Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ճերմկոտիկ, վարդի թերթին վրայ փակած շուշանի մը ճերմկութեամբ, նրբահասակ աղջիկ մըն էր. մազերը իրենց անսովոր ու ծայրայեղ դեղինի մը սաստկութեանը մէջ, գլխուն վրայ ամփոփուած, ինքն իր վրայ գալարուած ոսկեձոյլ օձի մը մորթին շլացումը կուտային. այդ ոսկիի դեղինը կը շարունակուէր դէմքին վրայ, կը ցանցնուէր հոն ալ:

Աչքին կապոյտը այն կապոյտն էր, որ անուն չունի, հալած, մարած լրջութիւն մը խորունկ, թափանցիկ ու վճիտ խաւերով: Նիհար, նրբաւարտ մատներէն, որ դաշնակի ձայնաշարին իշխելու կոչումը կը յայտնէին, դաստակը մսոտ` հետզհետէ գիրնալով լեցուն ու հիանալի գիծով մը ուսին կը միանար:

Մօտայի ծովեզերքին վրայ չորցած տերեւներէ ու գօսացած ոստերէ ձեւացած հովանիի մը տակ հաւաքուած աղջիկներէն մէկն էր աս, որոնց մէջէն ծանօթ մը կանչեր էր Սարգիս Ուղուրլեանը, երբ կ՚անցնէր քովերնուն:

Այդ կատակասէրներէն` ամենէն լրջախոհը կը թուէր այս գեղուհին, որ զինքը կը դիտէր հիմա, իբրեւ թէ մտացածին բաղդատութիւն մը ընէր իրեն ու բացակայ մէկու մը մէջ, ու յանկարծ գոչեր էր երեսն ի վեր, համարձակ, առանց քաշուելու առաջին տեսակցութեան պարտք դրած զգուշութենէն.

Ա՜հ, Ճօկօն է, Ճօկօն է, կ՚ըսեմ ձեզի:

Միւսները համակարծիք կը թուէին իրեն. այո՛, ճիշդ ան էր. ի՞նչպէս խորհած չէին մինչեւ հիմա. թէ որ միտքերնին գար, շատոնց Սարգիսը ճանչցուցած պիտի ըլլային իրենց բարեկամուհիին:

Գարեջուրի գաւաթներուն շուրջը կը խօսէին այսպէս, խնդալով այս գիւտին վրայ, թող չտալով որ երիտասարդը հեռանայ.

Կեցի՛ր, Ճօկօ: