Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սերվինազ կը գիրնար. միս կը կապէր վերջապէս, տանտիկնութեան միսը. եւ երիտասարդը կը շարունակէր գալ, ամրացած իր տոմարակալութեան պաշտօնին եւ այս կնոջ համար ունեցած սիրոյն մէջ, ամուրի մնացած էր հակառակ իր մօրը ջանքերուն, երբեմն գեղեցկութեանը, երբեմն տգեղութեանը համար չկրնալով զատուիլ Սերվինազէն եւ անոր կեանքին մօտ մնալու սովորութիւնը չկրնալով մէկդի թողուլ, մէկդի թողուլ իր բոլոր հաւատքը։

Այս տան մէջ, ուր բոլոր վարձակալները կը ճանչնային զինքը, կուգար ժամերով մնալ. երբեմն վերը կ՚սպասէր մինակ որպէս զի Սերվինազը վարը խոհանոցին մէջ իր կերակուրի պատրաստութիւնները աւարտէ ու գայ դէմը նստի. երբեք հետը դուրս չէր ելլեր, վախնալով որ արատ չբերէ անոր անունին։

Վերջերը ա՛լ տունէն էր գրեթէ, ազգական մը Սերվինազին համար, որ անոր ներկայութեանը իր սենեակը կը մաքրէր, անկողինը կը շտկէր. երբեմն դէմի սենեակին դրացուհին կուգար, կաթոլիկ Հայուհին, իրենց հետ խօսակցելու, ան ալ ամուսինէն բաժնուած կին մը, աւելի մանկամարդ, պզտիկ քոյր մը Սերվինազին, եւ բարեկամ մըն ալ կը բերէր մէկտեղ, ան ալ իր ազգականը անշուշտ։

Սերվինազ կ՚սկսէր ճանչցուիլ, հիւրեր կուգային. ինքը կը սորվէր Բերայի խօսելու յատուկ շեշտերը, վարուելու եղանակները։

Զարեհ կատակ կ՚ընէր այս հիւրերուն վրայ. երբեմն կը հարցուփորձէր.

Ո՞վ էր սա առջի օրուան մարդը։

Ի՜նչ, ատկէ ալ կը նախանձիս, ես մնացի մնացի ատանկի՞ն մնացի։

Յետոյ՝

Ես մարդու նայելու սի՞րտ ունիմ, ասկէ՞ ետքը։

Օր մըն ալ ելաւ խորհուրդ հարցնելու Զարեհին։

Ի՞նչ կ՚ըսես, Պէքեար փողոցը աժան տուն մը կայ, վարձու բռնե՞մ՝ բանսիօնէռ առնելու համար։

Երիտասարդը համակարծիք չէր. այս պզտիկ սենեակէն գոհ էր ինք, թէեւ ատեն ատեն արմունկովը՝ ներս մտնողի մը կամ դուրս ելլողի մը զարնուէր մութ սանդուխին վրայ։

Վայրկեան մը չէր կասկածեր այն կեղակարծ պարկեշտութեան երեւոյթին վրայ որ այս տան մէջ կը տիրէր, այս էրիկնէն զատուող կիներուն, այս երիտասարդ ազգականներուն ալէվլուկ բարքերուն վրայ, որ կը լեցուէին հոն, իր սէրէն դուրս հետաքրքիր ըլլալու պէտքը չզգալով բնաւ եւ յաւերժացնելով մեր միամիտ Դ. կարգը։