Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ես սրտապնդեցի հէք տղան. իր խանգարած երեւակայութիւնը հանդարտեցուցի։

Որովհետեւ Էմման ատեն ատեն մտմտուքներ ունի եղեր՝ չի հետեւիր ատկէ որ անպատճառ նոր հոմանի մը ունեցած ըլլայ. քեզի համար իր ըրած զոհողութիւնները ամեն տարակոյս վանելու չափ մեծ բաներ են. անխելքութիւն է ուրեմն միտքդ չարչարել անգոյ ոսոխի մը կսկիծովը. բայց այդ վիճակդ էապէս երջանկութեան յատուկ վիճակն է, այն է՝ չկարենալ անխառն վայելել զայն։ Սիրէ՛ Էմմադ եւ ուրիշին վրայ մի՛ խորհիր։ Մի՛ խորհիր միւսին վրայ։

Համոզուեցաւ քիչ մը. յետոյ.

Խրատ մը կ՚ուզեմ քենէ, քանի որ յատկապէս ատոր համար եկայ գործի օր մը այսպէս ժամերդ գրաւել. կ՚ուզեմ այս կասկածի մթնոլորտէն դուրս ելլել, եւ եթէ կարելի է հասկնալ իմ ենթադրութիւններուս անճիշդ ըլլալը։

Խրատը, պատասխանեցի իրեն, հարցումիդ մէջն է. դժուար բան մը չէ Էմմային պէս կնոջ մը ուր երթալ գալը հասկնալ։

Չկեցաւ ալ քովս. ձեռքս թօթուեց ու գնաց։

Տասնըհինգ օր հազիւ անցեր էր, իրիկուան մը դէմ եկաւ նորէն. բերանը կղպուած էր։

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիս նորէն։

Ան ատեն խորունկ ու ցած ձայնով կամաց կամաց սկսաւ պատմել.

Քանի մը օր շարունակ լրտեսեցի զինքը. Էմման շաբաթը երկու անգամ առնուազն զաւակները տեսնելու կ՚երթար էրկանը տունը ու ժամերով կը մնար հոն. բան մը չկար ստգտանելի այս վարմունքին մէջ։ Ատկէ դուրս՝ պզտիկ գնումներուն համար՝ Բերայի վաճառատունները կը մտնէր, ու ոչինչ ատոնցմէ զատ. իր կեանքը յստակ կանոնաւորութեամբ կը ճշդուէր, եւ խիստ մօտ էի հիւանդոտ երեւակայութեանս վրայ ծիծաղելու, երբոր շաբաթ մը առաջ տեսայ Էմման իր տղոցը տունէն դուրս ելլելուն. տժգոյն այտերը կարմրած ու երեսին վրայ այն չեմ գիտեր ինչ արտայայտութիւնը կար որ յանցաւոր կինը կը մատնէ։

Կասկած մը, փայլակի մը արագութեամբ, անցաւ մտքիս մէջէն. թերեւս հոս, այս տանը մէջ, ուր էրիկը բացակայ էր ցերեկ ատեն, կը տեսակցէր իր սիրած մարդուն հետ. սպասաւորները որ վերջապէս իր առջի ծառաներն էին, կրնային դրամի համար աչք գոցել եղածին։

Այսօր, երկու ժամ կայ, Էմման նորէն գնաց հոն. ես որոշումս տուեր էի արդէն։ Քիչ մը ատեն անցնելէ վերջը դուռը զարկի. սպասաւոր մը դիմաւորեց զիս. պատրուակ մը պէտք էր այս տան մէջ մուտքս արդարացնելու համար. տանտիրոջ անունը տուի։

Վերն է, պատասխանեց սպասաւորը, իմաց տամ։

Ապշեցայ. Էրիկը տո՞ւնն էր այս ժամուն. յետոյ սանդուխներէն վեր նետուեցայ. սպասաւորը հազիւ ետեւէս կրնար հասնիլ, ի զուր ջանալով խօսք հասկցնել ինծի, կեցնել զիս։ Ոչ ոք կար տան մէջ. միայն էն վերի յարկը ուր հասեր էի ահա. ննջասենեակի մը կիսաբաց դուռնէն անոյշ ձայն մը, Էմմային ձայնը, ականջիս դպաւ, ու զգուշութեամբ մօտենալով կրցայ որոշ կերպով տեսնել զինքը իր ամուսնին թեւերուն մէջ մարմնակործան։