Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինքը չմոռցաւ մեզ. հինգ տարի վերջը, երկրաչափի վկայականս առնելէ ետքը, տօնախմբութեան երեկոյթի մը մէջ հանդիպեցայ իրեն. նոյնը մնացեր էր իր հրաշալի գեղեցկութիւնը, եւ բազմութեան մէջ իր գլխու շնորհալի շարժումէն անմիջապէս ճանչցայ Սերվինազը. պարողներու կրկին շղթայով մը շրջապատուած էր. ես՝ արդէն հեռու աշխարհիկ երիտասարդ մը ըլլալէ, աւելի վայրենացած իմ չափի ու հաշուի մարդու վերացումիս մէջ, արհամարհանքով կը նայէի այդ փերեւետիկ տղոց, հեռուէն կ՚ունկնդրէի այն փուճ ու սնոտի խօսակցութեանց որոնցմով օրիորդին քով ամեն ոք իր նրբամտութեան չափը կուտար։

Ակամայ միտքս կը հաշուէր (հաշուի մարդու ունակութիւն մը) արժէքը այդ տղոց, այդ ծեքծեքումը, այդ սեթեւեթ շարժումները, եւ գումարս՝ անհունապէս փոքրի, զրոյի, ոչնչութեան կուգար կը յանգէր։

Սրահին լոյսերուն մէջ Սերվինազ կը ճառագայթէր, մաքուր հագուած, ձեռնոց դնող երիտասարդներու թեւը մտած. որչա՜փ կը փափաքէի խօսիլ հետը. ի՞նչ պիտի ըսէի եթէ երբեք համարձակէի մօտենալ իրեն. հինգ տարի առաջուան մեր պատուհանի մտերմութիւնը կը բաւէ՞ր յանկարծ քովը երթալու, հոս այս մարդոց մէջ, իբրեւ թէ ընդհատուած խօսակցութիւն մը շարունակելու ձեւով։

Սերվինազը դիտելով իր գեղեցկութեան յաղթանակին մէջ, կը յիշէի Թաշ Վէրտիվէնի պատուհանը, եղրեւանիի կապոյտ խոպոպները եւ մեր անմոռանալի Դ. կարգը, որուն մնացորդն ու ներկայացուցիչն էի այստեղ. եւ այս պահուս միտքս կուգային մեր քերթուածներէն տուներ, ամբողջ հաւաքածոյ մը, որուն մէջ իր անունը կը կրկնուէր միշտ անուշ արձագանգի մը նման եւ զորս ներշնչող աստուածուհին ահա դէմս է, հո՛դ, այդ ապերախտը՝ որ զիս չի ճանչնար հիմա։

Սրահը կը թողում սենեակի մը անկիւնը քաշուելու համար եւ ահա շրջազգեստի շրշիւն մը կը լսեմ ետիս. ինքն է. աճապարանքով կը մօտենայ ինծի. կ՚երեւայ թէ շատ ատեն չունի կենալու։

Ի՞նչպէս ես, աղէ՞կ ես։

Կը սիրեմ այս պարզ ու եզակի ձեւը որ պաշտօնականի չի վերածեր մեր տեսութիւնը. կ՚զգամ որ միշտ մեր Դ. կարգին Սերվինազն է։

Լրջաթոյր ձեռնոցին թաթիկներովը կը շոյէ երեսս։

Մեծցեր ես։

Ինքը ապահովապէս աւելի երիտասարդացած էր։

Յետոյ, մտերմաբար, տասը տարուան բարեկամի մը պէս, շարժելով իր աղուորիկ գլուխը, ու վեր առնելով սաթի պէս փայլուն մազերէն մաս մը որ ճակտին վրայ կ՚իյնար, շուրջը կը դիտէ անգամ մը, գողունի նայուածքով, կարծես նախանձոտ աչքերէ գաղտուկ՝ սիրոյ ապացոյց մը տալու համար ինծի. ո՛չ ոք. այն ատեն գոհ սիրտով ինծի կը դառնայ.

Ծխելու համար հոս եկայ. մարդ չտեսնայ, շուտ, սիկառ մը տուր։