Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չեմ գիտեր լաւ մը թէ ինչպէս եղաւ որ մեռելին ետեւէն գացողներուն խառնուեցայ ես, ու ինքնակոչ յուղարկաւոր՝ մինչեւ Թաքսիմ ընկերացայ անոնց։ Միեւնոյն ատեն մտքովս, գիտէք իմ հիւանդագին միտքս, իսկոյն երկու քայլափոխի մէջ, վէպ մը սկսայ պատրաստել իր վրայ, ջատագովիչ վէպը, բոլորովին տարբեր անկէ որ մահազդին առջեւ կանգ առնող անցորդներու կցկտուր խօսքերէն կը կազմուէր։

Կը խորհէի ինքնիրենս որ զոհ մը ըլլալ կը վայլէր այս գեղանի մեռելին եւ ոչ այն անարգ ու հերատուկ կինը զոր վայրկեան մը առաջ դատափետեր էին։ Չճանչցուած էակը ըլլալ, զոր իր ամուսինը, իր անհասկացողութեամբը թերեւս, խորտակած էր առջի ձեռք դպցնելուն, այն քնքուշ, դիւրաբեկ ու նրբարուեստ առարկաներուն պէս որոնց խիստ հպում մը՝ մահը ու խորտակումը կ՚ըլլայ իսկոյն։

Ես իմ վէպիս առաջին գլուխն էի դեռ, էրկանը դաժան, գրեթէ բարբարոս նկարագիրը կը շինէի մտքովս, երբոր յուղարկաւորները, գերեզմանատուն տանող կառքէն մէկուն մէջ հրամցուցին զիս։ Ո՞վ էի ես, ի՞նչ ընելու եկեր էի հոս։ Այս բաները չխորհեցայ այդ պահուն. ներս մտայ Յոյնի մը հետ որ, բարեբաղդ դիպուածով մը, ճանչուոր ելաւ ինծի։

Մինչեւ գերեզմանատուն եկողները շատուոր չէինք, ութը տասը հոգի ամենքս։

Միւսներէն, որոնք ազգականները ըլլալու էին հարկաւ, ես քիչ մը ետեւ կեցեր էի՝ աչքի չզարնելու տարտամ ջանքով մը։ Բայց երբոր թաղման արարողութիւնը սկսան, այնքան այլայլեր էի արդէն որ հեկեկալով կուլայի առանց ա՛լ մէկը սեպելու, իբրեւ թէ ես տէրը ըլլայի ննջեցեալին, ու արցունքներուս մէջէն, երբ փոսը կը դնէին մեռելը, դեռ կը հիանայի վրան։

Երբեք մահը, ոչ ոք այդ աստիճան գեղեցկացուցած էր։ Ո՛չ այն աշխարհիկ ցանկազարթոյց աղուորութիւնը որ այս կնոջ աղուորութիւնը եղած էր իր առողջութեանը, այլ դէմքին վրայ չքնաղ ու անմեղունակ արտայայտութիւն մը նախ, վճիտ ու պայծառ խղճմտանքի մը ցոլացումին պէս։ Ո՞վ ըսաւ որ յանցաւոր ու պարտազանց մէկն էր անիկա. ամենէն մեծ արուեստագէտին երեւակայելիք շնորհը ու վայելչութիւնը սփռուած էր այս մարմնին վրայ, բայց մռայլ ու սրբազան վերարկու մը ձգածի պէս պատկառանք միայն տարածելով անոր շուրջը։

Ու հիմա՝ քահանային աղօթքին հետ համընթաց՝ փոսին երկու դիէն բահերով նետուած հողերուն տակ հեծեծող դագաղը հետզհետէ կը ծածկուէր ու ծովին մէջ ընկղմող նաւի մը պէս աչքէ կ՚անհայտանար։ Մեռելաթաղները հողի զանգուածները կը կոտրեն, կը շտկեն, կը կոկեն ու ահա ոչինչ՝ բացի այն ուռեցուորած թարմ ու կարմիր հողէն որ նեղ ու երկար ձուաձեւ մը կը կազմէ այդտեղ։

Յուղարկաւորները կարգով կը մօտենան ծերունի հօրը ու վշտակցութիւննին կը յայտնեն, ու էն վերջը ես կը մօտենամ անոր ձեռքը թօթուելու համար, երբոր, տարօրինա՜կ բան, ես պէտք ունիմ որ իմ ձեռքս սեղմեն։

Մտերմութեան ի՜նչ անբաղդատելի օղակ մը կը հաստատուի յանկարծ, վայրկեան մը առաջ իրարու անծանօթ երկու հոգիի մէջ. ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մէկ վայրկեանի մէջ զգացուած կսկիծ մը՝ տարիներով միասին զգացուած, բաժնուած ուրախութիւններէ աւելի սերտ մերձաւորութիւն կազմէ, ամուր ու պինդ շաղախ որ սիրտերը իրարու կը կապէ իրապէս անմեկնելի կերպով։