամբուն վրայ. մէկ հեղ, երկու հեղ ու քիչ քիչ անտեղիտալի պէտք մը դարձած էր անզգալաբար հետեւիլ անոր ամեն կողմ:

Եւ հետաքրքրուելով` հետը տեսնուելու, տունը երթալու առիթը փնտռած ու գտած էր. իրեն պէս դեռ քանինե՜ր կուգային հոդ, անմատչելի կուռքի մը առջեւ ծխող սպառող երիտասարդի սրտեր, բռնուած այն անմռունչ հրապոյրէն, որ տիկնոջ խստահայեաց, բայց նշուլագեղ աչքերուն մէջ կը կարդացուէր:

Առաքինի կնիկ մըն էր, որուն կրնայիր ժամերով խօսիլ կամ հետը առանձին մնալ առանց մոռնալու թէ իր ամուսնին հաւատարիմ մէկն էր այս բարակամէջք ու առոյգաբարձ գեղանի կինը, որ իր թիկնաթոռին մէջ մարմնակործան կ՚ունկնդրէր քեզի, վառարանին դուռնէն ցոլացիկ լոյսին նայելով միշտ:

Դեղնած դէմքով տղաք կուգային երերուն քալուածքով, այս տաքուկ սրահին մէջ, որ կարծես հիւանդանոց մըն էր տառապեալներու, որոնք ներս կը մտնէին գիշերուան ճաշէն ետքը թեթեւ հազով մը ընդմիջուած բարեւով, հոս` այս ջերմոցին գաղջ օդին մէջ կազդուրուելու, այս կնոջ տաք ու խոնաւ նայուածքէն, անոր այրեցեալ գօտիէն իբրեւ թէ կենդանութիւն փնտռելու համար:

Ու բալթօնին հանած, իրենց հագուստին վայելչութեանը մէջ կը պարտկէին նիհար իրաննուն ցցուող ոսկերոտիքը, ու ձիւնաթոյր մաքուր շապիկի պարանոցին մէջ` վիզերնին, վտիտ, երկարած, մորթուելու ոչխարի սիրայօժար պատրաստականութեամբ: