Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Առտուն կանուխ Աղբուրին քով հաւաքուած էին մահալէին աղջիկները, կիները, մէյ մէկ դոյլ, մէյ մէկ պարխաճ ձեռքերնին, կանուխ կանուխ սկսելով իրենց տնեցի աշխատաւորի միօրինակ վաստակը ու բամբասանքը։

Աղբուրը ամեն անցած դարձածի, ամեն գայթակղութեանց արձագանգի կեդրոնավայրն էր, թելեֆօնի ընդունարանի մը պէս ուրկէ լուրը իսկոյն կը տարածուէր գեղին մէջ հազար ու մէկ բերաններով։

Բարեւներէն, առաջ անցնելու պզտիկ վէճերէն ետքը, Իսկուհին, ամենէն հետաքրքիր ու լաւատեղեակ կինը բոլոր գեղին, օրուան նոր լուրը հաղորդեց ներկաներուն.

Գիտէ՞ք, աղջիկներ, Օհանճանը Զարուկը ուզեր է։

Օհանճա՞նը։

Չհաւտալու, զարմանալու պզտիկ մրմունջ մը՝ որուն վրայ նախանձի պզտիկ հով մը կը թռչտէր՝ հանդարտ ծովի մը մակերեւոյթը փոթփոթող թեթեւ քամիի մը հպումին պէս։

Օհանճանը՝ առոյգ ու կորովհ կտրիճ մը, որուն վրայ էին կարգելու աղջիկ ունեցող բոլոր մայրերու աչքերը։ Ապայէ փոթուրովը, որ իր ջղուտ՝ բայց աղուոր կնկան մը նախանձը շարժելու չափ բարեձեւ սրունքին բումբը կը գրկէր, չէփկէնէն դուրս պոռթկացող լանջքին տոկուն կամարովը, իրեն պէս բարձրահասակ մարդոց յատուկ քալուածքին պզտիկ երերումովը, որ պչրանքի պէս բան մը կ՚աւելցնէր առնական հրապոյրին վրայ, իրօք աղուոր տղայ մըն էր անիկա, որուն եազմայով փաթթած ծուռ ֆէսին երկար ծոպը ուսը կը ծեծէր։ Իր նորաբոյս ու նուրբ պեխին ոլորքը, առանց ուզելու, շատ մը սիրտեր էրած ու մրկած էր։

Առանց բոլորին վրայ զոյգ մը եզի ու աղուոր արտի տէր, պարզ րէնճպէրութեամբ առաջ եկած, բանուորութեան մաքուր ու թարմ հոտը, պարզութիւնը, քիչ մըն ալ ռամկութիւնը պահելով իր վրայ եւ հպարտանալով այդ ռամկութիւնովը որ կը վայլէր իրեն։

Եւ սակայն գացեր եկեր գիտնական աղջիկ մը իրեն կին առնելու որոշում տուեր էր ահա. տարօրինակ ամուսնութեան գաղափար որ իր մտքին մէջ մտեր ու իր կամքին հակառակ հետզհետէ գամուեր ու հաստատուեր էր հոն. Տիւմային խօսքին համեմատ, այնքան աւելի խոր՝ որքան զարկեր էր այդ գաղափարին վրայ։

Պզտիկ մը վերլուծելով՝ գեղին էն ուսեալ աղջիկը, ինքը ռամիկ ու անուս մարդ, իրեն կին առնելու փառասիրութենէն աւելի՝ ճշմարիտ ու հիմնական համակրութիւն մը այս ընտրութիւնը թելադրած էր իրեն. եւ աղքատ աղջիկ մը չքաւորութենէ ազատելու, համեստ, բայց անդորր կենցաղ մը անոր ընծայելու ներքին գոհունակութիւնը աւելցած էր այդ համակրութեան վրայ։ Ու այս բոլոր մտածումներով առաջնորդուած՝ Օհանճան, իր մօրը խուլ ընդդիմութեանը հակառակ, Զարուկը ուզելու ելեր էր օրին մէկը, անոր շրջանաւարտ ըլլալէն վեց ամիս անցած չանցած։

Այս բաղդը, որովհետեւ իրօք բաղդ մըն էր ասիկա, Աղբուրին քովը հաւաքուած կիներուն միաձայն կարծիքին նայելով, միայն Զարուկին աչքին չերեւաց սակայն. իր գիտնական աղջիկի երազներէն ռամիկ զարթնում մըն էր ասիկա, ջուր կրող, լաթ լուացող աղջիկներուն սովորական ու գռեհիկ ամուսնութիւնը՝ հողագործի մը հետ, անոր կոպիտ ու դժնդակ ապրուստին մշտնջենական մասնակցութիւնը. հերկելու, ցանելու, քաղելու սահմանուած գործունէութիւն մը՝ ցորենի, յարդի, աղբի կապուած երիտասարդութեան մը հետ. ահա բոլոր ստուգութիւնը որ այս ամուսնութիւնը իրեն կը խոստանար։ Ու մարդ մը դէմը՝ որ իր աղուոր երիտասարդի բոլոր հրապոյրները կը կորսնցնէր գեղացիի անշնորհ հագուստներովը։

Զարուկ լաւագոյն սեպեց իր աղքատութեանը մէջ մնալ, քան թէ այս տղուին հետ կարգուիլ։ Ի զուր ազգականներ մէջ մտան ու աւագերէցը եկաւ զինքը խոստովանցնելու։ Բան մը օգուտ չըրաւ. աղջիկը անդրդուելի մնաց իր որոշումին վրայ. միջնորդելու եկող մարդիկ մէկիկ մէկիկ ելան գացին. ծեր հօրաքոյր մը մնաց հոն, համառելով Զարուկը համոզելու, գէթ անոր մերժումին պատճառը հասկնալու համար։

Աղջիկս, ինչո՞ւ չես ուզեր Օհանճանը։

Ես փոթուրլը մարդու հետ չեմ կարգուիր, պատասխանեց Զարուկ։