Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կէս գիշերին մօտ էր երբոր բազմութիւնը ցրուիլ սկսաւ. լուսինը անհետացեր էր. անոնք ալ ոտքի ելան. գլխու աննշմարելի շարժում մը` որ երկուքիս միայն հասկնալի ըլլալուն համար այնքան աւելի քաղցր բարեւ մը ձեւացուց:

Հեռուէն ուղեկից եղայ իրենց, ու ճամբուն վրայ, մութին մէջ տեսայ իր նազելի գլուխը` որ ետին կը դառնար մէկը փնտռելու համար կարծես:

Յամր ու դանդաղ քալուածքով մը կ՚երթային ու հօրը ձայնը կ՚իմանայի մեզ շրջապատող անդորր լռութեան մէջ, խիստ ու հրամայող ձայն մը որ հնազանդութիւն կը պատուիրէր:

Արդէն կը մեղքնայի զինքը. ի՜նչ կը քաշէր արդեօք խստասիրտ հօր մը ճնշումին տակ. մեծ ծառի մը անքոյթ հովանիին ներքեւ փթթած ծաղիկ` որ քամիի հարուածներուն դէմ պաշտպանուած է անշուշտ, բայց ուզածին չափ արեւին երեսը չի տեսներ. անդին, ուրիշներ կան, բաց օդին, ձիւնին ու բուքին ձգուածներ, որոնց` վտանգները ու վայելքները հաւասարապէս շռայլուած են. ո՞րն է բաղդաւորը ասոնցմէ:

Կ՚զգամ որ իմս վանդակներու ետին պահուըտող աղջիկ մըն է. իր վեհերոտ ձեւը այս համոզումը կուտայ ինծի: Ո՞վ է ինքը. ո՞ւր կը բնակի. այս հարցումները այնքան աւելի կը յուզեն միտքս որքան ահա քիչ քիչ կը մօտենան հարկաւ իրենց տունին:

Կանգ առին վերջապէս Ֆրէրներու դպրոցին կողմը, նոր շինուած տան մը առջեւ. պզտիկ սպասուհի մը` կանթեղ մը բռնած ձեռքը, դուռը բացաւ. ես քայլ մըն ալ առի մօտենալու ու վերջին անգամ մը տեսնելու համար զինքը. հայրը մտաւ նախ, վերջը միւսները, տարիքի կարգով. էն վերջը մտաւ անիկա ու ես մինակ մնացի տասը քայլ հեռուն, փողոցին մթութեանը մէջ:

Ան ատեն ուզածիս պէս դիտեցի տունը. դէպի Գուշ-Տիլի իջնող զառիվայրին ու հոն վազող վտակին կը նայէր երեսը. գեղջուկ ու սիրուն բան մը ունէր. աջ կողմը` անկիւնի սենեակը, էն աղուորը դիրքով, լոյս մը երեւցաւ յանկարծ ու փողոցէն կրցայ տեսնել զայն, մազերը թափած հիմա, որ բաց պատուհանին առջեւ եկաւ կանգ առնելու վայրկեան մը ու դիտելու Մօտայի ծոցը` իր սեղմուած հողէ լանջքերուն մէջ:

Յետոյ լոյսը մարեցաւ ու ամեն բան խաւարի մէջը ինկաւ յանկարծ: