Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հալքին յունաբնակ կղզի մըն է։ Հոն ճանչցայ զինքը. Անասթաշի քազինօն կուգար իրիկունները՝ շոգենաւէն դիմաւորելու իր ամուսինը, վասն զի իր ամուսինը պիտի ըլլար այն գէր, կարճահասակ յիսուննոց մարդուկը զոր կ՚առնէր միասին՝ պանդոկ վերադառնալու համար։

Մինակ դուրս կ՚ելլէր ամեն ատեն. երբեմն հետը կը բերէր վեց տարեկան փոքրիկ տղեկ մը որ իր զաւակն էր անշուշտ եւ որուն հետ մեծ մարդու մը պէս կը խօսակցէր մինչեւ վերջը։

Ոչ մէկու հետ յարաբերութիւն կամ տեսութիւն հաստատած էր։ Երիտասարդներ, ամեն ազգէ, միշտ հետաքրքիր երբ կին մը ճանչնալու վրայ է խնդիրը, ի զուր իր շուրջը դեգերած կամ իր ակնարկը ակնկալած էին. երբեք չէր դարձած զանոնք դիտելու։

Քազինօն, ծովուն վրայ երկնցած տախտակէ դարատափին եզերքը, անկիւն մը ունէր, ուր ամեն իրիկուն կուգար առանձին նստելու. այդ անկիւնը իրն էր. գէթ այդպէս նկատուած էր քազինօին յաճախորդներէն, որոնք՝ իբր բարեկիրթ մարդիկ՝ այս անծանօթ օտարուհին մեծարել կը սիրէին։

Քանիցս հանդիպեցայ իրեն ու անունը հարցուցի յոյն ծանօթներուս։

Ի արմենիսա ինէ, արմենուհին է, կը պատասխանէին ամենքը. այս էր իր միակ անունը որով Կղզիին մէջ ճանչուած էր հոն գալէն ի վեր։

Քազինօին սպասաւորներուն ըրած հարցուփորձս աւելի արդիւնաւոր չեղաւ, մինչդեռ օտարազգիներն ալ ինծի կը դիմէին, իբր ազգակից, իր վրայ տեղեկութիւն ուզելու համար։

Ամուսինը, որ շաբաթը երկու անգամ միայն կուգար, կնոջմէն աւելի մարդախոյս կ՚երեւար. մէկուն հետ բարեւ մը փոխանակած չէր ամիս ու կէսէն ի վեր, յորմէհետէ Կղզին Պէլվիւ Պանդոկը եկած էին։ Երիտասարդները՝ անոր նախանձոտ բնաւորութեանը կը վերագրէին այս տարօրինակ մենակեցութիւնը, ու կինը ամուսնին բռնութեան զոհը համարած էին։

Եւ իրաւ ալ այս կնոջ դէմքին վրայ չեմ գիտեր ինչ տրտմութեան անբացատրելի երեւոյթ մը կար որ այս ենթադրութիւնը կը հաստատէր։

Վեհերոտ մէկը չէր թուեր. վայելուչ ձեւերն ու համարձակ քալուածքը այնքա՜ն կը վայլէին իր մատղաշ ու աղուոր հասակին։ Առանց քաշուելու, բարձր ձայնով, պանդոկներու մէջ կեանք վարող անձի մը վարժութեամբ, սպասաւորները կը կանչէր եւ ուզածը կ՚ապսպրէր։

Առջի բերան կարծեր էի որ մինչեւ այն օր այս տիկնոջ հետեւող երիտասարդներէն աւելի բաղդաւոր պիտի ըլլամ ես իրեն հետ ծանօթանալով։

Ո՜հ, դուն կարող ես, կ՚ըսէին յոյն բարեկամներս՝ ազգութեանս վրայ նախանձելով. իր լեզուն կը հասկնաս ու հետը խօսելու դիւրութիւն ունիս։

Առջի անգամն էր աշխարհիս վրայ, որ Հայ ըլլալու մէջ առաւելութիւն մը կը գտնէի։ Այսպէս իմ օտարազգի ընկերներէս քաջալերուած՝ տեսութիւն մը հաստատելու փորձերը սկսայ։

