Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որչափ որ կեցանք այնտեղ` անխօս մտերմութեան մը կապերով միացած զգացինք սրտերնիս: Տարէց մարդիկ կային իր շուրջը, հայրը, հօրեղբայրները թերեւս, ու անոնց առջեւ, մանաւանդ այն չարահայեաց բազմութեան մէջ, որ այս Մէօհիւրտարի պարտէզը կը լեցնէր հիմա, զգուշաւոր դիրք մը պահելու ստիպուած` չէր կրնար ուզածին չափ ստէպ ինծի դառնալ. բայց զինքը տոչորող յայտնի անհամբերութիւնը կը կարդայի երեսին վրայ, ամեն անգամ որ առիթը գտնէր իմ կողմս նայելու:

Պատանութեան անուրջներուն մէջ երազուած, ըղձացուած էակն էր դէմս, խորհրդանշանը իմ բոլոր փափաքներուս, որ հոդ նստած էր, իր անվերլուծելի ձգողութեանը մէջ:

Ազատ էր ան երեսս չնայելու ու չխնդալու ինծի. ի՜նչ փոյթ. նորէն պիտի սիրէի զինքը, պիտի հետեւէի իրեն ու կապուէի իր յիշատակին. իր Կուռքի անտարբերութիւնը` մազի չափ չպիտի խախտէր իմ հաւատքս:

Իսկ հիմա աւելի բաղդաւոր էի. կ՚զգայի ստոյգ կերպով որ անուշադիր չէր ինծի, ու զիս վրդովող խորհրդածութիւնները` իր մտքէն ալ կ՚անցնէին:

Երազող ու մտամոլոր կերպարանք մը առած էր անիկա եւ անդադար կը դիտէր ծովը` հանդարտ, անծալք սփռոցի մը պէս պարզուած, որուն վրայ լուսինը` իր լրումի առատութեանը մէջ` ադամանդէ ոստոստուն գոհարներ կը թափէր, մինչդեռ ամառ գիշերին անդորրութեանը մէջ, ծառերը կը կենային մեր շուրջը անշարժ` մինչեւ իրենց դողացող սաղարթները: Օդին մէջ` ամբողջ անուրջի, վերացումի հրաւէր մը կար կարծես, որուն երկուքս ալ անձնատուր կ՚ըլլայինք ժամերով: