Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երաժշտութեան եղանակներ կան, տարիներէ ի վեր մոռցուած, որոնք յանկարծ միտքդ կ՚իյնան։ Եղանակներ՝ զորս անօգուտ ջանքեր ընելէ ետքը մտքէդ վանելու ու հեռացնելու համար, մէկէն ի մէկ բարձրաձայն երգելու կ՚ելլես։ Իմ Յակոբիկը յիշելու ելլելս այս տեսակ բան մըն է։ Ի՞նչպէս, մտքի ի՞նչ անգիտակից ջանքով յիշողութեանս առջեւ եկաւ կանգնեցաւ այս տղուն դէմքը. չպիտի կրնամ բացատրել. սա գիտեմ միայն որ ութը օրէ ի վեր, վայրկեան մը աչքիս առջեւէն չեմ կրնար վտարել զայն։

Դպրոցին մէջ նախ կը տեսնեմ զինքը, ճիշդ իմ քովս նստած, զմելիովը գրասեղանին վրայ իր անունը քանդակելու կամ շատ անգամ ալ պարզապէս զայն տաշելու զբաղած, իր սիրական զբաղումը. յետոյ, դպրոցէն ելլելնուս, իրարմէ բաժնուելնէս վերջը, հոս ու հոն, միշտ աղուոր հագուած երիտասարդ՝ որուն կենցաղասէր մարդու համբաւը, յարափոփոխ սէրերուն պատմութիւնը ամենուն բերանն էր։ Աւելի հեռուն՝ երեսունին մօտերը՝ միեւնոյն մարդը, յոգնած քիչ մը սակայն, եւ դրամական անձկութենէն՝ արդուզարդի ծախքերուն հետ իրաւախոհութեան գալու ստիպուած։ Ու քիչ մը վերջն ալ բոլորովին չքաւորութեան մէջ ինկած, խաւերը թափած ռըտէնկոթ մը կռնակը որուն մաշած կողմերը չցուցնելու համար իր ջանքերը կը նշմարեմ։ Յետոյ աներեւութացումը, ծովին մէջ սուզող լուղորդին պէս որ իր գոյութենէն նշան չտար, եւ չսպասուած վայրկեանին վերերեւումը, ամուսնութեան մը շնորհիւ, անհնարին ամուսնութիւն մը այս տղուն համար, ուռած տիկի պէս բան մը որ ծովին յատակը սուզած նաւը ջուրին երեսը կը հանէ։

եւ շատ չանցած՝ լայն, սեւ շրջանակով պարուրուած թուղթը, վրան ծունկ չոքած անշնորհք հրեշտակով մը, որ անոր մահը եկաւ օր մը ինծի ծանուցանել։ Ուրիշ ոչինչ։

Մասնաւոր պատճառ մը որոնելու չելայ ասոր համար. հիւընդցեր ու մեռեր էր Յակոբիկ որ սիրուն տղայ մը ըլլալուն համար մահկանացու ըլլալէ դադրած չէր ու թերեւս ճիշդ ատոր համար ուրիշէ մը աւելի մահկանացու ըլլալու էր։

Հիմա սակայն կը վերակազմեմ այս կեանքը։ Օդաչու գնացք մը քան թէ տոտիկ տոտիկ քալել մը հաստատ հողի մը վրայ։ Ընդհանուրէն տարբեր ապրիլ մը՝ ընդհանուրէն տարբեր մեռնելով մը իր թողութիւնը գտած։ Ութ օրուան մէջ իր վրայ հաւաքած պզտիկ պատմութիւններէս, չնչին դէպքերէս առաջնորդուած՝ քայլ առ քայլ կը հետեւիմ իրեն։ Այս կեանքին բոլոր յօրինուածքները կը քայքայեմ մէկիկ մէկիկ, ջիղերը կը զննեմ, երակները կը բանամ ու, ինչ որ անհնար կը թուի ձեզի, իր հոգին կը գտնեմ ու կը վերլուծեմ։ Տեսակ մը յետադարձիկ վիրահատութիւն անգոյին որ զիս կը հետաքրքրէ, կեանքի ու մահուան հարց՝ իրարու խառնուած որ քուն չի քնացներ ինծի մինչեւ որ լուծումը չգտնեմ ու ճիշդ եզրակացութեան մը չհասնիմ՝ տխուր, ամեն ճշդութեանց պէս։