Շատ հեղ գացի իր մօտը նստելու եւ ուշադրութիւնը հրաւիրելու չափ բարձրաձայն խօսելով՝ ներկայութիւնս զգացնելու։ Մաքուր հայերէն խօսեցայ նախ, բառերս ու բացատրութիւններս զատելով, խնամելով, յետոյ ֆրանսերէն ու թուրքերէն, հասկցնելու համար որ բոլորովին արհամարհելի անձ մը չէի։

Յետոյ հագուստիս սկսայ խնամք տանիլ. դերձակս, որ զիս միշտ խնայող ճանչցած էր, զարմացաւ հինգ ձեռք զգեստ մէկէն շինել տալուս. փողկապներու ահագին պաշար մը ամբարեցի ու վերջին նորաձեւութեան պահանջումներուն եւ ոչ մէկէն փախուստ տուի։ Շապիկներուս օձիքը, ձիւնաթոյր, նեղ ու բարձր, որ մինչեւ թուշս կը հասնէր եւ զիս շնչահեղձ ընել կ՚սպառնար, թաշկինակներս, նուրբ, մանուշաբոյր, շքեղ սկզբնատառերով զարդարուած, կը բաւէին արդուզարդի արժէք ճանչցող կին մը հրապուրելու։

Ինքն ալ շատ աղուոր ու շատ մաքուր կը հագուէր. ամեն օր կը փոխէր իր շրջազգեստները որոնք իրարմէ գերազանց կերպով վայելչաձեւ ու ճաշակաւոր էին, եւ որոնք Տըմիլվիլի կամ Թռիքօթէօզի խանութներուն մէջ պատրաստուած կը թուէին։ Իր կամարաձեւ փոքրիկ ոտքերը, զորս հաճոյք կ՚զգար անշուշտ ցոյց տալու շրջազգեստին ծայրէն, միշտ մետաքսեայ սեւ գուլպաներով ու Բերայի ամենէն ճարտար արհեստաւորէն շինուած կօշիկներով ամփոփուած էին։

Ի՜նչ օգուտ սակայն որ իրեն ծանօթանալու ամեն ջանքերս անտես մնացին. համբակ սիրահար մըն էի. ո՛չ բարձրաձայն խօսակցութիւնս որուն ակամայ ունկնդիրն էր, ո՛չ վրդովեալ շարժուձեւերս, ո՛չ իրեն ուղղած յամառ ու բոցավառ նայուածքս, ասոնց եւ ոչ մէկը կրցաւ իր գեղեցիկ մարմարէ արձանի վայելուչ անտարբերութեանը յաղթել. եւ ոչ իսկ նայեցաւ երեսս։

Այն ատեն անյաջողութիւնս, Յունաց քով պզտիկ մնալու ամօթս, բուռն հակառակութեան մը փոխուեցաւ այս կնոջ դէմ։ Իր հպարտ ձեւերը անկրթութեանը տուի եւ իր մեկուսացեալ կեանքը՝ ընտանիքի մէջ երեւալու համար ունեցած գաղտնի պակասութեանցը։ Ամեն կողմ սկսայ չարախօսել իր վրայ. որոշ ամբաստանութիւն մը ընելու անկարող էի, բայց անանկ կասկածներ կը յայտնէի որոնց ոյժ ու հաստատութիւն կուտար այդ գաղտնածածուկ կենցաղը։

Պոլսոյ ծանօթ ընտանիքներէն չէ այս կինը, կ՚ըսէի դէմս ելլողին, եւ իր ծերունի սիրահարը աւելի հոմանին կ՚երեւայ քան թէ օրինաւոր էրիկը։

Ու բարեկամներս, ինծի պէս դառնացած, իմ խօսքս ամեն կողմ կը տարածէին։

Բարեբաղդաբար իրեն չէր հասներ այս բամբասանքներուն արձագանգը։ Կղզեցիներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը չէր դադրեր. Հելլենուհիները ամեն ատեն աղէկ հագուելու հետամուտ, իր զգեստներուն տարազը օրինակել կը ջանային, առանց ձեռք բերելու անոր կատարելութիւնը. եւ երբ անցնէր Լիվատիայէն, իր փոքրիկ տղուն ձեռքէն բռնած, նազելաճեմ, դիցուհիի մը պէս հանդարտաքայլ, զմայլանքով ու գովեստով խառն մրմունջ մը կը լսուէր ամենուն բերնէն, մրմունջ որ զիս ցասմամբ կը լեցնէր.

Ի արմենիսա ինէ, ի արմենիսա։