Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՞նչ կը խորհիս դուն, ձեռքդ գլխուդ այդպէս, պատուհանիդ առջեւ նստած. թեթեւ քամին մեղմիւ կը շոյէ մազերդ ու ես կը նշմարեմ հոսկէ անոնց վրայ վազող սարսուռը:

Այս իրիկուան դէմդ ելլող տղո՞ւն կը մտածես դուն ալ. սպասուած, օր մը չէ նէ օր մը գտնուած անծանօթին` որ հին բարեկամի մը պէս առջի ժամեն մտերիմ կ՚երեւայ քեզի, ինչպէս որ ես ահա, փողոցին մէջ պատի մը տակ կեցած, քեզի կը մտածեմ:

Յետոյ, ձանձրացած այս միակերպ անշարժութենէն, փողոցին մէջ կը քալեմ, աչքս վեր այդ պատուհանին սեւեռած. ի՞նչ կ՚ակնկալեմ քեզմէ, բառ մը, անուշ խօսք մը, որ շօշափելի ապացոյցը ըլլայ մեզ միացնող համակրութեան:

Մութին մէջ՝ չեմ կրնար որոշել դէմքը, զոր ծնօտին դրուած ձեռքը կը գոցէ, բայց սեւ մազերուն ժողվուածքը կը տեսնեմ յստակ. մունջ կեցած է հոն, չհամարձակելով առջի բառը ինքը արտասանել:

Եւ ես, իրմէ ոչ նուազ վեհերոտ, չեմ խօսիր, վախնալով որ չխռովեմ այս գեղեցիկ երազը ու ձեռքէ չհանեմ զայն:

Հիմա, զովութիւնը կ՚աւելնայ. աջ ու ձախ երկարող փողոցներուն մէջ կը լսեմ գիշերապահին ճոկանը որ կը հնչէ ու կ՚իմացնէ թէ ժամը եօթն է:

Վերը անշարժ կ՚սպասէ ան իր արձանի դիրքին մէջ, ու ես վարէն, զինքը դիտելով միայն երջանիկ եմ ահա: Հորիզոնին վրայ պլպլացող լոյսերը կը տժգունին քիչ քիչ. գիշերը աւելի յստակ, վճիտ ու թափանցիկ կ՚ըլլայ, ու հեռուն` ծովին մութ կապոյտը, իր առջի փայլը կորսնցուցած` սեւ ծածկոցի մը պէս կը տարածուի իբրեւ թէ անհուն դագաղի մը վրայ:

Շուրջս տիրող վեհութեան ու խաղաղութեան մէջ ինքզինքս ուրիշ աշխարհ մը փոխադրուած կ՚զգամ. մաքուր ու խաղաղ երկիր մը, որ իզմէ ու իրմէ զատ բնակիչ չունի. ամբողջ տիեզերքը մեր երկուքիս ձգուած:

Աքաղաղները կը խօսին. արեւելքէն լոյսի հոսում մը կ՚սկսի. գեղեցիկ մազերը վերն են միշտ, պատուհանին առջեւ, իրենց առջի դիրքին մէջ. հովը կը գգուէ զանոնք, անոնց պզտիկ թելերը կը դողացնէ. դէմէն` լոյսը կ՚աւելնայ, կը զեղու, կը շռայլուի. արշալոյսն է:

Վաստակաբեկ, ժամերով հոս անքուն անցընելուս համար չեմ գանգատիր. դէմս է անիկա, իր պատուհանին առջեւ ինծի պէս անքուն, ինծի պէս երազող:

Քիչ մըն ալ կը կենամ այսպէս. յանկարծ սեւ մազերու կոհակը կը ճշդուի աչքիս առջեւ. ռեհանի պզտիկ թումբ մը, իր մութ կարմիր թաղարին վրայ կեցած, առտուան զեփիւռէն կը սարսռայ:

Ա՞ն էր բաց պատուհանին առջեւ ինծի սպասողը մինչեւ լոյս. կը զարմանամ. ի՜նչպէս չտեսայ. ծաղրելի կը գտնեմ ինքզինքս. կը բարկանամ պզտիկ իյնալուս համար: