Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թարլա Պաշըի անձուկ ցեխոտ փողոցներէն մէկը. քարուկիր տուներու խիտ ու հոծ շարք մը, կարգով կեցող դպրոցականներու գիծի մը կամ քով քովի սեղմուող մսկոտ հաւերու երամի մը նման. հազիւ հինգ կանգուն լայնքով տուն մը, որ իր երկու քովի պատերուն մէջ ճզմուելուն համար կարծես վե՛ր վե՛ր կ՚ելլէ շարունակ. բաց դուռնէն՝ կերակուր եփելու հոտ մը կը ծաւալի դուրսը, ներսը, բակին մէջ, սանդուխին վրայ, որ մութին մէջ կը կորսուի։

Դէմ դէմի երկու սենեակ առաջին յարկը կը կազմեն. այսպէս ալ բոլոր միւս յարկերը. իրական սէֆէր թասի մըն է այս տունը. ու կ՚ելլես վեր, յարկ մըն ալ վեր, եւ ուրիշ յարկ մըն ալ, առանց յաջողելու կատարը հասնիլ. Պ. Փափազեանի «Վերելքն յԱրարատ»ը։

Ամեն սանդուխին վերջանալուն՝ որ սահմանագլուխ մը կը նշանակէ, լեզուները, դէմքերը կը փոխուին. յունարէնով կ՚սկսիս՝ գերմաներէնէ, ֆրանսերէնէ, տաճկերէնէ անցնելէ յետոյ հայերէնին քով շունչ առնելու համար։ Հոս՝ ծեր հելլենուհի մը, հոդ՝ մանկամարդ հայ հռոմէական կին մը, ամեն տարիքներ ու ամեն տարազներ, որոնցմէ կ՚անցնիս անսայթաք, հոն վերը, Սերվինազի սենեակը մտնելու ջանքով։

Այդ սենեակը պէտք է տանիքին անմիջապէս տակը գտնուի. բայց որքան ալ բարձրանաս երբեք բացարձակ վստահութիւն չկայ հոս, վրադ դեռ ուրիշ յարկ մը չունենալուդ։

Երկու պատուհաններէն կը տեսնուի Թաթավլան Բերայէն բաժնող ձորը, որուն զառիվայրի տուներուն երկարող կարգերը հետզհետէ իջնող լայն սանդուխ մը կը ձեւացնեն։

Սերվինազ՝ էրկնէն բաժնուած՝ հոս կը բնակի իր ութ տարու տղուն, Լեւոնին հետ. երեսունըհինգի մօտ կին մըն է, անցեալ գեղեցկութեանը գիտակցութիւնը, արժէքը զգալով հոս, այս պօռսաին մէջ որ Բերա կը կոչուի. հիմա՛ ալ, իր սեւ սաթի մազերը առատ ու գեղեցիկ են առաջուան պէս. հասակը նուրբ, բարեձեւ մնացած է, երեսին մորթը կծկած քիչ մը. շրթունքը՝ հեգնութեան պրկում մը ունի, որ դէմքը կը տգեղցնէ, բայց ակռաները մաքուր եւ ամբողջ են. վերջին հիւանդութենէն նիհարցած՝ ուսին տախտակները կը ցցուին դուրս։

Զարեհին հետ խօսած ատեն կը բացատրէ որ չէ կրցած աղէկ մը վրայ գալ. պզտիկ օդափոխութիւն մը, քիչ մը աղէկ գինի, եւ առջինէն աղէկ միս պիտի կապէ, մի՛ս, այո՛, վասն զի, անանկ չէ՞, էրիկ մարդիկ միսէ կ՚ախորժին։

Կը խօսի խնդալով, կը խոստովանի իր հրապոյրներուն պակսիլը, ինչպէս յանցանք մը պիտի խոստովանէր ակամայ. եւ արդարացնել կ՚ուզէ ինքզինքը, պատճառները թուելով. քաշած նեղութիւնը, գէշ էրիկ մը, հիւանդութիւնները։ Յետոյ երիտասարդը իսպառ չյուսահատեցնելու համար իր վայելչութեանը վերադարձէն, կ՚աւելցնէ որ ամեն բան կրնայ դարմանուիլ քիչ մը հանգստութեան երես տեսնելով։ Անցեալը ապագային երաշխաւորութեան կը կոչէ, երաշխաւորութիւններու ամենէն անհիմնը։

Ատեն մը, գիտե՞ս, ինչպէ՜ս պլըխ պլըխ էի. հիմա չորցայ։

Եւ կը ժպտէր տխուր ժպիտով մը որ ալ աւելի կը տգեղցնէր զինքը։

Շուրջը կը նայէր, սեղանին վրայ, անկիւնները փնտռտուքի կ՚ելլէր ու կը դառնար երիտասարդին։

Թիւթիւն չունիմ որ հրամցնեմ։

Քիչ մը վերջը իր կեանքէն կը գանգատէր.

Աղէկ օրի երես չտեսայ, հազար հոգի բէշիս կը պտըտէր, դուն աղէկ գիտես։

Կը շարունակէր, բաղդատութիւն մը ընելով մտքէն.

Իմ կէսս չարժողները…

Եւ, հաւանական պատասխանի մը առաջքը առնելով,

Չեմ ըսէր որ ես գեղեցիկ եմ. առա՛ջ՝ ուրիշ խօսք։

Ամեն ոտքի ելլելուն ակնարկ մը կը նետէ դէմի հայելիին. սեւ, հինցած շրջանակով հայելի մը որուն վրայ ոսկի քանդակները կեցած են դեռ. մէկ նայուածքով իր մարմնին, կեցուածքին, հագուստին դիմացինին վրայ ընելիք տպաւորութիւնը կը հարցնէ անոր եւ շրջազգեստին մէկ փոթը կամ մազին մէկ ոլորքը կը շտկէ շուտով։

Փողոց ելած ատեն՝ ուշադիր, հետաքրքիր, կը դիտէ կիները որոնք կառքերով կ՚անցնին սրարշաւ, ժամանակ չձգելով իրեն դատաստանը ամբողջացնելու. անաչառ արուեստագէտի մը պէս կը տեսնէ, կը ցուցնէ ամենուն պակասութիւնը, չքաշուելով բնաւ տեսած կատարելութիւններուն վրայ ալ հիանալէ.

Սա անցնողը, նայէ՛, աղուորիկ է, ըսելիք չունիմ։